50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (20 Յունուար 1967)

Խմբագրական  Ներգաղթ` Այո՛, Արտագաղթ` Ո՛չ Յաջորդական երկու թիւերով հրատարակեցինք մեր աշխատակիցին` Վրոյրի զոյգ յօդուածները` «Սա անբա՜խտ հայրենադարձութիւնը...» խորագրին տակ: Մեր աշխատակիցը, իր կարգին, կ՛անդրադառնար հայրենադարձները տեղաւորող մարմինի նախագահի տեղակալ Հ. Այվազեանի մէկ յօդուածին, որ լոյս տեսած է «Սովետահայ Հայաստան»-ի 31 դեկտեմբերի թիւին մէջ` հայրենադարձութեան մասին: Վրոյր սպառիչ կերպով խօսած է 1923-ին Ճենովայի միջազգային ժողովին մէջ Խորհրդային Միութեան արտաքին գործոց նախարար Չիչերինի այն յայտարարութեան մասին, որ` «Խորհրդային կառավարութիւնը պատրաստ է ընդունիլ հայ գաղթականներին եւ նրանց ապաստան տալ Խորհրդային Հայաստանում»: Հարկ կա՞յ յիշեցնելու, որ խորհրդային կառավարութեան այս «պատրաստակամութիւնը» ի՛նչ իրականացում ունեցաւ գործնական կեանքի մէջ: Այդ թուականէն մինչեւ 1940 արտասահմանէն միայն 80.000 հայ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (19 Յունուար 1968)

Հայ Դատի Յանձնախումբի Մասին Հայ դատի յանձնախումբի ձեռնարկներուն բուն իմաստն է, Ցեղասպանութեան խնդրի արծարծումով, մուտք գործել Միացեալ ազգերու ատեանները` Հայ դատը ներկայացնելու եւ մեր հողային եւ այլ ազգային իրաւունքները պաշտպանելու մտադրութեամբ: Որովհետեւ Հայ դատը` իբրեւ միջազգային քաղաքական հարց, ներկայ պայմաններու տակ, գրեթէ անկարելի է օրակարգի խնդիր դարձնել: Մինչդեռ երբ Արեւմտեան Հայաստանի բռնագրաւումը կը ներկայանայ միայն թրքական յետին նպատակ` հայերու ցեղասպանութեամբ,  անաչառ եւ արդարամիտ ազգերուն Հայ դատը կը դառնայ դիւրին մատչելի եւ հասկնալի: Հայ դատի յանձնախումբը շարունակաբար եւ անխոնջ հետեւողականութեամբ կը տքնի ցեղասպանութեան խնդիրը, (որ ՄԱԿ-ի ուխտագիրը վաւերացուցած է իբրեւ միջազգային օրէնք) իր խոր քունէն, թմբիրէն սթափեցնել եւ վերածել գործուն եւ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (18 Յունուար 1967)

Մեր Ընթերցողներուն.  «Ազդակ»-ը Նոր Հատավաճառով  Եւ Նոր Բաժանորդագինով

Տոմս  Քիչ Մը Խնայենք Դժգոհութիւնները յաճախ ծնունդ կ՛առնեն ո՛չ միայն թիւրիմացութիւններէ, այլ նաեւ` որոշ բարեմտութիւններէ: Մարդ ենք, կրնանք դժուարութիւններ ունենալ զանազան ձեւի, կարիքը ունենալ մարդոց, բարեկամներու օժանդակութեան` կարգադրելու համար մեծ ու պզտիկ ինչ-ինչ հարցեր: Կը դիմենք ասոր, կ՛երթանք միւսին ու կը սպասենք, որ բարեկամութեան օրէնքով մեր գործերը կարգի մտնեն: Ձեր տան ջուրը կտրուած է: Կրնայ պատահիլ, որ չէք գիտեր, թէ որո՞ւ պէտք է դիմէք, որպէսզի ձեր ջուրը կրկին ու շուտ հոսի: Ձեր թաղի թաղապետին կ՛երթաք: Կը խնդրէք, որ կարգադրէ՛ ձեր ջուրին հարցը: Թաղապետը ձեզի կու տայ հեռաձայնի թիւ, կը բացատրէ ջուրի կեդրոնական շէնք-գրասենեակը: Թաղապետը գոհ է, որ օգտակար եղած է...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (17 Յունուար 1967)

Մեր Տեսակցութիւնները  Ֆանարի Շրջանին Մէջ Քարանթինայի Հայերուն Համար 210 Ժողովրդային Բնակարաններու Շինութեան Աշխատանքները Կը Շարունակուին Մեծ Թափով 1969 Մարտին Պատրաստ Պիտի Ըլլայ 110 Բնակարան ծանօթ է մեր ընթերցողներուն, որ Քարանթինայի շրջանին մէջ հակաառողջապահական եւ խղճալի պայմաններու մէջ բնակող հայ ընտանիքներու համար, ժողովրդային բնակարաններ կառուցելու ծրագիրը գործնական դարձաւ` շնորհիւ Խորէն Ա. կաթողիկոսի նախաձեռնութեան եւ կառուցելու առաքինութեան: Ծանօթ է նաեւ, որ ժողովրդային բնակարաններու շինութեան ոգին` «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հիմնարկութեան նախագահ, ամերիկահայ ազգային բարերար Լէյլա Գարակէօզեան, 450 հազար տոլար դրաւ վեհափառ հօր տրամադրութեան տակ` ծրագրի իրագործման համար: Այնուհետեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հիմնարկութեան միջեւ կնքուեցաւ պայմանագրութիւն մը, որուն համաձայն, վեհափառ հօր նախագահութեամբ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (16 Յունուար 1968)

Սառնաշունչ Ձմեռ Լիբանանի Մէջ Չերմաչափը Երէկ Պէյրութի Մէջ Իջաւ 4 Աստիճանի Նաւահանգիստին Երրորդ Աւազանը Վնասուեցաւ, Երեք Գաղթակայաններ Քանդուեցան 1 Մեռեալ Եւ 3 Վիրաւոր Աքքարի Մէջ 500 Բնակիչներ Սայտայի Մէջ Հեռացուեցան Իրենց Տուներէն Լիբանան այս տեւողութեամբ եւ սաստկութեամբ փոթորիկ տեսած չէր: Պետական բոլոր սպասարկութիւնները զօրաշարժի ենթարկուած են օգնութեան գործը կազմակերպելու, վնասները գնահատելու եւ դարմանելու համար: Նախագահն ու տիկին Հելու անձնապէս կը հետեւին օժանդակութեան կազմակերպման: Բայց հաղորդակցութեան դժուարութիւնը կ՛ուշացնեն կամ արգելք կ՛ըլլան թէ՛ օգնութեան գործին եւ թէ՛ աշխատանքներուն: Անցեալ ուրբաթի եւ շաբաթի մրրիկին յաջորդեցին հեղեղային անձրեւներ` ծովեզերեայ շրջաններու մէջ, ձիւն` լեռներու վրայ եւ սաստիկ ցուրտ: Ջերմաչափը երէկ 4-ի իջաւ Պէյրութի մէջ, զերոյէն...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (15 Յունուար 1967)

Մեր Ընթերցողներուն

Խմբագրական Յանդգնեցան Մամլոյ միջազգային գործակալութիւնները բառի մը մէջ խտացուցին այն քայլը, զոր առած են նախկին դիւանագէտի մը թոռը եւ հալածական գրագէտի մը կինը: - Յանդգնեցան: Յանդգնեցան, օր ցերեկով, Մոսկուայի փողոցներուն մէջ, իրենց ստորագրութեամբ, թռուցիկ ցրուել` բողոքելու համար խորհրդային չորս երիտասարդ մտաւորականներու դատավարութեան եւ այն գործելակերպին դէմ, որուն դիմած էր դատարանը` բանտարկութեան դատապարտելով «ըմբոստ» երիտասարդները: Ամէն օր թռուցիկ չեն ցրուեր Մոսկուայի փողոցներուն մէջ: Նման բան գրեթէ չէ պատահած, այն ալ` այս ծաւալով: Աննախընթաց է երեւոյթը: Միջազգային մամուլը ձեռք առած է խնդիրը, առ այժմ` առանց մեկնաբանութեան, բայց ապահովաբար վաղը ընդգծելու համար զայն` մանրամասնութիւններու եւ յայտնութիւններու երկար շարքով մը: Մենք առաւել կը հետաքրքրուինք...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (13 Յունուար 1968)

Խմբագրական  Իրաւունքին Մէջ Յաւիտենականութիւն Կայ Ժողովուրդները, մանաւանդ` անիրաւուածները, կ՛ապրին ու կը գոյատեւեն այս ճշմարտութեան լրիւ գիտակցութեամբը միայն: Այն ժողովուրդները, որոնք չունին այս գիտակցութիւնը, դատապարտուած են, ուշ կամ կանուխ, անհետանալու պատմութեան բեմէն կամ մատնուելու այնպիսի վիճակի, որ անկարելիութեան մէջ պիտի ըլլան կատարելու իրենց պատմական առաքելութիւնը: Եթէ մնացած ենք, կանք ու պիտի ըլլանք` հակառակ բոլոր աննպաստ պայմաններուն, որոնք դարեր շարունակ դաւակից դաշնակցութեամբ մը գործեցին մեր ժողովուրդին դէմ, կը պարտինք այս գիտակցութեան: Հայկական հրաշքին տարբեր բացատրութիւն փնտռել` կը նշանակէ չհասկնալ մեր գոյութեան նախատարրը, իրաւունքի յաւիտենականութեան իմացումը, կենսատու այն աւիշը, որ կանգուն պահեց մեզ, երբ մեր շուրջը փլած էր ամէն բան: Հալածուեցանք ու մնացինք:...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (12 Յունուար 1968)

Հայաստան Ամանորեան Խոհեր Մեր ժողովուրդին նկարագրին փայլուն յատկանիշներէն եղած են հաւատքն ու յոյսը: Արդարեւ, հաւատքով եւ յոյսով մաքառեր ենք ազգովին, դարեր շարունակ, մեզի վիճակուած ապաբախտ ճակատագրին դէմ: Տոկացեր ենք ապագայի լաւագոյն հեռանկարներով` կործանարար փորձութիւններու դէմ դնելով: Գոյատեւեր ենք նոյնիսկ ամէնէն անբարենպաստ պայմաններու մէջ: Եւ գրեթէ միշտ սանձեր ենք աւերիչ փոթորիկները: Հաւատքով եւ յոյսով ապրող եւ ներշնչուող սերունդներն էին, որ վառ պահեցին մեր ազգային ինքնագիտակցութեան հուրը: Եւ, վերջապէս, անլուր զոհողութիւններու գնով յաջողեցան ստեղծել մեր այսօրուան փոքր խարիսխը, որուն վրայ պիտի բարձրանայ անտարակոյս մեր երազներուն լուսապսակը եղող ամբողջական եւ ազատ հայրենիքը: Հաւատքով եւ յոյսով է մի՛շտ, որ հայրենազուրկ բազմութիւնները ահա՛ աւելի քան...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (11 Յունուար 1968)

Մեծագոյն Ուաշինկթընի «Յակոբ Արապեան» Հայ Մշակոյթի Կեդրոնին Բացման Հանդէսը Ճաշկերոյթին Հանգանակուած Է 61 Հազար Տոլար Տէր Եւ Տիկին Ընկ. Մարկոս Քէշիշեան Եւ Զաւակները Նուիրած Են 10 Հազար Տոլար Դեկտեմբեր 9-ին բարձր ու խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցած է Մեծագոյն Ուաշինկթընի «Յակոբ Արապեան» հայ մշակոյթի կեդրոնի բացման ճաշկերոյթ-հանդէսը` նախագահութեամբ ամերիկահայոց առաջնորդ Հրանդ արք. Խաչատուրեանի: Բարի գալուստի խօսքը ուղղած է Ս. Խաչ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ Լեւոն Բալեանը: Յայտագիրը գործադրած է շինութեան յանձնախումբի ատենապետ փաստաբան Միլթըն Կելենեանը: Կարդացուած է Խորէն Ա. կաթողիկոսին կոնդակը: Յաջորդաբար խօսք առած են` առաջնորդ Հրանդ արքեպիսկոպոս, էջմիածնական թեմի հոգեւոր հովիւ Փառէն վրդ. Աւետիքեան, ՀՅԴ «Սեպուհ» կոմիտէի կողմէ Մկրտիչ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (10 Յունուար 1968)

Մայր Սոֆիա Յակոբեանի Կտակին Բացումը Դեկտեմբեր 26-ին (19637), երեքշաբթի առաւօտ, Ֆրեզնոյի դատարանին կողմէ, ըստ նախօրօք եղած հրաւէրի, Ֆրեզնոյի նորակառոյց «Քորթ Հաուս» ներկայացան Ֆրեզնոյի ՀՕՄ-ի մասնաճիւղի ատենապետուհին, իր վարչական կազմով, Եկեղեցասէր տիկնանց ատենապետուհին, «Ասպարէզ»-ի խմբագիրն ու վարիչը, եւ կտակը բացուեցաւ ի տես եւ ի լուր բոլորի: Մինչեւ իր ողբերգական մահը մեծ բարերարուհին մօտ 700.000 տոլարի բարեգործութիւններ ըրած էր: Իր այս ներկայ կտակով, նախ` կտակակատարներ նշանակած է իր քոյրը` տիկին Վերգին Գազեան եւ բարեկամուհին` տիկին Մարթա Էնշըր, որոնք, ըստ կտակին պիտի գործադրեն, պատկան իշխանութիւններու միջոցով, կտակին հետեւեալ յատկացումները: 1.- Աթէնքի Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան դպրոցին 30.000 տոլար, 10 տարուան ընթացքին վճարելի` ամէն...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (9 Յունուար 1968)

Ս. Ծնունդի Տօնը Լիբանանահայութիւնը այս տարի եւս աւանդական սովորութիւններով եւ ջերմեռանդ հաւատքով տօնեց Աստուածորդւոյն Ս. Ծնունդը: Ուրբաթ, 5 յունուար, խթման երեկոյեան, կազմակերպութեամբ Համազգային մշակութային ընկերակցութեան, մասնաւոր հայկական յայտագիր մը ներկայացուեցաւ պատկերասփիւռի քանալ 7-ի բաժինէն: Խորէն Ա. կաթողիկոս տուաւ իր պատգամը եւ օրհնութիւնը` Լիբանանի ժողովուրդին: Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը` մասնակցութեամբ հայ արուեստագէտներու: Շաբաթ, 6 յունուար, Ս. Ծննդեան հանդիսաւոր Ս. պատարագ մատուցուեցաւ բոլոր եկեղեցիներու մէջ: Խօսուեցան հոգեշունչ քարոզներ: Հանդիսաւորապէս տեղի ունեցան նաեւ ջրօրհնէքի կարգն ու Ս. մկրտութիւնը: Հակառակ աննպաստ օդին եւ անձրեւին` հաւատացեալ հայ ժողովուրդը խուռներամ բազմութեամբ ներկայ գտնուեցաւ արարողութիւններուն: Անթիլիասի մայր տաճարին մէջ մատուցուած Ս. պատարագը ձայնասփռուեցաւ Պէյրութի ռատիոկայանէն: Վեհափառ հայրապետը...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (6 Յունուար 1968)

Խմբագրական  Հայուն Ծնունդը Անիմանալի խորհուրդ մարդեղութեան: Զանգերը պիտի ղօղանջեն դարձեալ` տառապահար մարդկութեան աւետելու համար ծնունդը Փրկիչին, որ համեստ մսուրի մը նորածինը եղաւ եւ լեցուց ամբողջ աշխարհը իր վարդապետութեան լոյսով: Աշխարհի բոլոր ժողովուրդներուն մէջ ամէնէն աւելի կեղեքուածներն ու տկարներն են, որ լիովին կ՛ըմբռնեն խորհուրդը այս օրուան, որ իր պարզութեան մէջ` գեղեցիկ, կու գայ յուզելու մարդը, մարդուն մէջ արթնցնելով մարդկայինը: Կեղեքուածներու առաջին շարքն վրայ կը գտնուի հայ ժողովուրդը, աստանդական, աշխարհի չորս կողմը ցանուցիր հայութիւնը, որ իր ամբողջ պատմութեան ընթացքին ջերմեռանդօրէն հաւատաց քրիստոնէական վարդապետութեան պատուէրներուն` անոնց մէջ գտնելով մարդկայնօրէն ապրելու գերագոյն առաքինութիւնները: «Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի» կ՛ըսէ շարականը, ու այս հոգեպարար երգեցողութեան ալիքները...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (5 Յունուար 1967)

Պարզ Ու Պայծառ Պարտէզ  Մանուկ Արքայ «Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի, որ յայսմ աւուր յայտնեցաւ... «Հովիւք երգեն ընդ հրեշտակս` տան աւետիս աշխարհի.- Ծնաւ Նոր Արքայն ի Բեթլեհեմ քաղաքի...» Աւետարանը իր լուսեղէն պարզութեամբ ու պայծառութեամբ կը պատմէ եւ կը պատգամէ ամէնէն աւելի կատարելագործուած եւ տակաւին խորհրդանշական հրաշավէպերը, որոնցմէ մէկն է Ծնունդն Յիսուսի: Կը բովանդակէ վարդապետութիւնը` հաւատքին, յոյսին ու սիրոյ: Նոր Կտակարանը անսպառ հանք է լոյսի: Մատեանին բոլոր դրուագները, մսուրէն մինչեւ մահ,  ու Յարութենէն մինչեւ Համբարձում, հոգեղէն նիւթեր են, նաեւ հում նիւթեր արուեստներու, յաւիտեան վերարտադրելի: Իսկ իբրեւ դաս` յաւիտեան ուսանելի: * * * Բեթլեհեմի մէջ Մանուկ մը կը ծնի: Հովիւներ ու հրեշտակներ կ՛երկրպագեն...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (4 Յունուար 1968)

Մեր Ընթերցողներուն

Մտածումներ Վաղուան Մասին Նոր տարին, որ կը սկսի ահա թաւալիլ, յատուկ իմաստ մը կը պարունակէ, եւ սպասումներ` մարդկութիւնը բաղկացնող տարրերէն իւրաքանչիւրին համար: Մարդկութիւնը համադրութիւն մըն է փոքր ու մեծ ազգերու, պետութիւններու, հաւատամքներու, քաղաքակրթութիւններու, տնտեսական կառոյցներու, կարելիութիւններու եւ անկարելիութիւններու: Մարդկութեան անունով խօսելու համար, պէտք է նախ ընդունիլ իրաւունքի գոյութիւնը, զայն բաղկացնող տարրերուն իրաւունքները: Եթէ թշուառութիւն կայ աշխարհի երեսին որեւէ անկիւն` թշուառ մարդկութիւն մըն է, որ կ՛ապրի շողշողուն բառերու եւ վարդապետութիւններու ետին: Եթէ սեփական հայրենիքէ զրկուած ազգեր կան` կը նշանակէ ուրիշներու հայրենիքը բռնագրաւող ազգեր եւ պետութիւններ կան: Եթէ ազատութենէ զրկուած ժողովուրդներ կան, լրիւ է ոչ մէկուն ազատութիւնը, եւ վաղուան լեղի հացն է...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (3 Յունուար 1968)

Մարդու Կամքով Հաւաքականութեան դերը որքան ալ մեծ ըլլայ յառաջդիմութեան երթին ու պատմութեան կառուցումին մէջ, խորապէս համոզուած ենք, որ ժողովուրդի մը որակական արժէքին ամբողջ պատասխանատուութիւնը կը ծանրանայ բացառիկ անձերու ուսերուն: Մասնաւոր ասպարէզի մը բացառիկներուն չի վերաբերիր խօսքը, կը վերաբերի բոլորին, մշակութային, գիտական, քաղաքական, զինուորական կամ տնտեսական մարզերուն մէջ համբաւ շինած բոլոր կարկառուն դէմքերուն: Տարբեր արժեչափի մը կիրարկումը սոփեստութիւն պիտի ըլլար արդէն ու անհեթեթութիւն: Կեանքին վրայ իր կնիքը դրած ամէն վարդապետութիւն իր հիմնադիրը ունեցած է, ամէն շարժում` իր դրօշակիրը, միջոցին ու տարածութեան մէջ կատարուած ամէն նուաճում` իր լուսապայծառ ռահվիրան: Ու բացառիկները Աստուծոյ համբոյրը ստացած են թէեւ անգամ մը, բայց թող ծանր չթուի,...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (30 Դեկտեմբեր 1967)

Ժամանակին Շունչով Յաւերժականին Հետ Օրուան մարդը սպիտակափառ մօրուքով պատկառելի ծերունին է, որուն գաւազանը կը բախի վերանորոգուող կեանքի սեմին: Ու Նոր տարուան հետ մարդկային միտքը կը բացուի նոր խորհրդածութիւններու առջեւ: Պահ մը կը սթափին ամէնէն անտարբերներն ու թմրածներն անգամ` Կաղանդի իրիկուան մէջ, անցեալէն եկող ուրախ կամ տխուր, բայց միշտ գեղեցիկ յիշատակներու վերյուշով: Ամէն մէկուն` ի՛ր Ամանորը, իր երազներուն չափ խոր, իր յոյսերուն չափ վառ, իր իտէալին չափ մեծ: Մանուկներ կը խայտան սիրուն նուէրներու տեսիլքով, ու մեծերը, այդ մե՜ծ մանուկները կը գինովնան արբեցութեամբ մը ազնիւ, որ ցամքած հոգիներն իսկ կը լեցնէ խնդութեան գինիով: Այս այն պահն է, երբ ուրախութիւնը կը խառնուի տրտմութեան...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (29 Դեկտեմբեր 1967)

Նոթեր Ու Նետեր Ծննդավայր Յիսուսի Խորապէս հաւատացեալ ֆրանսացի մը կ՛ըսէ. - Երկար ատենէ ի վեր մտածած էի, բայց սա վերջերս մանաւանդ աւելի յաճախ խորհեցայ, թէ ինչո՛ւ մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս ծննդավայր ընտրեց Բեթղեհէմը, որով մայրաքաղաք ընտրեց Երուսաղէմը ու իբրեւ հայրենիք նախընտրեց Պաղեստինը: Գիւղ մը, մայրոստան մը, հայրենիք մը, որոնք միշտ թատերաբեմ են կիրքերու, կռիւներու, պատերազմներու, պառակտումներու, ըլլալով հանդերձ սրբավայրերը երեք կրօններու: Ինչո՞ւ մեր Տէրը չնախընտրեց ծնիլ աւելի յարմար վայր մը... Բայց կա՞յ աշխարհի վրայ տեղ մը, նոյնիսկ` ծով մը կամ լիճ մը, որ պղծուած չըլլայ պատերազմներով, ջարդերով, բռնութիւներով, կործանումներով, գրաւումներով, աւարառութիւններով, սադրանքներով: Կա՞յ կէտ մը Եւրոպայի, Ասիոյ կամ Ափրիկէի մէջ,...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (28 Դեկտեմբեր 1967)

Արաբները Պոյքոթի Ենթարկեցին Բեթղեհէմի Ծննդեան Պատարագը Թել Աւիւի մէջ հրատարակուած պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը կը յայտնէ, թէ Բեթղեհէմ կէս գիշերին աշխարհէն կտրուեցաւ` հեռաձայնային գիծերու խզման իբրեւ հետեւանք, խզում, որուն պատճառը խափանարարութիւնն է: Խափանարարական այս արարքը գործուեցաւ Սուրբ Եկատերինէ եկեղեցիին մէջ գիշերային Ս. պատարագի սկսելէն երկու վայրկեան առաջ: Գիծերը նորոգուեցան առաւօտուն: Ուխտաւորներու Թիւը Կէսի Իջած Էր Այս գիշեր ուխտաւորները սովորական տարիներէն երկու անգամ նուազ էին: Ներկաներու նօսր թիւը կը հաստատէր մասնակի ձախողութիւնը իսրայէլացիներուն, որոնք Ծնունդի գիշերը կ՛ուզէին փաստել, որ կեանքը բնականոն է (նոյնիսկ առաջուընէ շատ աւելի լաւ): Երբ զանգերը հնչեցին ժամը 12:00-ին, 300-էն նուազ այցելուներ կը գտնուէին մսուրին շուրջ: Հազարամեայ եկեղեցիին մէջ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (23 Դեկտեմբեր 1967)

Խմբագրական Ազգային Պարտականութիւն (Գաւառական Ժողովի Լրացուցիչ Ընտրութիւններուն Առթիւ) Վաղը, կիրակի, 24 դեկտեմբեր, ըստ Ազգային սահմանադրութեան, Լիբանանի զանազան ընտրաշրջաններուն մէջ պիտի կատարուին Ազգային գաւառական ժողովի լրացուցիչ ընտրութիւնները` ընտրելու համար նոր ազգայիններ վիճակով դադրած կամ մահացած երեսփոխաններու տեղ: Ընտրելու իրաւունքը մեր Ազգային սահմանադրութեան կողմէ ճանչցուած բոլոր իրաւունքներուն մէջ ամէնէն նուիրականն ու թանկագինն է, որով իւրաքանչիւր ազգային ինքզինք իրաւասու կը զգայ գործօն մասնակցութիւն բերելու ազգային կեանքին: Շնորհիւ սահմանադրութեան այս տրամադրութեան` ազգին գործերը կը ղեկավարուին ժողովուրդին կողմէ ընտրուած ազգայիններով, որոնք ժողովական կեանքի մէջ հարազատօրէն կը ներկայացնեն զիրենք ընտրող զանգուածները: Վերջին քսանամեակի ընթացքին մանաւանդ, եթէ Լիբանանի մեր թեմին ազգային կեանքը յարատեւ վերելք արձանագրած է զանազան...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (22 Դեկտեմբեր 1967)

Ռինկ - Փրկութեան Կամուրջը Աշխատանքները Պիտի Աւարտին 1969 Դեկտեմբերին Պէյրութ վերջապէս պիտի ունենայ իր բարձրադիր կամուրջը: Երկու տարիէն շրջագայութեան դժուարութիւնները վերջ պիտի գտնեն առեւտրական «ռինկ»-ին եւ մայրաքաղաքի կեդրոնական մասին մէջ: Այս ուրախառիթ որոշումը տուաւ հանրապետութեան նախագահը` վերջակէտը դնելով նման կամուրջի մը անհրաժեշտութեան մասին ծագած երկար եւ ամուլ վէճերուն: Հինգշաբթի առտու Սին Էլ Ֆիլի պալատին մէջ տեղի ունեցած ժողովի մը ընթացքին նախագահ Հելու Քաղաքաշինութեան գերագոյն խորհուրդի ներկայացուցիչ Միթրի Նամմարէն պահանջեց յառաջիկայ մարտէն առաջ պատրաստել աշխատանքներու նուազուրդի թղթածրարը: Աշխատանքները կրնան սկսիլ մայիս 1968-ին եւ աւարտիլ 18 ամիս ետք, դեկտեմբեր 1969-ին: Կամուրջը, որ պիտի շինուի սիւներու վրայ, պիտի ունենայ մօտ 100 մեթր երկարութիւն...

Կարդալ ԱւելինDetails
Page 27 of 69 1 26 27 28 69

Արխիւներ