Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (9 Դեկտեմբեր 1967)

Դեկտեմբեր 9, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ապրիլեան Եղեռնի Յուշարձանին
Բացումը Երեւանի Մէջ

Նոյեմբեր 29-ին, Երեւանէն եւ շրջաններէն հաւաքուած բազմահազար ժողովուրդի ներկայութեան, Ծիծեռնակաբերդի բարձունքին բացումը կատարուեցաւ 1915-ի ապրիլեան եղեռնի յուշարձանին: Ծիծեռնակաբերդէն կ՛երեւի Երեւանի գեղեցիկ համայնապատկերը: Չորսուկէս հազար մեթր տարածութեան վրայ բարձրացած է վեհապանծ յուշարձանը: Անոր մէջ կը մտնէ 30 մեթր տրամագիծ ունեցող շրջանաձեւ դամբարանը` դէպի կեդրոն խոնարհուած 12 հսկայ պազալթէ պիլոններով: Դամբարանին մէջ կը վառի յաւերժական հուրը` ի յիշատակ Եղեռնի զոհերուն:

Դամբարանէն քիչ հեռու վեր խոյացած է քառասուն մեթրնոց երկնասլաց կոթողը, որ կը խորհրդանշէ հայ ժողովուրդի վերածնունդը:

Ժամը 15-ին ամպիոնի վրայ էին պաշտօնական անձեր: Հաւաքոյթին բացումը կատարեց Լ. Ղարիսջանեան եւ յայտարարեց, որ` «1915 ապրիլին թրքական յետադէմ կառավարողների նախօրօք մշակած ծրագրով նահատակութեան բնաջնջման իրենց ոճրապարտ ծրագիրը` արիւնարբու բռնակալները նետուեցին դէպի Արեւելեան Հայաստան, որպէսզի նոյն ճակատագրին արժանացնեն նաեւ մեր ժողովրդի արեւելեան հատուածը: Ընդառաջելով աշխատաւորների ու հասարակական կազմակերպութիւնների ցանկութիւններին` մեր կառավարութիւնը որոշում ընդունեց, ի յաւերժացումն Եղեռնի զոհերի յիշատակին, Երեւան քաղաքում կանգնեցնել կոթող»:

Հնչեց քայլերգը: Ձայնասփիւռը ամբողջ Հայաստանի մէջ կը տարածէր ճառերը, ինչպէս եւ հեռատեսիլը ցոյց կու տար բացման արարողութիւնը:

Խօսեցաւ նաեւ Ա. քարտուղար Ա. Քոչինեանը. «Այսօր մենք մասնակցում ենք մի յուշարձանի բացման արարողութեան, յուշարձան, որ խոր յարգանքի տուրք հանդիսանալով թրքական ջարդարարների ոճրագործութեան զոհերի յիշատակին` միաժամանակ խորհրդանշում է մեր ժողովրդի վերածնունդը»:

Հայաստանի մտաւորականութեան անունով խօսեցաւ ակադեմիայի նախագահ Վ. Համբարձումեանը, որ յայտարարեց «Այսօր բացուող կոթողը միեւնոյն ժամանակ խորհրդանշում է հայ ժողովրդի վերածնունդը եւ նրա բազմաթիւ յաղթանակները: Ազատուելով պատմական մեծ արհաւիրքների վտանգից, Հայաստանի ժողովուրդը այսօր ապացուցում է իր գոյութեան խոր իմաստը` քրտնաջան աշխատանքով շարունակելով կառուցել մեր չքնաղ հանրապետութիւնը»:

Բազմահազար ներկաները անցան Եղեռնի զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող դամբարանին առջեւէն, ուր կը վառի յաւերժական կրակը:

 

Հայաստանի Լեռներու Սրնգահարը

Համաստեղի Յոբելենական կեդրոնական յանձնախումբը, ողբացեալ գրագէտին մահուան առաջին տարելիցին առիթով, անոր անձին ու գործին նուիրուած պատկերազարդ ու գունաւոր «Յուշամատեան» մը լոյս ընծայեց, որմէ օրինակներ սկսան հասնիլ Պէյրութ:

ԱՆոր վրայ նետուած հարեւանցի ակնարկ մը` ու մարդուս սիրտը հրճուանքով ու հպարտութեամբ կը լեցուի:

Հրատարակչական մեր արուեստին մատի վրայ համրուող գլուխ-գործոցներէն մէկը հաւանաբար ա՛յս հատորն է` իր թուղթով, տպագրական մաքրութեամբ եւ էջերու բարձրաճաշակ դասաւորումով:

Կեդրոնական յանձնախումբը այս հատորին համար միջոցներ չէ խնայած, ու նկարիչ Մինաս Մինասեան անհուն խանդաղատանքով մը շռայլած է իր արուեստին նրբութիւններն ու լոյսը մէ՛ն մի էջի վրայ` բացառիկ գործ մը ընծայելով հայ ընթերցողին:

Համաստեղէն կամ Համաստեղի մասին ստորագրուած հատուածային գրութիւններով կազմուած է «Յուշամատեան»-ը եւ կը հաշուէ 120 էջ: Այդ ամբողջին մէջ, սակայն, իրենց ներկայացման ձեւին մէջ իրար յիշեցնող հազի՛ւ մէկ-երկու էջ կարելի է գտնել: Իւրաքանչիւրին մէջ կայ գիրերու եւ խորագիրներու հաճելի այլազանութիւն մը, իւրաքանչիւրը շարուած է տարբեր չափի վրայ, տարբեր գծապատկերով, խորհրդանշական երանգով մը շրջանակներով:

Պարտականութեան մը արդիւնքը չէ այս հատորը, անիկա գինն է պաշտամունքի մը:

Համաստեղ, բոլոր վաւերական դէմքերուն պէս, ամբողջական գրագէտ մըն էր ու արժանացաւ ամբողջական հայութեան ամբողջակա՛ն համակրանքին:

«Յուշամատեան»-ը կարելի ձեւով մը կը ցայտեցնէ այդ ոգին: Հոն տեղ գտած են բոլոր յարանուանութեանց պետերը եւ կոնդակ ունին: Հոն տեղ գտած են բոլոր հոսանքներուն գրողները ու վկայութիւններ ունին:

Դառնանք` ուրիշ բան ըսենք: Շնորհակալութի՛ւն յայտնենք այս հատորին գաղափարը յղացող, կազմող, ձեւաւորող մարմինին, մարդոց, ամբողջ ամերիկահայութեան, որ անխտրական ոգիով, հրէի եւ հեթանոսի վէճերուն պահ մը վերջ տալով` ողջունեց գրագէտը եւ օրինակելի ներդաշնակութեամբ մը կը շարունակէ ընծայել անոր շօշափելի իր յարգանքը:

Գրագէտ մը ունենալը հարստութիւն է: Գրագէտ մը յարգելը` մշակուած ժողովուրդներու յատուկ արտայայտութիւն: Պատի՛ւ ամերիկահայ մեր հատուածին…

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Հին Առարկաներ Հտպիտներու Կը Վերածուին…

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?