Բացման Հանդէս Արիստակէս, Լուսվարդ
Եւ Արամ Յակոբեան Յարկի
«Նշան Փալանճեան» ճեմարանի Արիստակէս, Լուսվարդ եւ Արամ Յակոբեան յարկի բացումը տեղի ունեցաւ կիրակի, 10 դեկտեմբեր 1967, ժամը 12:00-ին:
Տաճատ արք. Ուրֆալեանի օրհնութենէն ետք, Ազատ Ալավերտեան` բարերարի քրոջ որդին, կտրեց ժապաւէնը եւ ներկաները սրահ առաջնորդուեցան: Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ տոքթ. Ե. Գոնիալեան հանդէսը բացուած յայտարարեց եւ խօսքը առաւ նուիրատուին մօտիկ ծանօթ ու բարեկամ Վ. Փափազեանին:
Վ. Փափազեան ներկայացուց նուիրատուն` յաճախ մէջբերումներ ընելով անոր նամակներէն:
– Այս շէնքը շինուած է աշխատաւոր մարդու մը արդար քրտինքով: Երբ ան իր մայրենի օճախը թողուց ու եկաւ Ամերիկա` ապաստան մը գտնելու, անմիջապէս լծուեցաւ աշխատանքի: 40 տարի աշխատեցաւ, ապրեցաւ խնայելով, որպէսզի օր մը վերադառնայ ու շէնցնէ իր քանդուած օճախը: Սակայն ճակատագիրը դաւաճանեց, 7 տարի ետք կորսնցուց կինը եւ մնաց բոլորովին մինակ: Այժմ 80 տարեկանէն աւելի է ու շարունակ երազանքի ու տառապանքի մէջ է իբրեւ հայ: Անցեալները կը գրէր. «Ա՜խ, այս մինակութիւնը, ե՞րբ պիտի ազատինք, ե՞րբ պիտի վերադառնանք հայրենիք, գոնէ մեր ոսկորները հոն հանգչին` Գէորգ Չաւուշի եւ միւս հերոսներու ոսկորներուն մօտ»:
Եղան րոպէներ, երբ մտածեց գումար մը կտակել հայ ժողովուրդին, որոշ չէր գիտեր ընելիքը, այդ օրերուն պատահաբար Ս. Վրացեան կ՛անցնէր հոնկէ: Երբ ըսաւ, թէ կտակ ընել կ՛ուզէ Ս. Վրացեան խորհուրդ տուաւ Ճեմարանին կտակել. համոզուեցաւ Արիստակէս Յակոբեան եւ ահաւասիկ արդիւնքը: Հիմա ան կը գրէ. «Երջանիկ եմ, որքան կրնայ մինակ մէկը այս աշխարհի մէջ երջանիկ ըլլալ. յոյս ունիմ, որ պիտի վերադառնանք մեր երկիրը, բայց մինչեւ այդ գիտեմ, որ այդ շէնքը հարազատ օճախ մը պիտի ըլլայ»:
Այժմ այդ սեւ աշխատաւորը իր այս ընծայած լումայով երջանիկ` հեռուէն կը հետեւի ու կ՛ապրի այստեղի ձեր յուզումը: Ձեր աշխատանքով ու ապագայի յոյսերով մխիթարուած` կը գրէ. «Հիմա մխիթարուած եմ եւ կրնամ հանգիստ ընել»:
Ֆետայի Արամը իր փոքր եղբայրն էր, անձամբ` ինծի ծանօթ, ան գրագէտ էր, մեծ յոյսեր ունէր ապագային համար: Երբ ռուսական բանակը Հայաստան մտաւ եւ կը յառաջանար դէպի Պիթլիս, Արամն էր, որ գրաւման առաջին ջոկատի գլուխը անցած գրաւեց Պիթլիսը: Երբ ռուս զօրավարը ուզեց շքանշան նուիրել, ըսաւ. «Ի՞նչ պիտի ընեմ այդ շքանշանը, թիթեղի կտոր մըն է, իմ շքանշանը իմ զէնքն է ու նպատակը:
Ճեմարանի տնօրէնութեան կողմէ, Մուշեղ Իշխան շնորհակալութիւն յայտնեց նուիրատուին եւ բացատրեց, թէ այս յարկաբաժինը ի՛նչ նպատակի պիտի ծառայէ:
– Տուն մըն է ահաւասիկ, որ նոր շինուեցաւ, եւ որուն բացումը կը կատարենք: Մարդկային հոգիի ձգտումներէն մէկն է կառուցելը: Եւ ահա տուն մը եւս մեր Պէյրութի հայահոծ այս գաղութին մէջ, տուն մը` սակայն, որ չի նմանիր ուրիշ տուներու, այլ բացառիկ արժէք ունի, որովհետեւ ազգին տունն է, հայ մշակոյթի տունն է: Հայ ժողովուրդի մէկ պատուական զաւկին` Արիստակէս Յակոբեանի նուիրատուութեամբ եւ տարիներու աշխատանքով ու խնայողութեամբ շինուած է, ինչ որ այս շէնքին արժէքը կրկնապէս կը բարձրանցնէ:
Ես կը յիշեմ` Ճեմարանը 37 տարիներ առաջ պարզ շէնքի մը մէջ վարձակալ էր. հազիւ քանի մը սենեակներ կային դասարանի յարմար: Անկէ ասդին կը տեսնէք` ինչպիսի՛ վերելք կատարուած է, եւ այս վերելքը պատմութիւնն է մեր գաղութի վերելքին, հայ ժողովուրդի ստեղծարար կարողութիւններուն: Ճեմարանը այժմ տանտէր է. ունի երեք շէնք, եւ ձեզի կրնամ վստահեցնել, որ այս ամբողջ կալուածը ամբողջովին հայ ժողովուրդի զաւակներուն լումաներով, նուիրատուութիւններով ձեռք բերուած է: Հայութեան` Ամերիկայէն մինչեւ Ֆրանսա, Հարաւային Ամերիկա, Լիբանան` բոլոր գաղութներու հայ ժողովուրդի բեկորներու քրտինքն է ու վաստակը այս յարկերուն մէջ:
Այս յարկին վրայ ունինք հինգ գեղեցիկ, լուսաւոր, արդիական պայմաններով շինուած դասարաններ եւ այս սերտարան սրահը, որ բազմաթիւ կարիքներու պիտի ծառայէ: Այս յարկին վրայ փոխադրած ենք Ճեմարանի միջին դասարանները:
Ճեմարանը այժմ ունի, շնորհիւ մէկէ աւելի նուիրատուներու, որոնց բոլորին անունները այստեղ կարելի չէ յիշել, միջնակարգ քոլեճի մը պատիւ բերող տարրալուծարաններ, որոնք շինուեցան «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան 20.000 տոլարի նուիրատուութեամբ: Այս յարկը շինուեցաւ Արիստակէս Յակոբեանի 20.000 տոլարի նուիրատուութեամբ եւ տակաւին` ուրիշ բաժիններ, որ քիչ վերջ հաւանաբար առիթը կ՛ունենաք տեսնելու:
Ես տնօրէնութեան ու Համազգայինի կողմէ պաշտօնապէս շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան մեր զգացումները կը յայտնեմ Արիստակէս Յակոբեանին եւ կը մաղթեմ, որ մեր մշակութային ձեռնարկները այսպէս ծաղկին, զարգանան` ի փառս մեր ժողովուրդին:
«Համազգային»-ի Կեդրոնական վարչութեան անունով Վահէ Սէթեան առիթը յարմար նկատեց յիշատակելու այլ համեստ նուիրատուի մը անունը, որ ուզած էր անյայտ մնալ:
– Քանի որ ուրիշ առիթ պիտի չունենամ, նկատելով, որ խնդրոյ առարկայ անձը իր համեստութեամբ մեզի թոյլատրած չէ, որ իր անունով մասնաւոր հանդիսութիւն ընենք, պարտք կը համարեմ խօսիլ այս առիթով: Ազգային գործիչ, ազատագրութեան ճամբուն վրայ զոհուած Գէորգ Վիշապեան, տարագրութեան շրջանին իր ընկեր գործակիցները պաշտպանելու համար թրքական ամբաստանութիւններէն, ամբողջ պատասխանատուութիւնը իր վրայ առաւ. իր անձը զոհելով` աշխատեցաւ փրկել իր ընկերները եւ գործակիցները: Գէորգ Վիշապեան կախաղան բարձրացաւ 1915-ին, թրքական կառավարութեան` վճիռով: Գէորգ Վիշապեանի անունով յատկացուած է մեզի 40 հազար լ. ոսկի, որուն փոխարէն` մենք շինած ենք թիւ 2 շէնքին վրայ յարկաբաժին մը եւ ամբողջ յարկը կոչած «Գէորգ Վիշապեան» յարկ: Նուիրատուն չ՛ուզեր մասնաւոր հանդիսութիւն մը, ուրեմն այս առիթը պատեհ սեպեցինք, որ առնուազն յիշատակութիւն մը ընենք այստեղ, եւ Արիստակէս Յակոբեանի կողքին յիշատակուի նաեւ իր անունը:
Ե. Վիշապեան, եղբայրը անձնազոհ հերոսին, չափազանց յուզուած, շնորհակալութիւն յայտնեց` Համազգայինի, որ կանգուն կը պահէ Ճերմարանի նման հայ մշակոյթի օճախ մը եւ նոր սերունդին կու տայ հայեցի դաստիարակութիւն:
Բացման այս հանդէսին վերջաւորութեան Քալիֆորնիայէն Յ. Մանճիկեան խորհրդանշական փլաք մը յանձնեց Ս. Վրացեանին ղրկուած Հարաւային Ամերիկայի Խրիմեան կրթական հիմնարկութեան կողմէ:
Իբրեւ նիւթական արժէք չնչին է, սակայն խորհրդանշական մեծ արժէք կը ներկայացնէ: Յանուն Հարաւային Ամերիկայի հայութեան եւ Խրիմեան կրթական հիմնարկութեան` այս խորհրդանշական փլաքը կը յանձնեմ բազմավաստակ հանրային գործիչ ու մտաւորական Ս. Վրացեանին:
Ներկաները հաճոյքով այցելեցին դասարանները եւ վերյիշելով իրենց մանկութիւնը` երանի տուին նոր սերունդին, որ այսքան լաւ պայմաններու մէջ հայեցի դաստիարկութիւն կը ստանայ` շնորհիւ հայ ժողովուրդի առատաձեռն նուիրատուութեանց:
Այս յարկաբաժինը աւարտեցաւ քանի մը շաբաթ առաջ եւ դպրոցական վերամուտին հոն փոխադրուեցան Ճեմարանի միջնակարգ դասարանները:
Յարկը ունի վեց դասարան եւ մէկ սրահ: Ճակտին դրուած է մարմարէ յուշատախտակ մը, որուն վրայ կը կարդանք «Արիստակէս, Լուսվարդ եւ Արամ Յակոբեան յարկ»: Սրահին մէջ կախուած է բարերարներուն նկարը:
Արիստակէս Յակոբեան կը փափաքէր անձամբ ներկայ ըլլալ բացման այս հանդիսութեան, բայց առողջական պատճառներով չկրցաւ գալ: Իր փափաքով բացման ժապաւէնը կտրեց իր քրոջ որդին` Ազատ, որ Պէյրութ կը բնակի:
Կը մաղթենք, որ բարերարը պատեհութիւնը ունենայ այցելել Լիբանան եւ իր աչքերով տեսնել իր գործը:
Ա. ԳԱԶԱՆՃԵԱՆ
(Յապաւուած)