Հայրենիք
Թուրքի Ատելութիւնը
Այն ժողովուրդները, որոնք ասպատակային շահատակութիւններու պատմութիւն ունին եւ յամր, յետամնաց մշակոյթ, անոնց հոգիին քանդելու եւ սպաննելու բնազդը, իր նախնականութեամբ եւ կոպտութեամբ, անխախտ կը մնայ: Նախնական այդ բնազդը միշտ արթուն եւ գործուն չէ, բայց ատելութեան պահանջը սուր եւ տեւական է: Ան ծածուկ պահուած է յարմար պահուն արթննալու եւ ներգործուն դառնալու համար, որովհետեւ ատելութիւնը եւ անգթութիւնը նկարագիր է:
Թուրք ժողովուրդը մօտ հազարամեակ մը ապրեր է փառաշուք քաղաքակրթութիւններու օրօրանի մէջ, չէ օգտուեր անոր գանձերէն եւ բարիքներէն: Ան հեռու մնացեր է հոգիի ազնուութենէ եւ միշտ ապաւիներ է իր աւերիչ բնազդին, անտեսեր եւ անգոսներ է մշակոյթը եւ յարատեւեր է պահելով պետական գոյութիւնը շնորհիւ բիրտ ուժին եւ միջազգային մրցակցութեան: Ատելութիւնը եւ թշնամանքը տկարներու հանդէպ եղեր է հոգեկան հաճոյքի առիթ, իսկ ուժեղներուն դիմաց վերածուեր է նպատակի. սաստկօրէն ծեծ է կերեր, լքե՞լ է բռնի յափշտակած հողերը, եւ ակամայ հսկայածաւալ կայսրութեան մը պարծանքէն զրկուելով` կծկուեր է ճղճիմ եւ անփառունակ պզտիկութեան մը մէջ:
Թուրքի ատելութիւնը զանազանութիւն չի դներ ազգերու միջեւ: Ահագնօրէն օտարատեաց է, թէպէտ խորամանկ է իր կեղծուպատիր ժպիտով օտարները խաբելու համար: Սակայն իր սեւ ու թանձր ատելութեան առարկան հայն է: Թուրքը ռուսէն կը վախնայ, մինչեւ իսկ կը սարսափի, բայց զայն չ՛ատեր, որքան հայութիւնը: Մեզ բնաջնջել փորձեց, որովհետեւ անկարող էր մեզ հետ մրցիլ եւ մեզ գերազանցել: Հայութիւնը անոր աչքի փուշն էր, որովհետեւ իր ստորակայութիւնը, իր քաղաքակրթական ցած մակարդակը, զարգանալու եւ բարգաւաճելու իր անատակութիւնը յայտնաբերող, բացայայտող ազգն էինք մենք: Ինչո՞ւ հիմա ալ մեզ կ՛ատէ: Որովհետեւ կը սոսկայ այն գալիք հզօրութենէն, որ հայութիւնը հետզհետէ կը հաւաքէ, Հայաստանի եւ սփիւռքի նուաճումներով, որոնք կը մատնանշեն իր յետամնացութիւնը եւ անբուժելի ապիկարութիւնը:
Ատելութեան կիրքին համընթաց մոլութիւն մըն է անգթութիւնը: Թուրքը անգութ է եւ անհաղորդ` արդարութեան գաղափարին: Արդարութեան զգացողութիւնը յայտարար է մարդկային իրաւունքի եւ արժանապատուութեան հանդէպ յարգանքի գաղափարին: Յատկութիւն մը, որ կ՛աճի ու կ՛ուռճանայ մարդասիրութեան զուգընթաց: Մշակութային կրթանքով թրծուած ժողովուրդներուն եւ անհատներուն առանձնայատուկ է սա: Թուրքը զուրկ է անկէ:
Այն եղելութիւնը, որ Թուրքիան միշտ կառավարուած է ռազմամոլ ղեկավարներով եւ այսօր իսկ կառչած է բանակի եւ զինուորականութեան ուժին, ակնբախ փաստ մըն է, որ բիրտ ուժը աւելի գերակշիռ դեր կը կատարէ թուրքի մտայնութեան մէջ, քան` մշակոյթը:
Բիրտ ուժը նախընտրողը ատելութիւնը կը մեծարէ:
Արմենիա
Առանց Վհատելու
Հայրենի հողի վրայ ըլլայ թէ արտերկրի մէջ, հայութեան ձեռք բերած յաջողութիւնները արդիւնք են առաւելապէս անոր ցեղային ընդունակութեանց եւ չարքաշ ոգիին:
Ապրիլեան եղեռնին մէկուկէս միլիոն զոհեր տալէ ետք, մենք կրցանք քաղաքական եւ տնտեսական վատթարագոյն պայմաններուն մէջ իրարու մօտ գալ, մղել գոյութեան մեր գերագոյն պայքարը եւ պարտութեան մատնելով թշնամին` ստեղծել սեփական հայրենիք:
Այս իրողութիւնը պիտի բաւէր փառքի պատուանդանին վրայ բարձրացնելու ոեւէ ժողովուրդ:
Աշխարհի հզօրները դեռ չկարողացան գնահատել իրական արժէքը մեր ժողովուրդին, որ իր անկախութիւնը կերտեց` ճակատելով արեան փոթորիկներու դէմ:
Մեր մղած կռիւը, որ վերջացաւ յաղթանակով, արդիւնք չէր մաթեմաթիկական հաշիւներու: Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի ճակատներուն վրայ թշնամիի դէմ ասպարէզ իջնող հայութիւնը մաթեմաթիկական հաշիւ մը կատարած չէր: Մենք չունէինք զէնքի գործարաններ` թիկունքի վրայ ռազմամթերք պատրաստող:
Բոլորին համար մէկ հարց կար: Կռուիլ եւ յաղթել: Այս վճիռով, մեր զէնքերը դարձան անպարտելի եւ տասնապատկուած: Մեր կռուողներուն թիւը նոյնհետայն քսանապատկուեցաւ` մնալով քանակապէս նոյնը, բայց բարոյապէս` հոգեզինուած եւ հերոսացած:
Որովհետեւ մղուածը վերջին եւ ճակատագրական գուպարն էր: Լինել չլինելու կռիւը: Եթէ ընկրկէինք, եթէ նահանջը դառնար մեր մտածումին սեւեռակէտը, եթէ մեր եսական ապրումներու խորհուրդով մեղանչէինք, ընդմիշտ խաչ պէտք էր քաշել արմենական ցեղին վրայ:
Այս տեսակէտը դարձաւ շիկացած շամփուր:
«Մահ կամ ազատութիւն» նշանաբանը ազգերու պատմութեան մէջ քիչ անգամ այսքան վճռականօրէն շեփորուած էր: Այս վճռականութեան շնորհիւ քանի մը տասնեակ հազար հայ զինուորներ վերածուեցան հսկայական բանակներու: Թշնամին մարտիկներու աչքին երեւցաւ պարտութեան դատապարտուած խլեակ եւ յաղթութիւնը եղաւ մեր իրաւունքը:
Կարելի է անվարան ըսել, թէ հայոց պատմութեան մէջ զուգակշիռ հազիւ թէ ունեցած ըլլան մայիսեան կռիւներով ձեռք բերուած այս փառապանծ յաղթանակները:
Ժամանակը եկաւ հաստատելու, թէ մարդիկ ուրանալ փորձած էին, ինչ որ մեր պատմութեան թագն ու պսակը եղած էր: Ուրացած էին, ինչ որ գուրգուրանքով պէտք էր պահէին իրենց մտքին մէջ ու երկաթեայ տառերով գրէին պատմութեան մատեաններուն էջերուն վրայ:
Քառասունեօթը տարի ետք, հիմա, հայրենիք եւ սփիւռք դարձեալ կանգնած են սպասման կէտի մը առջեւ:
Հակառակ երկուստեք ցոյց տրուած ցեղային մեծ առաքինութեանց, որոնց արձագանգները կը լսուին աշխարհի չորս կողմերէն, մեզի կը զլացուին մեր իրաւունքները:
Մենք, մէկ բան կը թելադրենք մեր բազմութիւններուն: Չվհատիլ: Ստեղծագործող հայ միտքը, ժամանակի ընթացքին պիտի տիրանայ քաղաքական իր իրաւունքներուն:
Մենք կը հաւատանք մեր Դատին արդար ըլլալուն:
Կը հաւատանք նաեւ հայ հանճարի զօրութեան:
Պահենք մեր գոյութիւնը ամէն տեղ ու աշխատինք ազգովին դառնալ քանակապէս եւ նիւթապէս աննուաճելի հարստութիւն եւ ուժ:
