Ճամբուս Վրայ
Շատ տարիներ առաջ, ըսենք` Քոլոմպոսի Ամերիկան գտնելէն չորս օր ետք, երբ ես ալ հոն հասայ, ինձմէ առաջ հոն եկող հայ մը բարեկամական խորհուրդ մը տուաւ ինծի:
– Դիւրութեամբ ու շուտով անգլերէն սորվելու համար սովորութիւն ըրէ ամէն ատեն ու ամէն կողմ դրուած ծանուցումները կարդալ,- ըսաւ.- շուտով անգլերէն կը սորվիս: Հաշիւ ըրէ, որ եթէ այդ ընթերցումներէդ օրական մէկ բառ մնայ միտքդ, տարին 365 բառ կ՛ընէ ու 365 բառ գիտնալով` լեզուն գիտցած կ՛ըլլաս ինքզինքդ արտայայտելու չափ: Իրաւ է, որ Շէյքսփիր չես կրնար թարգմանել այդ գիտցածովդ, բայց կրնաս նոյնիսկ գէշ աղէկ հասկնալ զայն:
Այն օրէն ի վեր, սովորութեան ուժով, ծանուցում մը տեսածիս պէս կը սկսիմ կարդալ զայն: Գետնուղիին մէջ մանաւանդ, երբ լրագիր բանալու համար իսկ բաւականաչափ տարածութիւն չունիմ, կը կարդամ առաստաղին անմիջապէս տակը հերթով շարուած ծանուցումները:
«Մեր պահածոները անխարդախ են», կ՛ըսէ մէկը:
«Մեր դրամատունը ապահով է», կ՛ըսէ ուրիշ մը:
«Յիշէ, որ մեր հաստատութեան մէջ բարեկամ մը ունիս», կը վստահեցնէ ուրիշ մը:
«Մեր տոկոսի սակը մատչելի է»:
«Մեր գուլպաները թափանցիկ են ու տոկուն»:
«Մեր օճառը»: «Մեր մազի ներկը»: «Մեր կերպասները», «Մեր դեղերը»: «Մեր շուները»: «Մեր կարասիները»: «Մեր նարինջները»: «Մեր կառքերը»: «Մեր պանիրը»…
«Գնէ Միացեալ Նահանգներու պետական պարտամուրհակները` շահու եւ հայրենիքին ծառայելու համար», կը յանձնարարէ ուրիշ ծանուցում մը:
Ու անոր քով`
«Իսրայէլի պետական արժեթուղթերը գնէ», կը թելադրէ ուրիշ ծանուցում մը: Չեմ հաւատար աչքերուս: Հայեր բնաւ այդքան անփափկանկատ պիտի չըլլային` կ՛ըսեմ ինքզինքիս… Ի զուր չէ, որ ամէն տեղ չեն սիրուիր… Լայն աշխարհի վրայ կա՞յ տեղ մը, ուր սիրուած ըլլան… Չեն կրնար աշխարհի բոլոր ազգերը նախապաշարուած ըլլալ անոնց դէմ… Կը յիշեմ, որ անցեալ տարի ալ, երբ թղթատարական վարչութիւնը ծանոյց, թէ Ծննդեան շնորհաւորական քարտերուն վրայ գործածուելու համար դանիացի դասական արուեստագէտի մը «Աստուածածինն ու Յիսուս մանուկը» նկարին վերարտադրութիւնով դրոշմաթուղթ պիտի տպէ, Նիւ Եորքի խախամապետը բողոք ներկայացուց` ըսելով, որ՝ «Ամերիկայի մէջ կրօնը զատուած է պետութենէն ու պետութիւնը իրաւունք չունի կրօնական բովանդակութեամբ դրոշմաթուղթ տպելու հրէի ու հեթանոսի սպառման համար հաւասարապէս»: «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի էջերուն մէջ կարդալով այս լուրը` ես զարմացայ եւ քանի մը օր ետքն ալ հրճուեցայ անոր տրուած պատասխանին համար. «Թղթատարական բաժանմունքը ունի նմանարժէք բազմաթիւ դրոշմաթուղթեր: Ծննդեան առիթով կրօնական բովանդակութեամբ տպուած այս սիրուն դրոշմաթուղթերը գործածել չփափաքողները կրնան միւսներէն որ մէկը որ ուզեն, գործածել»:
Ամչցա՞ն այս ապտակէն:
Չեմ կարծեր:
Դժբախտութիւնը այն է, որ երբ այս հոգեշահ խորհրդածութիւններով էի տարուած` փախցուցի դուրս ելնել մտադրած կայարանս. երբ վերահասու եղայ այս իրականութեան, արդէն հասած էի քաղաքի այն շրջանը, ուր պատկերասրահներն են կեդրոնացած:
Հոս դուրս ելնեմ, տեսնեմ` ի՞նչ կայ չկայ, ըսի ինքզինքիս, ու երբ գնացքը կանգ առաւ, նետուեցայ դուրս:
Վաճառատուներու ցուցափեղկերը յարդարել սկսած էին մօտեցող Ծննդեան տօներու առթիւ, ու գնորդներու եռուզեռը սկսած ըլլալ կը թուէր: Մէկէ աւելի անգամներ կանգ առի լոյսերու տակ շողացող առարկայի մը վրայ հիանալու համար, մինչեւ որ հասայ դասական նկարներու աժան վերարտադրութիւնները ծախող խանութի մը առջեւ, ամէն բան կար ցուցափեղկին մէջ, գրեթէ ամէն բան` Ռամպրանտէն ու Ռաֆայէլէն մինչեւ ափրիկեան կիսավայրենիներու նախնական տաշուածքները, որոնց ու մեր դարու գերիրապաշտներու գործերուն մէջ մեծ տարբերութիւն մը չեմ տեսներ ես: Այդ խառնակութեան մէջ անկիւն մը դրուած էր նաեւ դարերու ամենամեծ արուեստագէտին` Միքէլանճելոյի «Դաւիթ»-ը` մերկ ու հրաշալի. ու անոր տակ` չափը, շինանիւթը, գինը: Ու էն տակը, փակագծի մէջ, հետեւեալ ծանօթութիւնը.
«Դաւիթ»-ը կարելի է ունենալ նաեւ թութի տերեւով»:
Դէմքս վեր, երկնքին դարձուցի ու խօսքս մեծ վարպետին ուղղելով` ըսի.
– Հոգ մի՛ ըներ, վարպե՛տ, քու տեղդ ես թքի այս սրբապիղծներու ճակտին:
ԱՐԱՄ ՀԱՅԿԱԶ
Մասնաւոր «Ազդակ»-ին
Ամերիկահայ Գիտնական
Գեղամ Սարգիսեան Գտած Է
Քաղցկեղի Դեղը
Տասնմէկ տարի առաջ ամերիկացի գիտնական ամոլ մը,- ամուսինը` բուսաբան, կինը` Եէյլի համալսարանէն վկայեալ վիրաբուժ, կը պատրաստէին «գործարանական բաղադրութիւն» մը, զոր կը մկրտէին KC555 անունով եւ որ, ինչպէս կը յայտարարեն այսօր, ունի քաղցկեղէ վարակուած բջիջներուն զարգացումը կասեցնելու կարողութիւնը:
Գեղամ Սարգիսեան եւ տոքթ. ՄքՔուին Ուիլիըմզ կիրակի Նիւ Եորքի մեծ պանդոկներէն մէկուն մէջ համախմբած էին հաւատարիմ բարեկամներու խումբ մը, ինչպէս նաեւ յարաբերութիւններ հաստատելու մէջ մասնագիտացած հաստատութեան մը խողովակով` լրագրողներու պզտիկ խումբ մը, անոնց յայտարարելու համար, թէ որոշած էին KC555-ը պատրաստել ներարկելի սրուակներու ձեւին տակ եւ միաժամանակ ձեռնարկել հանգանակութեանը տասը միլիոն տոլարի գումարի մը, որ անհրաժեշտ էր դեղին պատրաստութեան եւ այլ հիւանդութեանց մասին կատարելի գիտական հետազօտութիւններու:
Տոքթ. ՄքՔուին յայտարարեց, որ KC555-ը, որուն քաղցկեղին վրայ ունեցած ազդեցութիւնները ծանուցուած էին 1959-ին` քաղցկեղի եւ արեան քաղցկեղի մասին կայացած միջազգային համագումարի մը ընթացքին, առանց սակայն նուազագոյն մեկնաբանութեան տեղի տալու, բուժած էր սարքոմը, մելանոզը, քարսինոզը, լեմֆոյ-լէօսեմին` մարդոց եւ փորձարկութեան ենթակայ անասուններու վրայ:
Իր յայտարարութեան եզրակացութեան մէջ տոքթոր ՄքՔուին ըսաւ.
«Իմ կողմէս տեղի ունեցած դարմանումներու ընթացքին ստացուած արդիւնքները կը հաստատեն, որ բոլոր տեսակի քաղցկեղները բուժելի են KC555-ով»: