Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (1 Ապրիլ 1967)

Ապրիլ 1, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գրական Առօրեայ

 Եդուարդ Պ0յաճեանի
«
Դէմքեր»-ը

Իր ապաժամ մահէն ետք, նախաձեռնութեամբ կարգ մը ընկերներու եւ իր քաջարի այրիին, նաեւ բարեդէպ մեկենասութեամբը Յակոբ Աշճեանի, 1996-ի վերջերը լոյս տեսաւ Եդուարդ Պօյաճեանի «Դէմքեր»-ուն առաջին շարքը:

Երբ ես ճանչցայ Եդուարդը, ունեցայ այն տպաւորութիւնը, որ իր հպարտութեան մէջ խոնարհ եւ իր խոնարհութեան մէջ հպարտ մարդ մըն էր ան: Ո՞րն էր գերակշիռ իր մէջ, հպարտութի՞ւն, թէ՞ խոնարհութիւնը կամ խոնարհամտութիւնը: Ինծի կը թուի` առաջինը:

Մեծահարուստ գրող մը չէր անշուշտ, բայց իր արժէքին գիտակից հպարտ մարդ մըն էր անկասկած:

Իր «Դէմքեր»-ը բանասիրութիւն չեն, գրական քննադատութիւն ալ չեն, գրական պատմութիւն բնաւ չեն, բայց գրականութիւն են անպայման: Աւելի շատ եզրակացութիւններ են, քան` խորամուխ պրպտումներ կամ հանդարտ վերլուծումներ: Ուրիշ բան չէին կրնար ըլլալ արդէն, որովհետեւ Եդուարդը բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու չէր: Զինք վարողը հիացումն է, իր դիմանկարած մարդոց հանդէպ անհուն խանդաղատանքը, զոր երբեմն ծայրայեղութեան կը տանի սակայն, թերեւս հակառակ իր կամքին, պարզապէս` զգացման թափէն քշուելով:

Մեզի տրուածը աւարտուն դէմքեր չեն, աւելի շատ գծանկար են, այս բառին ամէնէն ուղղափառ իմաստովը, քան` նկար կամ դիմանկար: Բայց գրականութեան պատմիչը հարկին տակն է կարդալու Պօյաճեանի «Դէմքեր»-ը` կարենալ օգտուելու համար հանուած եզրակացութիւններէն, զգալու եւ ըսելու եղանակէն, ոճէն, մանաւանդ` հաղորդ մնալու գրագէտ տարրին հանդէպ սնուցուած անպատում գորովանքին:

Դատելու, վերլուծելու կամ քննարկելու արարքէն աւելի` Պօյաճեանի մէջ ներկայ է գրագործելու հետամուտ մը, որ կրնայ ուղենիշ ծառայել կոչումով եւ ասպարէզով քննադատներուն, որովհետեւ քննադատութիւնը չոր ու ցամաք ֆորմիւլ չէ, սառն դատողութեան արտայայտութիւն մը չէ, այլ նաեւ գրականութիւն է… գրականութեան մէջ, ինչպէս որ պիտի ըսէր Օսկար Ուայլտ: Ըսել ուզածս սա է, որ ընթերցողը պէտք է ունենայ այն տպաւորութիւնը, թէ գրագէտ մըն է, որ կը ներկայացնէ գրագէտ մը:

Չմոռնաք, որ ինչպէս Պօյաճեան ինք իսկ կ՛ըսէր ուրիշի մը մասին խօսելու ատեն, գրականութիւնը ռազմադաշտ մըն է իրեն համար: Եւ կը խոստովանինք, թէ իբրեւ հաւատարիմ զինուոր` ռազմադաշտի վրայ եղած է միշտ եւ ոչ թէ զօրանոցին:

Եթէ տաք, վարակիչ, համատրոփ շունչն է մեր փնտռածը, զայն կը գտնենք «Դէմքեր»-ուն մէջ:

Կարդալէ ետք իր դիմաստուերները կը փորձուինք ըսել, որ մեզի տրուածը Զօհրապ մը չէ, Օշական մը չէ, Համաստեղ մըն չէ, բայց ապահովաբար ոսկեզօծ շրջանակ մըն է, որուն մէջ կրնանք զետեղել որեւէ Զօհրապ կամ որեւէ Օշական:

Ճիշդ են իր կարծիքները, եթէ անոնցմէ զեղչենք գրականութիւնը ռազմադաշտի վերածող «կլիման»:

Կը կարծեմ, թէ երկու կլիմայ կայ Եդուարդ Պօյաճեանի մէջ` ներքին եւ արտաքին: Ներքին կլիմային մէջ հպատակ է, արտաքինին մէջ` վեհապետ: Առաջինը կը կոչեմ խառնուածք, երկրորդը` արուեստ, գիտութիւն կամ այս երկուքէն տարբեր բան մը:

Եդուարդ Պօյաճեան գիտութենէն կը հեռանայ արուեստին մօտենալու համար:

Ոչ միայն իր նախադասութիւնները, այլեւ բառերն իսկ իւրատեսակ պատկերներ են` միշտ նոր, միշտ ինքնատիպ, միշտ ինքնահնար ու ինքնաստեղծ: Կոստան Զարեանը կը յիշեցնէ, բայց Կոստան Զարեանը չէ: Ինքն է, ինքնութիւն: Յաճախ կը զարմացնէ մեզ իր նորաբանութիւններով, ոչ թէ փնտռուած, այլ պարզապէս` իրմէ բխած նորարարութիւններով:

Արդէն նորարարութիւնը փնտռելով չի գտնուիր, պէտք է ներսէն բխի: Մոլորանքի մէջ են անոնք, որոնք զայն դուրսը կը փնտռեն:

Ինծի կը թուի, թէ Պօյաճեան երբեք նեղութիւն չէ կրած, ճիգ չէ ըրած անպատճառ նոր բան մը ըսելու համար նոր ձեւով մը: Նորութիւնը իր տարերքն է, ուր կը լողայ թեւատարած եւ ոչ թէ կը քալէ: Ուրկէ՞ կը գտնէ այսքան նորութիւն եւ այսքան ինքնատպութիւն: Բայց ասիկա արդէն իր գաղտնիքն է, իր արուեստն է, իր գիտութիւնն է:

Ըսինք, թէ դատող չէ, վերլուծող կամ քննարկող չէ, որովհետեւ բանաստեղծ է նախ եւ ապա միայն ուրիշ բան: Իր մէջ գերազօր է, ոչ թէ դատողութիւնը, այլ` երեւակայութիւնը, վերասլաց յափշտակութիւնը եւ բանաստեղծի զգայարանքը:

Պէտք կա՞յ յիշեցնելու, թէ Եդուարդ Պօյաճեան գրագէտ ըլլալու եւ գրագէտ կոչուելու նախապայմանը իր մէջ ունի, այսինքն ոճ մը ունի:

Եւ ով որ ոճ մը ունի, նովին բանիւ արդէն գրագէտ է:

Գրագէտի ոճ մըն է Եդուարդին ոճը եւ ոչ թէ քննադատի, դատողի կամ դատաւորի: Աւելի՛ լաւ, ըսենք եւ վերջացնենք կիրակնօրեայ այս քաղաքը:

 

Յունաստանի ՀՅԴ Երիտասարդական
Միութեան 20-ամեակի Տօնակատարութիւնը
Աթէնքի Մէջ

Աթէնքի «Քենտրիքոն» թատրոնի ընդարձակ սրահին մէջ, աննախընթաց շուքով եւ փառահեղ հանդիսութեամբ տեղի ունեցած է Յունաստանի ՀՅԴ երիտասարդաց միութեան հիմնադրութեան 20-ամեակի տօնակատարութիւնը:

Ներկայ եղած են հրաւիրեալներ եւ բազմահարիւր երկսեռ երիտասարդներ:

Նախագահած է Պայծառ Մարտիկեան:

Գեղեցիկ ուղերձ մը կարդացած է Գասպար Կարապետեան:

Բանախօսած է Յակոբ Սահակեան: Բանախօսին խօսքերը ողջունուած են որոտընդոստ ծափերով:

Գեղարուեստական յայտագրին իր մասնակցութիւնը բերած է Համազգայինի երգչախումբը` ղեկավարութեամբ վաստակաւոր խմբավար Յակոբ  Փափազեանի:

Արտասանած է ընկերուհի Սոնա Պէօրեքճեան:

Այնուհետեւ ՀՅԴ երիտասարդաց միութեան անդամներուն կողմէ բեմադրուած է Համաստեղի «Հայաստանի լեռներու սրնգահարը»  թատերակը:

Թատերախաղի վերջաւորութեան ներկաները խանդավառութեամբ եւ ընդերկար ծափահարած են երիտասարդ դերակատարները:

Ապա հայկական պարերով ելոյթ ունեցած է ՀՅԴ երիտասարդաց միութեան 16 հոգինոց պարախումբը` ղեկավարութեամբ Սոնա Պէրպէրեանի:

Տօնակատարութիւնը վերջ գտած է խանդավառ մթնոլորտի մէջ:

 

Լիբանանի Օգնութեան Խաչի
Ժիպէյլի Մասնաճիւղի Հաւաքոյթը

Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Ժիպէյլի նորակազմ մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 18 մարտ, Մարի Խաչերեանի բնակարանին մէջ:

Ներկայ էին անդամուհիներ եւ համակիրներ:

Բացման խօսքը ըրաւ Զարուհի Մանկունի: Գեղեցիկ ուղերձ մը կարդաց Մանիշակ Խաչերեան:

Խօսք առաւ Ստեփան Հաստաճեան:

Արտասանեց Էլիզ Հաստաճեան:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ հաւկթախաղ եւ հիւրասիրութիւն: Ստեղծուեցաւ խանդավառ ու ջերմ մթնոլորտ:

Ներկաները շատ գոհ մնացին եւ փափաք յայտնեցին, որ նման հանդիպումներ յաճախ կրկնուին:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

«Թայթանիք»-ը` Պիտի Անհետանայ…

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?