Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (29 Մարտ 1967)

Մարտ 29, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կաթողիկէ Հայոց Ազգային
«
Մեսրոպեան» Վարժարանի
Միջնակարգի Շէնքին Բացումը

Երկուշաբթի, 27 մարտ 1967, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Իգնատիոս-Պետրոս ԺԶ. Պաթանեան պատրիարք պաշտօնապէս բացումը կատարեց Պուրճ Համուտի (Նոր Մարաշ) կաթողիկէ պատրիարքարանի «Մեսրոպեան» վարժարանի միջնակարգի նորակառոյց շէնքին:

Ներկայ էին «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Լիզպոնի կեդրոնի ներկայացուցիչ Վահրամ Մավեան, կաթողիկէ վարդապետներ, վարժարաններու տնօրէններ եւ հրաւիրեալներ:

Նորակառոյց շէնքի մուտքին վարժարանի տնօրէն հայր Գրիգոր Ղապրոյեան շնորհակալութեան ուղերձ կարդաց: Շէնքը կառուցուած է Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան տրամադրած 20.000 տոլարով: Շնորհիւ այս նոր շէնքին, վարժարանը, ըսաւ հայր Ղապրոյեան, պիտի բանայ իր միջնակարգի բաժինը:

Շնորհակալութեան ուղերձ կարդաց նաեւ վարժարանի նախկին սաներու միութեան կողմէ տոքթ. Զաքարիա Մկրեան:

Այնուհետեւ խօսք առաւ հոգեւոր տէրը: Նախ հայերէն, ապա ֆրանսերէն շնորհակալութեան եւ օրհնութեան խօսք ուղղեց յատկապէս «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան: Թուեց հիմնարկութեան կատարած բոլոր բարերարութիւնները կաթողիկէ համայնքին, ամէնուրեք:

Ապա յայտնեց, որ հայկական վարժարանները հիմք են ազգապահպանման, ուր նորահաս սերունդներուն կը ջամբուի կրօնական եւ հայեցի դաստիարակութիւն:

Լիբանանեան կառավարութեան եւ ժողովուրդին եւս յայտնելէ ետք իր շնորհակալութեան խօսքը, հոգեւոր տէրը ըսաւ. «Ծառայել հայութեան` կը նշանակէ ծառայել Լիբանանին»:

Հոգեւոր տէրը եւ հայր Ղապրոյեան շնորհակալութեան խօսք ուղղեցին նաեւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, որ մեծապէս դիւրացուցած է շէնքին կառուցման գործը:

Կարճ աղօթքէ մը ետք, հոգեւոր տէրը եւ Վահրամ Մավեան կտրեցին մուտքի ժապաւէնը: Ներկաները այցելեցին շէնքի դասարաններն ու յարակից բաժանմունքները: Արդիական եւ լուսաւոր դասարաններով գեղակերտ շէնք մը` արդարեւ: Տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

 

Արհեստավարժները

Արուեստի, գիտութեան, մարզական թէ այլ բոլոր մարզերուն համար ալ Արեւմուտքը երկու դասակարգ ունի` սիրողները եւ արհեստավարժները:

Մեր իրականութեան մէջ այս բաժանմունքը գոյութիւն չունի ակնբախօրէն:

Բայց նախ, որո՞նք են արհեստավարժները եւ որո՞նք` սիրողները:

Առաջինը իրենց հմտացած մարզով կ՛ապահովեն իրենց ապրուստը: Երկրորդներուն համար ժամանց մը, հաճոյք մըն է իրենց մշակածը ու անոր չեն կապած իրենց կեցութեան ապահովումը:

Արհեստավարժները անպայման արուեստը վաճառքի հանող նկարագիրը չէ:

Ոչ ալ սիրողը հմտութեան մը պակաս կ՛ենթադրէ:

Երկուքին մէջ ալ չարաշահողներ կան ու տկարներ կան:

Այսուհանդերձ, սիրողներու եւ արհեստավարժներու դասակարգը կայ, ու այդ գոյութիւնը իր նպաստը ունի յառաջդիմութեան գծով:

Մենք չենք կրցած ստեղծել այդ տարբերութիւնները, որովհետեւ շատ յաճախ չենք կրցած ապրեցնել արհեստավարժները, ու, փոխադարձաբար, որովհետեւ արհեստավարժի բարձրացող մեր ուժերը, ժամանակէն առաջ լքած են մեզ:

Խօսինք առարկայականօրէն:

Մեր ու բոլոր գաղութներուն մէջ կան տաղանդներ. մարդիկ, որոնք, օրինակ, լաւ կ՛երգեն, լաւ կը պարեն, լաւ կ՛արտասանեն, լաւ կը նուագեն:

Մեր այդ ԼԱՒերն ու սկսնակները յաճախ կը դասենք միչեւնոյն շարքին, ու մեր մօտեցման մէջ, բացի բարոյական գնահատանքէն, միւսին մասին չենք մտածեր:

Պարագայական ելոյթ ու յաջողութիւն ունեցող ուժը, կը խամրի յաճախ, որովհետեւ կեանքի այլ պարտաւորութիւններ  կը ստիպեն իրեն, ժամանակ չունենալ ինքզինք վերանորոգելու, խորանալու, ատով նաեւ` ինչո՞ւ չէ, մարդկօրէն ապրելու:

Ինքզինք արժեւորած ո՞ր արուեստագէտը իր արուեստին համար կը ստանայ իր  կեանքին ապահովութիւնը:

Առաւօտները կօշկակարութիւն, երեկոյեան` նուագի փորձ: Առաւօտեան պաշտօնեայ, երեկոյեան բեմի պատրաստութիւն: Առաւօտեան անգործութիւն երբեմն, երեկոյեան` երգի մրցում:

Ու,

– Ի՞նչ կ՛ըլլայ ճանը՛մ, ասոնք ալ հազիւ քիչ մը տեղ կը հասնին, ակնկալութիւն կը սկսին ունենալ: Իրենք չեղան, թող ըլլան միւսները: Քիչ մը աւելի, քիչ մը պակաս:

Ու արհեստավարժ չենք ունենար տակաւ:

Պատճառ չկայ, որ չունենանք: Պատճառ չկայ, որ չապրեցնենք զանոնք: Եթէ արժանի են անշուշտ: Եթէ իրենք զիրենք պարտադրեն անշուշտ: Եթէ, եթէ…

Օրինակ մը:

Խումբ մը տղաք հեռատեսիլէն ելոյթ ունեցան: Ջերմութիւն անցաւ դիտողներու հոգիէն: Այդ տղաքը քաշենք իրենց խանութներէն ու կարելիութիւն ստեղծենք, որ առտուն բան մը չընեն, երեկոյեան` ուրիշ բան:

Այլ մտածեն միայն ու միայն մեզ տաքցնելու մասին, քիչ մը աւելի, մի՛շտ աւելի:

ԱՍԻԱՑԻ

 

Աղօթք

 Յիսուս

Յարութեանդ տօնին խաչելութեանդ մասին խորհիլ է բաժինս:

Ստեղծիչ էիր, ստեղծուեցար, Տէր էիր, ծառայեցիր, բարութիւն իսկ էիր, խաչուեցար:

Աստուածորդի՛դ անբացատրելի:

Հողեղէն կեանքդ` գոմէն խաչափայտ: Ընթացքը կեանքիդ` քարոզ, ծոմապահութիւն, անապատ, յաղթական փորձութիւն,  հրաշագործութիւն, ներողամտութիւն եւ մասամբ նորին:

Չըլլայիր իսկ Աստուած` պէտք էր աստուածացնէի՛նք:

Յարութենէդ առաջ` խաչելութի՜ւնդ:

Աստուած էիր, ուրեմն կրնայիր ոչ միայն ազատիլ խաչէն, այլ` խաչել բոլորը, խաչերուն աներեւակայելիովը:

Չըրիր, որովհետեւ Աստուած էիր: Մարդերո՛ւն է տրուած չկարենալ ներելու տկարութիւնը:

Ու վերջը, յարութի՛ւնը:

Խաչելութիւնը առանց յարութեան` կրնար թարգմանուիլ տկարութեամբ, ամբարիշտները սնանկ կրնային հռչակել աստուածութիւնը:

Խաչելութիւն` յարութեան ինքնավստահութեամբ, յարութիւն` խաչելութեամբ պայմանաւոր:

Որքա՜ն նման ենք իրարու, որքա՛ն մօտիկ:

Տէ՛ր, ես հայութի՛ւնն եմ:

Երկար, շա՜տ երկար տեւեց խաչելութիւնս: Ահաւասիկ, յարութեանդ տօնին գողգոթայէս այնպէս` ինչպէս Դուն ըսիր Տիրոջ.

– Տէ՛ր, եթէ կարելի է, հեռացուր դառնութեան բաժակը:

Կ՛ըսեմ Քեզի.

– Տէ՛ր, Տէ՛ր, փութացո՛ւր յարութիւնս ու ըրէ զայն` հաստա՛տ:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Ստացուած Գիրքեր. «Պատմա-Բանասիրական Քննարկումներ Հայ Ժողովուրդի Պատմութեան Ճանապարհին» (Հեղինակ` Երուանդ Հ. Քասունի)

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?