Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (25 Մարտ 1967)

Մարտ 25, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

Յոյսի Տօնը

Քրիստոնեայ մարդկութիւնը վաղը կը տօնէ Քրիստոսի հրաշափառ յարութիւնը:

Լացի գիշերէն ետք` ցնծութիւնը հոգիներուն, ի լուր աստուածային հրաշքին, որ մարդկութեան պիտի տար կրօններուն ազնուագոյնը եւ անոր պիտի սորվեցնէր վսեմագոյնը սկզբունքներուն. սիրեցէք զմիմեանս:

Դարերու ընդերքէն եկող այս կանչը ճիշդ է որ այսօր շա՜տ տկար կը հնչէ մարդոց ականջին: Մարդիկ ո՛չ միայն դադրած են զիրար սիրելէ, այլ միջոցներ կը խորհին` զիրար բզկտելու համար: «Մարդ` մարդու գայլ» բացատրութիւնը ներկայիս շա՛տ աւելի կը պատշաճի, քան քրիստոնէական սիրոյ պատգամները` բնորոշելու համար հոգիներու ներկայ վիճակը:

Զէնքերու շաչիւնն ու սուրերու շկահիւնը կը լեցնեն ամէն կողմ: Ու մարդիկ` ենթակայ շղթայազերծ նիւթին զօրութեան, անտարբեր, կը դիմեն դէպի վախճան մը, որ Յայտնութեան տեսարանները կրնայ պարզել:

Եւ սակայն, հակառակ այս բոլորին, մարդիկ հոգեկան արիութիւն ունին Քրիստոսի յարութիւնը տօնելու: Եւ այս արիութիւնը այն միակ յոյսն է, որ դեռ տրուած է մարդուն` իր փրկութեան իբրեւ ապաւէն:

Յոյսը կը վերապրի բոլոր փոթորիկներէն վեր: Մէկ կողմ թնդանօթ ու ռումբ, միւս կողմ` երգ ու շարական, որոնք հրեշտակներու լեզուն կը խօսին: Մէկ կողմ` հրթիռ ու արբանեակ, միւս կողմ` աղօթք ու մատեան:

Այս հակապատկերներուն միջեւ` փրկութեան յոյսը մարդկութեան:

Յոյսի այս խորհրդանիշներէն մէկը` հայ ժողովուրդը:

Չկայ ժողովուրդ մը, որ քրիստոնէութեան համար այնքա՜ն զոհեր տուած ըլլայ, որքան հա՛յ ժողովուրդը: Ո՛չ մէկը բիւրաւոր ազգերէն ի փառս Աստուածորդւոյն այնքան տաճարներ կանգնած է իր հողին վրայ, որքան մենք: Ու ճիշդ ատոր համար ալ անհամար մարտիրոսներ տուած ենք:

Քրիստոսի եւ անոր քարոզած ու դաւանած վարդապետութեան փառքին ու յաղթանակին համար, ու նաեւ այդ վարդապետութեան միջոցով, ի խնդիր իր պայծառ լուսաւորումին եւ ճառագայթումին, քրիստոնէութեան բարոյական սկզբունքներուն անաղարտ պահպանման եւ անոնց իրագործման համար, հայութիւնը, ոեւէ ժողովուրդէ աւելի նահատակներ տուաւ: Այդ նահատակներէն իւրաքանչիւրը ունեցաւ ի՛ր գողգոթան, իւրաքանչիւրը իր արեամբ պարարտացուց քրիստոնէութեան հոգեկան աշխարհը:

Զատիկ` տօն յոյսի ու հաւատքի:

Յոյս եւ հաւատք` նա՛եւ հայ ժողովուրդին, որ կրցաւ մթամած հորիզոններէն անդին` յոյսի հորիզոններ տեսնել եւ աղէտի ու քանդումի մէջ` հաւատքի սիւներ բարձրացնել:

Յոյսի ու հաւատքի օր` տարաբախտ ժողովուրդի մը համար, որ հակառակ իր հոգեկան բոլոր արժէքներուն, նուիրական իրաւունքներու զլացման տառապանքը կ՛ապրի տակաւին մինչեւ այսօր:

Կ՛ապրի, բայց չի յուսահատիր: Յոյսի ովկիանոս մըն է հայ ժողովուրդը: Որովհետեւ գիտէ, թէ չարչարանքներէն եւ խաչելութենէն ետք կա՛յ յարութիւնը, լացի գիշերէն ետք` լուսապայծառ ողողումը, այն գերեզմանին, ուր իր թշնամիները փորձեցին թաղել զինք:

Եւ որովհետեւ չի յուսահատիր, չի վհատիր հայ ժողովուրդը, եւ որովհետեւ անոր մէջ անխախտ կը մնայ հաւատքի ամուր պատուանդանը, եւ որովհետեւ իր արիւնալի պատմութեան ընթացքին բազմիցս տուած է փաստը իր փիւնիկեան էութեան, վստահ պէտք է ըլլալ, որ յարութեան տօնը վերականգնումի, ինքնաճանաչման եւ յամառ վերելքի նոր հանգրուան մը պիտի ըլլայ իրեն համար:

Այս հաւատքով կ՛ողջունենք Աստուածորդւոյն հրաշափառ յարութիւնը:

Անոր մէջ տեսնելով յարութեան խորհուրդը մեր ժողովուրդին:

 

Ակնարկ

Մենք Ենք Յարութիւնը
Եւ Մենք Ենք Կեանքը…

Քրիստոնէական մտածողութեան մէջ Աստուածորդիին յարութիւնը հողէ կազմուած եւ անդրէն ի հող դարձող մարդուն տրուած գերագոյն յոյսն է, հողէն անդին ու մահէն անդին տեւելու քաղցր մխիթարութիւն մը: Առանց խաչելութեան` Կտակարաններուն էջերը պարզ գրքի էջեր պիտի ըլլային հաւանաբար եւ առանց յարութեան խորհուրդին` դէպի երկինք բարձրացող լուսեղէն ճամբաները շատ-շատ բանաստեղծութիւն պիտի համարուէին:

Յարութեան խորհուրդով մահկանացու մարդը զգաց, որ ինք առանձին չէ, աննպատակ շնչաւոր մը չէ, կորնչելի չէ մանաւանդ, հեռաւոր ապաւէն մը ունի եւ իր առջեւ բաց են երկինքի դարպասները: Յաւերժանալու խոստում մը տրուած է իրեն:

«Ե՛ս եմ յարութիւնը», ըսաւ մեծախռով Նազովրեցին, այսինքն` մահկանացու չեմ. ես եմ կեանքը ըսաւ, այսինքն յաւերժական եմ: Ի՜նչ ահաւոր պիտի ըլլար մարդուն կեանքը, ո՞վ պիտի բուժէր անոր անձկութիւնը, ո՞վ պիտի լեցնէր անոր հոգիին տանջալի պարապը, եթէ ըսուած չըլլար այս խօսքը եւ խօսքը մարմնացեալ` հանդիպած չըլլար մեր աշխարհին:

Հոս կանգ կ՛առնենք: Հոս խօսքը կը փոխանցենք աստուածաբաններուն ու կ՛ըսենք.

– Մենք ենք յարութիւնը եւ մենք ենք կեանքը…

Մենք` հայոց ժողովուրդը:

Թերեւս քիչ ժողովուրդներ կան աշխարհի վրայ, որ այս համարձակութեամբ, հպարտութեամբ ու ա՛յս արդարութեամբ կարենան ըմբռնել յարութեան իմաստը եւ կեանքին արժէքը: Պարբերական յարութիւնները կանխող շրջաններուն մենք չստեղծեցինք պարբերական տանջանքները, տէգն ու նիզակը մենք չխրեցինք մեր կողերուն, մեր կամքով չբարձրացանք Գողգոթա, բայց յարութիւն առինք մեր որոշումով եւ կեանքը ենթարկեցինք մեր կամքին:

Կարելի չէ անտարբեր մնալ եւ չհրճուիլ ի տես հոն` հայրենիքի մէջ եւ հոս` սփիւռքի մէջ մեր ժողովուրդին պարզած կենսունակ պատկերին: Ու մեր հրճուանքը նուազ  անխառն չէ, քան` յարուցեալ Տիրոջ յիշատակին առջեւ հաւատացեալ մարդուն սիրտը լեցնող զեղուն ապրումը: Բոլոր վէրքերը չեն բուժուած տակաւին, անթերի չենք, հանրային կեանքը սնուցանող արիւնատար մեր բոլոր երակները քաջառողջ չեն, բայց եղածը հրաշք է արդէն, այն խաչելութենէն ետք մխիթարական է այս եռուզեռը, վերականգնումի հին փորձերուն հետ հաշտ է, այսպէս եղած է մեր կեանքը հայոց պատմութեան ամբողջ երկայնքին, որովհետեւ`

Մենք ենք յարութիւնը եւ մենք ենք կեանքը…

XX

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Ժամադրութիւն Արուսեակին Հետ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?