«Եունայթըտ Փրես» Գործակալութիւնը`
Հայ Դատի Մասին
«Եունայթըտ փրես ինթըրնեշընըլ»-ի թղթակից Ռէյնար Մ. Սորժ «Հայերը» խորագրով հետեւեալ գրութիւնը հաղորդած է իր գործակալութեան, որ աշխարհի ամէնէն ազդեցիկ լրատու գործակալութիւններէն մէկն է:
ՄԻԱՑԵԱԼ ԱԶԳԵՐ, 9 (UPI).- Հայերը, մոռցուած փոքրամասնութիւն մը, առաջին անգամ ըլլալով իրենց ձայնը բարձրացուցին Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան մէջ: Անոնք երկու յուշագիր ղրկած են ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին` մարդկային իրաւունքներու հարցերուն մասին: Յուշագիրներէն մէկը կը վերաբերի պատերազմական ոճիրներու հետապնդման անժամանցելիութեան, միւսը` նախայարձակում բառի սահմանման: Երկու փաստաթուղթերուն մէջ ալ յիշած են Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին հայ ժողովուրդին կոտորածները Թուրքիոյ մէջ: Սակայն չեն դրած անկախ Հայաստանի մը պահանջը, այլ, ինչպէս կ՛ըսէ Ամերիկայի Հայկական ազգային կոմիտէն, որ ստորագրած է յուշագիրները, այսուհետեւ առաւել հետաքրքրութեամբ պիտի հետեւին մարդկային իրաւանց հարցերու մասին տեղի ունեցող վիճաբանութիւններուն: Կոմիտէն յստակօրէն ըսած է, որ իր գործունէութիւնը չի բխիր թուրքերու հանդէպ «վրիժառութեան ցանկութիւններէ»:
Իրենց առաջին փաստաթուղթին մէջ հայերը շեշտուած կերպով կը ծառանան պատերազմական ոճիրներու հետապնդման համար ժամանակի սահմանափակումի մտածումին դէմ, կէտ մը, որ ներկայիս քննութեան տակ է ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի մշակութային, ընկերային եւ մարդկային յանձնախումբի նիստերուն մէջ:
Համայնավար ուժեղ պլոքի մը ճնշումին տակ, յանձնախումբը, գործակցաբար ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի օրինական յանձնախումբին, պատրաստած է նախագիծը միջազգային համաձայնագրի մը, որ կ՛արգիլէ ժամանցումը: Այս ճիգը ուղղուած էր գլխաւորաբար Արեւմտեան Գերմանիոյ եւ նացի ոճրագործներուն դէմ, որոնք դեռ կը մնան պահուըտած: Հայերը, սակայն, հիմա կը մատնանշեն նաեւ, որ անհրաժեշտ է աւելցնել կարգ մը թուրք անուններ ցանկին վրայ անձնաւորութիւններու, որոնք պատասխանատու են Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին գործադրուած կոտորածներուն, եւ որոնք դեռ կենդանի են:
Ամերիկահայ ազգային կոմիտէի նախագահ Արմէն Շամամեան «Եունայթըտ Փրես»-ին տուած տեսակցութեան մը ընթացքին, հաստատեց այս պարագան: Աւելցուց, որ հայկական կեդրոններ, ի սփիւռս աշխարհի, պատրաստելու վրայ են կոտորածներու հետ կապ ունեցող անձնաւորութիւններու ցանկեր:
Հայերու մեծ մասը, ըսաւ Շամամեան, մօտաւորապէս` երկու միլիոն, կ՛ապրի Խորհրդային Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ, այլ մաս մը` Թուրքիոյ: Այդ շրջաններէն որեւէ մէկուն մէջ անոնք ի վիճակի չեն ապրելու քաղաքական եւ ժողովրդավարական կեանք մը` համապատասխան իրենց հայկական էութեան:
Հայաստան, ըսաւ Շամամեան, «անկասկած որ գաղթային հարց մըն է»: Ան հաստատեց, որ իր կոմիտէն հետզհետէ աւելի գործօն պիտի դառնայ` ի նպաստ մարդկային իրաւանց. ոչ միայն Հայ դատի հետապնդման, այլ նաեւ ամբողջ մարդկութեան արդարութիւն ընելու համար:
Հայկական յուշագիրը պաշտօնական փաստաթուղթ չէ, այլ` անձնական մատնանշումներ, ինչպէս` բազմաթիւ այլ փաստաթուղթեր, որոնք ուղղուած են ՄԱԿ-ին: Այն իրողութիւնը սակայն, որ հայերը կը ներկայացնեն ուշագրաւ թիւ մը ցեղային փոքրամասնութեան, յաւելեալ ծանրութիւն մը կու տայ այս յայտարարութեանց:
Պատերազմական ոճիրներու մասին իր տուած յուշագրին մէջ հայկական կոմիտէն կ՛առաջարկէ «իր յառաջիկայ ծառայութիւնները երրորդ յանձնախումբին», որ կը շարունակէ իր աշխատանքները` արդար վճիռի մը յանգելու համար»:
Այս ստիպողական հարցին մէջ, հակառակ թուրքերու դէմ հայ ազգին ըմբռնելի ընդվզումին, անցնող դարերու ընթացքին հայութեան հանդէպ թուրքերու անխիղճ վարուելակերպին համար յայտարարութիւնը կը շարունակէ. «Ամերիկայի Հայ ազգային կոմիտէն այս կամ այն հարցին մէջ չի մեկնիր վրիժառութեան մտայնութենէ մը»:
«Ան կը գործէ մեկնելով այն մտահոգութենէն, որ Հայաստանի դէմ գործուած ոճիրները աշխարհի մէջ որեւէ տեղ չկրկնուին, եւ կը զգայ, որ հայոց հանդէպ գործուած ոճիրներու պատասխանատու ոճրագործներուն ազատ եւ առանց դատաստանի մնալը պարզապէս պիտի շարունակէ քաջալերել ցեղասպանութեան կողմնակիցները»:
Երկրորդ յուշագիրով, ուղղուած` ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի վեցերորդ յանձնախումբին (օրինական յանձնախումբ), որ պիտի սահմանէ նախայարձակում բառը` միջազգային իմաստով, հայերը կ՛արտայայտեն իրենց գոհունակութիւնը առաջարկուած սահմանումին համար եւ կ՛աւելցնեն հետեւեալը.
«Հայ ժողովուրդը իրապաշտօրէն կը գիտակցի, որ չի կրնար դարմանել այն ահաւոր ոճիրները, որոնց զոհ գնաց թրքական կառավարութեան կազմակերպութեամբ, ոչ ալ կրնայ վերականգնել իր պատմական գերիշխանական իրաւունքները եւ պահպանել զանոնք այնպիսի աշխարհի մը մէջ, որ ենթակայ է աւելի ուժի քմայքներուն, քան` օրէնքի կանոններուն: Այս իրողութիւնը կը վերաբերի հաւասարապէս բոլոր ժողովուրդներուն…
«Միջազգային մարմինի մը ի նպաստ` իրենց գերիշխանութենէն նուազագոյն չափով մը իսկ զիջելու բնազդական չկամութիւնն է հաւանաբար այն հիմնական պատճառը, որ ազգերուն կ՛արգիլէ ոճրային միջազգային օրէնքի մը որդեգրումը, քան թէ` նախայարձակում բառի սահմանումին դժուարութիւնը»: