Հայ Դատի Յուշագրին Պահանջները Ընդունուեցան
Լիբանանի Պատուիրակին Կարեւոր Դերը
Նիւ Եորքի մեր թղթակիցը` Լեւոն Քէշիշեան կը հեռագրէ.
Ընդհանուր ժողովի մասնաւոր մէկ յանձնախումբը, կազմուած` երրորդ (մարդկային, մշակութային ու ընկերային) եւ վեցերորդ (իրաւաբանական) յանձնախումբերէն, պատրաստած է ծրագիր մը` «Պատերազմական ոճրագործներու հարցի ուխտը»: Հայ դատի յանձնախումբը իր յուշագիրը ղրկած էր բոլոր անդամ-պատուիրակներուն:
ՄԱԿ-ը այս 15 անդամնոց յանձնախումբը վերջացուց իր գործը 4 դեկտեմբեր 1967-ին` պատրաստելով ուխտին ծրագիրը եւ նախաբանն ու տասը յօդուածները:
Առաջին յօդուածը կը բովանդակէ Հայ դատի յուշագիրին մէջ յիշուած տեսակէտները` չսահմանափակել ոճրագործները պատժելու ժամանակը, անցեալ, ներկայ ու ապագայ, նկատել ցեղասպանութիւնը ոճիր` մարդկութեան դէմ, ինչպէս նաեւ` իրաւազրկութիւն:
Լիբանանի պատուիրակի աշխատանքին շնորհիւ` կարելի եղաւ «ցեղասպանութիւն եւ իրաւազրկութիւն» որակումները մտցնել «Մարդկութեան դէմ ոճրագործութիւն» յօդուածին մէջ:
Մեր ուզածը եղաւ:
Լուրեր Հայրենիքէն
Աղասի Խանջեանի Արձանին Բացումը
Հոկտեմբերեանի շրջանի սովխոզներէն մէկուն մէջ, որ կը կրէ եղերաբախտ Խանջեանին անունը, հանդիսաւոր կերպով բացումը կատարուած է Աղասի Խանջեանի արձանին:
Արձանի բացումին ներկայ գտնուած եւ խօսած են պետական, կուսակցական դէմքեր` Ա. Քոչինեան, Գ. Տէր Ղազարեանց, Ռ. Խաչատրեան եւ ուրիշներ:
Մարտիրոս Սարեանի Տուն-Թանգարանը
Երեւանի մէջ բացումը կատարուած է նկարիչ Մարտիրոս Սարեանի տուն-թանգարանին:
Խօսած են` մշակոյթի նախարար Բաղդասարեանը, Հայաստանի Նկարիչներու միութեան նախագահ Մ. Աբեղեանը եւ նոր թանգարանի վարիչ Շ. Խաչատրեանը:
Հայկական վարդագոյն տուֆէ կառուցուած շէնքին մէջ այցելուն ամէնէն առաջ կը տեսնէ նկարիչին դիմանկարը եւ կը կարդայ հայերէնով, ռուսերէնով եւ անգլերէնով գրուած անոր խօսքերը. «Հողը մի կենդանի էակ է, նա ունի իր հոգին, եւ առանց հարազատ հողի, իր հայրենիքի հետ սերտ կապի` հնարաւոր չէ գտնել իրեն, իր հոգին»:
Նկարները ցուցադրուած են երկրորդ յարկին մէջ: Ամէնէն հինը կը կրէ 1898 թուականը:
150 գեղանկարչական եւ կրաֆիք աշխատանքներ եւ անոնց հետ նաեւ նկարազարդումներ ցուցադրուած են այս յարկին մէջ:
Թանգարանին երեք յարկաբաժիններուն մէջ ցուցադրուած են նաեւ նկարիչին սեփականութիւնը եղող նկարները:
Ա. Սպենդիարեանի Տուն-Թանգարանը
Երեւանի մէջ բացումը կատարուած է երգահան Ալեքսանդր Սպենդիարեանի տուն-թանգարանին:
Սպենդիարեան վերջնապէս Հայաստան հաստատուեցաւ 1924-ին: Մեռաւ անժամանակ կերպով, 1928-ին: «Ալմաստ»-ի օփերայէն ետք ծրագրած էր յօրինել «Սեւանեան» համանուագը:
Գուսանները` Ի Պատուի
Գուսանական արուեստի երեք ականաւոր ներկայացուցիչներ` Հաւասի, Աշոտ եւ Շահէն արժանացած են ժողովրդական արուեստագէտի կոչումին:
Համալսարանի Նոր Շէնքը
Մինչեւ վերջերս Հայաստանի պետական համալսարանը յարմարութիւններէ զուրկ, հին շէնքի մը մէջ հաստատուած էր:
Այժմ, վերջապէս, շինուած է նոր շէնքը, կամ աւելի ճիշդ` շէնքերու շարքը, որ կը գրաւէ ութ հեկտար տարածութիւն:
Կեդրոնական շէնքը ունի աշխատասենեակներ, հազար տեղնոց մեծ դահլիճ, մէկուկէս միլիոն գիրք պարունակող գրադարան եւ հինգ հարիւր հոգիի համար ընթերցասրահ մը:
«Երեւանեան Ծով»
«Երեւանեան ծով»-ը իրականութիւն դարձած է: Այժմ Հրազդանի ջուրերը բախելով արհեստական բարձր պատնէշի մը, կը հոսին խոր կիրճի մը մէջ, գոյացնելով վաթսուն հեկտար մակերեսով լիճը:
Զբօսանքի գեղեցիկ վայր մը պիտի դառնայ:
Զանազան Լուրեր
- Երեւանի ջերմելեկտրակայանը օժտուած է նոր կաթսայով մը, որ ժամական կ՛արտադրէ 420 թոն գոլորշի: Վերոյիշեալ ջերմելեկտրակայանի ընդհանուր տարողութիւնն է` ժամը 3100 թոն շոգի:
- Ծրագրուած է հրատարակել Դանիէլ Վարուժանի ամբողջական գործերը:
- Վերջապէս ելեկտրականացուած է Երեւան-Լենինական երկաթուղին: Այժմ աշխատանքները պիտի սկսին Մասիս-Նորաշէնի գիծին վրայ:
- Սիսիանի մէջ գտնուած է դիատոմիտի մեծ հանք մը, որուն պաշարը աւելի քան մէկ միլիոն թոն է: Ցարդ Ջրաձորինը, որ ունի երեք հարիւր թոն պաշար, կը նկատուէր Հայաստանի ամենամեծը:
- Լենինական եւս ունեցած է իր մանկական երկաթուղին: