Յայտարարութիւն Եւ Կոչ Հայ Դատի
Կեդրոնական Յանձնախումբի
Ժողովրդային Խաղաղ Ցոյց ՄԱԿ-ի
Կեդրոնական Շէնքին Առջեւ
Հայ դատի կեդրոնական յանձնախումբը Պոսթընի մէջ հրատարակութեան տուած է հետեւեալ յայտարարութիւն-կոչը` ուղղուած Նիւ Եորքի, Նիւ Ճըրզիի եւ մօտաւոր շրջաններու հայրենակիցներուն.
Սիրելի՛ հայրենակիցներ,
3 ապրիլի 1967-ին, երկուշաբթի ՄԻԱՑԵԱԼ ԱԶԳԵՐՈՒ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ կեդրոնին մէջ իր եօթնօրեայ նիստերը պիտի գումարէ «ՆԱԽԱՅԱՐՁԱԿՈՒՄ ԲԱՌԻ ԻՄԱՍՏԸ ՍԱՀՄԱՆԵԼՈՒ ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՑՈՂ ՄԱԿ-Ի ԵՆԹԱՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ»-Ը:
Կ՛ուզենք սեղմօրէն արձանագրել, որ ցեղասպանութեան դէմ արգելքի եւ ցեղասպանները միջազգային դատական ատեանի մը միջոցով ի հարկին պատժելու համաձայնագիրը (ու յատկապէս` անոր 6-րդ յօդուածը) կրնայ լրիւ գործադրուիլ ա՛յն ատեն միայն, երբ, նախ, իրաւականօրէն կը սահմանուի «ՆԱԽԱՅԱՐՁԱԿՈՒՄ» բառի իմաստը, եւ այդ բառին ու այլ կարգ մը կէտերու մասին գոյութիւն ունեցող տարակարծութիւններն ալ կը հարթուին:
Հայ դատի կեդրոնական յանձնախումբս 1967 յունուար 19-21 իր ցոյցերով կը ձգտէր հայութեան ընդհանուր պահանջը եւ ակնկալութիւնները ներկայացնել ՄԱԿ-ի «ԽՏՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆՑ ԴԷՄ ԱՐԳԵԼՔԻ ԵՒ ՓՈՔՐԱՄԱՍՆՈՒԹԵԱՆՑ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՆԹԱՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ»-ին` շեշտելով, որ ցեղասպանութիւնը չի կրնար անպատիժ մնալ, եւ թէ` անհրաժեշտ է վճռական ու շօշափելի քայլեր առնել վաւերացնելու համար միջազգային այն համաձայնագիրը, որուն հիման վրայ միայն կարելի պիտի ըլլայ հաշուետուութեան եւ պատասխանատուութեան կոչել ցեղասպանները, անոնց առաջին գծին վրայ, անշուշտ` ոճրագործ թուրքը:
Արդ, նկատելով, որ 3 ապրիլէն մինչեւ 10 ապրիլ իր նիստերը գումարելու կոչուած նոր ենթայանձնախումբը պարտականութիւն ունի դիւրացնելու ցեղասպանութեան դէմ համաձայնագրի քննութիւնը կատարելու նպատակով կազմուած քոյր ենթայանձնախումբին գործը, Կեդր. յանձնախումբս պարտականութիւն կը նկատէ կրկնել այն խաղաղ ցոյցերը, զորս կազմակերպած էր յունուարի մէջ:
Նո՛յնն է օրակարգի հարցը, նո՛յն հիմնական աշխատանքին լրացուցիչ մասերն են, որոնք կ՛ենթարկուին քննութեան, հոգ չէ թէ` առանձին ենթայանձնախումբերով: Հետեւաբար նո՛յնը պէտք է ըլլան նաեւ մեր կեցուածքն ու վերաբերումը: ՊԱՀԱՆՋԵԼ «ՆԱԽԱՅԱՐՁԱԿՈՒՄ ԲԱՌԻ ՍԱՀՄԱՆՈՒՄԸ ԸՆԵԼՈՒ ԿՈՉՈՒԱԾ ԵՆԹԱՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ»-էն, որ փութացնէ իրաւական բնոյթ ունեցող իր եզրակացութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ նաեւ, առանց նոր ձգձգումներու, փութացնել ցեղասպանութեան դէմ համաձայնագրի 6-րդ յօդուածին վաւերացումը:
Մեր կարգախօսն է. «ՓՈՒԹԱՑՈՒՑԷՔ ՍԱՀՄԱՆՈՒՄԸ ՆԱԽԱՅԱՐՁԱԿՈՒՄ ԲԱՌԻՆ, ՈՐՊԷՍԶԻ ԼՐԻՒ ԳՈՐԾԱԴՐՈՒԻ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳՐԻ 6-ՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ»:
Հիմնական ա՛յս նպատակով է, որ կազմակերպուած է 8 ԱՊՐԻԼԻ ՇԱԲԱԹ ՕՐՈՒԱՆ ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՑՈՅՑԸ, «ՄԱԿ»-ի Նիւ Եորքի կեդրոնին առջեւ, եւ որուն մասին առանձին յայտարարութիւն տրուած է արդէն մամուլին:
***
Պարզելով մեր նպատակը` կը հրաւիրենք Նիւ Եորքի, Նիւ Ճըրզիի եւ մերձակայ շրջաններու մեր հայրենակիցները, անխտիր մասնակցելու ժողովրդային այդ ցոյցին:
Եթէ կ՛ուզենք զգացնել ՄԱԿ-ի անդամ ազգերուն, թէ չենք մոռցած ու նպատակ չունինք մոռնալու մեր իրաւունքները,
Եթէ կ՛ուզենք արծարծել ու հետապնդել, մի՛շտ, մեր նիւթական, բարոյական թէ քաղաքական-հողային պահանջները,
Եթէ կ՛ուզենք ցեղասպան թուրքին ցոյց տալ, որ հայութիւնը, առանց դաւանական եւ միջկուսակցական խտրութեան, ՄԻԱԿԱՄ Է ԱԶԳԱՅԻՆ ԻՐ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ՀԵՏԱՊՆԴՄԱՆ ԳՈՐԾԻՆ ՄԷՋ:
Ապա, ուրեմն, Թուրքիոյ նախագահին Միացեալ Նահանգներ այցելութեան այս օրերուն հաւաքաբար պիտի փորձենք փաստել, որ ցեղասպանական ոճրին հանդէպ ու այդ աննախընթաց սպանդին ետեւ պարտկուած քաղաքական դաւադրութեան դէմ ՄԷԿ ՍԻՐՏ ՈՒ ՄԷԿ ՀՈԳԻ Է ՀԱՆՈՒՐ հայութիւնը:
Ա՛յս հաւատքով ու ա՛յս ոգիով միայն համազգային ուժ եւ բնոյթ կրնայ ստանալ հետապնդումը մեր իրաւունքներուն:
Չմոռանանք Կարեւորագոյնը
Երբ Հայ դատի անունով կը խօսինք, ի մտի պէտք է ունենանք կարեւորագոյնը: Մեր բոլոր տեսակի քարոզչութեանց եւ աշխատանքներու յաջողութիւնը պայմանաւորուած է մեր ցոյց տալիք ֆիզիքական եւ բարոյամտաւոր ուժով:
Բարեկամ եւ թշնամի, այն ատեն նկատի կ՛ունենան մեր պահանջները, երբ տեսնեն, որ արժէք մըն ենք մենք, միացած` ներքին կուռ ճակատով ու պատրաստ` նոր զոհողութիւններու եւ խիզախութեանց:
Պէտք է աշխատինք ունենալ այդ ուժը: Ունենալ առաւելագոյնով` արժեցնելու համար մեր պահանջները:
Մեր հողերուն պաշտպան մենք պէտք է ըլլանք: Մեր իրաւունքներուն տէր` նախ մենք պէտք է կանգնինք:
Այս է մերկ իրականութիւնը: Եւ ան բոլորիս վրայ պարտականութիւն կը դնէ, որ ըլլանք հեռատես ու արթուն: Չտարուինք ի նպաստ մեզի խօսուած քանի մը ճառերով, չխորհինք, թէ անոնցմով կը լուծուի ամէն ինչ, ու թշնամին հաշուի առնելով յօգուտ արդարութեան խօսուած ճառերն ու պահանջները` կը յանձնէ մեզի մեր հողերը:
Մեր աճը, մեր մտաւորական եւ տնտեսական նուաճումները կարեւոր ազդակներ են, որոնք կրնան միջազգային մարզի վրայ բարձրացնել մեր վարկը ու դարձնել մեզ նկատի առնուելիք ուժ եւ արժէք:
Բոլոր նշանները ցոյց կու տան, որ հայկական սփիւռքը ունի բացառիկ առաւելութիւններ դառնալու ուժ եւ արժէք մը, եթէ պահէ իր քանակը, եթէ չհալի ուրիշներու կաթսային մէջ ու շարունակէ յառաջընթաց իր նուաճումները ամէն մարզի վրայ:
Կարեւոր պարագայ մըն է ասիկա, որուն չենք անդրադառնար յաճախ, ու թոյլ կու տանք, որ մեր մտաւորական եւ նիւթական արժէքները ոռոգեն ուրիշներու հանդերը:
Անոնք հայութեան դրամագլուխը դառնալով` միջազգային հրապարակներու վրայ պիտի դարձնէին հայ անունը յարգանքի արժանի ու ստեղծէին աւելի շեշտուած հետաքրքրութիւն մեր շուրջը:
Առանց հրաժարելու Հայ դատի համար կիրարկելի գրաւոր եւ բանաւոր քարոզչութեան աշխատանքներէն, սխալ գործած պիտի ըլլայինք` սպառելով մեր մտաւոր եւ նիւթական հարստութիւնները, ըլլայ անգամ բարեսիրութեան անունով, տարհայկական նպատակներու համար:
Հայ դատը պէտք ունի բազմակողմանի ու մանաւանդ համազգային ճակատով եւ ուժերով տարուելիք աշխատանքներու, որոնց մաս կրնան կազմել նաեւ մեր ակնարկած բարոյական եւ նիւթական ազդակները:
Չանտեսենք զանոնք, երբ անհատապէս տէր ենք անոնց, ու ջանանք դարձնել զանոնք իրական նպաստ մը քաղաքական մեր իրաւունքներուն համար:
«Արմենիա»