Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (28 Մարտ 1967)

Մարտ 28, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գրական Առօրեայ

 

«Բագին»-ի Զրոյցները

Նիւթ`

Թատերական Գրականութեան
Դժուարութիւնները

Զեկուցաբեր` Բ. Փափազեան

Շաբաթ, 11 մարտ 1967-ին տեղի ունեցաւ «Բագին»-ի հերթական զրոյցը: Զրուցաբերը թատերական գրականութիւնը եւ անոր կապուած յարակից հարցերը մանրամասնօրէն քննութեան ենթարկեց եւ մէկ առ մէկ անդրադարձաւ արուեստի այդ ճիւղին կատարելութեան հասնելու համար յաղթահարուելիք դժուարութիւնը:

Ստորեւ կու տանք զրուցաբերին նշմարներուն գլխաւորները` իրենց մայր գիծերով.

Թատրոնը, թատերական գրականութիւնը դժուարին արուեստ մըն է եւ իր փոխանցումը  տեղի կ՛ունենայ ամէնէն բարդ միջոցներով: Նեղ են կարելիութեանց սահմանները եւ` խութերով լի: Նախ ընդհանուր ձեւով մը ընդգծենք, թէ մինչ միւս արուեստները հանրութեան հասնելու համար շատ քիչ օժանդակներու կարիքը կը զգան, ընդհակառակն, թատերական գրականութիւնը մեծ թիւով օժանդակ տարրերու պէտք ունի իր էութիւնը նպատակին հասցնելու համար: Կարելի է ըսել, որ թատերագիրի մը ստեղծագործութեան 40 առ հարիւրը միայն կը հասնի հանդիսատեսներուն` գործին միջամտող արտաքին միջոցներուն առաջ բերած դժուարութիւններուն պատճառով:

Կրնանք այդ դժուարութիւնները դասաւորել հետեւեալ ձեւով.

Ա.- Անձնաւորութիւններուն Բերած Դժուարութիւնը.-

Յաճախ կը պատահի, որ թատերագրին ստեղծած անձնաւորութիւնը կը դառնայ բռնակալ մը եւ կը մերժէ մտնել նախասահմանուած շրջանակին մէջ եւ պատմութեան պահանջած ձեւովը ու կը ստիպէ հեղինակը, որ փոփոխութեան ենթարկէ դէպքերը, այսինքն ինք հետեւի անձնաւորութեան: Այս ստիպումին պատճառով գործին սկզբնական տեսիլքը անկարելի է, որ չտուժէ:

Բ.- Տիալոկի Դժուարութիւնը.-

Միայն տիալոկով արտայայտուելու պարտադիր օրէնքը ահաւոր կաշկանդում մըն է հեղինակի մը համար: Տիալոկը տեղի պիտի ունենայ որոշ ժամանակի մը, որոշ վայրի մը եւ որոշ տեւողութեան մը մէջ: Խիտ պիտի ըլլայ նաեւ, պիտի արտայայտէ րոպէին մտածումն ու ապրումը: Պիտի պատրաստէ յաջորդ տողերն ու տեսարանները եւ իր բնոյթով երեւան բերէ տիպարներուն համապատասխան նկարագիր մը:

Գ.- Գործողութիւններու Կառուցման Դժուարութիւնը.-

Թատրոնը այն վայրն է, ուր արտայայտութեան միակ միջոցը գործողութիւնն է, որ, իր կարգին, պարտաւորիչ կերպով կարճ ժամանակի մը մէջ տեղի պիտի ունեայ, դէպքերը իրարմէ պիտի բխին եւ աստիճանական զարգացումով կառուցեն թատերակը եւ տանին զայն իր գագաթնակէտին:

Դ.- Լեզուական Դժուարութիւն.-

Թատերագրին համար մեծ խնդիր է նաեւ լեզուն, բառերուն ընտրութիւնը: Նախ` հանդիսատեսները զարգացման նոյն աստիճանը չունին: Երկրորդ` ժամանակը կարճ է եւ անհրաժեշտ է քիչ բառերով արտայայտել մտածումները, ապրումները: Ապա` գրական լեզու մը կայ, որ պարզ է աչքերուն համար եւ ըմբռնելի, սակայն անհասկնալի է ականջներուն համար: Թատերագիր մը ստիպուած է հեռու մնալ նման լեզու մը կիրարկելէ: Այս առումով, լեզուն եւս փորձութիւններ կը ստեղծէ թատերագրին համար:

Ե.- Տարածութեան Դժուարութիւնը.-

Գիրքի մը ընթերցման ատեն կարելի է յամենալ,  վերադառնալ, պրպտել եւ գտնել շարժառիթները, թաքուն իմաստները: Արձան մը կարելի է դիտել ժամերով: Մինչ թատրոնին ժամանակը կարճ է եւ ընդմիջուած` դադարներով: Ժամանակին կարճութիւնը դանդաղելու եւ թափանցելու հնարաւորութիւններէն կը զրկէ հանդիսատեսը, իսկ ընդմիջումները կը հեռացնեն զայն տեսլականին պատրանքէն: Թատերագիրը հանդիսատեսը մայր գաղափարին կապելու եւ համապատասխան մթնոլորտին մէջ պահելու համար ստիպուած է ուսումնասիրուած բաշխումներ կատարել եւ միջոցը գտնել արհեստականը բնական ձեւով մը օժտելու:

Զ.- Բեմական Տարածութեան Դժուարութիւնը.-

Բեմը սահմանափակ տարածութիւն մըն է, եւ թատերագիրը, բեմադրիչը, դերասանը պիտի աշխատին, իրենց միջոցներով, խթանել հանդիսատեսին միտքը, երեւակայութիւնը եւ մոռցնել տան անոր բեմը, սրահին մէջ ըլլալը:

Կան տակաւին ուրիշ դժուարութիւններ` բեմադրիչին դաւաճանութիւնը, դերասաններուն դաւաճանութիւնը, հանդիսատեսներուն դաւաճանութիւնը եւ ժամանակի դաւաճանութիւնը: Բեմադրիչը, դերասանը, հանդիսատեսը չեն կրնար մտնել հեղինակի ժամանակին մէջ, չեն կրնար նոյնանալ հեղինակին հետ եւ գործին ամբողջական ընկալման համար կը յարուցեն լուրջ դժուարութիւններ:

Թատերական գրականութիւնը գրական միւս սեռերէն անջատող տուեալները այսպէս մէկ-մէկ քննելէ ետք, զեկուցաբերը աւարտեց իր խօսքը եւ զրոյցը վարողը` Վ. Օշական խօսքը տուաւ ներկաներուն: Այս վերջինները, իրենց կարգին, տրուած հարցերուն կապակցութեամբ առարկութիւններ եւ լրացումներ ըրին, բայց զրոյցը իր իրական հունին մէջ մտաւ, երբ ժամանակակից եւ հին թատրոնին շուրջ կեդրոնացան մտքերը:

Ոմանց կարծիքով, զրուցաբերը իր քննարկումը կատարած էր թատերական գրականութեան դասական վաստակը նկատի առած, մինչ արդի թատրոնը կը մերժէր հին միջոցները, զրուցաբերին թուած միջոցներուն մեծ տոկոսը` անձնաւորութիւնը, էնթրիքը, տեքորը եւ ափսիւրտը շեշտելու իր հիմնական առաջադրանքին մէջ, անհեթեթ կը գտնէր նաեւ ցարդ անհրաժեշտ նկատուած միջոցները: Ասկէ ծնունդ առաւ այն հարցումը, թէ`

– Արդի թատրոնը պիտի յաջողի՞ փորձի իր սահմաններէն դուրս ելլել եւ ինքզինք պարտադրել, թէ՞ պիտի յոգնի շուտով ու վերադառնայ հին ակունքներուն ու հին աւանդներէն ու փորձառութիւններէն օգտուելով` պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը:

Այս խնդիրը թեր ու դէմ կարծիքներ յառաջացուց, առաւել եւս աշխուժացուց զրոյցը, բայց մնաց խնդրական:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Նամակ Երկրէն. 24 Ժամը Բաւարար Չէ (3)

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?