Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (6 Դեկտեմբեր 1967)

December 6, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան» Քոլեճի
Ծնողական Ա. Ժողովը

Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան ազգային քոլեճի ուսումնական 1967-1968 տարեշրջանի ծնողական Ա. ժողովը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 1 դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, քոլեճի հանդիսասրահին մէջ:

Ներկայ էին բոլոր ծնողները: Ուշագրաւ եւ տպաւորիչ երեւոյթ մը արդարեւ, արժանի` գնահատանքի, երբ հայրեր եւ մայրեր, գաւաթ մը թէյի կամ սուրճի հիւրասիրութեամբ, մտերիմ եւ սրտբաց զրոյց կ՛ունենան ուսուցիչներու հետ: Կը հետաքրքրուին իրենց զաւակներուն ուսումնական աշխատանքներով, անոնց կենցաղավարութեամբ եւ վարքով, անոնց նախասիրութիւններով:

Աւելի քան ժամ մը տեւող ծնողներու եւ ուսուցիչներու կարծիքներու փոխանակումէն ետք, տնօրէն Կարապետ Պետրոսեան տուաւ իր առաջին զեկուցումը` աշակերտութեան ուսումնական վիճակի մասին: Ներկայացուց քոլեճին պահանջները աշակերտութենէն եւ ծնողներէն: Բացատրեց նաեւ քոլեճին օրէնքները:

Ծնողները գոհ տրամադրութեամբ մեկնեցան սրահէն:

Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի արձանագրած շատ պատուաբեր յաջողութիւնը Պըրեւէի քննութեանց մէջ լաւագոյն ապացոյցն է, անկասկած, քոլեճին մէջ տարուած հետեւողական լուրջ աշխատանքին: Այս աշխատանքը առաւել ճիգով կը շարունակուի նաեւ այս տարեշրջանին:

Արդարեւ, քոլեճին արձանագրած յաջողութիւնը անվերապահօրէն գնահատուեցաւ: Տնօրէնութեան զեկուցումէն յայտնի եղաւ, որ այս տարեշրջանին, հարկադրաբար, վերջին 19 արձանագրուողները ընդունուած չեն տեղի չգոյութեան պատճառով:

Որպէսզի Պուրճ Համուտի հայահոծ շրջանին մէջ Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճը իր ձեռք բերած յաջողութեան հետ ամբողջական ձեւով մը պսակէ իր առաքելութիւնը, անհրաժեշտ է, որ միջոցներ ստեղծէ եւ գիրկ բանայ իրեն դիմող բոլոր ուսումնատենչ պատանիներուն եւ պարմանուհիներուն:

ՀՐԱԶԴԱՆ

 

Պասրա – Իրաք

Գրական Երեկոյթ

Նախաձեռնութեամբ Պասրայի Հայ երկսեռ երիտասարդաց միութեան մշակութային յանձնախումբին, նոյեմբեր 24-ին տեղի ունեցաւ գրական երեկոյթ մը` նուիրուած Խրիմեան Հայրիկի մահուան 60-ամեակին:

Խուռներամ բազմութիւն մը, եկած` գաղութի զանազան շրջաններէն, լեցուցած էր միութեան ընդարձակ սրահը:

Երեկոյթը բացուեցաւ «Տէ՛ր, կեցո՛ դու զհայս» խմբերգով:

Լեւոն Մ. Պօղոսեան լայն գիծերու մէջ տուաւ Խրիմեան Հայրիկի կենսագրականը եւ վեր առաւ ու դրուատեց անոր հասարակական, ազգային, գրական, քաղաքական եւ կրօնական գործունէութիւնը: Մէջբերումներով ներկայացուց նաեւ Խրիմեանի գրական ճոխ վաստակը:

Մեներգեցին` Ազատուհի Կարապետեան` «Կռունկ»-ը, Սոնիկ Տէր, Ղուկասեան` «Տլէ եաման»-ը, Ռուբէն Մնացականեան` «Վարդ բացուեցաւ Վանայ քաղքին»-ը եւ Ժիրայր Կարապետեան «Հայրիկ, Հայրիկ»-ը:

Երգչախումբը խմբերգեց ութ երգ: Մեներգներուն եւ խմբերգներուն դաշնակով ընկերակցեցաւ Վաղարշակ Պետրոսեան:

Շողիկ Տէր Ղուկասեան կարդաց Խրիմեանի «Պատառիկներ»-ը, իսկ Անդրանիկ Մուրատեան` «Երկաթէ շերեփ»-ը եւ «Պապկէ պսակն ի դաշտ»-ը:

Բանախօսն ու գեղարուեստական յայտագրին մասնակցողները գնահատուեցան եւ արժանացան երկարատեւ ծափերու:

ՎԱՐՈՒԺԱՆ ԽԱՆԲԷԿԵԱՆ

 

Ակնարկ

Գործը Եւ Քաղաքականութիւնը

Անցեալ շաբաթ Միացեալ Նահանգներու մէջ պատահեցաւ կարեւոր դէպք մը, որ ուշադրութենէ պէտք չէ վրիպի:

Պաշտպանութեան նախարար Ռապըրթ Մեքնըմերա, որ 1961-էն ի վեր կը վարէր Փենթակոնը, ընտրուեցաւ նախագահ Համաշխարհային դրամատան:

Աւելի ճիշդը` հեռացաւ իր պաշտօնէն, չդիմանալով զինուորականներու ճնշումին, որոնք կ՛ուզէին շարունակել մագլցումի ճամբան եւ ի վերջոյ ամբողջական պատերազմի ձեռնարկել Հիւսիսային Վիեթնամի դէմ:

Մեքնըմերայի հեռացումով Ճոնսընի վարչութեան մէջ կը մնայ միայն մէկ հոգի, որ այժմու նախագահը ժառանգած ըլլայ իր նախորդէն` Տին Ռասքէն, որուն հեռացման մասին եւս շշուկներ կը տարաձայնուին:

Ինչ կը վերաբերի Ռապըրթ Մեքնըմերայի, ընդհանուրի կարծիքով, անոր գործը պիտի մնայ, բայց քաղաքականութիւնը պիտի փոխուի:

Գո՞րծը: Մեքնըմերա Փենթակոնը վերածած է «մտածող մեքենայ»-ի մը, ուր բոլոր հարցումները կը գտնեն իրենց ճշգրիտ պատասխանը:

Քաղաքականութիւ՞նը: Վիեթնամի պատերազմը պահել իր այժմու սահմաններէն ներս եւ համոզել թշնամին, որ շահ մը չունի Միացեալ Նահանգներու հետ չափուելու իր յամառութեան մէջ:

Այս քաղաքականութիւնը կրնայ փոփոխութեան ենթարկուիլ, որովհետեւ ամերիկացի ժողովուրդը անհամբեր է: Հանոյը համոզելու ժամանակը երկար կը թուի իրեն, սուղ կը գտնէ պատերազմը` մարդկային ու նիւթական տեսակէտէն: Հետեւաբար կը պահանջէ Ամերիկայի ուժին համապատասխան հարուած մը, որ կարճ ժամանակի ընթացքին ծունկի բերէ թէ՛ Վիեթքոնկը եւ թէ՛ Ժիափի բանակները:

Մեքնըմերայի մեկնումը զինուորականներուն փափաքած չափով փոփոխութեան պիտի ենթարկէ՞ պատերազմի ընթացքը: Այս հարցումը ցարդ պատասխան չգտաւ  ռազմադաշտի վրայ, ուր մագլցումի աստիճանը մնաց նոյնը: Կրնայ գտնել սակայն յառաջիկայ տարուան ընթացքին, քանի մօտենան նախագահական ընտրութիւնները, որոնց գլխաւոր առանցքը պիտի հանդիսանայ Վիեթնամի պատերազմը:

X

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

«Արթ Թերափի» Նիւթով Դասախօսութիւն

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.