Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (13 Մարտ 1967)

Մարտ 13, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նոթեր Ու Նետեր

Թուրքիոյ
Երկրաշարժէն Ետք

Հայրենակից մը պատմեց.

– Քանի մը օր առաջ ընկերոջ մը հետ ժամադրուած էի փարիզեան սրճարանի մը մէջ: Որոշեալ ժամէն բաւական առաջ հասած ըլլալով` սեղան մը գրաւեցի, գարեջուր մը ապսպրեցի ու բացի ֆրանսական օրաթերթ մը: Քիչ ետք քովի սեղանս գրաւեցին երկու հոգի: Թուրքեր էին: Այնպէս ձեւացուցի, որ ես թաղուած եմ ընթերցանութեան մէջ: Կը փափաքէի ունկնդրել իրենց խօսակցութիւնը: Նախազգացումս կ՛ըսէր, որ պիտի լսէի կարեւոր բաներ: Արեւելքցիի չնմանելուս` վախ չունէի, որ թուրքերը կասկածէին ինձմէ: Ապսպրեցին մէյ մէկ սուրճ, մէյ մէկ քոնեաքով, ու սկսան ծխել, խմել ու խօսիլ: Իրենց զրոյցէն յայտնի եղաւ, որ մէկը հաստատուած էր Ֆրանսա, իսկ միւսը նոր եկած էր Անգարայէն: Ֆրանսա հաստատուածը հարցումներ կ՛ուղղէր ծանօթներու մասին, միւսն ալ կու տար տեղեկութիւններ:

Վերջապէս, ֆրանսաբնակը հարցուց.

– Հապա՞ սա երկրաշարժի աղէտը…

Միւսը պաղարիւնութեամբ պատասխանեց.

– Ի՛նչ կ՛ըսես, եղբա՛յր: Այդ երկրաշարժը աղէտ մը չէր, այլ օրհնութիւն մըն էր: Երանի՜ թէ երկու-երեք տարին անգամ մը պատահի այդ կողմերը…

– Բան մը չեմ հասկնար ըսածէդ:

– Հիմա կը հասկցնեմ ու կը հասկնաս:

Տեղեկատու էֆենտին, որ իրազեկ կ՛երեւէր, քոնեաքի սկահակը մէկ ումպով դատարկեց, նոր մը ապսպրեց` տեսնելով, որ իր ընկերակիցը ըմպելու համար կ՛ընթանայ դանդաղ:

Կը փափաքէի, որ ժամադրուած ընկերս ուշանայ: Կը վախնայի, որ անոր գալուստով մեր հայ ըլլալը կ՛ելլէ երեւան:

Թուրքը նոր բերուած, սկահակէն ումպ մը քաշելով` սկսաւ խօսիլ:

– Օրհնութիւն ըսի երկրաշարժին համար: Այդպէս է: Եւ` քանի մը տեսակ: Նախ` դուրսէն եկած օգնութիւնները իւրացուցինք: Այն մարդիկը, որոնք մեռան երկրաշարժին պատճառով, արժանի էին մահուան: Այն տուները, որոնք փլան, արժանի էին փլչելու: Այդ կողմերու բնակիչները քիւրտեր են ու քրտախօս են: Եւ թթու ազգայնական են: Կ՛ատեն ու կ՛ատեն մեզ: Անոնց միակ երազն է ապստամբիլ թուրք կառավարութեան դէմ եւ հիմնել անկախ Քիւրտիստան մը: Ասիկա կասկած մը չէ, բացարձակ իրականութիւն մըն է: Կառավարութեան կողմէ, քանի մը անգամ, լաւ քրտերէն գիտցող թուրքեր ղրկուեցան անոնց մէջ, որոնք քիւրտ քոմիթաճի ձեւանալով` տեղեկացած են անոնց գաղտնիքներուն: Անոնց նպատակն է միանալ Իրաքի քիւրտերուն` կազմելու համար մեծ Քիւրտիստան մը: Կը սպասեն, որ ժամանակը գայ, յարմար առիթ մը ներկայանայ: Երկրաշարժը եղաւ ի նպաստ թուրքերուս: Այս հողը վտանգաւոր է, այս տողը անիծեալ է ըսելով` զանոնք ցրուեցինք թրքական գիւղերու մէջ: Եւ այդպէս, անոնք դադրեցան համախումբ ապրելէ, մեծամասնութիւն ըլլալէ: Պէտք է թրքերէն սորվին ու թրքանան ժամանակի ընթացքին: Պէտք է կլլենք այդ քիւրտերը, ապա թէ ոչ անոնք է, որ պիտի կլլեն մեզ:

Ուրախ էի, որ ընկերս չէր գար:

Ունկնդիր թուրքը ըսաւ.

– Ուրախ եմ, որ լուսաբանեցիր զիս: Ուրեմն այդպէս, այդ հընզըրները անկախութիւն կ՛երազեն, դեռ չեն յուսահատած, չեն հրաժարած:

– Ինչո՞ւ յուսահատին, երբ Իրաքի իրենց եղբայրները յաջողութեան ճամբուն մէջ են: Եւ միայն քիւրտերը չեն մենէ հող պահանջողները: Կայ աւելի մեծ փորձանքը. Հայը…

– Մեզի կը մնայ քիւրտերը լարել հայերուն դէմ:

– Այդ խաղը հինցած է, ա՛լ չ՛անցնիր: Այդ խաղը խաղացինք ժամանակին: Հիմա քիւրտերը չարաչար կը զղջան, որ թուրք կառավարութեան գործիք եղան ու հալածեցին հայերը: Հիմա քիւրտերը եղբայր կ՛անուանեն հայերը:

– Եթէ այդ երկուքը միանան, գործ ունինք:

– Հոգուով միացած են, բայց դեռ գործի չեն սկսած:

– Կ՛երեւի կը սպասեն յարմար առիթի:

– Հայերուն համակիր են արաբներն ու յոյները:

– Կը մնայ կեաւուր Մոսկոֆին համաձայնութիւնը:

– Ահա այն ատեն հապը կը կլլենք: Մոսկոֆները երբոր գան, որո՞ւ ձեռքէն փախչինք, մոսկոֆներո՞ւն, թէ՞ մեր երկրի մոսկոֆճիներուն: Ամէն ինչ մեր ձեռքէն պիտի առնուի, մեր կալուածները պիտի գրաւուին, մենք ալ, ո՛վ գիտէ ո՛ւր պիտի քշուինք փերիշան վիճակով…

– Այդ օրին չհասած` գիտնալու ենք մեր ընելիքը…

Բարեկամս, որուն կը սպասէի, եկաւ: Բարեկամս կը պոռար իր հայ ըլլալը: Պիտի խօսէր ու յայտնի պիտի ըլլար: Շահեկան խօսակցութիւնը կանգ առած էր իր ամէնէն անուշ տեղը: Եղածը եղած էր: Ա՛լ կ՛ուզէի, որ ամբողջովին հասկնան մեր երկուքին հայ ըլլալը, ու դիտմամբ թրքախառն հայերէնով ընկերոջս ըսի.

– Աշք օլսուն, արխատաշ, թամ սահաթը սահաթին եկար:

Մինչդեռ ընկերս ապշած ինծի կը նայէր, երկու թուրքերը կայծակնահար եղած` հաշիւը մաքրեցին ու փախան, ինչպէս պիտի փախչին օր մը քիւրտերուն առջեւէն:

ՆՇԱՆ ՊԷՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Սրբոց Վարդանանց Տօնակատարութիւն Պօղոս Գ. Կարմիրեան Վարժարանին Մէջ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In