Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (21 Դեկտեմբեր 1967)

Դեկտեմբեր 21, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայկական Պոլիսը

Պուլկարահայ մտաւորական Մ. Հագիգեան վերջերս այցելած է Պոլիս եւ ընդարձակ յօդուածաշարք մը ստորագրած է Սոֆիայի «Երեւան» շաբաթաթերթին մէջ:

Ստորեւ` կարգ մը հատուածներ.-

Պոլսոյ հայերը ամուր փարած են դպրոցին, եկեղեցիին եւ ազգային աւանդութիւններուն:

Հայութեան թիւը հոն 65 հազարէ աւելի է: Վերջին պատերազմէն առաջ հարիւր հազար էր հայոց թիւը Պոլսոյ մէջ:

Շատեր պատրուակ բռնելով երկրին տնտեսական անկայուն վիճակը, անգործութիւնն ու հայերու հանդէպ խորթ վերաբերումը` կը գաղթեն Ատլանտեանէն անդին:

Պոլսոյ հայ դպրոցներուն թիւը 28-ի կը հասնի, հինգը` երկրորդական (լիսէ), ութը` միջնակարգ, իսկ մնացեալները` նախակրթարան: Աշակերտներուն թիւը կը հասնի ութ հազարի:

Դասաւանդութիւնները հայերէն եւ թրքերէն են: Աշակերտները լաւ կը տիրապետեն հայերէնի եւ թրքերէնի: Դպրոցները ունին իրենց սանուց միութիւնները: Օտար լեզուներէն ի պատուի են անգլերէնը եւ ֆրանսերէնը: Սանուց միութիւնները կ՛ունենան իրենց հաւաքոյթները եւ ներկայացումները: Կայ Մշակութային միութիւնը, որուն ատենապետն է «Քուլիս» ամսագրի խմբագիր Յ. Այվազը: Մէկ տարուան մէջ ներկայացուցած են Յ. Պարոնեանի «Մեծապատիւ մուրացկանները» 26 անգամ:

Պոլսոյ մէջ կան 32 հայ առաքելական, հինգ կաթողիկէ եւ երկու աւետարանական եկեղեցիներ եւ ժողովարաններ:

Քաղաքի կարեւոր հաստատութիւններէն է Ետիգուլէի Ս. Փրկիչ հիւանդանոցը, որ 1802-ին հիմնուած է Գազազ Յարութիւն ամիրայի կողմէ: Հաստատութեան մէջ կը պաշտօնավարեն երեսուն բժիշկներ: Ունի հինգ հարիւր անկողին եւ երկու հարիւր պաշտօնեայ: Տարեկան պիւտճէն է երեք միլիոն թրքական ոսկի, որուն հարիւր հազարը կու տայ պետութիւնը: Կարեւոր նպաստ մը կը տրամադրուի Բարեգործականի եւ «Կիւլպէնկեան» ֆոնտին կողմէ:

Սկիւտարի մէջ կը գտնուի դպրեվանք մը, որ 1953-ին հաստատուած է եւ ունի լիսէի աստիճան: Տարեկան 540 հազար ոսկի պիւտճէին մէկ մասը կը հայթայթէ «Կիւլպէնկեան» ֆոնտը: Այս ֆոնտը  կ՛օգնէ  նաեւ կրթական հաստատութիւններուն:

Անցեալ տարի աղքատ տղոց համար Գնալը կղզիին մէջ բացուած է կազդուրման կայան:

Պոլսոյ մէջ կը հրատարակուին երկու օրաթերթեր` «Ժամանակ» եւ «Մարմարա»: Առաջինը լոյս կը տեսնէ Արա եւ Մարտիրոս Գոչունեան եղբայրներուն, իսկ երկրորդը իր հիմնադիր Մ. Շամլեանի աղջկան` Ա. Զոպեանի եւ փեսային` Պետրոս Զոպեանի ղեկավարութեամբ:

Կը հրատարակուին նոյնպէս «Քուլիս» ամսագիրը, «Արշաւ» շաբաթաթերթը, խմբագիրներ` Արա եւ Լիլի Գոչունեաններ, «Կավռօշ» երգիծաթերթը, խմբագիր` Օ. Արթուն, «Ս. Փրկիչ» ամսագիրը, տնօրէն` Կ. Մուրատեան, «Սան» գրական,-գեղարուեստական պարբերաթերթը, «Պարտէզ» մանկական ամսագիրը, խմբագիրներ` Բ. Թեւեան (Վերջերս մեռած), Ատրինէ Տատրեան եւ Արմենուհի Էօզեր, «Երջանիկ» տարեգիրքը:

Օրաթերթերու տպաքանակն է 2500-3000, իսկ պարբերաթերթերունը` 4-500 կամ աւելի նուազ:

Ծանօթ արուեստագէտներէն յիշենք` Պետրոս Գույումճեանը, Ալիս Մանուկեանը, Ալիս Քիթապճեանը, Նուրհան Ռուշանը, Անահիտ Փափազեանը:

Շարժանկարի մարզին մէջ ծանօթ դերասաններէն յիշենք` Ն. Թերզեանը, Ն. Գամչեանը, Գր. Ճեզվեճեան:

Երաժշտական մարզի մէջ` ողբացեալ Վահրամ Միւհենտիսեան: Խմբավարներ` Ժ. Ասլանեան եւ տոքթ. Տ. Մամիկոնեան, ուտի` Հրանդ Քէնքիւլեան, աչազուրկ, որ վերջերս Հայաստան ալ այցելեց:

Գրական դէմքերէն ծանօթ են` Յ. Մնձուրին, Ե. Սիմքէշեանը, Ատրինէ Տատրեանը, Վ. Կոմիկեանը, Վ. Բարունեանը, Ս. Կիւլպէնկեանը, եւ այլն:

Կ՛ըսուի, որ Թուրքիոյ ներքին գաւառներուն մէջ կ՛ապրին շուրջ քսան հազար հայեր` ցրուած Անգարայի, Կեսարիոյ, Ամասիոյ, Խարբերդի, Եոզկատի, Տիգրանակերտի մէջ եւ այլուր: Անոնց վիճակը ողբալի է: Պարբերաբար պատրիարքարանը այցելու հովիւներ կը ղրկէ անոնց:

Ասոնցմէ զատ` կան տակաւին թրքացած հայեր, որոնց թիւը յայտնի չէ:

Ահա ամփոփ պատկերը երբեմնի հայ մտքի ոստան Պոլսոյ:

 

Ընկերներ Րագուպեանի Եւ
Օղուլեան Նախագահ Հելուի Մօտ

Հարաւային Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի անդամներէն` Յովհաննէս Րագուպեան եւ Յովսէփ Օղուլեան երեքշաբթի, 19 դեկտեմբեր, առաւօտեան ընդունուեցան Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Շարլ Հելուի կողմէ, Սին Էլ Ֆիլի նախագահական ապարանքին մէջ:

Հիւրերը նախագահին ներկայացուեցան Պէյրութի հայ երեսփոխան Մովսէս Տէր Գալուստեանի կողմէ:

Նախագահը սիրալիր ընդունելութիւն մը ցոյց տուաւ մեր երիտասարդ ընկերներուն, որոնք Լատին Ամերիկայի հայկական գաղութին անունով շնորհակալութիւն յայտնեցին նախագահին` Լիբանանի հայութեան հանդէպ ցոյց տրուած ազնիւ վերաբերումին համար:

Տեսակցութեան ընթացքին խօսուեցաւ նաեւ հարաւամերիկեան երկիրներու մէջ գտնուող լիբանանեան հոծ գաղութներու մասին, որոնք կրցած են իրենց գտնուած շրջանին մէջ համակրանք ստեղծել Լիբանանի հանդէպ:

Նախագահը մեծ գոհունակութեամբ արտայայտուեցաւ հայութեան մասին:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Փորձառուներու Կարծիքով…

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?