Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (7 Դեկտեմբեր 1967)

Դեկտեմբեր 7, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նշմար

Խտութեան Համար

«Il est tourjours facile
d’être long, mais être
court prend du temps»
ALAIN

Կարճ գրելու կամ երկար գրելու, քիչ խօսելու կամ շատ խօսելու հակումները միշտ բերուած են սեղան եւ այդ երկո՛ւ ոճերն ալ ունեցած են իրենց թունդ ներկայացուցիչները:

Մարդոց ու ժողովուրդներու որակական արժէքը յստակ ընծայող ուրիշ բազում երեւոյթներու կարգին` փորձաքարի դերեր կարելի է վստահիլ նոյնպէս կարճ խօսքին ու երկար խօսքին:

Շատախօսութիւնը ընդհանրապէս փոքր ժողովուրդներու տկարութիւնն է եւ փոքր ժողովուրդներու քիչ մշակուած մարդոց վաստակը: Մեծերը կը խորշին անկէ: Մեծերուն մէջ մենք ըստ բաւականին կը ճանչնանք ֆրանսացիները եւ ֆրանսացիները խտութեան ախոյեաններ են: Քիչ բառերով շատ բան կ՛ըսեն գրողները, քիչին մէջ դրուած շատը շո՛ւտ կը հասկնան ընթերցողները: Յիշեցէք Պորտոյի  համալսարանին փիլիսոփայութեան դասախօս Ռոպէր Էսքարփին, յիշեցէք «Լը Մոնտ»-ի սեղմ սիւնակներուն մէջ օրը օրին ստորագրած իր 10-15 տողնոց գրութիւնները, որոնց անձկութեամբ կը սպասեն ու կը հետեւին բազմահազար ընթերցողներ:

Անշուշտ, դիւրութեամբ չեն արտասանուիր, գրուի՛ր խիտ նախադասութիւնները: «Երկար ըլլալը միշտ դիւրին է, կարճ ըլլալը, սակայն, ժամանակի կը կարօտի», կ՛ըսէր մեր դարու փիլիսոփաներէն Ալէն` իր աշակերտներուն:

Խտութեան հարցին վերաբերող համակող խօսք մը ունի նաեւ աւստրիացի դիւանագէտ Մեթերնիխը: Իր գրած նամակներէն մէկուն երկարութենէն ահաբեկ` դիւանագէտը, յետ գրութեամբ մը կը յիշեցնէր իր բարեկամին. «Նամակս երկար եղաւ. ներողամիտ եղիր ատոր համար, որովհետեւ ժամանակ չունէի…»:

Թէ՛ Ալէն, եւ թէ Մեթերնիխ նոյն բանը կ՛ըսեն, կ՛ընդգծեն խտութեան արժէքը, խօսքին ուժականութիւն տուող յատկանիշը, որ կը ստացուի երկար ժամանակով, երկար երկունքով, զտելով, բիւրեղացնելով, լեցուած թուղթը ու թուղթին հետ ինքզի՛նքդ պատռտելով:

Մեծ բանաստեղծները, մեծ հրապարակագիրները, մեծ բեմասացները իրենց մեծութեան մէկ տոկոսը կը պարտին այդ երկուքին, ձեռք բերուած խտութեան, խտութեան արժանիքին:

Ալէնի դասը եւ Մեթերնիխի դասը անարձագանգ պէտք չէ մնան մեր մէջ:

Խօսքի առատութիւնը խելքի առատութեան նշան չէ, կ՛ըսեն, ու անպայման ճի՛շդ կ՛ըսեն: Խելքը խտութեան տարազին մէջ միայն կրնայ տեղ հասնիլ:

XX

Պէյրութ Եւ Լիբանան

Աւազակներ Ու Գողեր
Գործի Անցած Են

Ոճիրներու շարքը կ՛երկարի Լիբանանի մէջ, մինչ ներքին գործոց նախարարը զանազան յայտարարութիւններ կ՛ունենայ ապահովութեան գոհացուցիչ վիճակին մասին: Ոճրագործները ցոյց կու տան զարմանալի յանդգնութիւն մը, վստահ` թէ անպատիժ պիտի մնան:

Երէկ Ֆրըն Էլ-Շըպպեքի մէջ, գողեր մտած են Ըսթեֆան հաստատութիւնը եւ 50,000 լ. ոսկի արժէքով դրամ եւ առարկաներ տարած են: Ժտէյտէթ Էլ Մեթնի մէջ աւազակներ մտած են տուն մը եւ ատրճանակի սպառնալիքով, կողոպտած են Մանսուր Հաննայի տունը:

Ձիւն` 1200 Մեթր Բարձրութենէն
Սկսեալ

Օդերեւութաբանական սպասարկութեանց համաձայն, այսօր երկինքը պիտի ըլլայ ամպոտ: Անձրեւը պիտի շարունակուի, իսկ 1200 մեթր բարձրութենէն սկսեալ, պիտի ձիւնէ: Երբեմն հովը պիտի սաստկանայ եւ փոթորիկի նախանշաններ կան:

 

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի
Ճաշկերոյթ – Պարահանդէսը

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի ճաշկերոյթ-պարահանդէսը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 25 նոյեմբերի երեկոյեան, «Քարլթոն» պանդոկի սրահներուն մէջ, հովանաւորութեամբ Մեթնի պետական երեսփոխան Անտրէ Թապուրեանի եւ նախագահութեամբ պետական ճարտարագէտ Միշէլ Մըրի:

Վարչութիւնը ճիգ չէր խնայած հաճելի մթնոլորտ մը ստեղծելու համար:

Ժամը 10:30-ին ժամանեցին պատուոյ հիւրերը եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Յակոբ Աշճեանը: Յատուկ գնահատանքով պէտք է յիշատակել, որ ձեռնարկի յաջողութեան մէջ մեծ բաժին ունեցաւ յարգելի քաղաքապետը:

Վարչութեան կողմէ ուղերձ կարդաց Եփրեմ Քէնտիրճեան:

Ներկաներուն խանդավառութիւնը կատարեալ էր: Նախ տեղի ունեցաւ Պէյրութի եւ Պուրճ Համուտի ազգայիններու կողմէ տրամադրուած նուէրներուն վիճակահանութիւնը: Ապա` ամերիկեան աճուրդը, որուն նուէրը (թիկնաթոռներու սթիլ ոճով կէս սեթ)  տրամադրած էին «Ճիփքօ» հաստատութեան սեփականատէր Աբգարեան եղբայրները:

Գօթիյյոնները, որոնք ձրիօրէն բաժնուեցան, նուիրած էր «Տիքսի» հաստատութեան տէր եւ տնօրէն Ժորժ Թորոսեան: Բաժնուեցան նաեւ «Տիքսի» փոշի օճառի մէկական տուփ: «Շիրակ» հաստատութեան կողմէ բաժնուեցան «Շիրակ» վաճառանիշով շրթունքի ներկեր:

«Գուսան» նուագախումբի ստեղծած հայկական մթնոլորտը եւ երգիչ Լեւոն Գաթրճեանի ելոյթը ջերմօրէն գնահատուեցան:

Պարն ու խանդավառութիւնը շարունակուեցան մինչեւ առաւօտեան ժամերը: Ներկաները պարասրահէն մեկնեցան թէ՛ նիւթապէս եւ թէ բարոյապէս ՀՄԸՄ-ին օժանդակած ըլլալու գոհունակութեամբ:

ԵՓՐԵՄ

Նախորդը

29 Տարի Առաջ, Այս Օրը… Սպիտակի Երկրաշարժը

Յաջորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Գիւմրի Սպիտակ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?