Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (27 Նոյեմբեր 1967)

Նոյեմբեր 27, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Օրուան Դէպքերու Հետ

Ուշադիր կարդացէք «Ճումհուրիէթ»-ի հետեւեալ մեկնաբանութիւնը, որ հիանալիօրէն կը խտացնէ տրամաբանելու այն եղանակը, որով այսօրուան աշխարհը կ՛ուղղուի դէպի ընդհանուր խառնակութիւն:

«Թուրքեւամերիկեան յարաբերութիւններու վատթարացումը, կը գրէ անկախ մեծ թերթը, անշարժութեան պիտի մատնէ Միացեալ Նահանգներու տարաժամ նախաձեռնութիւնները: Միւս կողմէ` չենք կարծեր, որ Խորհրդային Միութիւնը դէմ ըլլայ սահմանափակ նպատակներ հետապնդող զինուորական միջամտութեան մը: Իր վարկը կորսնցնելու իսկ գնով Խորհրդային Միութիւնը չմիջամտեց Իսրայէլի կայծակնային յարձակման ընթացքին, հակառակ անոր որ արաբական երկիրներուն նկատմամբ անոր յանձնառութիւնները շատ աւելի լայն էին, քան` Մակարիոսի հանդէպ: Ուրեմն ճամբան բաց է Կիպրոսի մէջ թրքական միջամտութեան մը համար»:

Այսպէս, այն վայրկեանէն սկսած, երբ Ամերիկայի դաշնակից պետութիւն մը կրնայ անշարժացնել այդ մեծ տէրութիւնը եւ ապահոված է միւս մեծ տէրութեան` Խորհրդային Միութեան ձեռնածալ մնալը, այլեւս ոչ մէկ բան կրնայ զայն կեցնել` բռնի ուժով իր նպատակներուն հասնելու ճամբուն վրայ:

Իսրայէլ տուաւ օրինակը, Թուրքիա անհամբեր է:

Ամերիկեան դրօշակը հրկիզուեցաւ Պոլսոյ մէջ (յունականին հետ) եւ «Հիւրրիէթ», ինչպէս իր անունը ցոյց կու տայ, ազատ է ասպարէզ կարդալու զօրաւոր դաշնակիցին, որմէ այլեւս չի վախնար. «Ճոնս՛ըն, ե՛տ կանչէ ներկայացուցիչդ ու այլեւս մեր գործերուն միջամուխ մի՛ ըլլար: Մի՛ ստիպեր, որ թուրք ազգը թքէ վրադ»:

Կարելի չէ ըսել, թէ քաղաքավարութիւն է այս… Բայց վերջապէս, թուրքը կը ջղայնանայ: Ու ամերիկացին համբերող է: Հինգ տարիէ ի վեր չի՞ կռուիր միթէ Վիեթնամի մէջ… ոչինչի համար:

Հետեւանքնե՞րը. անգլիական դրամը փուլ եկաւ, տոլարը սպառնալիքի տակ է, եւրոպական երկիրներուն մէջ ոսկիի վրայ խուժումը ցոյց կու տայ, որ խուճապ ստեղծուած է քաղաքական, զինուորական, տնտեսական եւ ելեւմտական զինակցութեան դրութեան մէջ, որ քսան տարիէ ի վեր կը հանդիսանար պատերազմի վաղորդայնին Միացեալ Նահանգներու շուրջ յղացուած նոր (եւ ժողովրդավարական) կարգի մը սիւներէն մէկը:

Ամէն բան իրարու կապուած է:

Աշխարհ մինչեւ հիմա ապրեցաւ կարգի մը մէջ, որ մէկ կողմէ կերտուած է Միացեալ ազգերու վրայ եւ միւս կողմէ` հակադիր երկու զինակցութիւններու հաւասարակշռութեան, մէկը` Միացեալ Նահանգներու շուրջ, միւսը` Խորհրդային Միութեան:

Եւրոպական ձիւնհալը եւ զինական յառաջդիմութիւնները գերեզմանը փորեցին երկու պլոքներու դրութեան: Իւրաքանչիւր պետութիւն վերստացաւ գործելու իր ազատութիւնը, ու ասոր հետեւանքները կը տեսնենք դրամական եւ տնտեսական գետնի վրայ մղուող դաժան պայքարին մէջ:

Իրենց դաշնակիցներուն գլխուն վրայէն երկու գերպետութիւններուն միջեւ հաստատուած կապը հաստատեց նաեւ երկու պլոքներուն սնանկութիւնը եւ անդամալուծեց Միացեալ ազգերը:

Ամերիկա ինքզինք հետզհետէ աւելի ազատ զգաց ուժի քաղաքականութիւն մը կիրարկելու Ծայրագոյն Արեւելքի մէջ` առանց մտահոգուելու, որ այդպիով նախընթաց մը կը ստեղծէր իր պաշտպանութիւնը վայելող նուազ մեծ տէրութիւններուն համար:

Թուրքը Ամերիկային համար կռուեցաւ Քորէայի մէջ ու թիկունք կը կանգնի Վիեթնամի պատերազմին: Ասիկա հիմա իրաւունք կու տայ իրեն կռուելու իր հաշուոյն, պր. Ճոնսընէն պահանջելով, որ մէկ կողմ կենայ:

Իսրայէլ տարբեր վերաբերում չունեցաւ, եւ ամէն ոք տեսաւ, թէ Ամերիկա, ինչպէ՛ս եկաւ իրաւունք տալու անոր ՄԱԿ-ի մէջ պաշտպանելով «նախայարձակման պարգեւ»-ի տեսակէտը, արաբական հողերը պիտի վերադարձուին այն ատեն միայն, երբ գոհացում տրուի Իսրայէլին:

Ներկայ դարու առաջին կիսուն Միացեալ Նահանգները երկու անգամ աշխարհին տուին օրէնքի, արդարութեան եւ հաւասարութեան վրայ հիմնուած միջազգային յարաբերութիւններու երազը:

Ըսուեցաւ, որ Ազգերու դաշնակցութիւնը` այդ երազին առաջին տպագրութիւնը, փուլ եկաւ, որովհետեւ Ամերիկան չէր ուզած անոր մաս կազմել, զայն յղանալով հանդերձ:

Միացեալ ազգերը, որոնք հնարուեցան ամերիկեան յոյն գաղափարաբանութեամբ, արդեօք նոյն վախճանի՞ն դատապարտուած են, որովհետեւ Միացեալ Նահանգները, որոնք անոր մաս կը կազմեն, ամէն կողմէ կը միջամտեն` ՄԱԿ-ի ժողովավարութենէն եւ անոր օրէնքներէն դուրս գալով: Ու այդպիսով, իրենց պաշտպանեալներուն ազատութիւն կու տան` հետեւելու իրենց օրինակին:

Տեսանք, որ իսրայէլացին, բրիտանական բանաձեւին շուրջ Ապահովութեան խորհուրդի քուէարկութենէն անմիջապէս ետք, աշխարհի երեսն ի վեր յայտարարեց, թէ մէկ թիզ հող իսկ պիտի չզիջի, այնքան ատեն որ արաբական պետութիւնները կը մերժեն բանակցիլ յաղթականին թելադրած խաղաղութեան համար:

Հակազդեցութիւնը եկաւ այս վերաբերումին տրամաբանական գծով, Եգիպտոսի նախագահը խօսեցաւ ճառ մը, ուր կ՛ըսուի, որ եթէ արաբական հողերը չվերադարձուին ՄԱԿ-ի միջոցով, դարձեալ ուժի պիտի դիմուի:

Իսրայէլ, Վիեթնամ, Թուրքիա եւ Կիպրոս… պարզապէս իրարմէ հազիւ տարբեր երեսներն են նո՛յն քաղաքականութեան, տրամաբանելու նո՛յն եղանակին, բռնի ուժին հանդէպ նո՛յն հաւատքին:

Ասիկա շղթայական հակաազդեցութիւն մըն է, որ դրամական եւ քաղաքական գետնի վրայ կու տայ նախանշանը խառնակութեան մը, որուն ընթացքը յայտնի չէ թէ ո՛վ պիտի կրնայ կեցնել:

ՕԹԱՆ-ը, վերջին պահուն, իր միջնորդութիւնը կ՛առաջարկէ Անգարայի եւ Աթէնքի: Չորս տարուան մէջ երկրորդ անգամն է այս: Ու Կիպրոս խաղաղութիւն չունի:

Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, ուր կառոյցները այնքան խախուտ են, այս անկումը աւելի զգալի եւ եղերական հետեւանքներ պիտի ունենայ, քան` որեւէ այլ տեղ: Արաբական պետութիւնները պէտք է զգուշ ըլլան եւ կացութիւնը դիմակալեն սերտակցութեան աւելի պայծառ ճիգով մը: Երբ ՄԱԿ-ի ուխտին վրայ հիմնուած համաշխարհային կարգը փլուզման սպառնալիքին տակ է` իր տեղը տալու համար «19-րդ դարու» յատուկ գերակայութիւններու դրութեան մը, հոս, մենք պէտք է վախնանք ցեղային եւ ազգային նկարագիր ունեցող գերակայութիւն մը հաստատելու փորձերէն, որոնց սերմերը կան Պաղեստինի եւ Կիպրոսի վէճերուն մէջ:

Հաւատալ, թէ Ուաշինկթըն կը զգացուի այս փաստարկութիւններէն, կամ Մոսկուա կրնայ փոխել ճակատագրին ընթացքը, պատրանք է: Փրկութիւնը կրնայ գալ միայն արաբական պետութիւններու յարաճուն միասնականութենէն, եւ այս` քաղաքական վարդապետութեան մը շուրջ, որ իրապաշտութեամբ ճշդուած ըլլայ` ի պաշտպանութիւն շրջանի անդորրութեան եւ հաւասարակշռութեան:

Ա՞յս ալ պատրանք է արդեօք:

ՌԸՆԷ ԱԺՈՒՐԻ

«Լ՛Օրիան»

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Մեսրոպեանը Տօնեց Լիբանանի Անկախութեան Օրը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?