Վազգէն Շուշանեան
Ամէնէն առաջ համակրած եմ իր զգայնութեան: Նորերէն շատ քիչեր միայն բերին մեր գրականութեան այդքան առատ ջիղերու սարուածք մը: Այդ զգայնութեան արտայայտումին համար անիկա գործածեց նորերուն ոճը:
Պզտիկ դիտողութիւն մը հոս: Շուշանեանին ֆրազի ճաշակը կը նրբերանգուի բանաստեղծական բարակ աւիշով մը: Այսպէս, դրէք այդ գործիքը ու այդ ջիղերը ծոցը հեռաւոր հայ քաղաքի մը. տուէք ադ քաղաքին ալ երեսուն տարի առաջուան մթնոլորտ եւ բարեխառնութիւն. կապեցէք իր ուսերուն մեր գաւառը ու փռեցէք իր հոգիի յատակին` մեր պատմութիւնը. մենք կ՛ունենայինք մեր կեանքին ամէնէն կենդանի արտայայտութիւններէն մէկը: Բայց բախտը տարբեր կերպ ուզեց:
Այդ բոլոր յատկութիւնները, փոխանակ այդ երազուած պայմաններուն, դրուեցան գրեթէ գլխովին հակառակ գետիններու վրայ: Այդ ջիղերը արձակուեցան սողալու ու լողալու, ինչպէս որ կ՛ուզէք, աշխարհի ամէնէն բազմաձեւ ու բազմակնիք մշակոյթի մը ենթահողին ու մարմնահողին մէջ:
Արդի՞ւնքը. անոնք սպառեցան, որովհետեւ Արեւելքի զգայնութիւնները կ՛արժեն դէպի խորքը, բայց ոչ դէպի լայնքը: Յետոյ` ջիղերը երբեք չեն բաւած մինակնին գրագէտ մը պարտադրելու: Եթէ անոնք անգնահատելի են իբրեւ խորքի հէնք գործի մը մարմնին մէջ, պարտաւոր են սակայն անցնիլ հզօր գլանի մը ճնշումէն, որ իմացականութիւնն է այս անգամ:
Արդ. նոյնիսկ ամէնէն օժտուած իմացականութիւնը, այն պայմաններուն մէջ, որոնք մատուցուեցան Շուշանեանին` իր կազմումի շրջանին, պիտի խորտակուէր իր իսկ ճիգին ծանրութեանը տակ: Տարագրութիւն, անապատ, Պոլիս, Փարիզ` բոլորն ալ ջիղերը գերազանցապէս սրելու ընդունակ մարզեր, բայց միտքը ոչ իսկ փոքր կէտէ մը ճեղքող, բացի Փարիզէն, ուր կը հասնէր շատ ուշ:
Այո, ըսել կ՛ուզեմ, որ անհրաժեշտ զարգացումը կը պակսի Շուշանեանին, իսկ ընթերցումներէ քաղուած մէջբերումները կը փաստեն խորքի պակասը ծածկելու աճապարանքը: Պարտաւոր ենք կասկածով դիմաւորել յատուկ անուններու ամէն ցուցադրում: Յիշեցէք Եղիան, որ այնքան առատութեամբ անուններ ցանեց իր գործին մէջ, եւ որ դժբախտաբար անուններէն անդին չանցաւ բնաւ: Մէջբերումները մշակոյթի նշան են դարձեալ, եթէ նոյնիսկ ընթերցումները կատարուած են իրապէս, ամբողջապէս:
Զարգացումը շատ բան գիտնալով չէ, որ կը պայմանաւորուի, գիտութիւնը, գիտնալը նախանիւթն է ամէն կառուցումի: Դիզեցէք ատաղձը հրապարակի մը վրայ, սակայն մինչեւ որ ճարտարապետին ուղեղը, այսինքն իմացական տիսիփլին մը չանցնի այդ հում նիւթին մէջէն, ատաղձը կառոյցի չի վերածուիր:
Այս է, որ ըսել կ՛ուզէի: Այլապէս Շուշանեանի միտքը պիտի միջամտէր խնայելու համար մեզի, իր գործերուն մէջ, բանաստեղծութիւնը, մանաւանդ բառական երակէն: Աւելորդ ճապաղում մը, որ առաջ կու գայ կիրքը, զգացումը, յուզումը ծածկելու յարմար գետինէն աւելի ընդարձակ տեղի մը վրայ տարածումէն: Իր միտքը պիտի միջամտէր դարձեալ, որպէսզի իր ջիղերու փորձառութիւնները գտնէին սեղմութիւն, ցայտում, հաւասարակշռութիւն եւ նուաճող տարազ: Կամ` որպէսզի իր մարդերը ըլլային լայնօրէն հասունցուած ու նետուէին թուղթերուն վրայ ոսկորոտ ու կազմուած, իրենց մէջքը ամուր պահելու չափ քննադատի մականէն: Չեն եղած ասոնք. ու մեղքը անմշակ իր մտքինն է:
Գալով չորրորդ դասակարգի իր «գաղափարաբանութեան»` պիտի ըսեմ, թէ ոչ ոք իրաւունք ունի իրենցմէ կորզելու ուրիշներուն տառապանքը: Չորրորդ դասակարգի տեսարանները կը տարբերին Երրորդ Հանրապետութեան արմատականներէն, վասնզի պատերազմին հզօր մղձաւանջը, մանաւանդ անոր փտախտին երկարաձգումը հոգիներուն մէջ, իրական կ՛ընեն ժամանակակից խուլ դժգոհութիւնը միւս երեք դասակարգերուն դէմ:
Վազգէն Շուշանեան անկեղծ է, երբ կը պոռայ որբի իր կատաղութիւնը աշխարհի երեսին: Միայն, երբ այդ կատաղութիւնը կ՛ուզէ տարազել իմաստութեան, լոգիկայի, դիալեկտիկայի եւ բոլոր առձեռն, պատրաստ առածներու պատմուճանով, հոն է, որ կը կենանք ու կ՛ըսենք. ի՞նչ հարկ` այս անտեղի ցուցադրումին: Գրականութիւնը, այն, զոր ըրած էր ան մինչեւ այս վերջին վոլթ-ֆասը, դասակարգի մը չէր պատկաներ, այլ կը պատմէր միմայն իր անձը:
Իր էութեամբ գերազանցօրէն անհատական` գրականութիւնը կրնայ ծառայել զանգուածին ալ շահերուն: Չեմ գիտեր` հարիւր տարի ետք անհատը պիտի դադրի՞ գոյ ըլլալէ, կորսուելու համար զանգուածին ծոցը: Մենք դիւրութեամբ պիտի հրաժարի՞նք մշակոյթ որակուած իրողութենէն, զոր չենք կրնար հերքել թուղթի վրայ ուրացումով ու վճիռով: Պէտք պիտի ըլլար, հակառակին համար, ընդունիլ նոր բարբարոսներու արշաւանք մը, որ քարուքանդ ընէր մեր արժէքները:
Ատիկա եղած է անցեալին մէջ ու հազար տարի պէտք եղաւ վերագտնելու համար ծայրը փրթած թելին: Նետել զամբիւղ քաղքենի արուեստը եւ կրակի տալ զայն… դիւրին չէ հայհոյանքով ընել ատանկ գործ մը: Ու մենք ունինք գրագէտներ, որոնք կ՛անցնին մեր տարազներէն անդին ու կը մնան կանգուն` ժամանակի աւերումներուն դէմ: Ու միշտ, բարբարոսներու արշաւանքէն ետք, պիտի գտնուին վերածնունդներ, որոնք շղթային փրթած օղակները իրարու կցէին: Յանուն պրոլետ-գրականութեան, որուն անունը կայ, ինքը չկայ նոյնիսկ աշխարհի վեցերորդ մասին մէջ, անտեղի է նիզակ ճօճել մարդերու դէմ, որոնց շուքն իսկ ծանր կու գայ մեր ուսերուն:
Յ. ՕՇԱԿԱՆ
———————————————-
1931-ին Կիպրոսի մէջ Բ. Թաշեան Յ. Օշականի հետ զրոյց մը ունեցաւ, զոր «Մայրիներու շուքին տակ» խորագրով հրատարակեց «Հայրենիք» ամսագրին մէջ: Այդ զրոյցի ընթացքին մեծանուն գրագէտը քննութեան ենթարկած է օրուան գրական հրատապ հարցերը եւ անդրադարձած` հրապարակը լեցնող գործերուն ու դէմքերուն:
Այդ օրերուն ամէնէն աւելի աղմուկ հանած երիտասարդներէն էր Վ. Շուշանեան, որ այսօր աւելի քան երբեք սիրելի դէմք մըն է թէ՛ սփիւռքի եւ թէ՛ Հայաստանի մէջ:
Իր այժմէութեան համար կու տանք վերոյիշեալ զրոյցին Վ. Շուշանեանի վերաբերող մասը: