Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (21 Մարտ 1967)

Մարտ 21, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

1506 Խրճիթ Եւ 2263 Վատառողջ
Բնակարան Լիբանանի Մէջ

Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան կազմած վիճակագրութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ խրճիթներուն թիւը կը բարձրանայ 1506-ի:

Միւս կողմէ, 2263 վատառողջ բնակարաններ, ընդամէնը 5541 սենեակ եւ 248 մթերանոց, կը պատսպարեն 13 հազար 403 հոգի, որոնցմէ 10.296-ը լիբանանցի եւ 3107-ը օտար, մանաւանդ` սուրիացի, պաղեստինցի եւ քիւրտ: Անոնցմէ շատերը որմնադիր են, կօշկակար, հացագործ, շրջուն վաճառորդ, վարորդ, սափրիչ եւ բեռնակիր:

Ամիսը միջին հաշուով կը վճարուին` իբրեւ բնակարանի վարձք.

– 140 ընտանիք ամիսը 14 ոսկիէն պակաս կը վճարէ:
– 319 ընտանիք` 15-24 ոսկի:
– 169 ընտանիք` 25-34 ոսկի:
– 62 ընտանիք` 35-49 ոսկի:
– 22 ընտանիք` 50-79 ոսկի:
– 200 ընտանիք` 80 ոսկիէն աւելի:

Մօտ 920 ընտանիք չուզեցին հարցախոյզին մասնակցիլ:

 

Հայոց Պատմութեան Դասընթացք
Կանանց Քոլեճին Մէջ Պէյրութ

Աշխարհի զանազան գրադարաններուն մէջ, գլխաւորաբար` Երեւան, Վենետիկ, Երուսաղէմ, 30.000-ի չափ թանկարժէք հայերէն ձեռագիրներ կան, որոնք, եթէ գիտական լուրջ ուսումնասիրութեան ենթարկուին, կրնան շատ լոյս սփռել Միջին Արեւելքի (հայկական, բիւզանդական, պարսկական, արաբական, վրացական, թրքական եւ այլն) հին եւ միջին դարերու պատմութեան վրայ: Մասամբ այս ձեռագիրներու պատմական արժէքին պատճառով վերջին տասնամեակին Ամերիկայի մեծ համալսարաններուն մէջ հետաքրքրութիւն մը արթնցած է հայագիտական ուսմանց հանդէպ, եւ անոնցմէ շատեր, ի միջի այլոց` Հարվըրտ եւ Քոլոմպիա, հայագիտական ուսմանց ամպիոններ հաստատած են:

Ուրախ ենք, որ 1967 փետրուարէն սկսեալ Պէյրութի Կանանց քոլեճը եւս հաստատած է հայոց պատմութեան եւ հայ մշակոյթի դասընթացք մը (անգլերէնով), որուն կը հետեւին օտարներ (արաբ եւ ամերիկացի) եւ այն հայ ուսանողուհիները, որոնք հայկական վարժարան չեն յաճախած եւ, հետեւաբար, հայոց պատմութեան դասընթացքի մը հետեւելու առիթը չեն ունեցած: Այս ծրագիրը մշակեց նորոգ հանգուցեալ տոքթ. Սալուա Նասսար, քոլեճին առաջին լիբանանցի նախագահը (իր նախորդները ամերիկացիներ էին): Միջազգային համբաւի տէր, լիբանանցի այս հմուտ գիտնականին եւ նուիրուած հայրենասէրին ծրագիրը կարելի եղաւ իրականացնել շնորհիւ առատաձեռն նուիրատուութեանը` Պերճուհի Ապրոյեանի, որ սիրով յօժարեցաւ այս դասընթացքին ամբողջական ծախքերը հոգալ երեք տարուան համար` ի յիշատակ իր ողբացեալ ամուսինին` Ապրօ Ապրոյեանի: Պ. Ապրոյեան կը վճարէ դասախօսներու պատուագինը, հայագիտական գրադարանի մը կազմութեան ծախքերը, քարտէսներու, սլայտներու եւ այլ նիւթերու գինը: Ոչինչ խնայուած է այս դասընթացքը դարձնելու համար քոլեճի ծրագրին կարեւոր մէկ մասը:

Պատմութեան եւ քաղաքական գիտութեանց բաժնի պետ տոքթ. Դանիէլ Ոսկեան այս դասընթացքին ընդհանուր պատասխանատուն է: Բայց այցելու մասնագէտ դասախօսներ եւս ազնուաբար յօժարած են իրենց մասնակցութիւնը բերելու: Դասախօսութիւններ պիտի տան` Գարեգին եպս. Սարգիսեան, Գէորգ վրդ. Կարպիսեան, Սարգիս Ապտալեան (Վահէ Վահեան), Վահէ Օշական, Գէորգ Գարաճրճեան, Զաւէն Մսըրլեան եւ Ասպետ Տօնապետեան:

Քոլեճի վարչութիւնը մեծապէս կը գնահատէ Պ. Ապրոյեանի այս առատաձեռն նուիրատուութիւնը եւ կը փափաքի հրապարակաւ իր շնորհակալութիւնները յայտնել անոր:

ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Արեւմտահայե՞ր, Թէ՞ Օսմանահայեր… Ո՞րն Է Ճիշդը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?