Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (10 Մարտ 1967)

Մարտ 10, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նոթեր Ու Նետեր

 «Ես Այդ Շունն Եմ»

(Հեղինակ` Պօղոս Սնապեան, Կողքի Նկար` Փոլ Կիրակոսեան,
Տպարան Ատլաս, Պէյրութ, 1966)

Երիտասարդ ու եռանդուն գրագէտ Պօղոս Սնապեանի «Ես այդ շունն եմ» գրքոյկը կարդացի յուզումով եւ հիացմամբ:

Մերօրեայ հարցերուն, յուզումներուն, տագնապներուն, տռամներուն «պոէմա»-ն է ան` գրուած արձակով (բարեբախտաբար):

Ալպեան գամփռ մըն է, որ մարդացած ու մարգարէացեալ կը հաջէ` յանուն հայութեան հարազատութեան:

Գիրքը նորութիւն մըն է, ուժականութիւն մըն է, հոգեխօսութիւն մըն է:

Գիւտաւոր ու խռովիչ իրականութիւն մը հիւրընկալուած է հայ հոգիի մը մէջ, ու շան մը հաջոցները վերածուած են քերթողական գործի:

Հայու մը պատկանող ալպեան շունը վերածուած է արարատեան շունի, մուսատաղցիի մը կամ այնճարցիի մը շունը ըլլալէ ետքը:

Շունը, որ գիտցած էր հայեր միացնել, հայացած է, հիւրընկալուած է ու կը հաջէ հայօրէն:

Ըմբոստութեան, արդար դառնութեան, պոռթկացող                ճշմարտութիւններու հաջոցներ են, որոնք հայոց ազատանիին խօսք կ՛ուղղեն համարձակաձայն:

Պոէմին հիմը կամ հունտը կը կազմէ զարմանահրաշ, բայց իրական սա դէպքը` պատմուած հեղինակէն.

– «Օր մը, Ալպեաններէն յորդող եւ այդ պանդուխտ հայուն տան մօտէն անցնող գետին մօտ, ծառերու շուքին, պտոյտի ելած երկու հայեր կանգ կ՛առնեն: Փոխ առ փոխ կը նային ջուրին ու կը նային լերան, լերան կատարին: Կը խօսին բարձրաձայն, կ՛երգեն` չես գիտեր ինչո՛ւ, չես գիտեր` ի՛նչ, չես գիտեր` ո՛ր բառերուն վրայ յօրինուած հայկական ո՛ր եղանակը:

«Ճիշդ այդ պահուն շուն մը կը ցցուի իրենց դիմաց. հսկայ, վեհաշուք գամփռ մը: Հետաքրքիր աչքերով կը զննէ երկու երիտասարդները ու կը հաջէ հեղ մը: Աւելի կը սրէ ականջները: Հետզհետէ աւելի անհանգիստ կը դառնայ: Քայլ մը աւելի կը մօտենայ իր շարժումներուն սեւեռաբիբ հետեւող տղոց: Կը հեռանայ նորէն: Կը սուլէ: Դունչը եկած ճամբուն ուղղութեամբ երկարած` կ՛ոռնայ: Հաջելէն քանի մը քայլ ետ կ՛երթայ: Հաջելէն կը վերադառնայ:

– Աս շունին ընթացքը բան մը կը մատնէ,- կ՛ըսէ մէկը:

– Հետեւինք իրեն,- կը յարէ ընկերը ու կը յառաջանան անոր կողմը:

«Շունը սուլելով միշտ ու քիթը վեր տնկած` ճամբայ կ՛իյնայ: Ընդհատ ընդհատ հաջելով ու երբեմն զարնուելով իր հետեւորդներուն` կ՛առաջնորդէ զանոնք տիրոջ տունը: Տանտիկինը (ֆրանսուհի Ն. Պ.) կ՛ընդունի շան առաջնորդութեամբ եկած հիւրերը: Կը հետաքրքրուի անոնց ինքնութեամբ: Կ՛իմանայ անոնց ծագումը ու անմիջապէս ձայն կու տայ քիչ անդին իր տնկած ծառերը փայփայող ամուսնոյն: Ամուսինը, Ալպեաններու ստորոտը բնակութիւն հաստատած պանդուխտ հայ տղան կը շտապէ տուն: Կը ստուգէ, որ արենակիցներ են հիւրերը: Խուճապահար կը փաթթուի անոնց: Կու լայ: Կու լան ամէնքը: Վար կը դնէ զանոնք: Մորթել կու տայ գառ մը: Կը խօսին: Կը խմեն: Կ՛երգեն: Կու լան կրկին»:

Եւ այլն, եւ այլն, եւ այլն, մի՛շտ զարմանահրաշ, բայց բնական, տասնամեակներէ ի վեր հայու երես չտեսած պանդուխտներուն պանդուխտը եղող հայուն համար:

Կը յիշեն շունը… Շունը, որ կը շարունակէ գործել գիրքին մէջ…

Պօղոս Սնապեան ունի ողջ հոգի. ըսել կ՛ուզենք հոգի` հաղորդական, յանդուգն, գործօն եւ ընդունակ երկունքի:

Այդ հունտը իր մէջ ծաղկեցուցած է պարտէզ պոէմայի:

Ընթերցողը կը զգայ յագեցում հոգեկան:

Մեր ներաշխարհը նշխարով մը կը կշտանայ:

ՆՇԱՆ ՊԷՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆ

 

Հողին Ուժը

Անուրանալի է հողին ուժը, երբ հարցը կը վերաբերի ժողովուրդի մը քաղաքական իրաւունքները արժեցնելու:

Հողը ոչ միայն ռազմախարիսխ է թշնամի յարձակումներու դէմ, այլեւ է այն բարիքը, որուն շնորհիւ կ՛ապրի իր ծոցին ժողովուրդը:

Հողը, ըլլալով նախախնամական բարիք, զայն ունենալու համար իրարու դէմ պայքար կը մղեն ժողովուրդներ: Շահելու համար սակայն վերջնական յաղթանակը` պայման է մնալ գամուած հողին: Այս անունին տակ պէտք է իմանալ երկրի մը ոչ միայն սովորական հողը, այլեւ` լեռները, ձորերը, դաշտերն ու պուրակները, տակաւին` անոր լիճերն ու գետերը, զայն շրջապատող ծովերն ու ովկիանոսները:

Հող բացատրութիւնը այսպէս կ՛ընդլայնի, կը ստանայ խորհրդանշական իմաստ մը:

Հողին կառչած` ժողովուրդներ կը շարունակեն սեփական ազատութեան եւ երջանկութեան մասին մտածել:

Ժողովուրդ մը զօրաւոր է հողին շնորհիւ:

Սեփական հողին վրայ է, որ կը դարբնուին ժողովուրդի մը մեծութիւններն ու հանճարը: Անհող բազմութիւններ, տարագիր զանգուածներ են, ասպնջականացուած, լաւագոյն պարագային, հիւրընկալող երկրի մը հողին վրայ:

Միայն մայրենի հողին վրայ է, որ ժողովուրդ մը հզօ՛ր է: Ըլլայ այդ հողը շատ փոքր, ժայռի կամ ապառաժի կտոր մը, բայց` ճանչցուած աշխարհէն իբրեւ քուկդ. այն ատեն ան կը դառնայ ամրակուռ եւ աննուաճելի միջնաբերդ, ուր ազգ կամ ժողովուրդ, առանց աջին կամ ձախին հարցնելու, կ՛ապրի համաձայն ցեղային իր ցանկութիւններուն:

Անոնք, որ կորսնցուցած են զայն, դատապարտուած են ապրելու ուրիշներու հողերուն կամ երկիրներուն վրայ. ենթակայ ամէն վայրկեան` կորսնցնելու իրենց տոհմիկ բարքերն ու առաքինութիւնները:

Այդ դժբախտութիւնը կը վերածուի իրական ողբերգութեան, երբ իրմէ խլուած կ՛ըլլայ իրը եղող հողին կարեւոր մասերը:

Այդպէս է մեր պարագան: Ապրելու համար ամբողջական մեր քանակով ամբողջական մեր հողերուն վրայ, ազգային նուիրական Դատ մը ունինք այսօր:

Մեր պարտականութիւնն է զօրացած` պատրաստ ըլլալ, քաղաքական պատեհ առիթի մը տէր դառնալու մեր հողերուն:

«ԱՐՄԵՆԻԱ»

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Ազգային Երեք Առիթներու Արժանավայել Նշում Այնճարի Մէջ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?