Ակնարկ
Մենք Չենք Զարմանար
Մեր աշխատակիցը` Արամ Հայկազ «Ազդակ»-ին ղրկած է յօդուած մը, զոր ամերիկացի յայտնի լրագրող Ճան Մք Լէյն ստորագրած է ամերիկեան մամուլին մէջ` տալով իր տպաւորութիւնները արդիակա՜ն Թուրքիոյ երբեմնի մայրաքաղաք Պոլսէն:
Այսօրուան մեր երկրորդ էջին մէջ լոյս տեսած այդ յօդուածին տակ Արամ Հայկազ կը կատարէ կարճ, բայց յատկանշական բնորոշումներ:
Մեր կողմէ կ՛ուզենք աւելցնել կէտ մը միայն, ամերիկացի լրագրողը Պոլսոյ բարքերուն անդրադառնալով` կը զարմանայ, որ թուրք կառավարութիւնը բան մը չ՛ըներ այս բոլորը փոխելու համար:
Չենք գիտեր, թէ Մք Լէյն դեռ ինչե՜ր պիտի ըսէր Պոլսէն անդին, բուն Թուրքիան տեսնելէ ետք, բայց ամերիկացիի մը պարագային, այս զարմանքը կրնայ բնական եւ հասկնալի թուիլ: Մենք չենք զարմանար: Չզարմանալու համար բաւական սուղ վճարած ենք, մէկուկէս միլիոն տուած ենք, Տէր Զօր ունեցած ենք, տարագրութիւն տեսած ենք, հայրենական հողեր կորսնցուցած ենք:
Թուրքիա այլեւս չի զարմացներ մեզ: Հոս է տարբերութիւնը մեր եւ օտարներուն միջեւ, որոնք իրենց մորթին վրայ չեն զգացած թուրք կոչուած արարածին վայրագութիւնը եւ կ՛ակնկալեն քաղաքակիրթ մարդու կեցուածք տափաստաններու այդ բնակիչէն:
Քաջութիւնը այսօր հազուագիւտ առաքինութիւն մըն է միջազգային շուկային վրայ: Անարի մարդոց բանակ մը կայ, որոնց ականջին գեղեցիկ կը հնչեն թուրք վարորդներուն հրապուրիչ խոստումները: Փիեռ Լոթիները բազմացած են: Ու երբ կը հանդիպինք Ճան Մք Լէյներու, մեր դառնութենէն բան մը կը պակսի անկասկած:
Սպասելով այն օրուան, երբ թուրքը պիտի դադրի զարմացնելէ նաեւ այսօրուան իր «բարեկամները»:
Ուշ կամ կանուխ ա՛յդ պիտի ըլլայ:
Ու այն ատեն զարմացնելու կարգը մեզի պիտի գայ` մեր հասկցած ձեւով, մեր գծով:
X
Յունահայ Կեանք
Յունահայոց Միակ Օրաթերթ
«Ազատ Օր»` 23 Տարեկան
Յունահայոց միակ օրաթերթ «Ազատ օր» փետրուար 23-ին ամբողջացուց իր հրատարակութեան 22 տարին:
«Ազատ օր» ՀՅ Դաշնակցութեան գաղափարական արտայայտիչը ըլլալով հանդերձ, ամէնէն առաջ հայ թերթ է, հայ օրաթերթ: Իբրեւ ազգապահպանման ամրակուռ պատնէշներէն մէկը, «Ազատ օր», վառ ու կենդանի պահելով հայ գիրը, իր բովանդակութեամբ կը ծառայէ հայութեան, հայ մշակոյթին: Իր խօսքը կ՛ուղղէ հայ մարդուն, հայ ժողովուրդին: Տէր կը կանգնի ազգային արժէքներուն, կը քաջալերէ ազգային ձեռնարկները եւ կը գուրգուրայ ստեղծագործ հայորդիներուն վրայ:
Գնահատանքի արժանի են բոլոր անոնք, որ իրենց քրտինքն ու եռանդը չզլացան այս գեղեցիկ գործի ստեղծման ու յարատեւման համար: Յաղթահարեցին բոլոր տեսակի դժուարութիւնները եւ լուսատու ջահի մը պէս կանգուն պահեցին «Ազատ օր»-ը` իր ծաւալով, կանոնաւորութեամբ եւ բովանդակութեամբ:
Վստահօրէն կրնանք ըսել, որ «Ազատ օր» այսուհետեւ ալ ցոյց պիտի տայ իր կենսունակութեան ապացոյցը, ոչ միայն իբրեւ հայ օրաթերթ, այլեւ իբրեւ գաղափարական արտայայտիչը ՀՅ Դաշնակցութեան:
ՀՅԴ Երիտասարդաց
Եւ Պատ. Միութիւնները
1926-ին Յունաստանի հայաշատ շրջաններէն Ֆիքսի եւ Լիփազմայի մէջ հիմը դրուեցաւ ՀՅԴ պատանեկան միութեան` աւելի քան 200 անդամներով: Հրատարակեց «Լուսաղբիւր» պարբերականը:
Բ. Աշխարհամարտին հարկադրաբար գործելէ դադրած պատանեկան միութիւնները, զինադադարէն ետք վերակազմուեցան: 1947-ին անջատաբար գործող խումբերը ի մի հաւաքուեցան եւ կազմուեցաւ ՀՅԴ երիտասարդաց միութիւնը, 12 խումբերով, վեցը աղջկանց եւ վեցը տղոց, շուրջ 400 անդամներով: Գոքինիոյ մէջ չորս խումբ` Ֆիքս, Լիփազմա, Թեսաղոնիկէ եւ Աթէնք 2-ական խումբեր:
Տարին անգամ մը կը գումարեն երիտասարդացի պատգամաւորական ժողով: Կ՛ընտրուի Կեդրոնական վարչութիւն:
Իւրաքանչիւր խումբ ունի իր վարչութիւնը: Խմբական ժողովներու ընթացքին տեղի կ՛ունենան դասախօսութիւններ, ընթերցումներ, վիճաբանական ասուլիսներ, ընդհանուր զարգացման մրցումներ եւ այլն:
Վարչութիւնները կը ձեռնարկեն տեսարժան վայրերու եւ թանգարաններու այցելութիւններ, հրապարակային եւ միջանդամական հաւաքոյթներ, մարզական ելոյթներ, գեղարուեստական հանդէսներ, պտոյտներ, եւ այլն, եւ այլն:
ՀՅ Դաշնակցութեան դրօշին տակ գործող երիտասարդացի նպատակն է հայ երիտասարդութեան տալ հայեցի դաստիարակութիւն, տոգորել զայն իր ազգային մշակոյթով եւ հայրենական սրբազան մասունքներով եւ պատուար կանգնիլ օտարացման վտանգին դէմ:
Պատրաստել մանաւանդ յունահայ երիտասարդութիւն մը, որ դառնայ դրօշակիրը մեր փառապանծ ազատագրական շարժման:
Այս տարի ՀՅԴ Յունաստանի երիտասարդաց միութիւնը կը բոլորէ իր կազմութեան 20-րդ տարեշրջանը: Մեծ հանդիսութեամբ պիտի տօնակատարէ իր հիմնադրութեան 20-ամեակը: