Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (30 Մարտ 1967)

Մարտ 30, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ու Ես Կ՛Երթամ…

Գարեգին Աղա

21 յունուար 1967.- Ս. Սարգիսի պահքին երրորդ օրն է: Երիտասարդները երեքօրեայ ծոմապահութիւնը սրբութիւնով լուծելու համար հաւաքուած են: Իրենց ուրախութիւնը կրկնապատկուած է: Այս տարի իրենց բերանը հաղորդութիւնով պիտի բանան: Անոնց ուրախութեան պատճառն ու մեծութիւնը ես գիտեմ ու կը հասկնամ: Անոնց սրտերուն մէջ հաւատքի կայծն է, որ կը բոցավառի, խաւարած սրտերու խորերը` որպէս ճրագ կայծկլտալու: Ու ես կ՛երթամ…

Պարզուկ սեղանի մը առջեւ կանգնած` կ՛աղօթենք: Աշտանակներ չունինք: Մեծկակ ափսէի մը մէջ մոմերը կը վառին: Այդ լոյսի ողողումին մէջ իղձեր կը ճենճերին: Աղօտ լոյսով լուսաւորուած սենեակի մը մէջ, խոր լռութիւն կը տիրէ: Մեծ ու պզտիկ մարդիկ կանգնած` կ՛աղօթեն: Աչքերու մէջ բոցեր կը կայծկլտան… մոմերու լոյսով դէմքերը զուարթուններու են փոխուած, երկնային քաղաքացիներու հիւրընկալ. ու ես կ՛երթամ…

Եւ ահա բոլորը ծունկի եկած` կը խոստովանին: Կանոնական բանաձեւին ամէն մէկ հատուածին «Ամէն» ըսելով` կը մասնակցին: Այդ պահուն 80-ամեայ ծերունի մը դողդղալով` ինծի կը մօտենայ: Ան կը սկսի հանուիլ… կիսով մերկանալէ ետք վիզին վէրքը ինծի ցոյց կու տայ: Տապարի հետքը հոն կը տեսնուէր… եւ ան կը պատմէ.

– Տէ՛ր հայր, օր մը մենք աւազակներու յարձակումին ենթարկուեցանք: Անոնք տապարներով ու բիրերով մեր վրայ խոյացան եւ անգթօրէն խողխողեցին: Մեզմէ շատերը մեռան, բայց մենք երկու ընկեր ողջ մնացինք: Անօթի ու ծարաւ եւ վիրաւոր` օրերով քարի մը տակ մնացինք: Վերջապէս բարի հովիւ մը հանդիպեցաւ եւ մեզի մեղքնալով` քանի մը հաց տուաւ: Ես այդ հացերէն մէկ հատը պահելով` գաղտնաբար կերայ: Արդեօք հիմա հաղորդութեան արժանի՞ եմ:

Խեղճ մարդը յիսուն տարիներ այս վիշտը սրտին, խղճի խայթով կը տառապէր: Ուստի զայն իր խղճի խայթէն պէտք էր ազատել: Ծռեցայ ու իր վէրքը համբուրեցի: Եւ…

– Գարեգի՛ն աղա, դուն արդէն քու ապաշխարանքդ քաշեր ես: Եթէ Աստուած քեզ չներէ, քո մեղքիդ պատասխանատուութիւնը ես իմ վրաս կ՛առնեմ: Դուն հաղորդութեան կարօտ մի՛ մնար, թերեւս անգամ մըն ալ քահանայի մը չես հանդիպիր…

Աչքերէն կայլակներ թափելով` սրբութիւնը ճաշակեց:

Ես այլեւս բան մը չէի տեսներ, շուրջս մշուշ էր պատեր: Մատներս բացուող բերաններու մէջ փշրանքներ կը դնէին: Մօրուքիս թելերէն ցօղեր կը մաղուէին… հազար ու մէկ մեղքերու բեռը շալկած: Ու ես կ՛երթամ…

Մարդիկ կ՛այլակերպին, հոգիները կը կերակրուին: Պայծառ քոյրիկը եղածներէն անտեղեակ` իր քովը կեցողին կը հարցնէ.

– Ասոնք քահանային առջեւ ինչո՞ւ կը ծնրադրեն: Եւ ան ալ անոնց բերանը ի՞նչ կու տայ…

Պայծառ քոյրիկը երկար տարիներ օտարութեան մէջ մնացեր է: Եկեղեցի, օրէնք, կրօն ու սովորութիւն իրեն համար առեղծուած մըն են: Ան միայն մէկ բան գիտէ.

«Ես հայ եմ»:

Գիւղացիները տարիներէ ի վեր Ս. Սարգիսի ծոմը կը բռնեն ու տօնը կը տօնեն: Բայց անոնք այս տարի Ս. Սարգիսը տեսան ու ճանչցան: Ես ալ անոնց հետ մօրմէս իմացած երգը կը կակազեմ.

Ս. Սարգիս,
Սուրբը սրտիս,
Բռնէ գօտիս,
Չելլէ հոգիս…
Սուրբն է ձիաւոր,
Ճամբաներէն հեռաւոր,
Կու գայ, կ՛իջնէ մօտը մեր,
Կը վառէ մոմերը բոլոր…

Այդ օրը երիտասարդներու մեծագոյն տօնն է: Սեղաններու շուրջ բոլորուած` իւրաքանչիւրը տեսած երազները կը պատմէ: Ծերերը իրենց երիտասարդութեան յիշատակները կը վերյիշեն, Ս. Սարգիսի հրաշքներու վկայութիւններ կու տան:

Բայց ես Գարեգին աղային դէմքին արտայայտութիւնները դիտելով` կ՛ուրախանամ: Ան իր մեղքերէն ազատած, վերստին է ծնած: Ան երիտասարդ է, ես ծեր: Ան սրբացած է, ես մեղաւոր: Եւ սակայն մենք մտերիմներ ենք…

Ո՜հ, ինչ անուշ է մեղաւորը ուրախացնել, սգաւորը մխիթարել, մերկը հագուեցնել, անօթին կշտացնել, հիւանդին այցելել, բանտարկեալին իր խուցին մէջ մտերմանալ: Մեղքերս սրբելու մկրտարան մը որոնելու, ու ես կ՛երթամ…

ՇԱՒԱՐՇ ՔՀՆՅ. ՊԱԼԸՄԵԱՆ

 

Հայաստանի Մետաքսը

Մետաքսագործութիւնը արդիւնաբերութեան հնագոյն ճիւղերէն մէկն է Հայաստանի մէջ: Պատմաբաններու վկայութեամբ, հայերը շերամապահութեամբ սկսած են զբաղիլ Ե. դարուն: Հետեւաբար պէտք է ենթադրել, որ մետաքսի մշակումը եւ կերպասի պատրաստութիւնը Հայաստանի մէջ 1400-1500 տարուան պատմութիւն ունի:

Պատմական աղբիւրներու համաձայն, միջին դարերուն Հայաստանի մէջ հիւսուածեղէնի առեւտուր տեղի կ՛ունենար: Մետաքսի արտադրութեան յաջողութիւնը կը բացատրուի երկրին կլիմայական պայմաններով եւ աշխարհագրական դիրքով, որոնք կարելիութիւն կը ստեղծէին արտադրել բոժոժը եւ վաճառել հիւսուածեղէնները:

Կարգ մը պատմաբաններու վկայութեամբ, հայկական մետաքսէ բանուածքները իրենց որակով աւելի բարձր էին, քան` ամբողջ աշխարհին ծանօթ հռոմէական մետաքսեղէնը: Հին եւ միջնադարեան Հայաստանի մէջ կտորները ոչ միայն կը ներկէին, այլեւ կը ծաղկանախշէին:

ԺԱ. դարէն հայ առեւտրականները սկսան թափանցել Ռուսիա` մետաքսի առեւտուր կատարելու: Մերձվոլկեան չուվաշները մինչեւ այսօր ալ մետաքսը կ՛անուանէին «Էրմէնփուրսան» (հայկական մետաքս):

Հակառակ երկրին արձանագրած ծանր տագնապներուն` խաղաղ ժամանակաշրջաններու մէջ մետաքսի արտադրութիւնը միշտ կարեւոր տեղ գրաւած է Հայաստանի տնտեսութեան մէջ:

ԺԹ. դարուն ռուսական դրամագլուխը կը թափանցէ Հայաստան: Երեւանի նահանգին մէջ կը հաստատուին բոժոժի մշակման, իսկ անոնց հետ մետաքսագործական տնայնագործական ձեռնարկութիւններ: Ի. դարու սկիզբը Երեւանի նահանգին մէջ արդէն կային մետաքս արտադրող եօթը գործարաններ, ուր տարին կը մշակուէր 138 փութ մետաքսաթել:

Օրտուպատի մէջ կը բացուի նաեւ արհեստանոց մը, ուր կը պատրաստուին թաշկինակներ, վերմակներու երեսներ եւ այլն: Այդ արհեստանոցը ունէր ութ ջուլհակահաստոց:

Հայաստանի Հանրապետութեան շրջանին, հակառակ աննպաստ իրերու վիճակին, ճիգ թափուեցաւ մղում տալու մետաղագործութեան արտադրութեան:

Ներկայիս շերամապահութիւնը յատկապէս զարգացած է հետեւեալ շրջաններուն մէջ` Մեղրի, Կապան, Գորիս, Աշտարակ, Էջմիածին, Արմաւիր, Շահումեան:

1932-ի արտադրութիւնն էր` ութ հազար մեթր մետաքսէ հիւսուածք, 1938-ին` 139.800, իսկ 1955-ի արտադրութիւնը, 1932-ի հետ բաղդատած, եղաւ 33 անգամ աւելի:

Հայաստանի արտադրութիւնը կ՛արտածուի 150 երկիրներ: Կարեւոր նմուշներ պիտի ցուցադրուին Դամասկոսի եւ Մոնրէալի մէջ` միջազգային տօնավաճառներուն:

Ներկայիս, դժբախտաբար, բոժոժի արտադրութիւնը նուազած է անհոգութեան պատճառով: Դեռ քանի մը տարի առաջ համայնական տնտեսութիւնները կ՛ամբարէին 60-70 թոն բոժոժ, իսկ անցեալ տարի քանակը իջաւ 36 թոնի:

Եթէ յատուկ ուշադրութիւն չդարձուի, յատկապէս թթենիներ տնկելու գործին մէջ, մետաքսի արտադրութիւնը կը նուազի զգալի չափով:

Բ. ԵՂԻԱԶԱՐԵԱՆ

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Վարքի Հիմնական Կանոններ` Երեխաներուն Համար

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?