Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1966)

Մարտ 16, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ակնարկ

 Դէպի Հեղինակութիւն

Մարդ էակը, մտքի հետաքրքրութիւն ցոյց տուած օրէն սկսեալ, երկիւղած յարգանքով մը նայած է ուսուցիչին, եւ աշխարհի բոլոր պետութիւնները պաշտօնական հանգամանք մը տուած են այդ յարգանքին:

Քաղաքակիրթ երկիրներու պետութեանց պէս, նաե՛ւ Լիբանանի պետութիւնը պաշտօնականացուց իր ջերմ վերաբերումը Ուսուցիչներու օրուան հաստատումով, քանի մը տարիներէ ի վեր հանդիսաւորապէս կը նշէ երկրին համար քաղաքացի պատրաստող եւ մա՛րդ պատրաստող նուիրեալներուն հանդէպ ունեցած յարգանքը:

Քաղաքացի պատրաստող եւ մարդ պատրաստող կոչեցեալներուն կարգին կը գտնուի նաեւ հայ ուսուցիչը եւ պետութեան մօտ կը վայելէ` այլոց համահաւասար վարկ մը: Մտածող ու արդար մարդիկ կան: Ու մտածող ու արդար մարդոց հոգիին մէջ թերեւս աստիճան մը աւելի է հայ ուսուցիչին հանդէպ եղած համարումը: Որովհետեւ, պարտականութիւն մը աւելի՛ ծանրացած է այս վերջինին ուսերուն, զոհողութիւն մը աւելի կը պահանջուի իրմէ: Քաղաքացի պատրաստելու եւ մարդ պատրաստելու իր պարտականութեան հետ` հայ ուսուցիչը կոչուած է հայ պատրաստելու նոյնքա՛ն նուիրական պաշտօնի մը: Ամէն ոք ծանօթ է ատոր: Կրկնակի է իր դերը:

Ու հայ ուսուցիչը, դպրոցէն ներս թէ դուրս, կը տանի իր բեռը` հաւատալով իրեն վստահուած վսեմ առաքելութեան: Այդ առաքելութեան կը հաւատայ մանաւանդ այսօր: Այսօր կարեւոր անկիւնադարձի մը առջեւ կը գտնուի ու սկսած եռուզեռը ցանկալի արդիւնքներու հաշուոյն ամէն յոյս կը ներշնչէ:

Սրտառուչ էր, օրինակ, Ուսուցիչներու օրուան նախորդող կիրակին, մեռած վաստակաւորներուն համար Ուսուցչական միութեան կատարել տուած  հոգեհանգստեան պաշտօնը, ու գործ էր: Ստեղծուած հոգեպարար մթնոլորտին անդրադարձը մեծ եղաւ հոգիներուն մէջ, մարդոց լրջութիւնը խոր եղաւ: Գործ ըրած էին մեռնողները: Գործ ըրին ապրողները: Գո՛րծ եղաւ: Միւս գեղեցիկ գործերը Ուսուցչական միութեան կազմակերպած հերթական դասախօսութիւններն են:

Որքան մենք կը յիշենք, ասոնք նոր երեւոյթներ են մեր քաղաքին մէջ եւ կը հանդիսանան կազմակերպուած ուժի մը առաջին նշանները: Հայ ուսուցիչը իր կոչումին վայել եռանդով մը սկսած է զգացնել իր գոյութիւնը:

Յարգել մեռածները ու ողջը պահել իր մթնոլորտին մէջ` դասախօսի դերով, դասախօսի մը դիմաց, գիրքի մը էջերուն առջեւ, հարցի մը քննութեան նուիրուած, գերարթուն վիճակի մը մէջ: Կրնանք այս ձեւով միայն պատասխանել ժամանակի հրամայականներուն, զգալ ազգային պահանջներուն գոհացում տալու անհրաժեշտութիւնը եւ քաղաքացի պատրաստելու եւ հայ պատրաստելու ծառայութիւնը վերածել ամենազօր կիրքի:

Ասպարէզին մէջ գործող հեղինակութիւններու պէտք ունինք: Ծառայողները հեղինակութեան հմայք մը պէտք է աւելցնեն իրենց անունին վրայ: Ժողովուրդին համարումին բարձրանալու ճամբան այս է: Ժողովուրդը ուսուցիչին եւ ասպարէզին կապելու միջոցը այս է: Ա՛յս է: Այդ պարագային բնականաբար կը նուաճուի ընդհանուրէն պահանջուած յարգանքը: Ուսուցիչը ազդու կը դառնայ, աշակերտը աւելի կը սիրէ դպրոցը, ծնողը կը կատարէ պարտքը ու ազգը կը շահի, ազգը կ՛ապրի:

XXX

 

Ամբերդ Եւ Նարեկ Տեղանունները

ԱՄԲԵՐԴ.- Մեր ճարտարապետութեան մեծ կոթողներէն է Արագածի լանջին: Իսկ ի՞նչ կը նշանակէ այս անունը:

Մեզի կը թուի թէ Ամբերդը, Անբերդը, երբեմն գործածուող Համբերդն ու Համբերդը այնքան աղաւաղուած են սկզբնական ձեւէն, որ այսօր անհասկնալի դարձած է:

Բուն նախնականը հաւանաբար եղած է Ամպաբերդ: Մեր այս ենթադրութիւնը կը հիմնուի այն իրողութեան վրայ, որ հեռաւոր դարերուն շատ յաճախ տեղավայրերուն անունը կապած են աշխարհագրական բնորոշ յատկանիշի մը հետ: Ժողովրդական արտասանութիւնը, որ կը ձեւափոխէ, կը սղէ, կը պոկէ բառերը: Այսպէս, օրինակ, Մշոյ լեռներուն մէջ գտնուող Աստղիկ դիցուհիին բերդը, ինչպէս կը վկայէ Է. դարու պատմագիր Յովհան Մամիկոնեան, արտասանած են Աստղաբերդ, Ասղնբերդ:

ՆԱՐԵԿ.- Վանայ ծովի ափին գտնուող Նարեկ գիւղին անունը աւելի քան հազար տարի է, որ չափազանց ծանօթ անուն մը դարձած է` շնորհիւ Գրիգոր Նարեկացիի:

Ամբերդ.- Ամպաբերդին պէս Նարեկ բառը եւս մինչեւ այսօր մեկնաբանուած չէ:

Կատարենք առաջին փորձը:

Նարեկ բառը բաղկացած է նար եւ եկ բառերէն, որ կը նշանակէ նարը եկաւ: Նար բառը հայերէնը կը գործածէ բազմաթիւ բարդութիւններու մէջ` Ծովինար, Խաչինար, Ոսկինար, Փունջինար, Գիւլնար, Նարնգիւլ, Էլինար, Նարխաթուն, վերջերս կեանքի կոչուած` Նարեկ, Նարինէ անձնանունները եւ այլն:

Արդ, ի՞նչ է նարը: Արեւ, կրակ նշանակելէ զատ, կը նշանակէ նաեւ դուստր, հարս, ջրահարս, բերի, Ջրանուշ, Ծովանուշ: Մեր ազգային վէպին մայր հերոսուին` Ծովինարը կը հարսնանայ ծովին, ատոր համար ալ կը կոչուի ծովահարս` Ծովինար, որ շատ տարածուած է նաեւ Ծովիկ, Ծովոյ ձեւերով:

Բերենք ուրիշ օրինակներ. խաչին նուիրուած տղան կը կոչուի Խաչատուր, աղջիկը` Խաչինար: Ոսկիի նմանող աղջիկն ալ` Ոսկինար:

Աւանդութիւններով այնքան հարուստ Վանայ ծովը, առասպելական դարերուն, երբ կը հաւատային, որ գեղանի աղջիկները կը ծնին կրակէն (հրածին, հրանուշ), եւ ջուրէն (Ծովինար, Ծովիկ). հազարամեայ արձագանգներ մեր կրակապաշտութեան եւ ջրապաշտութեան` կեանք է տուած նոյնպէս Նարեկին: Վանայ ծովին երիտասարդները լուսնեակ գիշերներուն, ժայռերուն տակ պահուըտած` սպասած են, որ նարերը ջուրէն դուրս ելլեն: Ասկէ` նաեւ Նարեկ անունը:

Նարեկ բարդութեան նման ունինք ուրիշ բառեր եւս` Վարդեւ, Փերեկ, առաջնեկ, փլեկ, նորեկ, որոնց երկրորդ մասը կը նշանակէ եկաւ, իսկ առաջին մասին իմաստը յստակ է:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Երեխան Դաստիարակելու Ոսկի Կանոններ` Մայր Թերեզայէն

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?