Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1967)

Մարտ 17, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորէն Ա. Կաթողիկոսի Առաջին Այցելութիւնը Ազգային «Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան» Քոլեճ

Չորեքշաբթի, 15 մարտ 1967, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Խորէն Ա. կաթողիկոս, ընկերակցութեամբ լիբանանահայոց առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոսի, յունահայոց առաջնորդ Սահակ արքեպիսկոպոսի եւ գաւազանակիր Բաբգէն վարդապետի, հայրապետական իր առաջին այցելութիւնը տուաւ Պուրճ Համուտի ազգային «Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան» քոլէճ:

Իր ժամանումին վեհափառ հայրապետը դիմաւորուեցաւ քոլեճի խնամակալ մարմինի ատենապետ եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Յակոբ Աշճեանի, խնամակալ մարմինի անդամներ տոքթ. Սեպուհ Սիսեռեանի, Լեւոն Փիրանեանի, Կարապետ Մխիթարեանի եւ Ալպեր Գրիգորեանի, ինչպէս նաեւ ազգային «Աքսոր  Գասարճեան» վարժարանի տեսուչ Անդրանիկ Ուրֆալեանի եւ քոլեճի տեսուչ Կարապետ Պետրոսեանի կողմէ եւ առաջնորդուեցաւ տեսչարան, ուր տեղի ունեցաւ աւելի քան տասը վայրկեան տեւող սիրալիր խօսակցութիւն` կրթական ընդհանուր հարցերու շուրջ:

Այնուհետեւ, վեհափառ հայրապետը այցելեց դասարաններն ու գրադարան: Ատենապետ Յակոբ Աշճեան եւ տնօրէն Կարապետ Պետրոսեան անհրաժեշտ տեղեկութիւնները տուին վեհափառ հօր հետաքրքրութիւններուն, քոլեճի երեք տարիներու գոյութեան առաջընթացին մէջ, յարատեւ աշխատանքով ձեռք բերած կրթական-ուսումնական նուաճումներուն մասին:

Արդարեւ, նկատելի էր բացայայտ իրողութիւնը քոլեճին մէջ տարուող կրթական-ուսումնական գնահատելի աշխատանքին, առաւել`           բծախնդիր մաքրութեան եւ բարեկիրթ ու ներկայանալի զուարթ ուսանողութիւն:

Տեսչարանի մէջ վեհափառ հայրապետն ու ներկաները քառորդ ժամ եւս շարունակեցին իրենց խօսակցութիւնը: Ուշագրաւ էր մանաւանդ տնօրէնութեան  տուած այն զեկուցումը, որ տարուէ տարի, կարգերու բարձրացումով , քոլեճի աշակերտութեան թիւը զգալի յաւելում մը կ՛ունենայ: Բնական երեւոյթ մը` անկասկած, հայահոծ Պուրճ Համուտի շրջանին համար: Մինչեւ պաքալորէայի կարգ, քոլեճը հնարաւորութիւն պիտի ունենայ ընդունելու աւելի քան 350 աշակերտ: Այնուհետեւ, յաւելեալ շինութիւններ անհրաժեշտ պիտի ըլլան` կարենալ ընթացք տալու համար բոլոր դիմումներուն:

Ապա վեհափառ հայրապետը առաջնորդուեցաւ հանդիսասրահ, ուր արդէն հաւաքուած էր աշակերտութիւնը ուսուցչական կազմով:

Հանդիսասրահ մուտքին վեհափառ հայրապետը անդադրում ծափերով դիմաւորուեցաւ աշակերտութեան կողմէ:

Տնօրէն Կարապետ Պետրոսեան, վեհափառ հօր առաջին այցելութեան առիթով, խնամակալ մարմինի, տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ աշակերտութեան կողմէ բարի գալուստ մաղթեց: Տուաւ նաեւ հակիրճ տեղեկութիւններ` քոլեճի մէջ երեք տարիներու ընթացքին կատարուած աշխատանքին մասին: Շեշտեց յատկապէս աշակերտութեան ջամբուող հայեցի դաստիարակութիւնը, որ է ու պիտի մնայ քոլեճին հիմնական նպատակը:

Աշակերտուհի մը գեղեցիկ ու բովանդակալից ուղերձ մը կարդաց: Յուզիչ էր պահը: Նուիրեց ծաղկեփունջ մը վեհափառ հօր, քոլեճի կողմէ:

Վեհափառ հայրապետը հայրական օրհնութեան խօսք ուղղեց առաջնորդ սրբազան հօր, խնամակալ մարմինի անդամներուն, տնօրէնութեան եւ աշակերտութեան: Յայտնեց, որ «Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան» քոլեճը, այն հաստատութիւններէն է, որ ամէնէն աւելի կը խօսի իր սրտին:

Պատմականը ըրաւ հայահոծ Պուրճ Համուտի մէջ քոլեճ մը հիմնելու իր մտադրութեան: Անգամ մը եւս սրտագին շնորհակալութիւն յայտնեց եւ օրհնեց հեռաւոր Ամերիկայի Ֆրեզնօ քաղաքը բնակող ազնուասիրտ ու մեծ բարերարուհի Սոֆիա Յակոբեանը, որուն սրտաբուխ եւ առատաձեռն նուիրատուութեամբ կարելի եղաւ այս հոյակերտ քոլեճը կառուցանել:

«Մեծ ուրախութիւն եղաւ ինծի համար,- ըսաւ վեհափառ հայրապետը,- տեսնելով ցանկութեանս իրականացումը: Երեք տարիէ ի վեր արդէն ձեռք բերուած են դրական արդիւնքներ եւ քոլեճը կը ծառայէ իր հիմնական նպատակին: Պուրճ Համուտի նախակրթարաններէն շրջանաւարտ ելլող մեր նորահաս սերունդները այլեւս պիտի դադրին օտար հաստատութիւններ յաճախելէ, ուր տակաւ կը տժգունէին անոնց ազգային հետաքրքրութիւններն ու գիտակցութիւնները»: Ապա յորդորեց աշակերտները` ըլլալ աշխատող, եռանդուն, յարատեւող ու աննկուն:

Հանդիսասրահէն մեկնումին, անգամ մը եւս երկարատեւ ծափերու արժանացաւ վեհափառ հայրապետը: Ապա, տեսչարանին մէջ հիւրասիրուելէ ետք, լաւագոյն տպաւորութիւններով եւ խոր գոհունակութեամբ մեկնեցաւ «Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան» քոլեճէն:

ՀՐԱԶԴԱՆ

 

Լեռնային Ղարաբաղի
Բնակչութեան Թիւը

Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի վիճակագրական վարչութեան հաղորդագրութեան համաձայն, 1967 յունուար 1-ի տուեալներով, մարզի բնակչութեան թիւը հասած է աւելի քան 149 հազար մարդու:

Ղարաբաղի հանրակրթական դպրոցներուն եւ մասնագիտական ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ  կ՛ուսանին աւելի քան 40 հազար հոգի, որ կը կազմէ մարզի բնակչութեան 27 տոկոսը:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

«#Սառնարան #Դրամ #Փախլաւա» Թատերախումբին Պատգամը Մեր Կենցաղին Կամ Նկարագիրին Վրայ Դրամին Ունեցած Ազդեցութիւնն Է

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?