Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1967)

Մարտ 18, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Պոսթընի Կոմիտէին
70-ամեակը

ՀՅ Դաշնակցութեան Պոսթընի կոմիտէն, կիրակի, 12 մարտ 1967-ին, Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ սրահին մէջ տօնախմբած էր իր 70-րդ տարեդարձը:

Ատենախօսած է Սարգիս Չթչեան: Բանախօսած են` տոքթ. Լեւոն Տաղլեան եւ Ճէյմս Մանտալեան: Ներկայ եղած եւ խօսք առած է նաեւ Կեդր. Կոմիտէի ներկայացուցիչ Ստեփան Տարտունի:

Գործադրուած է գեղարուեստական բացառիկ յայտագիր մը: Այս տարեդարձը հանդիսաւոր պատեհութիւն մը եղած է ոչ միայն Պոսթընի, այլեւ` Միացեալ Նահանգներու դաշնակցական կազմակերպութեան 70 տարիներու բազմազան եւ բազմաբեղուն վաստակը պարզելու հայ հասարակութեան:

Պոսթընի Կոմիտէին
Հիմնադրութիւնը

Երբ Հայաստանի լեռներն ու ձորերը կը թնդային Դաշնակցութեան անձնուրաց ֆետայիներու մոսիններու որոտէն, կենդանի գործը կը բանար աչքը Միացեալ Նահանգներու պանդուխտ հայուն, ու ան կ՛որոնէր Դաշնակցութիւնը: Ամերիկա հասնող ՀՅ Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի սակաւաթիւ օրինակները, մասունքի պէս, ձեռքէ ձեռք կը խլուէին: Հայրենասէր երիտասարդներ կը դիմէին «Դրօշակ»-ի խմբագրութեան, թէ ի՛նչ ձեւով կրնային ծառայել հայրենիքի ազատագրութեան դատին:

«Դրօշակ»-ի կողմէ ղրկուած Դաշնակցութեան առաջին գործիչը` Սիմոն Շըխեան (Սուրէն ծածկանունով) Ամերիկա կը ժամանէ 1895-ին: Տարի մը ամբողջ Սիմոն Շըխեան նախապատրաստական աշխատանքներ կը տանի, կը կազմէ քանի մը կոմիտէներ եւ ճամբայ կը հարթէ մեծանուն նուիրեալ Յովհաննէս Եուսուֆեանին:

Յովհաննէս Եուսուֆեան, որ Ամերիկայի մէջ ճանչցուած է Տիգրան Վահանեան-Մելիք անունով, կը ժամանէ 1896-ին աշնան եւ 25-27 դեկտեմբեր 1896-ին ինը կոմիտէներու մասնակցութեամբ կը գումարէ ՀՅԴ Ամերիկեայի Ա. Պատգամաւորական ժողովը:

Այս ժողովէն ամիս մը ետք, 1897 յունուարին կը կազմուի Պոսթընի կոմիտէն, նոյն Մելիքի կողմէ:

Մելիք, Պոսթընի հրապարակային առաջին ժողովին, աւելի քան հարիւր հոգիի ներկայութեան ճառ մը կը խօսի: Տեղւոյն հնչակեան առաջնորդը խառնակիչ կերպով կ՛ընդմիջէ Մելիքին եւ անտեղի հարցումներ կ՛ուղղէ: Մելիք անայլայլ կ՛ըսէ, թէ ունի պատասխաններ, սակայն ճառը չամբողջացուցած ոչ մէկուն պիտի պատասխանէ: Հնչակեան առաջնորդը զայրացած, սպառնալից արտայայտութիւններով կը լքէ սրահը: Իրեն կը հետեւին մօտ 15 հոգի: Սակայն, քիչ ետք, մեկնողները մէկիկ-մէկիկ կը վերադառնան… հմայուած Մելիքի խօսքի քաղցրութենէն ու Դաշնակցութեան կատարած հիանալի գործի սրբութենէն: Ահա այսպիսի սկզբնաւորութիւն կ՛ունենայ ՀՅԴ Պոսթընի կոմիտէն:

25 դեկտեմբեր 1897-ին, կը գումարուի ՀՅԴ Ամերիկայի Բ. Պատգմ. ժողովը, որուն ատենագրութեան մէջ արձանագրուած են ժողովին մասնակցող կոմիտէները իրենց «տարիք»ով. Լովել 24, Փրաւիտենս 20,  Ֆոլրիվըլ 13, Թրոյ, Լին, Լորենս, Ուստր եւ Հէյվըրհիյ 12, Պոսթըն 11 ամսուան եւ այլն: Պատգամաւորական Բ. ժողովին Պոսթընի կոմիտէի պատգամաւորը կ՛ըլլայ Մարկոս Տէր Մանուէլեան:

Տարիներ առաջ, «Հայրենիքի»-ի շէնքին հետ այրեցան Պոսթընի  կոմիտէի սկզբնական 12 տարիներու արձանագրութիւններու տետրակները, ուր կային նաեւ կոմիտէի հիմնադիր ինը նուիրեալներու անունները: Կողմնակի գրութիւններէ ճշդուած են միայն հետեւեալ անունները իբրեւ հիմնադիր անդամներ` Մարկոս Տէր Մանուէլեան, Ղ. Մարգարեան, Ս. Պոյաճեան, Պ. Ախիկեան եւ Գ. Սահակեան:

Արդարեւ, Պոսթընի կոմիտէն, յաւերժական Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի ծառայութեան ճամբուն, ի գին պայքարներու, 70 տարուան ընթացքին արձանագրած է գործունէութեան շքեղ պատմութիւն մը:

70-ամեակի տօնախմբութեան առիթով, 70 տարիներու բարձունքէն պատկերացուած է կտրուած երկար ճամբան ու կատարուած հսկայական գործը: Ներկաներուն սրտերը լեցուած են հրճուանքով ու հպարտանքով, միաժամանակ` յուզումով, երբ ոգեկոչուած են մանաւանդ կոմիտէի շարքերէն մարտի դաշտ նետուած ու հայրենի սրբազան հողին վրայ հերոսական մահով ինկած ֆետայի ու կամաւոր ընկերներու, ինչպէս նաեւ, Միացեալ Նահանգներու մէջ, հայրենիքի կարօտը իրենց սրտին անմուրազ մահացող ընկերներու թանկագին յիշատակը:

Անգամ մը եւս ուխտուած է աննահանջ կամքով շարունակել եւ իրագործել նահատակներուն եւ հայ ժողովուրդի անաւարտ երազը, միացեալ եւ անկախ Հայաստանը:

Պոսթընի ՀՅԴ կոմիտէն, ազգային, քաղաքական եւ կուսակցական բոլոր գործունէութիւններուն,  իր նիւթական, բարոյական եւ իմացական բովանդակ ուժերով սատարած է ՀՅԴ Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէին:

Այսօր եւս ան կը մնայ նոյնքան առողջ, երիտասարդ ու կենսունակ` շարունակելու համար ՀՅ Դաշնակցութեան սրբազան գործը:

ՀՅ Դաշնակցութեան լայնօրէն ուսումնասիրուած պատմութեան մէջ Պոսթընի կոմիտէն պիտի ունենայ իր կարեւոր տեղը:

 

Ամբերդ Եւ Նարեկ
Տեղանունները

ԱՄԲԵՐԴ.- Մեր ճարտարապետութեան մեծ կոթողներէն է Արագածի լանջին: Իսկ ի՞նչ կը նշանակէ այս անունը:

Մեզի կը թուի թէ Ամբերդը, Անբերդը, երբեմն գործածուող Համբերդն ու Համբերդը այնքան աղաւաղուած են սկզբնական ձեւէն, որ այսօր անհասկնալի դարձած է:

Բուն նախնականը հաւանաբար եղած է Ամպաբերդ: Մեր այս ենթադրութիւնը կը հիմնուի այն իրողութեան վրայ, որ հեռաւոր դարերուն շատ յաճախ տեղավայրերուն անունը կապած են աշխարհագրական բնորոշ յատկանիշի մը հետ: Ժողովրդական արտասանութիւնը, որ կը ձեւափոխէ, կը սղէ, կը պոկէ բառերը: Այսպէս, օրինակ, Մշոյ լեռներուն մէջ գտնուող Աստղիկ դիցուհիին բերդը, ինչպէս կը վկայէ Է. դարու պատմագիր Յովհան Մամիկոնեան, արտասանած են Աստղաբերդ, Ասղնբերդ:

ՆԱՐԵԿ.- Վանայ ծովի ափին գտնուող Նարեկ գիւղին անունը աւելի քան հազար տարի է, որ չափազանց ծանօթ անուն մը դարձած է` շնորհիւ Գրիգոր Նարեկացիի:

Ամբերդ.- Ամպաբերդին պէս Նարեկ բառը եւս մինչեւ այսօր մեկնաբանուած չէ:

Կատարենք առաջին փորձը:

Նարեկ բառը բաղկացած է նար եւ եկ բառերէն, որ կը նշանակէ նարը եկաւ: Նար բառը հայերէնը կը գործածէ բազմաթիւ բարդութիւններու մէջ` Ծովինար, Խաչինար, Ոսկինար, Փունջինար, Գիւլնար, Նարնգիւլ, Էլինար, Նարխաթուն, վերջերս կեանքի կոչուած` Նարեկ, Նարինէ անձնանունները եւ այլն:

Արդ, ի՞նչ է նարը: Արեւ, կրակ նշանակելէ զատ, կը նշանակէ նաեւ դուստր, հարս, ջրահարս, բերի, Ջրանուշ, Ծովանուշ: Մեր ազգային վէպին մայր հերոսուին` Ծովինարը կը հարսնանայ ծովին, ատոր համար ալ կը կոչուի ծովահարս` Ծովինար, որ շատ տարածուած է նաեւ Ծովիկ, Ծովոյ ձեւերով:

Բերենք ուրիշ օրինակներ. խաչին նուիրուած տղան կը կոչուի Խաչատուր, աղջիկը` Խաչինար: Ոսկիի նմանող աղջիկն ալ` Ոսկինար:

Աւանդութիւններով այնքան հարուստ Վանայ ծովը, առասպելական դարերուն, երբ կը հաւատային, որ գեղանի աղջիկները կը ծնին կրակէն (հրածին, հրանուշ), եւ ջուրէն (Ծովինար, Ծովիկ). հազարամեայ արձագանգներ մեր կրակապաշտութեան եւ ջրապաշտութեան` կեանք է տուած նոյնպէս Նարեկին: Վանայ ծովին երիտասարդները լուսնեակ գիշերներուն, ժայռերուն տակ պահուըտած` սպասած են, որ նարերը ջուրէն դուրս ելլեն: Ասկէ` նաեւ Նարեկ անունը:

Նարեկ բարդութեան նման ունինք ուրիշ բառեր եւս` Վարդեւ, Փերեկ, առաջնեկ, փլեկ, նորեկ, որոնց երկրորդ մասը կը նշանակէ եկաւ, իսկ առաջին մասին իմաստը յստակ է:

 

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Ապագայի Ինքնաշա՞րժը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?