Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (14 Դեկտեմբեր 1967)

Դեկտեմբեր 14, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

Ժողովուրդին Հետ, Հայրենիքին Համար

Ա՛յս է մեր նշանաբանը:

Կը բխի մեր էութենէն: Մերն էր երէկ, եօթանասունեւեօթը տարի շարունակ: Մերն է այսօր` հակառակ ժամանակի թաւալքին, հակառակ յարափոփոխ կացութիւններու եւ պայմաններու, աշխարհի մէկ ծայրէն միւսը, բոլոր երկիրներու մէջ:

Ընտրանիի մը ներկայացուցիչները չէին ՀՅ դաշնակցութեան հիմնադիրները: Ոչ ալ անոնք, որոնք քալեցին անոնց հետ, անոնց ուղիով, եղան` դաշնակցական մարտիկ, դաշնակցական ֆետայի, գրագէտ, մտաւորական, գործիչ:

Բոլորն ալ կու գային ժողովրդային խոնարհ խաւերէ, ժողովուրդին մէջէն, խոր գիտակցութեամբը անոր ցաւերուն, տառապանքին, նա՛եւ` յոյսերուն եւ երազներուն:

Այդ գիտակցութիւնը մղում կու տար իրենց պայքարին, խանդ ու եռանդ կը ներշնչէր անձնուրացներու փաղանգին, որ հրապարակ կու գար քանդելու ՀԻՆԸ, լացի, զրկանքի ու հալածանքի վրայ խարիսխ նետած այդ հինը, անոր տեղ կերտելու համար ՆՈՐԸ, ազգի մը անկորնչելի իրաւունքներուն եւ հնաւանդ ժառանգութիւններուն վրայ:

ՀՅ դաշնակցութիւնը այս մեկնակէտով ելաւ ճամբայ ու կտրեց տասնամեակներ` հայոց նորագոյն պատմութեան տալով իր ամէնէն հպարտալի դրուագները, հերոսական խոյանքները, շարքը` ազատագրական ահեղ կռիւներուն, որոնք շքեղօրէն փառակերտուեցան եւ լուսաւորեցին Հայաստան աշխարհը` հրդեհելով հայութեան հոգին, կամազուրկ հօտը վերածելով արի արանց բանակներու, ազգային իտէալներէ պարպուած բազմութիւններէն կերտելով նոր ժողովուրդ, իր ապագային ու ճակատագրին ազատ տնօրինման իրաւունքը հետապնդող միազանգուած ամբողջութիւն, ազգ:

Ա՛յս եղաւ հայութեան հիմնական եւ կարեւորագոյն նուաճումը, որուն մէջ ՀՅ դաշնակցութիւնը հանդիսացաւ գլխաւոր դերակատարը` թէ՛ հայ ժողովուրդի դիմագիծին պայծառացման եւ թէ՛ անոր քաղաքական նպատակներուն յստակ բանաձեւման տեսակէտէն:

Մէջն ենք ու չենք տեսներ: Կ՛ապրինք ամէնօրեայ հեւքը մեր պայքարին ու չենք անդրադառնար:

Տարուան մէջ օր մը հնարաւորութիւն կը տրուի մեզի հեռանալու, յետադարձ նայուածք մը նետելու այն կազմակերպութեան վրայ, որ եօթը անգամ տասը, առաւել եօթը տարիներու ընթացքին, եղաւ գործի կուսակցութիւն, չթերագնահատեց խօսքին մոգական ուժը, բայց գերադասեց գործին օրինակելի եւ հաղորդական զօրութիւնը ու քիչ խօսեցաւ, շա՛տ գործեց, քիչ խօսեցաւ մանաւանդ ի՛ր մասին, ու շատ գործեց Անոր համար, ժողովուրդին, որմէ ծնած էր, միսը միսէն, ոսկորը ոսկորէն:

Ու դարձեալ, ա՛յս եղաւ ծառայութեան իր չափանիշը, մէկ ու միակ առաքելութիւնը, որուն համար անհամար զոհեր տուաւ: Առաւ զանոնք ժողովուրդէն ու նետեց այդ ժողովուրդին ծառայութեան ճամբուն մէջ` իբրեւ ուխտեալները նոր օրերու Վարդանանքի մը, նուիրեալները` սրբազան դատի մը, որ արդար էր, գեղեցիկ, առինքնող:

***

ՀՅ դաշնակցութիւնը եթէ կրցաւ հարազատի վճիտ նայուածքով նայիլ իր ժողովուրդին, եթէ կրցաւ թագաւորել հոգիներուն վրայ, պատճառը պարզ է:

Որովհետեւ մեր կուսակցութիւնը հաւատարիմ մնաց իր ժողովուրդին առհաւական ոգիին, ազատախռով այն ոգիին, որ պատմութեան մշուշներուն մէջ կորսուած առաջին օրերէն սկսեալ, անյիշատակ ժամանակներէ ի վեր, թափ ու մղում տուած է շարունակ մեր վերասլաց թռիչքներուն, եղած է միշտ մեզի հետ, անմահութեան ճամբաներու մեր խրոխտ երթին մէջ, մեր անհաւատալի նուաճումներուն մէջ, շքեղ յաղթանակներուն մէջ, դաժան պարտութիւններուն մէջ:

Եղած է ան տակաւին կեանքի ու մահուան մեր կռիւներուն մէջ, մահը արհամարհող կտրիճներու սէգ նայուածքին մէջ, եւ` այն բոլոր հերոսական դրուագներուն, որոնք հրաշավէպի մը վերածած են մեր պատմութիւնը, անպատում հերոսամարտի մը, մեր գոյութիւնը վկայելու անտեղիտալի կամքի մը, մեր անհատականութիւնը հաստատելու հզօր ուժի մը:

Տարբեր ժամանակներու մէջ, տարբեր պայմաններու տակ, այլազան ու այլացեղ թշնամիներու դիմաց միշտ նոր եւ ինքնաբուխ եղած է դրսեւորումը այդ ոգիին, մեր արեան եւ ջիղերուն մաս կազմող այդ ուժին, տարերային այն թափին, որուն կը պարտինք մեր այսօրը, մեր ցեղային առուգութիւնը, մեր յաւիտենական երիտասարդութիւնը, նոր զոհողութիւններու եւ նոր պայքարներու մեր պատրաստակամութիւնը:

Մեր անմահութի՛ւնը:

Յանուն ազատութեան` լայնալիճ աղեղէ արձակուած հայկեան նետ եղած է այդ ոգին:

Եղած է Արայի մերժում, Արտաւազդի ըմբոստութիւն, Մեսրոպի տեսիլք, սեփական այբուբեն: Եղած է Աւարայր, պարտութեան մէջ` շքեղ յաղթանակ, հոգեկան անկախութիւնը պահելու անզուսպ պոռթկում:

Ու տակաւին, Սասունցի Դաւիթ, հայոց լեռներուն վրայէն բարկացած աստուածներու պէս անցնող ֆետայի, ազատութեան երգը շեփորող քերթողներու անհամար հոյլ:

Եւ վերջապէս, դարերու երկունքէն ծնած` ստրկութեան դէմ ծառացող Վահագնեան Ուժ`

Դաշնակցութիւն, դաշնակցական հայդուկ, դաշնակցական մարտիկ, դաշնակցական բանակ: Դարերու մութին վերեւ ծիածանուող ազատութեան դրօշակ, մա՛հ կամ ազատութեան գերագոյն երկընտրանք ու վճիռ:

Ահա՛ վկայականը մեր ծննդեան:

Հայ ժողովուրդի հարազատ զաւակ:

Հայոց պատմութեան նոր Սասունցի Դաւիթ, ազատութեան ջահակիր, տաք ու պաղ օրեր տեսած հայածին կազմակերպութիւն, յաղթահասակ, Հայկի նման կանգնած` բոլոր Բէլերուն դիմաց, կորովաբիբ հայեացքով, անձնուրաց նուիրումի սրբազան պատարագին մէջ, հայ ժողովուրդի ազատութեան զոհասեղանին առջեւ միշտ պատրաստ տալու պատմութեան հարկը, ազատախռով նոյն ոգիով, որ ժառանգած է իր ժողովուրդէն, անոր գոյութեան գաղտնիքէն:

***

Անդրադարձի ու սրբազան ուխտի վերանորոգման օրն է այսօր: Մեր ծանօթ ու անծանօթ, մեր անուանի ու անանուն նահատակներուն, դիւցազնատիպ հսկաներուն եւ խոնարհ հերոսներուն ոգեկոչման ընդմէջէն, դաշնակցական մարդը, դաշնակցական երիտասարդը, դաշնակցական պատանին նոր խոյանքներու ի խնդիր ջլապնդող` ներշնչումի, առինքնող հաղորդումի պահն է դարձեալ:

Այդ ներշնչումէն կը ստանանք մեր պատգամը, այդ հաղորդումէն կը փոխանցուի մեզի մեր առաքելութիւնը:

Ու այդ պատգամը կ՛ըսէ.

Հայ կեանքը այսօր կը ճանչնայ մէկ չափանիշ: Իւրաքանչիւր հայու ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ չափելու մէկ միջոց կայ: Հայ մարդը կա՛մ մեզի հետ է, կը ձգտի իր հայրենիքին ազատութեան եւ անոր անկախ պետականութեան, կա՛մ մեզի դէմ` ամէն գոյնի բռնակալներու հետ: Ուրիշ ճամբայ չկայ: Մեր ճակատագիրը այս պարտադրանքը դրած է մեր վրայ, եւ մենք կը խոնարհինք անոր առջեւ:

ՄԵԶԻ ՀԱՄԱՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ ՍԵՐՏՕՐԷՆ ԿԱՊՈՒԱԾ ԿԸ ՄՆԱՅ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԳԱՂԱՓԱՐԻՆ:

ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ ՀԱՅ ԱՆԿԱԽ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՄԲ ՄԻԱՅՆ ԸՄԲՌՆԵԼԻ Է ԵՒ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ:

Հայը, ՀՅ դաշնակցութեան կերտած հայը, երբ առիթը ներկայացաւ, փաստեց, թէ ինչպէ՛ս կրնայ շահիլ իր պետական անկախութիւնը եւ պահել զայն:

Այսօր Դաշնակցութիւնը անհուն գոհունակութեամբ կը հաստատէ ընդհանրացումը իր գաղափարներուն` սփիւռքի թէ հայրենիքի մէջ, ուր մեր ստեղծագործ ժողովուրդը վաղուան իր յոյսերուն միակ ապաւէնը կը դաւանի մեր կազմակերպութիւնը` իր մէջ անշէջ պահուած կրակին հարազատ արտայայտիչը, ազատ ու անկախ ապագայի մը անվրէպ կռանողը:

Ա՛յս է իրականութիւնը, ու մարդիկ, ո՛վ ալ ըլլան, անզօր են այս իրականութեան առջեւ: Յիսուն տարիներու փորձը կու տայ այս անզօրութեան փաստը, մեր զօրութեա՛ն փաստը, զոր չտեսնել միայն կամաւոր կոյրերուն յատուկ է:

Եօթանասունեօթը տարի առաջ Դաշնակցութեան հիմնադիրները վճռած էին ազատութեան շնորհաբեր լոյսով ողողել Հայաստան աշխարհը: Այսօր անոնց հաւատարիմ ժառանգորդները, աւելի քան երբեք, վճռական են այդ նպատակին իրագործման մէջ:

Անթիւ ու անհամար մեր նահատակներուն արիւնագիր մուրհակով կը ներկայանանք պատմութեան եւ աշխարհին` անտեղիտալիօրէն պահանջկոտ, ինքնավստահ եւ արի:

Ու կը հաւատանք: Կը հաւատանք` ժողովուրդները կանգուն պահող անիմանալի ուժին ամբողջ զօրութեամբ, մեր փառապանծ անցեալին վկայութեամբ եւ ներկայի մեր կուռ շարքերով:

Պիտի գայ օրը, ու պիտի վճարուի գինը թափուած անհաշիւ արիւններուն:

Ճակատագրին դէմ ու մարդոց` ահա՛ մեր կոչը, որ այսօր կ՛արձագանգէ գաղթաշխարհի մէկ ծագէն միւսը ու կը հասնի հոն, ուր ազատատենչ ժողովուրդ մը լուռ իր Մեծ Երազին կարօտով կը պայքարի:

Այդ Երազին համար, մեր վսեմ նպատակին համար, ժողովուրդին համար, որ մեզ ծնաւ, հայրենիքին համար, որ մեզ ապրեցուց, դաշնակցական մարդը պատրաստ է տալու իր արեան վերջին կաթիլը:

Կու գայ օրը, ու այս սերունդը, որ ծնաւ օտար ափերու վրայ, հայրենիք չտեսաւ, Արարա՛տ չտեսաւ, հայրենիքին տեսիլքով, Արարատը իր հոգիին մէջ` «Պատրա՛ստ» կը պատասխանէ պատմութեան կոչին:

Մենք այդ սերունդին հաւատացողն ենք, մեր պատմութեան հաւատացողն ենք:

Մեր անմահութեա՛ն հաւատացողը:

Այդ հաւատքը մեր ուժն է, լեռներն ու լեռնացած բռնակալութիւնները ցնցող ուժ, որ կար երէկ, կայ այսօր, պիտի ըլլայ վաղը:

Վաղը` երբ ազատութեան շեփորները հնչեն ու Դաշնակցութիւնը կատարած ըլլայ պատմական իր առաքելութիւնը, հայութեան ընծայելով իր Մեծ Երազը`

ՄԻԱՑԵԱԼ, ԱԶԱՏ ՈՒ ԱՆԿԱԽ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

«Մարդ Ամէն Ինչ Պիտի Ստանայ Ժամանակին` Ե՛ւ Օրօրոցայինը, Ե՛ւ Առաջին Հեծանիւը…» Մհեր Մկրտչեան

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?