Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (20 Մարտ 1967)

Մարտ 20, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրաւարարը

Ըսինք, որ  կը խօսինք իրաւարարի մասին:

Այն մարդուն, որ պիտի հսկէ 22 հոգիի խաղին, (խօսքը ոտնագնդակին համար էր), պիտի ճշդէ անոնց ճիշդն ու սխալը, պիտի ըլլայ ինքնավստահ (հետեւաբար` հմուտ), պիտի ըլլայ պատասխանատուութեան գիտակից եւ պարկեշտ: Մանաւանդ` իրաւարարութեան իր քննութիւնը նախ պիտի տայ իր հոգիին, նկարագրին, ապա ներկայանայ առ որ անկ է` ստանալու համար տիփլոմ ու իրաւունք` իրաւարարութեան:

Ըսենք, որ կը խօսինք իրաւարարի մասին:

Անոր, որուն սուլիչը պիտի արժանանայ հանդիսատեսի գնահատանքին, անոր, որուն որոշումը խոնարհիլ պիտի տայ ամէնէն ըմբոստ դիտողը, անոր, որ իրաւարարն է 22-ին, եւ որուն վրայ կան` հազարաւոր իրաւարարներ.- խաղին հետեւողները:

Կատակ չէ իրաւարար ըլլալը…

Սակայն, նախ փնտռենք, թէ ո՞վ իրաւարար Չէ, յետոյ բռնենք իրաւարար սա մարդուն օձիքէն:

Գիտէինք, որ ամէն մարդ քիչ մը բժիշկ է, առանց բժիշկ ըլլալու:

Գլո՞ւխդ կը ցաւի, հանդիպակաց բարեկամդ կը թելադրէ.

– Ասպրօ:

Ստամո՞քսդ կը ցաւի: Յայտնէ ցաւդ որուն որ կ՛ուզես. անպայման դեղահատ մը կը ստանաս: Դեղ մը: Ցուցմունք մը: Նուազագոյն` օրինակ մը, պատմութիւն մը, իրական կեանքէ…

Գլո՞ւխդ կը դառնայ. բնաւ բան մը չգտնեն, պիտի ըսեն` դարձիր հակառակ ուղղութեամբ: Իբրեւ թէ սրամտութիւն մը ըրած ըլլալու համար:

Բան մը պիտի ըսեն մարդիկ` մարդոց – հիւանդին, աղքատին եւ այլն:

Փորձառաբար, գիտութեամբ ու անգիտութեամբ, բարեսրտութեամբ կամ անմտութեամբ:

Դժուար պիտի ըլլայ գտնել մէկը, որ ուղղակի ըսէ.

– Հոգի՛ս, ինչո՞ւ բժիշկի չես երթար:

Այդպէս ըսողին ալ` մեղադրանք մը դուք պիտի ըսէք.

– Ցաւս իրեն վստահեցայ, դեղ ու դարման անգամ չթելադրեց. բերանը չբացաւ…

Ամէն մարդ բժիշկ է ու իրաւարար:

Թէեւ ամէն մարդ ամէն ինչ է, բայց մանաւանդ բժիշկ, իրաւարար, քարոզիչ:

Ընտանեկան վէ՞ճ մը ունիք. կամաւոր է ամէն մարդ իր իրաւարարութիւնը ձեր տրամադրութեան տակ դնելու: Ըսի-ըսա՞ւ կայ. ամէն մարդ կրնայ վճիռ տալ, կու տայ:

Վրան` անպայման քարոզ, խրատ, ուղղութիւն:

Մարդիկ իրապէս, ի՜նչ բարի են: Մենք մեր յարգը չենք գիտեր:

Ի՞նչ առաւելութիւններ ու վնասներ կրնան արձանագրել կամաւոր ու ինքնակոչ քարոզիչներն ու բժիշկները,- այդ իր կարգին:

Նաեւ` առանձին հարց է դաշտէն դուրսի իրաւարարներուն իրաւարարութիւնը…

Ոտնագնդակի իրաւարարը, իր ապիկարութեան համար կը ստանայ սուլոց, հայհուչ, սպառնալիք ու… ծեծ:

Ոտնագնդակի իրաւարարը, իր հմտութեան ու անկողմնակալութեան համար կ՛արժանանայ վստահութեան, հիացումի, յարգանքի:

Սակայն, չմոռնանք նաեւ` որ ե՛ւ լաւ, ե՛ւ գէշ իրաւարարները, յաղթող կողմին համար ընդհանրապէս նուազ նիւթ են: Իսկ պարտուող խումբի՞ն համար, քաւութեան նոխազ:

Ուր պարտութիւն կայ, հոն իրաւարարին մատը կայ:

Պարտութեան մը ինքնարդարացման ամէնէն կարճ ձեւը.

– Իրաւարարը:

ԱՍԻԱՑԻ

 

Հայ  Կեանք

Շաբաթ, 11 մարտ 1967-ին, Երուսաղէմի «Ռից» արդիական պանդոկի շքեղ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Երուսաղէմի Հայ օգնութեան խաչի վարչութեան կազմակերպած պարահանդէսը, որ բարոյական եւ նիւթական փայլուն յաջողութեամբ մը պսակուեցաւ:

Օգնութեան խաչի ժրաջան անդամուհիները ճիգ չէին խնայած հաճելի մթնոլորտ մը ստեղծելու համար: Սրահը «պայթելու» աստիճան լեցուած էր հայ եւ մասնաւորաբար օտար հասարակութեամբ:

Պարահանդէսին հովանաւորութիւնը ստանձնած էր Երուսաղէմի կուսակալ Անուար Պէյ Խաթիպ, որ իր ներկայացուցիչը ղրկած էր: Իրիկուան ժամը 8:00-էն մինչեւ առաւօտեան ժամը 2:00 ստեղծուեցաւ շատ ջերմ մթնոլորտ:

Տեղի ունեցան հայկական եւ կովկասեան պարեր, որոնք բուռի ծափեր խլեցին ներկաներէն: Կազմակերպուած էր նաեւ « ծպտում»-ի մրցում մը, որուն մասնակցեցան բազմաթիւ զոյգեր, բոլորն ալ բծախնդրութեամբ պատրաստուած:

Մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց վիճակահանութիւնը, որմէ բախտաւորուեցան 50 հոգի, զանազան նուէրներով:

Իսկապէս սրտապնդիչ էր տեսնել Երուսաղէմի փոքրաթիւ գաղութին մէջ նման յաջող ձեռնարկ մը, որուն հասոյթով, Օգնութեան խաչը պիտի կարենայ հասնիլ բազմաթիւ կարիքներու, հանրանուէր իր գործունէութեան ճամբով:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղարը

Յաջորդը

ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Հաղորդագրութիւնը . Սուրիոյ Երեխաներուն Տառապանքը Գագաթնակէտին Հասած Է

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?