Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (29 Նոյեմբեր 1967)

Նոյեմբեր 29, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ակնարկ

Միակ Լուծումը

«Ճումհուրիէթ» ճիշդ կը խօսի:

Թուրքիա կորսնցուց առիթը, ու անգամ մը եւս թրքական նաւատորմին բոլոր պատրաստութիւնները ապարդիւն եղան: Թուրքեւհելլէն տագնապը մտաւ դիւանագիտական փուլի մէջ, եւ նախաձեռնութիւնը Անգարայէն խլուելով` միջազգային շրջանակներուն ձեռքը անցաւ:

Թուրքերը կրնան ափսոսալ եղածին համար, բայց ուրիշ ընելիք չունին: Կարելի չէ մաս կազմել զինակցութեան մը, օգտուիլ այդ զինակցութեան ընձեռած բարիքներէն ու պաշտպանութենէն եւ օրին մէկը, անտեսելով անոր բոլոր տրամադրութիւնները, նոյն զինակցութեան անդամ այլ պետութեան մը սպառնալիքներ ընել, նիզակ ճօճել:

Այն պհուն, երբ այս տողերը կը գրուին, տակաւին յայտնի չէ, թէ Աթէնք ի՛նչ պատասխան տուած է Անգարայի հակառաջարկներուն, որոնք կիրակի ամբողջ օրը բացատրուեցան հելլէն վարիչներուն` Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճոնսընի ներկայացուցիչ Սայրըս Վենսի կողմէ:

Եթէ Վենս յաջողի իր առաքելութեան մէջ, Ուաշինկթըն դիւանագիտական յաղթանակ մը տարած պիտի ըլլայ ու թուրքերու դժգոհութիւնը երկրորդական պիտի նկատուի:

Երկրորդական` արտաքին ճակատի վրայ:

Ներքինը բոլորովին տարբեր է, կրնայ անախորժ կացութիւններու առջեւ դնել Տեմիրելի կառավարութիւնը, որուն դիտումնաւոր գրգռութիւնները եւ թուրք ժողովուրդին մէջ ստեղծած պատերազմական մթնոլորտը իրենց հակազդեցութիւնը պիտի ունենան անպայման: Կարելի չէ ժողովուրդ մը (մանաւանդ` թուրք ժողովուրդը) ոտքի հանել, շարունակ ցամաքահանումի մասին խօսիլ ու յանկարծ տարտամ խոստումներով զայն հանդարտութեան  հրաւիրել` միակողմանի յաղթանակի գոյն տալով հասկացողութեան մը, որ փոխադարձ զիջումներով ձեռք պիտի բերուի, եթէ անշուշտ Աթէնք ընդունի Անգարայի պայմանները:

Պատրանքներ պէտք չէ ունենալ: Յունական եւ թրքական բանակներուն հեռացումը պիտի չլուծէ Կիպրոսի հարցը, այնքան ատեն որ կղզիին բնակչութեան երեք չորրորդին կանքը կ՛անտեսուի, եւ թէական անկախութեան մը մէջ կը պահուի Կիպրոսի Հանրապետութիւնը, ենթակայ` անկախութեան նախօրեակին կնքուած դաշնագիրներու տրամադրութիւններուն:

Պէտք է թոյլ տալ, որ կիպրացի ժողովուրդը ազատօրէն արտայայտէ իր կամքը` ՄԱԿ-ի հսկողութեան տակ կատարուած հանրաքուէով մը, եւ, առանց այլեւայլի, ընդունիլ այդ հանրաքուէին արդիւնքը:

Ասկէ դուրս որեւէ այլ կարգադրութիւն` ժամանակաւոր պիտի ըլլայ, պարտադրուած եւ անընդունելի:

X

 

Պէյրութ Եւ Լիբանան

Երեսփոխանական Ընտրութիւնները
Յուլիսի՞ն

Քաղաքական կարգ մը շրջանակներու համաձայն, հիմնուելով սահմանադրութեան 25-րդ եւ 55-րդ յօդուածներուն վրայ, կառավարութիւնը ներկայիս կ՛ուսումնասիրէ Երեսփոխանական ժողովը իր ժամանակէն քանի մը օր առաջ լուծելու կարելիութիւնը, որպէսզի ընտրութիւնները կազմակերպէ ոչ թէ մարտին, այլ` յուլիսին: Կառավարութիւնը կը խորհի, որ ներկայ պայմանները նպաստաւոր չեն երեսփոխանական ընտրութիւններու համար: Բացի ատկէ, ամրան առաջին ամիսը աւելի յարմար է ընտրութիւններու, որովհետեւ ամէն ոք կը գտնուի իր ընտրաշրջանին մէջ: Որակաւոր, բայց փոխադրութեանց ծախքերը հոգալու ի վիճակի չեղող թեկնածուները այդպիսով պիտի օգտուին:

Նկատի ունենալով, որ Երեսփոխանական ժողովին պայմանաժամը կը լրանայ 1968 մայիսին, բնականոն պայմաններու մէջ ընտրութիւնները պէտք է տեղի ունենան լրումը նախորդող վաթսուն օրերու ընթացքին: Բայց խնդիրը կը փոխուի, եթէ Երեսփոխանական ժողովը լուծուի: Այդ պարագային, սահմանադրութեան 25-րդ յօդուածը կ՛ըսէ. «Երեսփոխանական ժողովին լուծման պարագային, լուծման հրամանագրին մէջ պէտք է յիշուի նոր ընտրութիւններու կայացումը, որոնք պէտք է տեղի ունենան առաւելագոյնը երեք ամիսէն»:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Պատմական. Քորէայի Տագնապի Լոյսին Տակ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?