Ակնարկ
Նորանկախ Երկիր Մը
Նոր պետութիւն մը ծնունդ առաւ երէկ գիշեր:
Հարիւրքսանինը տարուան տիրապետութենէ մը ետք, Ատեն եւ շրջակայ 17 իշխանապետութիւնները, որոնք ժամանակ մը կը կազմէին արաբական Հարաւի դաշնակցութիւնը, անկախութեան տիրացան` անգլիական կառավարութեան եւ Ազգային ազատագրական ճակատին համաձայնութեամբ:
Դժուար եղան երկունքը եւ զայն նախապատրաստող տարիները, մանաւանդ` վերջին տարին, երբ զինեալ պայքարը սաստիկ համեմատութիւններու հասաւ:
Անգլիոյ կայսերական թագը գոհար մը եւս կորսնցուց, եւ ինչ որ երեւակայել կարելի չէր ատենօք, իրականութիւն դարձաւ: Մեծն Բրիտանիա, միջազգային կեանքի հոլովոյթին բերումով, հեռանալէ ետք Հնդկաստանէն, իրարու ետեւէ մեկնեցաւ նաեւ այդ լայնածաւալ երկիրը տանող ճամբուն ապահովութեան համար ստեղծած խարիսխներէն:
Ատեն այդ խարիսխներէն մէկն էր:
Փոխուած են աշխարհաքաղաքական պայմանները, փոխուած են նաեւ ռազմավարական ըմբռնումները եւ իրականութիւնները: Զինական յառաջդիմութիւնները փոքրացուցած են մեր մոլորակը: Հեռաւորութիւններու չափանիշը փոխուած է: Անցեալի հրամայականները դարձած են երկրորդական: Մարդիկ մանաւանդ` պատասխանատուները, սկսած են աւելի հեռուն տեսնել, հորիզոնները լայնցած են:
Վերջին քսանամեակի ընթացքին, բազմաթիւ նորանկախ երկիրներու ստեղծումը գլխաւորաբար արդիւնք է վերոյիշեալ հաստատումներուն, որոնք մէկ կողմէ ազդած են տիրող կամ հոգատար պետութեանց սեփական շահերուն եւ անոնց ըմբռնումին, միւս կողմէ` ենթակայ ժողովուրդներու ազգային նպատակներուն յստակ բանաձեւման, մանաւանդ` իրականացման:
Բայց բոլոր ժողովուրդները, անկախութեան տիրանալէ ետք, գտնուած են այդ անկախութիւնը տնտեսական եւ քաղաքական տեսակէտէն ամրացնելու հրամայական անհրաժեշտութեան առջեւ: Ոմանք լուծած են այդ խնդիրները` հաւասարակշռուած եւ ողջմիտ մօտեցումով եւ իրենց կարելիութիւններուն ճշգրիտ ճանաչումով: Ուրիշներ մխրճուած են քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային հարցերու ոլորապտոյտին մէջ եւ այդ իսկ պատճառաւ` շահագործուած նախկին հոգատարներու եւ անոնց մրցակից մեծ տէրութիւններու կողմէ:
Հարաւային Եմէնի ժողովրդային հանրապետութիւնը (այս է անունը նորանկախ պետութեան) այդ դժուարութիւնները չճանչնալու հնարաւորութիւնները կրնայ գտնել, եթէ ազատագրական շարժման ղեկավարները, որոնք անձնուիրաբար կռուեցան անկախութեան համար, հիմա այլեւս զգան, թէ ծանր յանձնառութիւններու տակ կը գտնուին եւ յեղափոխականէ աւելի` պետական մարդու արժանիքներ պէտք է ցուցաբերեն:
Քիչեր յաջողած են այս փոխանցումին մէջ: Մաղթելի է, որ այդ քիչերէն ըլլան նոր պետութեան ղեկավարները` Միջին Արեւելքին խնայելով նոր բարդութիւններ եւ արաբական աշխարհին մէջ գրաւեն իրենց արժանի տեղը:
X
Պոսթընի «Արուեստի Գանձեր Թուրքիայէն»
Ցուցահանդէսին Առիթով
«Հայերը Ունին Ճոխ Մշակոյթ Մը,
Զոր Պէտք Չէ Անտեսել»,
Կը Գրէ «Պոսթըն Հերըլտ Թրեւըլըր»
«Պոսթըն Հերըլտ Թրեւըլըր» մեծ օրաթերթը (նոյեմբեր 24) Պոսթընի մէջ տեղի ունեցող «Արուեստի գանձեր Թուրքիայէն» ցուցահանդէսին առիթով, «Անտեսուած մշակոյթ մը» խորագրով, գրած է հետեւեալ խմբագրականը.
«Ծագումով հայ պոսթընցիներ յուզուած են Պոսթընի Գեղարուեստից թանգարանին մէջ տեղի ունեցող ցուցահանդէսի մը առիթով, ուր թանգարանին կողմէ տրուած գրքոյկներ կը յայտարարեն, որ` «8000 տարուան թրքական արուեստ կը ցուցադրուի»: Հայերը կը շեշտեն, որ թուրքերը միայն 11-րդ դարուն եկած են Փոքր Ասիա, ուրկէ կու գան արուեստի գործերը: Ատկէ առաջ նոյն երկիրը կը բնակէին հիթիթներ, հայեր, յոյներ, հռոմէացիներ եւ ուրիշներ:
«Հարվըրտի միջինարեւելեան ուսումնասիրութեանց կեդրոնի դասախօսներէն փրոֆ. Ռիչըրտ Ն. Ֆրայ կը յայտարարէ, որ ցուցադրութիւնը` «թրքական արուեստի մասին չէ, այլ կը ցուցադրէ արուեստի առարկաներ` թուրք հանրապետութեան թանգարաններէն»: Թանգարանը կը յայտարարէ, որ ապագային նման ցուցադրութիւններ պատշաճօրէն պիտի ծանուցուին:
Այս անտեսման առիթով հայերու զգայնութիւնը յառաջ կու գայ այն իրողութենէն, որ իրենց մշակոյթը անտեսուած է, այնպէս որ, կը հարկադրուին պայքարիլ` իրենց ճանաչումը ապահովելու համար: Հայաստան, զանազան շրջաններուն, խուժումի ենթարկուած է` արաբներէն, ասորիներէն, պարսիկներէն, թուրքերէն եւ ռուսերէն, ուրիշներու կարգին:
«Հակառակ այդ ենթակայութեան` հայերը պատմութեան ընթացքին շատ նպաստած են ճարտարապետութեան, նկարչութեան եւ գրականութեան: Արամ Խաչատուրեան երգահանը եւ Ուիլիըմ Սարոյեան գրագէտը երկու օրինակներ են հայերու, որոնք բացառիկ կարողութիւն ցոյց տուած են իրենց մարզերուն մէջ:
«Հայերը ունին ճոխ մշակոյթ մը, զոր պէտք չէ անտեսել»: