50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (21 Դեկտեմբեր 1967)

Հայկական Պոլիսը Պուլկարահայ մտաւորական Մ. Հագիգեան վերջերս այցելած է Պոլիս եւ ընդարձակ յօդուածաշարք մը ստորագրած է Սոֆիայի «Երեւան» շաբաթաթերթին մէջ: Ստորեւ` կարգ մը հատուածներ.- Պոլսոյ հայերը ամուր փարած են դպրոցին, եկեղեցիին եւ ազգային աւանդութիւններուն: Հայութեան թիւը հոն 65 հազարէ աւելի է: Վերջին պատերազմէն առաջ հարիւր հազար էր հայոց թիւը Պոլսոյ մէջ: Շատեր պատրուակ բռնելով երկրին տնտեսական անկայուն վիճակը, անգործութիւնն ու հայերու հանդէպ խորթ վերաբերումը` կը գաղթեն Ատլանտեանէն անդին: Պոլսոյ հայ դպրոցներուն թիւը 28-ի կը հասնի, հինգը` երկրորդական (լիսէ), ութը` միջնակարգ, իսկ մնացեալները` նախակրթարան: Աշակերտներուն թիւը կը հասնի ութ հազարի: Դասաւանդութիւնները հայերէն եւ թրքերէն են: Աշակերտները լաւ կը տիրապետեն հայերէնի եւ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (20 Դեկտեմբեր 1967)

«Արհեստական Կեանք» Ստեղծուեցաւ Ամերիկացի Գիտնականներու Կողմէ «Կեանքի Գաղտնիքը Գտնուեցաւ», Կը Յայտարարէ Նախագահ Ճոնսըն Հայ Գիտնական Մը` Տոքթ. Միհրան Կիւլեան Մասնակից Է Մեծ Գիւտին Փալօ Ալթոյէն, Քալիֆորնիա, կը հաղորդեն, որ Սթանֆորտ համալսարանի եւ Քալիֆորնիոյ Ինսթիթութ ավ Թեքնալըճիի անդամ գիտնականներ յաջողած են արհեստականօրէն ստեղծել ՏՆԱ կոչուող քիմիական նիւթ մը, որ հիմնական տարրն է` մարդկային բնական ժառանգականութեան, եւ կը նկատուի «կեանքի պարզ կամ սկզբնական ձեւը»: Այս վայրըսը (Ծ. Խ.- հայերէն ընդհանրապէս որակուած է ժահր) կ՛ազդէ այնպէս, ինչպէս բնականը, որ գոյութիւն ունի կեանքի մէջ, ու կը նկատուի այն սահմանը, որ կեանքը կը բաժնէ կենսազուրկ նիւթէն: Քիմիական ՏՆԱ տարրը, որ թթու մըն է, կը բովանդակէ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (19 Դեկտեմբեր 1967)

Բացման Հանդէս Արիստակէս, Լուսվարդ Եւ Արամ Յակոբեան Յարկի «Նշան Փալանճեան» ճեմարանի Արիստակէս, Լուսվարդ եւ Արամ Յակոբեան յարկի բացումը տեղի ունեցաւ կիրակի, 10 դեկտեմբեր 1967, ժամը 12:00-ին: Տաճատ արք. Ուրֆալեանի օրհնութենէն ետք, Ազատ Ալավերտեան` բարերարի քրոջ որդին, կտրեց ժապաւէնը եւ ներկաները սրահ առաջնորդուեցան: Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ տոքթ. Ե. Գոնիալեան հանդէսը բացուած յայտարարեց եւ խօսքը առաւ նուիրատուին մօտիկ ծանօթ ու բարեկամ Վ. Փափազեանին: Վ. Փափազեան ներկայացուց նուիրատուն` յաճախ մէջբերումներ ընելով անոր նամակներէն: - Այս շէնքը շինուած է աշխատաւոր մարդու մը արդար քրտինքով: Երբ ան իր մայրենի օճախը թողուց ու եկաւ Ամերիկա` ապաստան մը գտնելու, անմիջապէս լծուեցաւ աշխատանքի: 40 տարի աշխատեցաւ, ապրեցաւ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (16 Դեկտեմբեր 1967)

«Եունայթըտ Փրես» Գործակալութիւնը` Հայ Դատի Մասին «Եունայթըտ փրես ինթըրնեշընըլ»-ի թղթակից Ռէյնար Մ. Սորժ «Հայերը» խորագրով հետեւեալ գրութիւնը հաղորդած է իր գործակալութեան, որ աշխարհի ամէնէն ազդեցիկ լրատու գործակալութիւններէն մէկն է: ՄԻԱՑԵԱԼ ԱԶԳԵՐ, 9 (UPI).- Հայերը, մոռցուած փոքրամասնութիւն մը, առաջին անգամ ըլլալով իրենց ձայնը բարձրացուցին Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան մէջ: Անոնք երկու յուշագիր ղրկած են ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին` մարդկային իրաւունքներու հարցերուն մասին: Յուշագիրներէն մէկը կը վերաբերի պատերազմական ոճիրներու հետապնդման անժամանցելիութեան, միւսը` նախայարձակում բառի սահմանման: Երկու փաստաթուղթերուն մէջ ալ յիշած են Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին հայ ժողովուրդին կոտորածները Թուրքիոյ մէջ: Սակայն չեն դրած անկախ Հայաստանի մը պահանջը, այլ, ինչպէս կ՛ըսէ Ամերիկայի Հայկական ազգային կոմիտէն,...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (15 Դեկտեմբեր 1967)

Հայ Դատի Յուշագրին Պահանջները Ընդունուեցան Լիբանանի Պատուիրակին Կարեւոր Դերը Նիւ Եորքի մեր թղթակիցը` Լեւոն Քէշիշեան կը հեռագրէ. Ընդհանուր ժողովի մասնաւոր մէկ յանձնախումբը, կազմուած` երրորդ (մարդկային, մշակութային ու ընկերային) եւ վեցերորդ (իրաւաբանական) յանձնախումբերէն, պատրաստած է ծրագիր մը` «Պատերազմական ոճրագործներու հարցի ուխտը»: Հայ դատի յանձնախումբը իր յուշագիրը ղրկած էր բոլոր անդամ-պատուիրակներուն: ՄԱԿ-ը այս 15 անդամնոց յանձնախումբը վերջացուց իր գործը 4 դեկտեմբեր 1967-ին` պատրաստելով ուխտին ծրագիրը եւ նախաբանն ու տասը յօդուածները: Առաջին յօդուածը կը բովանդակէ Հայ դատի յուշագիրին մէջ յիշուած տեսակէտները` չսահմանափակել ոճրագործները պատժելու ժամանակը, անցեալ, ներկայ ու ապագայ, նկատել ցեղասպանութիւնը ոճիր` մարդկութեան դէմ, ինչպէս նաեւ` իրաւազրկութիւն: Լիբանանի պատուիրակի աշխատանքին շնորհիւ` կարելի եղաւ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (14 Դեկտեմբեր 1967)

Խմբագրական Ժողովուրդին Հետ, Հայրենիքին Համար Ա՛յս է մեր նշանաբանը: Կը բխի մեր էութենէն: Մերն էր երէկ, եօթանասունեւեօթը տարի շարունակ: Մերն է այսօր` հակառակ ժամանակի թաւալքին, հակառակ յարափոփոխ կացութիւններու եւ պայմաններու, աշխարհի մէկ ծայրէն միւսը, բոլոր երկիրներու մէջ: Ընտրանիի մը ներկայացուցիչները չէին ՀՅ դաշնակցութեան հիմնադիրները: Ոչ ալ անոնք, որոնք քալեցին անոնց հետ, անոնց ուղիով, եղան` դաշնակցական մարտիկ, դաշնակցական ֆետայի, գրագէտ, մտաւորական, գործիչ: Բոլորն ալ կու գային ժողովրդային խոնարհ խաւերէ, ժողովուրդին մէջէն, խոր գիտակցութեամբը անոր ցաւերուն, տառապանքին, նա՛եւ` յոյսերուն եւ երազներուն: Այդ գիտակցութիւնը մղում կու տար իրենց պայքարին, խանդ ու եռանդ կը ներշնչէր անձնուրացներու փաղանգին, որ հրապարակ կու գար քանդելու ՀԻՆԸ, լացի,...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (13 Դեկտեմբեր 1967)

«Գթութիւնը Յաւիտենական Է» Սփիւռքի մէջ հայ մեծ բարերարները հազուադէպ երեւոյթներ կը նկատուին այլեւս, ու ընդհանրապէս համեստ եւ բարեկեցիկ դասու հայրենակիցներ են, որ կը պահեն մեր ազգային հաստատութիւնները` իրենց համեմատաբար փոքր նպաստներով: Բարերարուհի Սոֆիա Լ. Յակոբեան հազուադէպ նկատուող վեհանձն այն հարուստներէն էր, որոնք խոնարհօրէն ճանչցած են մահկանացուի անխուսափելի ճակատագիրը, եւ իւրացուցած` այն իմաստութիւնը, որ մարդ պէտք է արդարեւ ապրի այնպէս, որ իր մեռած օրը մարդիկ սգան իր կորուստը, յաւերաժացնեն յիշատակը, եւ մանաւանդ իր կեանքը օրինակ հանդիսանայ ազնուականօրէն, յաջորդ սերունդներուն: Արդարեւ, մեծահարուստներ երբ կը մեռնին առանց համեմատական առատաձեռնութեան` ազգային ազնիւ նպատակներու հանդէպ, ոչ միայն ժողովուրդը կը զրկեն շատ մը անհրաժեշտութիւններէ, այլեւ անձնասիրութեան...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (12 Դեկտեմբեր 1967)

Ճամբուս Վրայ Շատ տարիներ առաջ, ըսենք` Քոլոմպոսի Ամերիկան գտնելէն չորս օր ետք, երբ ես ալ հոն հասայ, ինձմէ առաջ հոն եկող հայ մը բարեկամական խորհուրդ մը տուաւ ինծի: - Դիւրութեամբ ու շուտով անգլերէն սորվելու համար սովորութիւն ըրէ ամէն ատեն ու ամէն կողմ դրուած ծանուցումները կարդալ,- ըսաւ.- շուտով անգլերէն կը սորվիս: Հաշիւ ըրէ, որ եթէ այդ ընթերցումներէդ օրական մէկ բառ մնայ միտքդ, տարին 365 բառ կ՛ընէ ու 365 բառ գիտնալով` լեզուն գիտցած կ՛ըլլաս ինքզինքդ արտայայտելու չափ: Իրաւ է, որ Շէյքսփիր չես կրնար թարգմանել այդ գիտցածովդ, բայց կրնաս նոյնիսկ գէշ աղէկ հասկնալ զայն: Այն օրէն ի վեր, սովորութեան ուժով, ծանուցում մը տեսածիս...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (11 Դեկտեմբեր 1967)

ՀՅ Դաշնակցութեան Օրը Սիտնիի Մէջ Նախաձեռնութեամբ «Դրօ» Կոմիտէին, Սիտնիի մէջ ՀՅ դաշնակցութեան 77-րդ տարեդարձը տօնակատարուեցաւ դաշտագնացութեամբ մը, Գրոնուլայի ծովեզերեայ գեղեցիկ դաշտավայրին մէջ: Աւելի քան 500 հոգի, առաւօտեան ժամը 6:00-էն սկսեալ, օրուան ճաշով դաշտավայր եկաւ հաճելի օր մը անցընելու համար: Մինչեւ կէսօր, ուրախ մթնոլորտի մը մէջ, երիտասարդ-երիտասարդուհիներ ծով իջան լողալու, մարզիկներ ֆութպոլ ու ձեռնագնդակ խաղացին, ոմանք տերեւախիտ ծառերու տակ զրուցեցին, ուրիշներ սեղաններու շուրջ բոլորուած` ազգային եւ յեղափոխական երգեր խմբերգեցին: Կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին տեղի ունեցաւ հանդէս: Սարգիս Մարգարեան ներկայացուց ՀՅ դաշնակցութեան գործունէութիւնը: Կեանք, գործ, յաջողութիւն եւ արդիւնաւորում` միշտ պատկանած են ՀՅ դաշնակցութեան: Մենք դժուարութիւններ յանձն առնող գիտակից, ազգանուէր եւ ուղղամիտ կազմակերպութեան...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (9 Դեկտեմբեր 1967)

Ապրիլեան Եղեռնի Յուշարձանին Բացումը Երեւանի Մէջ Նոյեմբեր 29-ին, Երեւանէն եւ շրջաններէն հաւաքուած բազմահազար ժողովուրդի ներկայութեան, Ծիծեռնակաբերդի բարձունքին բացումը կատարուեցաւ 1915-ի ապրիլեան եղեռնի յուշարձանին: Ծիծեռնակաբերդէն կ՛երեւի Երեւանի գեղեցիկ համայնապատկերը: Չորսուկէս հազար մեթր տարածութեան վրայ բարձրացած է վեհապանծ յուշարձանը: Անոր մէջ կը մտնէ 30 մեթր տրամագիծ ունեցող շրջանաձեւ դամբարանը` դէպի կեդրոն խոնարհուած 12 հսկայ պազալթէ պիլոններով: Դամբարանին մէջ կը վառի յաւերժական հուրը` ի յիշատակ Եղեռնի զոհերուն: Դամբարանէն քիչ հեռու վեր խոյացած է քառասուն մեթրնոց երկնասլաց կոթողը, որ կը խորհրդանշէ հայ ժողովուրդի վերածնունդը: Ժամը 15-ին ամպիոնի վրայ էին պաշտօնական անձեր: Հաւաքոյթին բացումը կատարեց Լ. Ղարիսջանեան եւ յայտարարեց, որ` «1915 ապրիլին թրքական յետադէմ կառավարողների...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (8 Դեկտեմբեր 1967)

Համազգայինի Պէյրութի մասնաճիւղի գրական յանձնախումբին կողմէ դասախօսական երեկոն բացաւ Գ. Շահինեանը` սահմանելով բանաստեղծին եւ մանաւանդ հայ բանաստեղծին կոչումը. «Մեր դարուն մեծ հարցեր կը յուզեն ամբողջ մարդկութիւնը, մասնաւորապէս` գրողն ու բանաստեղծը. ան կը զգայ մարդուն տառապանքը, եւ անոր երգը ձօնուած է մարդ արարածին, իսկ հայ բանաստեղծը այդ բոլորէն վեր նաեւ անխոնջ պահակն է հայ արժէքներուն ու մշակոյթին»: Ռուբէն Մելիք բեմ բարձրանալով` նախ ուզեց իր շնորհակալութիւնը յայտնել դարձեալ Համազգային ընկերութեան: «Պէյրութ հասած օրս իսկ ինքզինքս տանս մէջ զգացի, շրջապատուած` երիտասարդներով, որոնց համար մշակոյթ բառը կարեւոր եւ լուրջ բան մըն է: Ինձմէ խնդրեցին, որ հայերէն խօսիմ, կը փորձեմ: Շատ յուզուած եմ, տեսայ այն,...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (7 Դեկտեմբեր 1967)

Նշմար Խտութեան Համար «Il est tourjours facile d'être long, mais être court prend du temps» ALAIN Կարճ գրելու կամ երկար գրելու, քիչ խօսելու կամ շատ խօսելու հակումները միշտ բերուած են սեղան եւ այդ երկո՛ւ ոճերն ալ ունեցած են իրենց թունդ ներկայացուցիչները: Մարդոց ու ժողովուրդներու որակական արժէքը յստակ ընծայող ուրիշ բազում երեւոյթներու կարգին` փորձաքարի դերեր կարելի է վստահիլ նոյնպէս կարճ խօսքին ու երկար խօսքին: Շատախօսութիւնը ընդհանրապէս փոքր ժողովուրդներու տկարութիւնն է եւ փոքր ժողովուրդներու քիչ մշակուած մարդոց վաստակը: Մեծերը կը խորշին անկէ: Մեծերուն մէջ մենք ըստ բաւականին կը ճանչնանք ֆրանսացիները եւ ֆրանսացիները խտութեան ախոյեաններ են: Քիչ բառերով շատ բան կ՛ըսեն գրողները, քիչին...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (6 Դեկտեմբեր 1967)

«Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան» Քոլեճի Ծնողական Ա. Ժողովը Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան ազգային քոլեճի ուսումնական 1967-1968 տարեշրջանի ծնողական Ա. ժողովը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 1 դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, քոլեճի հանդիսասրահին մէջ: Ներկայ էին բոլոր ծնողները: Ուշագրաւ եւ տպաւորիչ երեւոյթ մը արդարեւ, արժանի` գնահատանքի, երբ հայրեր եւ մայրեր, գաւաթ մը թէյի կամ սուրճի հիւրասիրութեամբ, մտերիմ եւ սրտբաց զրոյց կ՛ունենան ուսուցիչներու հետ: Կը հետաքրքրուին իրենց զաւակներուն ուսումնական աշխատանքներով, անոնց կենցաղավարութեամբ եւ վարքով, անոնց նախասիրութիւններով: Աւելի քան ժամ մը տեւող ծնողներու եւ ուսուցիչներու կարծիքներու փոխանակումէն ետք, տնօրէն Կարապետ Պետրոսեան տուաւ իր առաջին զեկուցումը` աշակերտութեան ուսումնական վիճակի մասին: Ներկայացուց քոլեճին պահանջները աշակերտութենէն եւ ծնողներէն:...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (5 Դեկտեմբեր 1967)

Լոնտոնի Հայոց Նոր Եկեղեցին Լոնտոնի հայկական գաղութին համար աննախընթաց եւ անմոռանալի օր մը եղաւ 26 նոյեմբերի կիրակին: Նախ եւ առաջ անհրաժեշտ կը նկատենք այստեղ արձանագրել, որ Լոնտոնի ծանօթ տխուր դէպքերը տարիներ շարունակ ալեկոծելէ ետք այս նորակազմ գաղութին եկեղեցական կեանքը, ան վերջնականապէս բաղձալի հունի մը մէջ կը մտնէր, երբ 7 հոկտեմբերին, լոնտոնահայութիւնը ընտրելէ ետք իր Համայնքային եւ եկեղեցական խորհուրդը` շուտով իր վաւերացումն ու օրհնութիւնը կը ստանար հոկտեմբեր 20-ին, Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսէն: Արդ, Ազգային սահմանադրութեան ոգիէն բխող կանոնագրութեամբ մը յառաջ եկած այս մարմինը առաջին օրէն ամէնուս այն յոյսը կը ներշնչէր, թէ իբրեւ գաղութ կազմակերպումի նուիրական պայքարին մէջ ի վերջոյ այս...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (4 Դեկտեմբեր 1967)

Մեր Ընթերցողներուն.  «Ազդակ»-ը Նոր Հատավաճառով  Եւ Նոր Բաժանորդագինով

«Ալիք»-ի Նոր Տունը Թեհրանի «Ալիք» օրաթերթը օժտուած է արդիական ու շքեղ նոր շէնքով մը: «Ալիք»-ի նոր շէնքը, որ կը լրացնէ արդիական բոլոր պայմանները, կու գայ նոր թափ մը ընծայելու հայ նոր սերունդի դաստիարակչական գործին: Հայ պատանիներ, ասկէ ետք, լաւագոյն ձեւով պիտի կրնան օգտուիլ «Ալիք»-ի նոր տունէն: Անոր դուռերը, ինչպէս անցեալին, նաեւ ասկէ ետք բաց պիտի ըլլան բոլոր հայորդիներուն առջեւ: Արդարեւ, «Ալիք»-ի տունը եղած է մի՛շտ հարազատ, մի՛շտ տաքուկ, մի՛շտ հայրենաշունչ: Հայ պատանեկութիւնը «Ալիք»-ի տան մէջ կը գտնէ իր ապրումներուն, ըմբռնումներուն եւ նպատակներուն իրականացման իբրեւ հայակերտ կեդրոն, մեծ ներշնչարան եւ սերունդ դաստիարակելու իրա՛ւ դարբնոց:   ՀՅ Դաշնակցութեան Օրը Փարիզի Մէջ Նոյեմբեր...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (2 Դեկտեմբեր 1967)

Մեր Ընթերցողներուն.  «Ազդակ»-ը Նոր Հատավաճառով  Եւ Նոր Բաժանորդագինով

Նշմար «Բագին»-ի Զրոյցները Այսօր կը սկսին, աւելի շուտ` կը վերսկսին «Բագին»-ի զրոյցները, որոնք այս քաղաքի մշակութային շարժման մաս կը կազմեն արդէն, եւ անոնց սպասողներուն թիւը քիչ չէ: Գաղութահայ գրողներուն նոր թափ մը տալու եւ ընդունակ ուժերը համադրելու հեռանկարով մը հիմնադրուեցաւ «Բագին», ու երիտասարդութեան հետ զրոյցի նստելու գաղափարը հիմնադիրներուն մայր մտահոգութիւններէն մէկը կազմեց առաջին օրէն: Վեց տարի կ՛ընէ ահաւասիկ, որ զոյգ այդ առաջադրութիւնները հետեւողականօրէն յառաջ կը տարուին` նշանակելի նպաստ մը ընծայելով մեր մշակոյթին: Վեց տարի` ու սփիւռքի պարբերական մամուլին ու գրականութեան մէջ մեծածաւալ վեց հատոր «Բագին»: Հաւաքածոներու կողքին, նուազ շօշափելի չեղաւ նաեւ հաւաքոյթներու արդիւնքը, զրոյցը, որ խանդավառ մասնակիցներ ունեցաւ ամէն տարի...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (30 Նոյեմբեր 1967)

Մեր Ընթերցողներուն

Ակնարկ Նորանկախ Երկիր Մը Նոր պետութիւն մը ծնունդ առաւ երէկ գիշեր: Հարիւրքսանինը տարուան տիրապետութենէ մը ետք, Ատեն եւ շրջակայ 17 իշխանապետութիւնները, որոնք ժամանակ մը կը կազմէին արաբական Հարաւի դաշնակցութիւնը, անկախութեան տիրացան` անգլիական կառավարութեան եւ Ազգային ազատագրական ճակատին համաձայնութեամբ: Դժուար եղան երկունքը եւ զայն նախապատրաստող տարիները, մանաւանդ` վերջին տարին, երբ զինեալ պայքարը սաստիկ համեմատութիւններու հասաւ: Անգլիոյ կայսերական թագը գոհար մը եւս կորսնցուց, եւ ինչ որ երեւակայել կարելի չէր ատենօք, իրականութիւն դարձաւ: Մեծն Բրիտանիա, միջազգային կեանքի հոլովոյթին բերումով, հեռանալէ ետք Հնդկաստանէն, իրարու ետեւէ մեկնեցաւ նաեւ այդ լայնածաւալ երկիրը տանող ճամբուն ապահովութեան համար ստեղծած խարիսխներէն: Ատեն այդ խարիսխներէն մէկն էր: Փոխուած են աշխարհաքաղաքական...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (29 Նոյեմբեր 1967)

Ակնարկ Միակ Լուծումը «Ճումհուրիէթ» ճիշդ կը խօսի: Թուրքիա կորսնցուց առիթը, ու անգամ մը եւս թրքական նաւատորմին բոլոր պատրաստութիւնները ապարդիւն եղան: Թուրքեւհելլէն տագնապը մտաւ դիւանագիտական փուլի մէջ, եւ նախաձեռնութիւնը Անգարայէն խլուելով` միջազգային շրջանակներուն ձեռքը անցաւ: Թուրքերը կրնան ափսոսալ եղածին համար, բայց ուրիշ ընելիք չունին: Կարելի չէ մաս կազմել զինակցութեան մը, օգտուիլ այդ զինակցութեան ընձեռած բարիքներէն ու պաշտպանութենէն եւ օրին մէկը, անտեսելով անոր բոլոր տրամադրութիւնները, նոյն զինակցութեան անդամ այլ պետութեան մը սպառնալիքներ ընել, նիզակ ճօճել: Այն պհուն, երբ այս տողերը կը գրուին, տակաւին յայտնի չէ, թէ Աթէնք ի՛նչ պատասխան տուած է Անգարայի հակառաջարկներուն, որոնք կիրակի ամբողջ օրը բացատրուեցան հելլէն վարիչներուն` Միացեալ Նահանգներու...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (28 Նոյեմբեր 1967)

Յայտարարութիւն ՀՄԸՄ-ի Մերձաւոր Արեւելքի Շրջանային 17-րդ պատգամաւորական ժողովը միաձայնութեամբ որոշեց 1968-ը յայտարարել միութեանս յիսնամեակի ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ տարի եւ պարտք դրաւ նորընտիր Շրջանային վարչութեան վրայ` կարեւորութեամբ յանձնարարել լիբանանեան եւ արտալիբանանեան բոլոր մասնաճիւղերուն, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄ-ական քոյր կազմակերպութեանց ղեկավար մարմիններուն, յառաջիկայ տարեշրջանի ընթացքին միութեանս մարզական եւ բարոյական բարձր վարկին համապատասխան շքեղութեամբ եւ համազգային տարողութեամբ հանդիսութիւններ կազմակերպել, որոնց ընթացքին ազգապահպանումի եւ հայակերտումի սրբազան գործին: ՀՄԸՄ-ի սպառած յիսնամեայ ճիգերուն եւ անչափելի զոհաբերութեանց եւ ստացուած կոթողական վաստակին հրապարակային հաշուետուութիւնը կատարել: Գործադրել նաեւ միջմիութենական մարզական զանազան հանդիպումներ: Առ այս, Շրջանային վարչութիւնս, իբրեւ առաջին    ձեռնարկ, որուն պիտի յաջորդեն ուրիշներ, հանրութեան կը ներկայանայ շքեղ կազմով եւ ճոխ բովանդակութեամբ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (27 Նոյեմբեր 1967)

Օրուան Դէպքերու Հետ Ուշադիր կարդացէք «Ճումհուրիէթ»-ի հետեւեալ մեկնաբանութիւնը, որ հիանալիօրէն կը խտացնէ տրամաբանելու այն եղանակը, որով այսօրուան աշխարհը կ՛ուղղուի դէպի ընդհանուր խառնակութիւն: «Թուրքեւամերիկեան յարաբերութիւններու վատթարացումը, կը գրէ անկախ մեծ թերթը, անշարժութեան պիտի մատնէ Միացեալ Նահանգներու տարաժամ նախաձեռնութիւնները: Միւս կողմէ` չենք կարծեր, որ Խորհրդային Միութիւնը դէմ ըլլայ սահմանափակ նպատակներ հետապնդող զինուորական միջամտութեան մը: Իր վարկը կորսնցնելու իսկ գնով Խորհրդային Միութիւնը չմիջամտեց Իսրայէլի կայծակնային յարձակման ընթացքին, հակառակ անոր որ արաբական երկիրներուն նկատմամբ անոր յանձնառութիւնները շատ աւելի լայն էին, քան` Մակարիոսի հանդէպ: Ուրեմն ճամբան բաց է Կիպրոսի մէջ թրքական միջամտութեան մը համար»: Այսպէս, այն վայրկեանէն սկսած, երբ Ամերիկայի դաշնակից պետութիւն մը կրնայ անշարժացնել...

Կարդալ ԱւելինDetails
Page 28 of 69 1 27 28 29 69

Արխիւներ