Գրական Առօրեայ
«Բագին»-ի Զրոյցները
Նիւթ`
Եդ. Պոյաճեանի Դէմքերէն
«Գ. Զոհրապ»
Զեկուցաբեր` Պ. Սնապեան
Շաբաթ, 25 փետրուար 1967-ի «Բագին»-ի գրական զրոյցին նիւթն էր Եդուարդ Պոյաճեանի նոր, յետմահու լոյս տեսած «Դէմքեր» հատորէն Գ. Զոհրապին նուիրուած դիմագծումը:
Օրուան զեկուցաբերը` Պօղոս Սնապեան, սեղմ գիծերու մէջ ներկայացնելէ ետք դիմագրուած դէմքն ու դիմագրողը, ընդգծեց, որ` «Ամէն սերունդ իր արժեչափերով կը դատէ անցեալի փառքերը, դէմքերը եւ իր փորձառութիւններուն ու ախորժակներուն ակօսով կը ստեղծէ, ըսենք, իր Նարեկացին, իր Սայաթ Նովան, իր Զոհրապը, որոնք անպայման տարբեր են նախորդ սերունդի Նարեկացիէն, Սայաթ Նովայէն, Զոհրապէն: Հիները դատումի ենթարկող նոր փորձերը այդ տարբերութեամբ միայն կ՛արդարանան»:
Ըստ տրուած զեկուցումին, Եդ. Պոյաճեան բոլորովին իւրայատուկ ոճով մը կը մօտենայ իր տիպարներուն: Ընդհանրապէս յայտարարութիւններու եւ հաստատումներու ճամբով կ՛ընթանայ ան: Մանրամասնօրէն չի զններ, այլ կ՛եզրակացնէ քննարկումը աւարտած մարդու մը ինքնավստահութեամբ: Իր եզրակացութիւնները կարելի չէ բաժնել, բայց կարելի չէ լեզուին, ոճին, կատարուած գիւտերուն շնորհիւ ստեղծուած մթնոլորտէն չվարակուիլ, չջերմանալ, հպարտութեան ապրումներ չունենալ:
Այս սակաւ էջերուն մէջ Գ. Զոհրապի դիմագիծը տալու փորձը կրնար ամբողջական ձախողութեան մը մատնուիլ, եթէ մօտեցումը զուտ քննական, վերլուծական ըլլար, մինչ Պոյաճեանի մօտ «իր շօշափած նիւթին չափ զինք կը տեսնենք գրեթէ ամէն տողի մէջ, նոյնիսկ` ամէն մէկ բառի մէջ»: Սրտառուչ է Զոհրապը իմացական բարձրագոյն մակարդակներու վրայ տեսնելու եւ անոր հոգեկան տագնապներու մեծութիւնը հաստատելու Պոյաճեանի ճիգը: Գեղեցիկ է մանաւանդ Զոհրապին այժմէութեան մայր երակին գիւտը:
Ըստ Պոյաճեանի, տաղանդները մեծ կ՛ըլլան, մեծնալու մեր հնարաւորութիւնները լայն կ՛ըլլան, երբ`
«Ցաւերը, ցաւէ աւելի, կացութիւն դառնան մեր գրչին տակ, նախադասութենէ աւելի` հոգի: Այլ խօսքով, երբ էջերը, փոխանակ պոռալու մեր ականջին, սկսին հետզհետէ ծանրանալ եւ լռել, կեանքով ըլլալ յղի եւ քիչ նայուածքով շատ տեսնել, քիչ բառերով արտայայտել աւելին, քան բոլոր բառերը պիտի արտայայտէին: Երբ այդպէս, պահը ամբողջ արարիչ գորշութիւն մը ստանայ, տակաւ գորշութիւնը` խոհին ու խորհուրդին, գոյնը կարծես` իրաւին եւ ուխտին, մնայունին ու աստուածներով յղի բաներուն»:
Արժանիքներու այս թւումէն ետք զեկուցաբերը դիտել տուաւ, որ Զոհրապին նուիրուած այս կարճ գրութեան մէջ քիչ մը շատ տեղ տրուած է Եղեռնին ու Զոհրապի նահատակութեան, եւ կտորը թերի է ներկայացման իր ձեւին մէջ, կառուցման տկարութեամբ: Ոստոստում մը կայ Պոյաճեանի «Զոհրապ»-ին մէջ եւ ապա դիմադրողը ամբողջովին իր հերոսով կլանուած ըլլալուն պատճառով մեզի ներկայացուցած է անթերի դէմք մը, ինչ որ իրականութեան չի համապատասխաներ: «Զոհրապէն մեզի հասած ամէնէն կատարեալ բաժինը, նոյնիսկ նորավէպը խոցելի մասեր ունի: Օրինակ, այսօր դժուար կը հանդուրժենք իր գրութիւններուն միջամտող հեղինակ մը եւ կը տառապինք, երբ օգտաշատ ձգտումներով մտածումներ կը բանաձեւէ: Իսկ Զոհրապի բոլոր պատմուածքները խոցելի են այդ աւելորդ բեռով»:
Պ. Սնապեանի զեկուցումէն ետք զրուցավարը` Յ. Գեղարդ ընդգծեց զրուցելու երկու կարելիութիւն.
Ա.- Զոհրապը ներկայացնելու Պոյաճեանի ձեւին քննութիւնը,
Բ.- Զոհրապի տրուած արժանիքներուն քննութիւնը:
Զրոյցը ընթացաւ այս երկու ճամբաներով եւ եղաւ հետաքրքրական ու տաք:
Առաջին բաժնին մէջ ներկաները ընդհանրապէս համաձայն գտնուեցան զեկուցաբերի վերլուծումներուն: Գտան, որ Պոյաճեանի Զոհրապը չունէր այն ամբողջականութիւնը, որ ունէին, դարձեալ իր գրչէն ելած միւս դէմքերը, օրինակ` Կ. Զարեանը, Ինտրան:
Ներկաներէն ոմանք այն տեսակէտը յայտնեցին, որ Պոյաճեան ընդհանրապէս յայտարարութիւններ ըրած է Զոհրապի մասին, եւ այդ հանգամանքը կը զրկէ գրութիւնը ճշգրտութեան ուժէն: Ատոր հակադրուեցաւ այն միւս ճշմարտութիւնը, ըստ որուն, Պոյաճեան գրական ուսումնասիրութեան մը չէ, որ կ՛ենթարկէր Գ. Զոհրապը իր «Դէմքեր»-ուն մէջ. կրնար պատահիլ մինչեւ անգամ նախքան Զոհրապի դէմքը ներկայացնելը` վերստին կարդացած չըլլար անոր ամբողջական գործերը: Սակայն կը ներկայացնէր Զոհրապին դիմագիծը այնպէս, ինչպէս ան կը ներկայանար իր զգայնութեանց, իր անցեալ եւ ներկայ ընթերցանութեանց որպէս արդիւնք, որպէս վերջին խտացում, որպէս հիմնական մասը` Գ. Զոհրապի, անշուշտ` ըստ ներկայացնող հեղինակին, ըստ Եդուարդ Պոյաճեանին: Ատոր համար ալ իր գրութիւնը կը կրէր անսահման հիացումի մը, զեղումի կնիքը եւ կ՛ընէր այնպէս, որ ընթերցողը կը մտածէր, թէ զգացական կողմնակալութիւն մը կար Պոյաճեանի մօտ: Սակայն ատով չի նուազիր գրուածքին արժէքը: Անիկա կը մնայ գրագէտի մը վկայութիւնը:
Ինչ կը վերաբերի զրոյցի համար ճշդորոշուած երկրորդ կէտին, ոմանք այն կարծիքը յայտնեցին, թէ Զոհրապ, հայ գրականութեան մէջ իր անվիճելի տեղը ունենալով հանդերձ, կը մնար տեսակ մը «սիրող գրագէտ», որուն գրականութիւնը անձնական ներքին մտորումներու արտայայտութիւնը չէ, այլ կը նմանի ճամբու ընթացքին քաղուած գեղեցիկ ծաղիկներու, որոնց ընտրութեան մէջ հեղինակին գեղագիտական ճաշակը երեւան կու գայ թէեւ, բայց կը բացակայի հիմնականը, անձը, անձին սեփական պատգամը:
Ուրիշներ դէմ ելան այս տեսակէտին` յայտնելով, որ Զոհրապ «Լուռ ցաւեր»-ու մարդն էր, «լուռ ցաւեր»-ով տուած է իր անձը եւ «Խղճմտանքի ձայներ»-ու պատգամաբերն է:
Այս երկու տեսակէտներուն պաշտպանները սպառելէ ետք իրենց փաստարկութիւնները, դրուեցաւ երրորդ հարցում մը.
– Այսօր Զոհրապը կը կարդացուի՞ այնպէս` ինչպէս կը կարդացուի, օրինակ, Չեխովի պատմուածքներէն մէկը, իր ընդհանրական պարունակութեամբ, արծարծած մարդկային յաւիտենական հարցերով:
Ներկաները այս մասին եւս երկարօրէն խօսեցան եւ տեսակէտներու բախումէն ստեղծուեցաւ զրոյցին համար անհրաժեշտ մթնոլորտը, հետաքրքրական ու տաք:
Քանատա
Թորոնթոյի ՀՅ Դաշնակցութեան
Հրապարակային Ձեռնարկը
Թորոնթոյի Հայ երիտ. դաշնակցութիւնը տօնակատարած է իր 34-ամեակը: Տարեդարձի այս հանդիսութիւնը նուիրած է Աւետիս Ահարոնեանի ծննդեան 100-ամեակին:
Տօնակատարութիւնը տեղի ունեցած է հրապարակային, Ուայ.Էմ.Սի.Էյ.ի տան մէջ: Ընկերներ ու համակիրներ ծայրէ ծայր լեցուցած են սրահը:
Ներկայ եղած է էջմիածնական թեմի հովիւ Թաշճեան վարդապետ:
Բանախօսած է այս առիթով հրաւիրուած Մինաս Թէօլէօլեան` հայ ժողովուրդի քաղաքական եւ ազգային ուղղութեան մասին:
Գործադրուած է նաեւ գեղարուեստական յայտագիր մը եւ կարդացուած է ուղերձ` ՀՕՄ-ի կողմէ:
Վերջին քանի մը տարիներու ընթացքին Թորոնթօ գաղթած են Պոլսէն, Եգիպտոսէն, Հալէպէն, Լիբանանէն եւ այլ վայրերէ հայեր: Ներկայիս Թորոնթոյի հայ գաղութը կը հաշուէ շուրջ 2500 հոգի: