Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (13 Դեկտեմբեր 1967)

Դեկտեմբեր 13, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Գթութիւնը
Յաւիտենական Է»

Սփիւռքի մէջ հայ մեծ բարերարները հազուադէպ երեւոյթներ կը նկատուին այլեւս, ու ընդհանրապէս համեստ եւ բարեկեցիկ դասու հայրենակիցներ են, որ կը պահեն մեր ազգային հաստատութիւնները` իրենց համեմատաբար փոքր նպաստներով:

Բարերարուհի Սոֆիա Լ. Յակոբեան հազուադէպ նկատուող վեհանձն այն հարուստներէն էր, որոնք խոնարհօրէն ճանչցած են մահկանացուի անխուսափելի ճակատագիրը, եւ իւրացուցած` այն իմաստութիւնը, որ մարդ պէտք է արդարեւ ապրի այնպէս, որ իր մեռած օրը մարդիկ սգան իր կորուստը, յաւերաժացնեն յիշատակը, եւ մանաւանդ իր կեանքը օրինակ հանդիսանայ ազնուականօրէն, յաջորդ սերունդներուն:

Արդարեւ, մեծահարուստներ երբ կը մեռնին առանց համեմատական առատաձեռնութեան` ազգային ազնիւ նպատակներու հանդէպ, ոչ միայն ժողովուրդը կը զրկեն շատ մը անհրաժեշտութիւններէ, այլեւ անձնասիրութեան ու նիւթապաշտութեան վատ օրինակ կը հանդիսանան ուրիշներուն: Եւ այս վերջին պարագան աւելի ծանր է, քան` իրենց նիւթական ժլատութիւնը:

Այսօր խորունկ վշտով կ՛ողբանք մահը բացառիկ բարերարուհիին` Սոֆիա Յակոբեանի, որ իր կեանքն ու հարստութիւնը իմաստութեամբ օգտագործեց: Իր հարստութիւնը արդիւնքն էր թէ՛ իր անմոռանալի ամուսնոյն` յաւէտ ողբացեալ ընկեր Լեւոն Յակոբեանի աշխատանքին, եւ թէ՛ իր տաղանդին ու աշխատանքին: Արդարեւ, տիկին Սոֆիա հայ ճարտար ու տնտեսագէտ կնոջ տաղանդաւոր տիպար մըն էր, որ հմտութեամբ վարեց տնտեսական ձեռնարկներ եւ աւելցուց շարունակ իր հարստութիւնը: «Ժառանգութիւն ուտող» կին մը չէր ան, այլ աւելցնող մը` իր ունեցածին վրայ, յամառ ու անդուլ աշխատանքով:

Ինչ որ սակայն ամէնէն աւելի հիացման արժանի է, իր վճռական որոշումն էր ի կենդանութեան օգտակար հանդիսանալու իր պատկանած ազգին եւ անոր բազմապիսի պահանջներուն: «Կ՛ուզեմ ողջութեանս տեսնել տուածներուս արդիւնքը եւ հրճուիլ», կը յայտարարէր առիթով մը: Մտածում մը, որ յատուկ է բնական ազնուականութեամբ եւ արտասովոր բարեսրտութեամբ օժտուած անհատականութիւններու:

Իբրեւ հայ կին` իր սրտին մէջ ամենաջերմ տեղը գրաւած էր Հայ օգնութեան միութիւնը, որուն հանդէպ իր գուրգուրանքն ու նուիրատուութիւնները անթիւ են: Իր ազնուութիւնը, սակայն, չէր սահմանափակուեր միայն նուէրներով, այլեւ` անձնական աշխատանքով, որ կը միացնէր զինք խոնարհներուն: Այսպէս, ան անձնապէս ՀՕՄ-ի ձեռնարկներուն տոմսակ կը ծախէր, կ՛օգնէր կազմակերպուող գործին, կերակուր կը բաժնէր:

Յիշատակած էինք` իր նուիրատուութեամբ Աթէնքի, Յունաստան, եւ Պէյրութի մէջ, Լիբանան, կառուցուած երկու ազգային վարժարանները, որոնք կը կրեն իր եւ իր ողբացեալ ամուսնոյն անունները: Հարիւր հազարաւոր տոլար արժած այս հաստատութիւնները բազմաթիւ աշակերտներ կը կրթեն ազգային շունչով եւ լեզուով. հետեւաբար հայութեան ապագային կը նպաստեն` համազգային լոյսի օճախներ դառնալով:

Նոր տեղեկացանք, որ միայն այս վերջացող տարուան ընթացքին Աթէնք եւ Պէյրութ ղրկած էր 20.000 տոլար, ծերանոցի մը` 16.000 տոլար, եւ ակումբի մը շինութեանց համար` 15.000: Կարեւոր գումար մըն ալ նուիրած էր Պէյրութի հայ կոյրերու հաստատութեան:

Սաներ կը պահէր հայ վարժարաններու մէջ եւ իր բարեկամներուն եւս կը պնդէր, որ հետեւին իր օրինակին. ու այսպէս, ձեռք կը բերէր առաւելագոյն արդիւնքը` առանց գոհանալու իր անձնական բարիքով:

Բարերարուհի Սոֆիա Լ. Յակոբեան, հակառակ իր հարստութեան, երբեք չեղաւ «շքեղ մեկուսացում»-ի կինը, ինչպէս յաճախ կը նախընտրեն ըլլալ նիւթական ճոխութեան տիրացած, այլ սրտով աղքատ մարդիկ: Գթութեան, բարեսիրութեան գերագոյն առաքինութեան կենսական կարեւորութիւնը ճանչցած էր կանուխէն եւ ամբողջ իր կեանքով փաստեց, որ կը հաւատայ բարիքին:

Մարդկային պատմութիւնը քննելով կամ ոչ` ընդունած էր այն ճշմարտութիւնը, որ դարերէն կու գայ, եւ զոր իմաստունը ճշդած է. «Աստուածներն իսկ կը մեռնին, սակայն գթութիւնը յաւիտենական է»:

Արդարեւ, մարդիկ ունեցած են, դարերու ընթացքին, «բարերարութեան աստուածներ», զորս պաշտած են, եւ որոնք այսօր «մեռած են»` պատմութեան էջերուն մէջ թաղուելով:

Սակայն բարերարութիւնը կը մնայ յաւերժօրէն` իբրեւ կենսատու աղբիւր մը, առանց որուն մեր նմաններէն հազարաւոր անբախտներ ու թշուառներ` շատ կանուխ պիտի փակէին իրենց աչքերը յուսահատութեան մէջ, եւ յառաջդիմութեան ու լուսաւորութեան օճախներ պիտի մարէին:

Տիկին Սոֆիա Յակոբեան իր ամբողջ կեանքի ընթացքին յոյս եւ բարիք ներշնչող տիպար հայուհի մը հանդիսացաւ, որուն յիշատակին առջեւ հազարաւորներ կը խոնարհին վշտահար սրտով ու յարգանքով:

Երանի՛ իր փառաւոր կեանքը վերջին անգամ ներշնչէր անոնք, որոնք կրնան նոյնպէս անմահանալ ազգի սրտին մէջ, սակայն տակաւին կը վարանին…

Բի՛ւր յարգանք իր անմահ յիշատակին:

Խ. ՆԵՐՍԷՍԵԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Ստացուած Գիրքեր. Ազգային Պատուիրակութեան Գործունէութիւնը 1915-1916 (Վաւերագրեր)

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?