ՀՄԸՄ Յունաստանի
38-րդ Պատգմ. Ժողովը
Մարտ 26-ին, խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցած է ՀՄԸՄ-ի Յունաստանի շրջանի 38-րդ Պատգամաւորական ժողովը:
Ժողովի ընթացքին երեւան եկած է, որ ՀՄԸՄ իր կուռ կազմակերպութեամբ եւ ունեցած նիւթական ու բարոյական ժրաջան գործունէութեամբ, առաջին հայ երիտասարդական կազմակերպութիւնն է յունահայ գաղութին մէջ:
Ունի մօտաւորապէս 200 գործօն մարզիկներ, 100-ի մօտ սկաուտներ եւ գայլիկներ եւ 400-ի մօտ համակիրներ, որոնք ամէն գնով զօրավիգ կը կանգնին ՀՄԸՄ-ի բոլոր շարժումներուն:
Փետրուար 18-ի
Փառահեղ Տօնակատարութիւնը
Աննախընթաց Բազմութիւն «Ասթրալ»-ի
Սրահին Մէջ Ընկ. Միսաք Թորլաքեանի Խօսքը
«Արմենիա», 21 մարտ 1967
Կիրակի, մարտ 19: «Ասթրալ» թատրոնի հազար երեք հարիւր աթոռ ունեցող սրահը լեցուն էր բերնէ բերան: Կը տօնուէր Փետրուարեան ապստամբութեան 46-րդ տարեդարձը:
Սա ապացոյց է, թէ պատմական այն թուականները, որոնք կը խորհրդանշեն Ազատութիւնն ու անկախութիւնը եւ առնչութիւն ունին Հայ դատին հետ, լայն ժողովրդականութիւն գտած են: Այդպիսի թուական մըն է փետրուար 18-ը, երբ հայ ժողովուրդը մէկ սիրտ եւ մէկ հոգի դարձած` ընդվզեցաւ բռնակալ այն ուժին դէմ, որ կ՛ոտնահարէր իր մարդկային իրաւունքները եւ կ՛արհամարհէր ազատութեան եւ անկախութեան գաղափարը:
Բեմին ճակատը ամբողջ լայնութեամբ կախուած էր պաստառ մը, որուն վրայ մակագրուած էին Կլատըսթոնի պատմական խօսքը` «Ծառայել հայ ժողովուրդին, կը նշանակէ` ծառայել մարդկութեան»:
Իսկ բեմին վրայ տեղ բռնած էր մայրաքաղաքի ոստիկանութեան նուագախումբը, թիւով եօթանասուն հոգի, ղեկավարութեամբ խմբավար Ալֆոնսօ Սթակնոյի:
Հանդիսավար Գէորգ Գարամանուկեան կատարեց հանդէսին բացումը` քանի մը խօսքով անդրադառնալով փետրուար 18-ի ապստամբութեան պատմական նշանակութեան: Ապա նուագուեցան արժանթինեան ազգային գովերգը եւ «Մեր հայրենիք»-ը, զորս ժողովուրդը ունկնդրեց յոտնկայս եւ երգելով:
Յաջորդաբար խօսեցան երիտասարդ Երուանդ Տէր Մարտիրոսեան` հայերէն եւ «Խրիմեան» կրթական հիմնարկութեան «Ճամպազեան» երկրորդական վարժարանի տեղական բաժնի տնօրէն տոքթ. Ատոլֆօ Գայեան` սպաներէն, վերլուծման ենթարկելով Փետրուարեան ապստամբութեան տուն տուող պատճառները ու անոր ազատատենչ ու հայրենասիրական ոգին: Ե. Տէր Մարտիրոսեան գեղեցիկ լուսաբանութիւնը տուաւ անկախութեան գաղափարին, իսկ տոքթ. Ա. Գայեան յաջող պատմականը ըրաւ Հայ դատի` ԺԹ. դարու կէսերէն մինչեւ Սեւրի դաշնագիրը: Իրենց խօսքին վերջը երկուքն ալ կոչ ըրին ներկաներուն` ամէն կերպ սատար հանդիսանալ Հայ դատի հետապնդման աշխատանքներուն այն հաւատքով, որ ի վերջոյ արդարութիւնը յաղթանակելու է եւ հայ ժողովուրդը տէր պիտի դառնայ իր հողային եւ քաղաքական իրաւունքներուն:
Ապա խօսք տրուեցաւ, ուքրանացի տոքթ. Պոհտան Քովալի, որ յանուն գերի ժողովուրդներու` ողջունեց փետրուար 18-ի հերոսական աքթը եւ հայ ազատագրական պայքարը խորհրդանշող Միսաք Թորլաքեանը:
Որոտընդոստ ծափերու տակ բեմ ելաւ ընկ. Միսաք Թորլաքեան եւ կարճ ուղերձ մը կարդաց: Ալեզարդ հերոսին խօսքերը պարզ էին եւ անպաճոյճ: Ինքմիշտ եղած է գործի եւ պայքարի մարդ ու բեմերէն խօսելու վարժ չէ: Սակայն այս առիթէն օգտուելով` կը պատգամէ երիտասարդութեան հետեւիլ այն սերունդի օրինակին, որ իր արեան գնով ու աննահանջ մաքառումներով կերտեց ազատ եւ անկախ հայրենիք, երիտասարդութիւնը պիտի իր մէջ կրէ փետրուար 18-ի ոգին, որ կը խորհրդանշէ ազատութեան պայքարը: Բոլորս միացած, համերաշխ ու համագործակցաբար աշխարհին առջեւ պաշտպանենք մեր իրաւունքները եւ խոր հաւատքով միշտ դէպի յառաջ նայինք ու յառաջ քալենք:
Ուղիղ երկու ժամ տեւած հանդէսը վերջացաւ Գ. Գարամանուկեանի շնորհակալական խօսքով` ուղղուած ներկաներուն, բանախօսներուն, արտասանողին եւ յատկապէս ոստիկանապետի օգնականին, որ սիրով տրամադրած էր նուագախումբը:
Սրահէն դուրս ելլողներու դէմքին նշմարելի էր գոհունակութեան արտայայտութիւնը:
 
			