Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (4 Դեկտեմբեր 1967)

Դեկտեմբեր 4, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ալիք»-ի Նոր Տունը

Թեհրանի «Ալիք» օրաթերթը օժտուած է արդիական ու շքեղ նոր շէնքով մը:

«Ալիք»-ի նոր շէնքը, որ կը լրացնէ արդիական բոլոր պայմանները, կու գայ նոր թափ մը ընծայելու հայ նոր սերունդի դաստիարակչական գործին: Հայ պատանիներ, ասկէ ետք, լաւագոյն ձեւով պիտի կրնան օգտուիլ «Ալիք»-ի նոր տունէն:

Անոր դուռերը, ինչպէս անցեալին, նաեւ ասկէ ետք բաց պիտի ըլլան բոլոր հայորդիներուն առջեւ: Արդարեւ, «Ալիք»-ի տունը եղած է մի՛շտ հարազատ, մի՛շտ տաքուկ, մի՛շտ հայրենաշունչ:

Հայ պատանեկութիւնը «Ալիք»-ի տան մէջ կը գտնէ իր ապրումներուն, ըմբռնումներուն եւ նպատակներուն իրականացման իբրեւ հայակերտ կեդրոն, մեծ ներշնչարան եւ սերունդ դաստիարակելու իրա՛ւ դարբնոց:

 

ՀՅ Դաշնակցութեան Օրը
Փարիզի Մէջ

Նոյեմբեր 25-ին, Փարիզի 10-րդ թաղամասի սրահներուն մէջ, ՀՅ Դաշնակցութեան 77-րդ տարեդարձը, տօնուած է խանդավառ եւ խուռն բազմութեան մը ներկայութեան:

Նախագահած է Խ. Մկրտիչեան:

Վայրկեան մը յոտնկայս յարգուած է յիշատակը ՀՅ Դաշնակցութեան նուիրեալներուն:

«Նոր սերունդ»-ին կողմէ գրաւոր ուղերձ մը կարդացած է Արա Գրիգորեան: «ՀՅ  Դաշնակցութեան «Նոր սերունդ»-ը,- ըսած է երիտասարդ ընկերը,- հաւատարմօրէն պիտի ծառայէ իր մայր կազմակերպութեան եւ Հայ դատին` բերելով իր անվերապահ մասնակցութիւնը»:

Բանախօսած են Կարօ Յովսէփեան (Մարսէյէն) եւ Յովիկ Եղիազարեան:

Ի միջի այլոց անոնք ըսած են.

Կարօ Յովսէփեան.- «Դաշնակցութեան օրը տօնն է ապրող սերունդին, սերունդ, որ աննկուն կերպով կը շարունակէ գործը անդարձ մեկնողներու: Հայ դատի հետապնդման յառաջապահն է Դաշնակցութիւնը` իր հաւատքի զօրութեամբ»:

Յովիկ Եղիազարեան.- «Աւարայրէն մինչեւ այսօր մենք չենք հանդուրժած բռնակալութիւնը եւ այժմ եւս մենք չենք կրնար հանդուրժել ո՛չ Թուրքիոյ, ո՛չ ալ համայնավար վարչակարգը: Դաշնակցութեան կամքը այսօր աւելի քան երբեք ժայռի նման է եւ կու գայ ըսելու, թէ ինչպէս անցեալին, այնպէս ալ ապագային պիտի մնայ հայ ժողովուրդի կողքին, որպէսզի պանծայ մեր խնկելի հայրենիքը»:

Գործադրուած է նաեւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը:

Հանդէսի պաշտօնական բաժնին յաջորդած է պարահանդէս: Խրախճանքը, պարերն ու կերուխումբը տեւած են մինչեւ առաւօտ, խանդավառութեան մէջ:

 

Հայ Դատի Յանձնախումբին Յուշագիրը
Յանձնուեցաւ Ու Թանի Եւ 122
Պետութեանց

Պատերազմական Ոճրագործներու Եւ Մարդկութեան Դէմ
Ոճիրներու Մասին Պատրաստուելիք Ուխտը
Պէտք Չէ Սահմանափակուի

(Սեփական Թղթակցութիւն)

Հայ դատի յանձնախումբը այսօր յուշագիր մը յանձնեց ՄԱկ-ի ընդհ. քարտուղար Ու Թանին ու ՄԱԿ-ի անդամ 122 պետութեանց եւ չորս ոչ անդամ դիտող պետութեանց: Վեց էջնոց այս յուշագիրը «Պատերազմական ոճրագործները եւ պատերազմական ոճիրները մարդկութեան դէմ հարց»-ին շուրջ է:

ՄԱԿ-ի Ընդհ. ժողովի 3-րդ (մարդկային, մշակութային, ընկերային) յանձնախումբը այժմ այս հարցով կը զբաղի ու ընտրած է իր 122 անդամներէն 15 հոգինոց յանձնախումբ մը, որպէսզի զբաղի այս հարցի մասին պատրաստուելիք ուխտին ծրագիրով:

Հայ դատի յուշագիրը ստորագրուած է Հայ դատի յանձնախումբին ատենապետ Արմէն Շամամեանի եւ քարտուղար Թաթուլ Սոնենց Փափազեանի կողմէ:

Հայկական յուշագիրը կը պաշտպանէ այն տեսակէտը, թէ ուխտը պէտք չէ ժամանակ սահմանէ ոճրագործներու պատժին մասին:

Ոճրագործները պատժուելու են միջազգային օրէնքի համաձայն, իրենց գործած ոճիրներուն համար` անցեալին, ներկայիս եւ ապագային:

ՄԱԿ-ի շրջանակները եւս մեծամասնաբար այս տեսակէտը կը պաշտպանեն: Կան սակայն երկիրները, որոնք դէմ են:

ԼԵՒՈՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

 

Ծ. Խ.- Հայ դատի յանձնախումբը նկատի ունի այս օրէնքին միջոցով դատապարտութիւնը` Մեծ եղեռնի թուրք ցեղասպաններուն:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Վալանսի Միօրեայ Վարժարանի Հողին Օծումը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?