Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (2 Մարտ 1967)

Մարտ 2, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայկական Թատրոնը

Հին եւ միջնադարեան Հայաստանի մէջ թատրոնը եղած է ժողովրդային բոլոր խաւերուն կենցաղին եւ հոգեբանութեան  մէջ մուտք գործած երեւոյթ մը: Այս մասին կը վկայեն միջնադարու մեր գրեթէ բոլոր գրիչները: Արդարեւ, հարիւրամեակներ շարունակ գրուած եւ արտագրուած ձեռագիր մատեաններուն, մանրանկար զարդերուն մէջ յաճախ կ՛երեւին պարողներու, նուագածուներու, դիմակաւոր ու անդիմակ կատակերգակներու պատկերներ, իսկ «ողբերգակ», «կատակերգակ», «գուսան», «կատակագուսան», «կաքաւիչ» (պարող), «վարձակ» (պարուհի) բառերը թերեւս աւելի հին են, քան` Տիգրանակերտի կամ Գառնիի հեթանոսական տաճարները:

Հայ հին թատրոնի մասին գրող առաջին հեղինակը յոյն պատմագիր Պլուտարքոսն է, որ ապրած է Ք.Ա. 1-2-րդ դարերուն: Իր «Համեմատական վարքագրութիւններ» կամ «Զուգակշիռք» պատմա-բարոյախօսական երկին մէջ ան պատահական առիթներով կը խօսի նաեւ հին Հայաստանի թատրոնին մասին` երեւոյթ մը, որուն չի տար յատուկ կարեւորութիւն, քանի որ անիկա շատ սովորական էր իր երկրին եւ իր դարաշրջանին համար: Պլուտարքոսէն յայտնի կը դառնայ, որ Ա. դարուն (Ն. Ք.) Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունեցած է թատրոն, եւ հայերը սերտ կապ ունեցած են Յունաստանի դասական թատերական մշակոյթին հետ: Ասիկա այն դարաշրջանն էր, երբ Ալեքսանտր Մակեդոնացիի արշաւանքները (4-րդ դար Ք. Ա.) յունական քաղաքակրթութեան ոլորտին մէջ էին առած Հին Արեւելքին երկիրները, ուր տեղական մշակոյթներուն եւ յունականին միաձուլումով կը ստեղծուէր նոր որակ մը, որ հետագային կոչուեցաւ հելլենական:

Տիգրան Բ.ի գահակալութեամբ, Ք.Ա. 95-55 թուականներուն, Հայաստան կը դառնայ հելլենական արեւելքի հզօրագոյն տէրութիւններէն մէկը, իսկ անոր մայրաքաղաք Տիգրանակերտը` հելլենական ձեւի քաղաք մը` իր ճարտարապետութեամբ, յունական աստուածներու արձաններով եւ բազմալեզու բնակչութեամբ: Պատմութեան ծանօթ է, որ հելլենական մշակոյթի բոլոր կեդրոններուն մէջ` Աղեքսանդրիա, Պերգամ, Անտիոք, Եդեսիա, Տարսոն` եղած են թատրոններ: Ասոնցմէ շատերուն աւերակները պահպանուած են մինչեւ այսօր եւ իրենց ձեւերով կը յիշեցնեն Յունաստանի ամփիթատրոնները:

Ի՞նչ տեսք ունէր Տիգրանակերտի թատրոնը: Պլուտարքոս կը գրէ միայն, որ այդ թատրոնին շինութիւնը աւարտած է 69-ին Ք.Ա., որ` Տիգրան իր նուաճած փոքրասիական յունական քաղաքներէն Տիգրանակերտ բերած է յոյն դերասաններ: Այդ շէնքին աւերակները չեն պահպանուած կամ յայտնաբերուած:

Պլուտարքոս կ՛ըսէ նաեւ, որ Տիգրանին զաւակին` Արտաւազդ Բ.ի- օրով, Ք.Ա. 53-ին Հայաստանի հիւսիսային մայրաքաղաք Արտաշատի մէջ խաղացած են յոյն որբերգակ Էւրիպիդեսի «Բագոսուհիներ» ողբերգութիւնը: Արտաւազդ Բ. իր հիմնած թատրոնին մէջ բեմադրած է յոյն հեղինակներու գործեր, հաւանաբար նաեւ իր գրած ողբերգութիւնները, որոնք Բ. դարուն յայտնի էին Պլուտարքոսին եւ իր ժամանակակիցներուն:

Քրիստոնէութիւնը կենդանի բնութեան եւ մարդուն մարմնին հակադրեց հոգիի եւ անոր յաւիտենական կեանքին գաղափարը, բայց մարդուն մէջ չկրցաւ սպաննել աշխարհիկ ոգին, ապրելու տենչը, կեանքի հրճուանքը: Այդ կենդանի հրճուանքին արտայայտութիւնն էին` հեթանոսական պարերը եւ երգերը, զրոյցները եւ առասպելները: Թատրոնը, որ էութեամբ հեթանոսական մշակոյթի երեւոյթ մըն էր, նոյնպէս չոչնչացաւ: Ժողովուրդը կրցաւ պահել զայն պարին եւ երգին, գինիին եւ աշխարհիկ վայելքներուն հետ:

Թատերական ներկայացումին նախատիպը բոլոր հին ժողովուրդներուն համար եղած է հեթանոսական կրօնա-պաշտամունքի արարողութիւնը: Հին Հայաստանի մէջ այդ արարողութիւնը անմիջական կերպով կապ ունեցած է բնութեան զարթօնքին եւ պտղաբերութեան պաշտամունքին հետ: Մեռնող եւ յարութիւն առնող բնութեան, կեանքին յաւիտենականութեան գաղափարն է մարմնաւորուած պաշտամունքի բնոյթ ունեցող երգերուն եւ պարերուն մէջ: Արարողութիւնը ֆիզիքական եւ հոգեկան հաճոյք պատճառած է մարդուն, քանի որ ան կազմած է անոր կենցաղին անբաժանելի մասը, անոր ապրելակերպին իւրայատուկ հաստատումը:

Հին Հայաստանի զրոյցները եւ առասպելները, որ հարիւրամեակներ շարունակ պատմուած եւ ցուցադրուած են, մեզի հասած են միջնադարեան պատմագիրներու` Ագաթանգեղոսի, Փաւստոս Բիւզանդի եւ Մովսէս Խորենացիի միջոցով: Այդ զրոյցները անմիջական կապի մէջ են թատերական արուեստին հին ձեւերուն հետ: Ասիկա իրականութիւն է այնքանով, որքանով թատրոնը իր նախնական վիճակին մէջ բանաւոր գրականութիւն է: Իր այդ առանձնայատկութիւնը թատրոնը պահած է մինչեւ այսօր: Արուեստ մըն է, ուր գրաւոր խօսքը կը վերածուի ուրիշ արտայայտութեան ձեւի մը` գործողութեան եւ ցուցադրութեան: Թատրոնը գրական երկը կ՛արտայայտէ իր լեզուով, զոր կ՛անուանենք գործողութեան եւ ցուցադրութեան լեզու: Հին Հայաստանի մէջ այդ լեզուով ստեղծուած է ժողովրդական բանաւոր ստեղծագործութիւնը, որ փոխարինելով գրականութիւնը` ունեցած է երգ, պար եւ «ցուցք»: «Ցուցք»-ը բառացի թարգմանութեամբ «ցոյց» բառին յոգնակին է, այսինքն` ցոյցեր, որ հին հայերէնին մէջ` գրաբարին, նշանակած է խաղացուող` եւ ցուցադրուող պատմութիւն: «Ցուցք»-ը ունեցած է բովանդակութիւն, նիւթ, զոր գուսանը (հին եւ միջին դարերուն այսպէս կը կոչէին հայ դերասաններուն) հանդիսատեսին կը հրամցնէ մնջախաղով, այսինքն` աչքերու, ձեռքերու, ոտքերու եւ մարմնի շարժումներով: Ծանօթ է Հայկի եւ Բէլի առասպելը, Վահագնի երգը, Տիգրանին եւ Աժդահակին պատմութիւնը եւ հայկական միւս հին երգերը, զրոյցներն ու առասպելները, որոնք ցուցադրուած, պատմուած են պարով, երգով եւ փանդիռն կոչուած երաժշտական գործիքին ընկերակցութեամբ: Վիպասաններէն` զրոյցներու, առասպելներու եւ աւանդութիւններու հեղինակներէն զատ, եղած են այդ պատմութիւնները տարածողներ` «ողբերգու գուսաններ», «ձայնարկու գուսաններ»: Փաւստոս Բիւզանդի պատմութեան որոշ հատուածները գրուած են ձայնարկու գուսաններու եւ ողբերգու գուսաններու «ցուցքերուն» հիման վրայ:

Ինչպէս կը տեսնուի, միջնադարեան թատրոնը նման չէ այսօրուան թատրոնին: Նման չէ նաեւ Տիգրանի եւ Արտաւազդի ժամանակներու հելլենական տիպի թատրոններուն, թէեւ անոնցմէ աւելի հին է:

Հ. ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Մեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարքները. Կիտրոնը Օգտագործելու 10 Հետաքրքրական Տարբերակներ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?