ՀՅ Դաշնակցութեան Օրը
Սիտնիի Մէջ
Նախաձեռնութեամբ «Դրօ» Կոմիտէին, Սիտնիի մէջ ՀՅ դաշնակցութեան 77-րդ տարեդարձը տօնակատարուեցաւ դաշտագնացութեամբ մը, Գրոնուլայի ծովեզերեայ գեղեցիկ դաշտավայրին մէջ:
Աւելի քան 500 հոգի, առաւօտեան ժամը 6:00-էն սկսեալ, օրուան ճաշով դաշտավայր եկաւ հաճելի օր մը անցընելու համար:
Մինչեւ կէսօր, ուրախ մթնոլորտի մը մէջ, երիտասարդ-երիտասարդուհիներ ծով իջան լողալու, մարզիկներ ֆութպոլ ու ձեռնագնդակ խաղացին, ոմանք տերեւախիտ ծառերու տակ զրուցեցին, ուրիշներ սեղաններու շուրջ բոլորուած` ազգային եւ յեղափոխական երգեր խմբերգեցին:
Կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին տեղի ունեցաւ հանդէս:
Սարգիս Մարգարեան ներկայացուց ՀՅ դաշնակցութեան գործունէութիւնը: Կեանք, գործ, յաջողութիւն եւ արդիւնաւորում` միշտ պատկանած են ՀՅ դաշնակցութեան: Մենք դժուարութիւններ յանձն առնող գիտակից, ազգանուէր եւ ուղղամիտ կազմակերպութեան մը անդամներն ենք: Աւստրալիոյ հիւրընկալ այս ափերուն վրայ, ուր հետզհետէ հայութեան թիւը կը բազմանայ, մեր փառապանծ կուսակցութիւնը ուղեցոյց ըլլալու լուրջ պատասխանատուութիւններ յանձն առած է: Իբրեւ ապացոյց այս ճշմարտութեան` գնահատանքի արժանի են Կիրակնօրեայ դպրոցի, մեր քոյր կազմակերպութիւններ` ՀՄԸՄ-ի, Հայ. մշակ. միութեան եւ ՀՕ Միութեան ազգանուէր գործունէութիւնները:
Բանախօսեց Յ. Գորթեան: Ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացնելէ ետք հայ ժողովուրդի պատմական անկիւնադարձերը, անդրադարձաւ ՀՅ դաշնակցութեան ծագումին եւ գործունէութեան: Հայու ուժը, ըսաւ բանախօսը, ինք իր մէջ է: Ժողովուրդները կը գոյատեւեն, եթէ անոնց մէջ հաստատուն է հաւասարակշռութիւնը: Հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ հաւասարակշռութեան, զօդման եւ միացման ազդակ է ու կը մնայ ՀՅ դաշնակցութիւնը: Դաշնակցութեան ջանքը որոշապէս ազգասիրական է, որովհետեւ անոր նշանաբանը միացեալ, ազատ եւ անկախ Հայաստանի իրագործումն է:
Ստեղծուած խանդավառ մթնոլորտը, յեղափոխաշունչ երգերով, շարունակուեցաւ մինչեւ ուշ գիշեր:
ՅԱԿՈԲ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ
Սիտնի
Հոգեհանգստեան Պաշտօն Ազգային
Բարերարուհի Սոֆիա Յակոբեանի
Նախաձեռնութեամբ Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի խնամակալութեան, երէկ` կիրակի, 10 դեկտեմբեր, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, նախագահութեամբ Խորէն Ա. կաթողիկոսի, տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր Ս. պատարագ եւ հոգեհանգստեան պաշտօն` նորոգ հանգուցեալ ազգային բարերարուհի Սոֆիա Յակոբեանի:
Ներկայ էին Ազգային իշխանութեանց եւ կազմակերպութեանց անդամներ, երեւելի ազգայիններ, Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի աշակերտներ եւ հոծ թիւով ընտիր հասարակութիւն մը:
Յաւուր պատշաճի հոգեշունչ քարոզ մը խօսեցաւ վեհափառ հայրապետը, ընդգծեց ազնուասիրտ բարերարուհիին արժանիքները, թուեց անոր կատարած բոլոր բարերարութիւնները, շեշտեց, որ Սոֆիա Յակոբեան եղաւ ճշմարիտ ազգասէր մը, տուաւ անսակարկ, եղաւ առատաձեռն եւ արժանացաւ համազգային յարգանքի: Մեր բարերարութեանց պատմութեան մէջ անմահ անուն մը թողուց Սոֆիա Յակոբեան:
Յաւարտ Ս. պատարագի տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն: Արարողութեանց աւարտին վեհարանի մէջ ազգայիններ աջն ու օրհնութիւնը առին վեհափառ հօր:
Նշան Փալանճեան Ճեմարանի
Արիստակէս, Լուսվարդ
Եւ Արամ Յակոբեան Յարկի Բացումը
Երէկ` կիրակի, 10 դեկտեմբեր, ժամը 12:00-ին տեղի ունեցաւ «Նշան Փալանճեան» ճեմարան թիւ 1 կեդրոնական շէնքի «Արիստակէս, Լուսվարդ եւ Արամ Յակոբեան» Գ. յարկի պաշտօնական բացումը:
Ներկայ էին` լիբանանահայոց առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոս, երեւելի ազգայիններ, մտաւորականներ եւ Համազգայինի անդամներ:
Պատշաճ հիւրասիրութենէ ետք, յաջորդաբար խօսք առին ընկերներ Կոմս եւ Մ. Իշխան: Յանուն Ճեմարանի` շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան խօսք ուղղեցին ամերիկահայ նուիրատու Արիստակէս Յակոբեանին, որ տարիներու տքնաջան աշխատանքով իր խնայածը նուիրեց հայեցի դաստիարակութեան ամէնէն կարեւոր կեդրոններէն Ճեմարանին, որպէսզի առաւել հնարաւորութեամբ ծաղկի հայ մշակոյթը:
Այս առիթով Համազգայինի Կեդր. վարչութեան ատենապետ Վահէ Սէթեան յայտնեց, որ Ճեմարանի թիւ 2 շէնքին վրայ, 40 հազար լիբանանեան ոսկիի նուիրատուութեամբ կառուցուած նոր յարկաբաժինը, նուիրատուի ցանկութեամբ, պիտի կոչուի մեր ազատամարտիկ հերոսներէն Գէորգ Վիշապեանի անունով:
Այնուհետեւ խօսք առաւ Յակոբ Մանճիկեան եւ յանուն Լատին Ամերիկայի հայութեան, Պուէնոս Այրեսի «Խրիմեան» կրթական հիմնարկութեան կողմէ խորհրդանշական փլաք մը նուիրեց «Նշան Փալանճեան» ճեմարանին` իբրեւ գնահատանք երկար տարիներէ ի վեր ճեմարանէն ներս հայ մշակոյթին եւ հայեցի դաստիարակութեան համար տարուած աշխատանքներուն: