50 Տարի Առաջ (4 Մայիս 1967օ
Թիրօ Քեմփը Հրոյ Ճարակ Դարձաւ Մօտ 100 Հոգի - Որոնց Մէկ Երրորդը Հայ - Անպատսպար Մնացին Նիւթական Վնասները Կը Հասնին 250 Հազար Լիբանանեան Ոսկիի Ինչ որ մնաց Թիրօ քեմփի հիւղաւաններէն Նկար` Սինէ-ֆոթօ Շիրազ Կիրակի կէսօրէ ետք, հրդեհը մոխրակոյտի վերածեց Թիրօ քեմփը, որ մէկ երրորդով բնակուած է հայերէ: Մօտ երկու հարիւր փայտաշէն, կրաղիւսապատ կամ թիթեղածածկ հիւղակներ հրոյ ճարակ դարձան գրեթէ մէկ ժամէն, մինչ ածխացած փայտերը եւ շիկացած թիթեղները շարունակեցին մխալ դեռ երկար: Հրդեհը ծագեցաւ ժամը 1:30-ին: Պատճառը տակաւին յայտնի չէ: Ոմանք կ՛ըսեն ելեկտրական կայծ մը, ուրիշներ` պիւթակազի շիշի մը պայթումը: Կը մնայ ստուգելի: Հրշէջները հասան լուրը առնելէ հազիւ տասը վայրկեան ետք,...
Կարդալ ԱւելինDetails



