Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (15 Մարտ 1967)

Մարտ 15, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երբ Արդարութիւնը Կը Խօսի…

Երկուշաբթի, փետրուար 27-ի երեկոյեան 6:30-ին հնչեց հեռախօսի զանգը:

– Ես եմ… Ըսէ՛ դրացիներուդ եւ շտապեցէք քաղաքապետարան, օրակարգի վրայ է յուշարձանի կառուցման որոշումը բեկանելու խնդիրը:

Հաւաքուեցան շուրջ 30 հայեր:

Քաղաքապետարանն ենք:

Երբ հերթը հասաւ մեզ հետաքրքրող հարցին, հոն, ուր կը բացակայէր թուրքը, բարեկամ երեք օտարներ պահանջեցին բեկանել յուշարձանի կառուցման որոշումը, ջնջել նաեւ անոր մէջ գտած «Օթոման թուրք պետութիւն» բառերը:

Ընդդիմադիրներէն մէկը պատասխանելով խորհրդականի մը հարցումին` չուրացաւ, որ ի հարկին կրնայ դրամ ալ ստանալ թուրք պաշտօնատարէն ու սպառնաց, որ իրենց պահանջին բաւարարութիւն չտրուելու պարագային, պիտի ջանան պաշտօնանկ ընել խորհրդականներէն ոմանք…

Երիտասարդ փաստաբան Վ. Մինասեան, կոչ ընելով խորհրդականներու մարդկային զգացումներուն եւ խղճին, խնդրեց չընդառաջել անոնց անհիմն ու անարդար պահանջին` չկորսնցնելու համար քաղաքի բնակչութեան կարեւոր մէկ հատուածին համարումն ու վստահութիւնը: Պարզեց նաեւ, որ նման ժխտական որոշում մը դժուարութեան պիտի մատնէ յանձնախումբը, որ ամբողջ տարին մեծ աշխատանք տարաւ հայութեան մէջ, շատեր նոյնիսկ դրամական ինքնաբուխ նուէրներ ղրկեցին` առանց հանգանակութեան բացուելուն սպասելու, ասոնք կատարուած չեն ինքնագլուխ, այլ յենած խորհրդարանի յաջորդական` բարենպաստ որոշումներուն վրայ, մանաւանդ որ նոյնիմաստ պաշտօնագրեր ստացած էր Եղեռնի Յիսնամեակի յանձնախումբն ալ, 1965-էն ի վեր, ոչ միայն Քալիֆորնիոյ պետական մարմիններու բարձրաստիճան պաշտօնատարներէն ստորագրուած, այլեւ` Ուաշինկթընէն, Վատիկանէն, Անգլիոյ կրօնական առաջնորդէն, կարտինալ Քուշինկէն եւ այլն, եւ որոնց պատճէնները յանձնեց խորհուրդի անդամներուն:

Յենելով ասոնց վրայ` եզրակացուց, որ բացի իրականէն` խորհուրդը բարոյական պարտականութիւն ունէր փրկելու յանձնախումբին վարկն ալ, որ մեծապէս պիտի տուժէր սխալ որոշում մը տրուելու պարագային:

Երկուքի դէմ երեք ձայնով խորհուրդը վերավաւերացուց յուշարձանի կառուցումը:

Ն. ԿԱՂԻՆԵԱՆ

Լոս Անճելըս, 4 մարտ 1967

 

Աշխարհահռչակ Ջութակահար
Մանուկ Բարիքեանի Նուագահանդէսը

Նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ լիբանանահայ գեղարուեստասիրաց միութեան վարչութեան, Լոնտոնի ֆիլհարմոնիկ նուագախումբի մենակատարող աշխարհահռչակ ջութակահար Մանուկ Բարիքեանի միակ  նուագահանդէսը տեղի ունեցաւ կիրակի, 12 մարտ  1967, երեկոյեան ժամը 9:30-ին ամերիկեան համալսարանի «Ասեմպլի հոլ»-ի մէջ:

Առաւելաբար հայ եւ օտար արուեստասէր հասարակութիւն մը լեցուցած էր սրահը ծայրէ ծայր:

Միջազգային համբաւի տիրացած ջութակահարի ճպոտին ներքեւ, յայտագրին մաս կազմող Պախի, Հայնտըլի, Մոցարթի, Շուպերթի, Պարթոքի եւ Պրամսի դասական կտորները, լաւագոյն մեկնաբանութեամբ ստացան իրենց ամբոջական լիութիւնը եւ արժանացան ունկնդիրներու անվերապահ գնահատանքին:

Արդարեւ, կատարելագործուած արուեստագէտ Մանուկ Բարիքեան, միաձուլուեցաւ իր մեկնաբանած հեղինակներուն ապրումներուն հետ եւ ստեղծեց երաժշտական վայելքի հաճելի մթնոլորտ մը` դաշնակի ընկերակցութեամբ Միշէլ Չեսքինոֆի, նոյնպէս արժանի` գնահատանքի:

Ընդունելութիւն

Այս առիթով, շաբաթ, 11 մարտ, երեկոյեան ժամը 7:00-9:00 արուեստասէր տոքթ. Ա. Մանուկեանի բնակարանին մէջ Լիբանանահայ գեղարուեստասիրաց միութեան վարչութիւնը, գլխաւորութեամբ իր պատուոյ  նախագահ տիկին տոքթ. Ա. Մանուկեանի, կազմակերպած էր ընդունելութիւն մը ի պատիւ Մանուկ Բարիքեանի:

Հրաւիրուած էին միութեան անդամներ, արուեստագէտներ, հիացողներ եւ մամուլի ներկայացուցիչներ:

Տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: Ստեղծուած ջերմ մթնոլորտին մէջ ներկաները շրջապատեցին տաղանդաւոր արուեստագէտը եւ յայտնեցին իրենց համակրանքը:

 

Պէյրութ Եւ Լիբանան

 Երեսփոխան Խաչիկ Պապիկեան
«Օդակայանի Տուրք»-ի
Հաստատում Կը Պահանջէ

Պէյրութի երեսփոխան Խաչիկ Պապիկեան կառավարութեան ուղղած է գրաւոր հարցում մը, որ կը շօշափէ «օդակայանի իրաւունք»-ի հարցը: Խ. Պապիկեան հարց կու տայ.

– Կառավարութիւնը տրամադի՞ր է հաստատելու «օդակայանի իրաւունք»-ի տուրք մը, որ պիտի գանձուի ճամբորդներէն:

– Եթէ` այո՛, կառավարութիւնը տրամադի՞ր է կարճ ատենէն խորհրդարան յղելու օրինագիծ մը:

Տուրքի հաստատման պատճառներու կարգին, Խ. Պապիկեան կը յայտնէ, որ կառավարութիւնը քանի մը տարիէ ի վեր կ՛ուսումնասիրէ Պէյրութի միջազգային օդակայանը ընդարձակելու կամ նոր մը շինելու ծրագիրներ: Առաջին  պարագային, կը նախատեսուի հարիւր միլիոն լ. ոսկիի ծախս մը, իսկ երկրորդ պարագային` երեք հարիւր միլիոն:

Ի՛նչ ալ ըլլայ հետագային որդեգրուելիք լուծումը, կառավարութիւնը ինչո՞ւ չի հաստատեր նման տուրք մը, որ գոյութիւն ունի զբօսաշրջային բոլոր երկիրներուն մէջ, եւ որ ճամբորդներէն պիտի գանձուի: Այսպիսով պիտի գոյանայ նկատառելի գումար մը, որ կրնայ յատկացուիլ օդակայանի ընդարձակման կամ նոր օդակայանի մը շինութեան:

Անձնաթուղթերը
Միասին Ունեցէք Միշտ

Ներքին ապահովութեան ուժերու տնօրէնութիւնը հրատարակեց հաղորդագրութիւն մը, ուր կը յիշեցնէ բոլոր լիբանանցիներուն եւ օտարահպատակներուն, թէ պարտաւոր են միշտ միասին ունենալ իրենց ինքնութեան թուղթերը: Այն անձը, որ իր ինքնութեան թուղթը չի կրեր իր վրան, պիտի ենթարկուի օրէնքով սահմանուած պատիժներուն:

Այս յիշեցումը արդիւնք է ներքին ապահովութեան խորհուրդի օտարներու եւ կասկածելի անձերու վրայ հսկողութիւնը զօրացնելու որոշման:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Ստացուած Գիրքեր. Մեր Հողային Պահանջատիրութիւնը Միջազգային Հանրային Իրաւունքին Մէջ (Հեղինակ` Մեթր Գասպար Տէրտէրեան)

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?