Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (28 Նոյեմբեր 1967)

November 28, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յայտարարութիւն

ՀՄԸՄ-ի Մերձաւոր Արեւելքի Շրջանային 17-րդ պատգամաւորական ժողովը միաձայնութեամբ որոշեց 1968-ը յայտարարել միութեանս յիսնամեակի ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ տարի եւ պարտք դրաւ նորընտիր Շրջանային վարչութեան վրայ` կարեւորութեամբ յանձնարարել լիբանանեան եւ արտալիբանանեան բոլոր մասնաճիւղերուն, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄ-ական քոյր կազմակերպութեանց ղեկավար մարմիններուն, յառաջիկայ տարեշրջանի ընթացքին միութեանս մարզական եւ բարոյական բարձր վարկին համապատասխան շքեղութեամբ եւ համազգային տարողութեամբ հանդիսութիւններ կազմակերպել, որոնց ընթացքին ազգապահպանումի եւ հայակերտումի սրբազան գործին: ՀՄԸՄ-ի սպառած յիսնամեայ ճիգերուն եւ անչափելի զոհաբերութեանց եւ ստացուած կոթողական վաստակին հրապարակային հաշուետուութիւնը կատարել: Գործադրել նաեւ միջմիութենական մարզական զանազան հանդիպումներ:

Առ այս, Շրջանային վարչութիւնս, իբրեւ առաջին    ձեռնարկ, որուն պիտի յաջորդեն ուրիշներ, հանրութեան կը ներկայանայ շքեղ կազմով եւ ճոխ բովանդակութեամբ իր ԱԼՊՈՄ ՕՐԱՑՈՅՑով:

ՀՄԸՄ-ով սնած, անով հպարտարող, անկէ ներշնչուող հազարաւոր մեր անդամները եւ համակիրները կը հրաւիրուին հետեւելու մեր ձեռնարկներուն եւ անոնց արձագանգներուն:

ՀՄԸՄ-Ի ՄԵՐՁԱՒՈՐ ԱՐԵՒԵԼՔԻ
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Պէյրութ, 18 Նոյեմբեր 1967

 

ՀՄԸՄ-ի Ալպոմ-Օրացոյցները

ՀՄԸՄ-ի յիսնամեակին առիթով (1918-1968): Շրջանային վարչութիւնը, իբրեւ առաջին ձեռնարկ, հրապարակ հանած է շքեղ կազմով, ճոխ բովանդակութեամբ, գունաւոր ու գեղատիպ ալպոմ-օրացոյցներ:

Կողքերուն, առաջին երես եւ վերջին երես, կապոյտ խորապատկերի վրայ ոսկեգոյն շրջագիծով` ՀՄԸՄ-ի զինանշանը, վարը` ոսկետառ ՅԻՍՆԱՄԵԱԿ:

Զինանշանին մէջտեղը, նարնջագոյն խորապատկերի վրայ` արծաթագոյն ՀՄԸՄ տառերը: Վերի մասը, կարմիր խորապատկերի վրայ` սկաուտական շուշանածաղիկը, որուն մէջտեղը, փոքր շրջանակի մէջ, Մասիսները` արեւածագին: Վարի մասը, գոց կապոյտ խորապատկերի վրայ ՀՄԸՄ-ի նշանաբանը` «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր»: Նաեւ` յաղթական վազքով երկու մարզիկներ, խորհրդանիշ` նուաճուած փառաւոր յիսնամեակի: Խորքի մարզիկը, կուրծքին ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան թուականը` 1918, մշտավառ ջահեր ձեռքին, երկարած է փոխանցելու համար առջեւի մարզիկին: Այս վերջինը, կուրծքին 1968 թուականը, իր կարգին, երկարած է ձեռքը ջահը առնելու եւ շարունակելու համար յաղթական վազքը` նոր նուաճումներու վճռակամութեամբ:

Արդարեւ, արուեստի գեղեցիկ գործ մը:

Ներսի էջերուն, որակաւոր թուղթի վրայ կապոյտ տպագրութեամբ, առաջին էջին` ՀՄԸՄ-ի զինանշանը, երկու թեւերուն «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր» նշանաբանը, որոնց միջեւ շուշանածաղիկով մեծ ու փոքր Մասիսները` գունաւոր ու գեղատիպ: Վարը` նշանաբանը, հեղինակ Պետրոս Ատրունի եւ գովք նշանաբանի` Չիթունի: Ապա ողջոյնի խօսք` ՀՄԸՄ-ի Մերձաւոր Արեւելքի Շրջանային վարչութեան: Խօսքը` ՀՄԸՄ-ի, որ գիտցաւ վառել իւրաքանչիւր հայ երիտասարդի հոգիին մէջ հաւատքի ջահը` «զօրացնելով զայն ո՛չ միայն ֆիզիքապէս, այլ հոգեպէս, գաղափարապաշտ ու հայրենասէր սերունդներ ընծայելով իր ժողովուրդին, որուն ծառայելու կոչումով ճամբայ ելաւ եւ այսօր կը շարունակէ նոյն ճամբան` աւելի՛ հաւատքով, աւելի՛ վճռակամութեամբ», վերանորոգելով սրբազան ուխտը` պայծառ գալիքին անխախտ հաւատքով:

Յաջորդ էջերուն ՀՄԸՄ-ի մշտածածան դրօշակը` դէպի յաղթանակ առաջնորդող Գ. Կառվարենցի «Յառա՛ջ, նահատակ» քայլերգով: Այնուհետեւ, նկարները` հայ մարմնակրթանքի ռահվիրայ եւ ՀՄԸՄ-ի հիմնադիր Շաւարշ Քրիսեանի, ՀՄԸՄ-ի սկաուտական ընդհանուր պետ Գրիգոր Յակոբեանի, ՀՄԸՄ-ի սկաուտական շարժման գաղափարախօս Յովհաննէս Հինդլեանի եւ «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր» նշանաբանի հեղինակ Պետրոս Ատրունիի: Խմբանկար` ՀՄԸՄ-ի սկաուտական անդրանիկ Կեդր. մարմինի, 1921, Պոլիս: Խմբանկարներ` ՀՄԸՄ-ի միջմասնաճիւղային հանդիպումներու փառաւոր տողանցքներէն, ՀՄԸՄ-ի փառքը գովերգող քերթուածներով, բանաստեղծներ` Արմէն Անոյշի, Մուշեղ Իշխանի եւ Կ. Պոյաճեանի:

Ինը էջերով ներկայացուած պատկերազարդ այդ յուշագրութենէն ետք, կը սկսի ամսական դրութեամբ օրացոյցի բաժինը:

Իւրաքանչիւր էջին` ՀՄԸՄ-ի գունաւոր զինանշանը, «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր» նշանաբանով, շուշանածաղիկով եւ Մասիսներով: Իւրաքանչիւր էջին նաեւ վկայութիւն մը յաջորդաբար` Զաւէն Ա. պատրիարքէ, Զարեհ Ա. կաթողիկոսէ, Վազգէն Ա. կաթողիկոսէ, Խորէն Ա. կաթողիկոսէ, Սահակ արք. Կոգեանէ, Շաւարշ Միսաքեանէ, Նիկոլ Աղբալեանէ, Մինաս Թէօլէօլեանէ, Մանուկ Ասլանեանէ, Հրաչ Քաջարենցէ, Կարօ Գէորգեանէ եւ Ճորճ Մարտիկեանէ: ՀՄԸՄ-ի արժէքը եւ գործը վկայող սքանչելի տողեր:

ՀՄԸՄ-ի առաքելութիւնը գնահատող, ՀՄԸՄ-ով հպարտացող իւրաքանչիւր հայ պէ՛տք է ունենայ, կ՛արժէ ունենալ հատ մը արուեստի գեղատիպ այս ալպոմ-օրացոյցէն:

Ամբողջ տարի մը իբրեւ օրացոյց գործածելէ ետք, ձեր ընտանեկան գրադարանին մէջ պիտի ունենաք մնայուն յիշատակ մը ՀՄԸՄ-էն:

ՀՐԱԶԴԱՆ

 

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանին Մէջ Նշուեցաւ Լիբանանի Անկախութեան 74-րդ Տարեդարձը

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.