Լոնտոնի Հայոց Նոր Եկեղեցին
Լոնտոնի հայկական գաղութին համար աննախընթաց եւ անմոռանալի օր մը եղաւ 26 նոյեմբերի կիրակին:
Նախ եւ առաջ անհրաժեշտ կը նկատենք այստեղ արձանագրել, որ Լոնտոնի ծանօթ տխուր դէպքերը տարիներ շարունակ ալեկոծելէ ետք այս նորակազմ գաղութին եկեղեցական կեանքը, ան վերջնականապէս բաղձալի հունի մը մէջ կը մտնէր, երբ 7 հոկտեմբերին, լոնտոնահայութիւնը ընտրելէ ետք իր Համայնքային եւ եկեղեցական խորհուրդը` շուտով իր վաւերացումն ու օրհնութիւնը կը ստանար հոկտեմբեր 20-ին, Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսէն: Արդ, Ազգային սահմանադրութեան ոգիէն բխող կանոնագրութեամբ մը յառաջ եկած այս մարմինը առաջին օրէն ամէնուս այն յոյսը կը ներշնչէր, թէ իբրեւ գաղութ կազմակերպումի նուիրական պայքարին մէջ ի վերջոյ այս գաղութն ալ վճռական ու գործնական քայլեր կ՛առնէր հայ կեանքը ամուր հիմերու վրայ դնելու համար:
Թէ ինչպէս Ամենայն Սրբոց եկեղեցին տրամադրուեցաւ հայ համայնքի գործածութեան համար, երկար պատմութիւն է. սակայն հոս էական է յիշել, որ այս ուղղութեամբ բանակցութիւններ կը կատարուէին Լոնտոնի եպիսկոպոսին եւ Պսակ արքեպիսկոպոսի միջեւ, վերջին վեց ամիսներու ընթացքին: Այս յաջողութիւնը ամէնէն առաջ կը պարտինք Անկլիքան եկեղեցւոյ` մեր եկեղեցւոյն հանդէպ ունեցած համակրանքին եւ ապա Պսակ սրբազանի եւ գաղութի միացեալ ջանքերուն:
1922-էն ի վեր գոյութիւն ունեցող Ս. Սարգիս եկեղեցին, հակառակ այն իրողութեան, որ անցնող 45 տարիներու ընթացքին ծառայած էր իբրեւ եկեղեցի տեղւոյն փոքրաթիւ գաղութին, համայնքիս տակաւ աճող թիւին պատճառով եւ, մանաւանդ, վերջին տխուր իրադարձութեանց բերումով, ստիպողաբար անհրաժեշտ կը դառնար համայնքային եկեղեցի մը ունենալու պահանջը, այդ եկեղեցւոյն շուրջ կազմակերպելու համար համայնքիս կրօնական եւ ազգային կեանքը:
Ուստի, 26 նոյեմբերի առաւօտուն, ժամը 11:30-ին, երբ Ամենայն Սրբոց հսկայական եւ մեծ եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ հայկական անդրանիկ Ս. պատարագը` շուրջ 600 հայ հաւատացեալներու ներկայութեան, այն համոզումը ունեցանք, որ դրուած էր գեղեցիկ սկիզբ մը լոնտոնահայ կեանքին մէջ:
Ներկայ էին նաեւ օտար ականաւոր անձնաւորութիւններ:
Պատարագիչն էր Պսակ արք. Թումայեան: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբաններէն Կորիւն վրդ. Գոճապապեան կը սպասարկէր Ս. սեղանին:
«Հայր մեր»-էն առաջ սրբազանը խօսեցաւ ոգեշունչ քարոզ մը:
Քարոզի աւարտին կարդաց Վազգէն վեհափառի շնորհաւորութեան եւ օրհնութեան հեռագիրը, յղուած` յատկապէս այս առիթով:
Անգլերէնի թարգմանեց հեռագրին այն բաժինը, ուր շնորհակալութիւն կը յայտնուէր Քենթըրպըրիի արքեպիսկոպոսին, Լոնտոնի եպիսկոպոսին եւ Ուիլըզտընի եպիսկոպոսին:
Դպրաց դասը, ղեկավարութեամբ Ստ. Յովհաննէսովի եւ ընկերակցութեամբ մեծ երգեհոնի, կատարեց Ս. պատարագի երգեցողութիւնները` խորունկ տպաւորութիւն թողլով օտար հիւրերու վրայ, որոնք յաւարտ Ս. պատարագին` իրենց հիացումն ու զմայլանքը յայտնեցին: Տպաւորիչ էր նաեւ սրբազան հօր կատարած ուխտը Ս. սեղանին առջեւ:
Պսակ արքեպիսկոպոս, թէեւ` կաթողիկոսական պատուիրակ, սակայն վերջերս ընտրուեցաւ նաեւ հոգեւոր տեսուչ Լոնտոնի հայութեան` ըստ նոր կանոնագրութեան, ու այս առիթով, ան երդում կ՛ընէր հաւատարիմ մնալ տեղական կառավարութեան, Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին, Հայց. եկեղեցւոյ կարգաց ու կանոնաց, ու հսկել համայնքին կանոնագրութեան ուղիղ գործադրութեան:
Այնուհետեւ հիւրերը առաջնորդուեցան «Քենզինկթըն փալաս» պանդոկը, ուր տրուեցաւ ճաշկերոյթ մը, եւ ուր արտասանուեցան ճառեր այս նշանակալից օրուան առիթով: Խիստ խանդավառիչ էր լսել Քենթըրպըրիի արքեպիսկոպոսին նամակը, որ կարդացուեցաւ իր ներկայացուցիչին կողմէ, եւ ուր արքեպիսկոպոսը, քաղաքէն բացակայութեան պատճառով, անձամբ չկարենալով ներկայ ըլլալ արարողութեանց, իր համակրանքն ու խնդակցութիւնները կը յայտնէր ու Աստուծոյ օրհնութիւնը կը հայցէր հայ համայնքին համար, յոյս յայտնելով, որ նոր եկեղեցին իսկապէս եւ շուտով դառնար իբրեւ կեդրոն հայ հոգեւոր կեանքի:
Փակելէ առաջ այս հակիրճ տողերը` պիտի փափաքէի անգամ մը եւս ընդգծել այն իրողութիւնը, որ նոյեմբեր 26-ի խանդավառիչ կիրակին սկզբնաւորութիւնն է լոկ աւելի լայն գործունէութեան այն ծրագրին, որուն հեռանկարով ճամբայ ելած են Պսակ սրբազան եւ իր գործակիցները:
ԹՂԹԱԿԻՑ
27 նոյեմբեր 1967
Լոնտոն
Նշմար
Ծաղկեպսակ
Հաշուեյարդար. ի՞նչ մնաց, կեանքէն ինծի ի՞նչ մնաց,
Ինչ որ տուի ուրիշին, տարօրինա՜կ, ա՛յն միայն:
Վ. Թ.
Շաբաթ օր «Ազդակ»-ի ընթերցողները խորունկ կսկիծով իմացան Սոֆիա Յակոբեանի մահուան բօթը:
Նոյն յուզումով համակուեցան հաւանաբար բօթին ականջալուր միւս գաղութներուն հայերը, բոլո՛ր հայերը:
Որովհետեւ, մանաւանդ վերջին տարիներուն, Սոֆիա Յակոբեան կը վայելէր համազգային յարգանք մը` ի շարս այն ընտիրներուն, որոնք առանց սակարկութեան ազգին շռայլեցին իրենց երիտասարդութիւնը, տաղանդը կամ տարիներու վաստակը:
Ընծայելու հաճոյքը մարդկային կազմուածքին ամէնէն ուժգին բխումներէն մէկն է անտարակոյս, եւ այլասիրութիւնը մաս կը կազմէ անոր շաղախին: Անշուշտ բոլոր ազգերուն չի վերաբերիր այս հաստատումը, բայց մեր արիւնը կրող մարդոց համար անվիճելի է ճշմարտութիւնը: Հայ մարդը, այն, որ ամբողջովին կրցած է արժանի մնալ իր կոչումին, հա՛յ մարդը յանձնապաստան չի կրնար մնալ ու քանքարաթաքոյցի նկարագիրը անհաշտ է իր բնաւորութեան: Հասնիլ ուրիշին, բաշխուիլ այլոց, զոհաբերել: Այսպէս եղած է հայ մարդը: այսպէս է հիմա՛: Մեր պատմութիւնը եւ այժմու իրականութիւնը բազում վկայութիւններ արձանագրած են անոր արիւնին մէջ խլրտող այդ անդիմադրելի մղումին հաշուոյն: Հերոսը իր արիւնը կու տայ այդ պապակով, բանաստեղծը` իր տաղանդը, հարուստը` իր գանձը, աղքատը` իր քրտնաթաթախ լուման, հաւաքաբար կանգուն պահելով այն ամբողջութիւնը, որ հայութիւն կը կոչուի ու հրաշք կը թուի աշխարհի աչքին:
Հայութիւնը խորհրդանշող այդ ընտրելագոյն անձնաւորութիւններէն մէկը եղաւ նորոգ հանգուցեալ բարերարուհին: Ամէն անկիւն, ուր հայեր կային ու ազգը պահող միջոցներու պակասը կար` Հիւսիսային Ամերիկայէն մինչեւ Յունաստան ու մինչեւ Պէյրութ, Սոֆիա Յակոբեան անունով ծանօթ ազնուասիրտ այս անձը ամենահաս ոգիի մը պէս ներկայ եղաւ միշտ եւ առատաձեռնութեամբ բաշխեց իր ամուսնոյն` մեր ընկերոջ տաղանդով ու քրտինքով կուտակուած հսկայ վաստակը:
Սոֆիա Յակոբեանի դերը նախախնամական եղաւ ի մասնաւորի նոր օրերու վտանգները դիմագրաւելու կոչուած մեր նոր մարտկոցներուն` դպրոցներուն առնչութեամբ: Դպրոցներ զօրացուց Սոֆիա Յակոբեան, ըրաւ աւելի գեղեցիկը, իր անունով դպրոցներ կառուցել տուաւ հոս ու հոն, որոնց համար այժմէն երախտապարտ է իրեն ազգը, երախտապարտ պիտի մնայ վաղը, յաւիտեան…
XX