Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (8 Դեկտեմբեր 1967)

Դեկտեմբեր 8, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համազգայինի Պէյրութի մասնաճիւղի գրական յանձնախումբին կողմէ դասախօսական երեկոն բացաւ Գ. Շահինեանը` սահմանելով բանաստեղծին եւ մանաւանդ հայ բանաստեղծին կոչումը. «Մեր դարուն մեծ հարցեր կը յուզեն ամբողջ մարդկութիւնը, մասնաւորապէս` գրողն ու բանաստեղծը. ան կը զգայ մարդուն տառապանքը, եւ անոր երգը ձօնուած է մարդ արարածին, իսկ հայ բանաստեղծը այդ բոլորէն վեր նաեւ անխոնջ պահակն է հայ արժէքներուն ու մշակոյթին»:

Ռուբէն Մելիք բեմ բարձրանալով` նախ ուզեց իր շնորհակալութիւնը յայտնել դարձեալ Համազգային ընկերութեան: «Պէյրութ հասած օրս իսկ ինքզինքս տանս մէջ զգացի, շրջապատուած` երիտասարդներով, որոնց համար մշակոյթ բառը կարեւոր եւ լուրջ բան մըն է: Ինձմէ խնդրեցին, որ հայերէն խօսիմ, կը փորձեմ: Շատ յուզուած եմ, տեսայ այն, ինչ որ Ֆրանսա եղած ատենս չէի կրնար երեւակայել: Գալ, տեսնել Տէր Զօրի մեր պապերու ոսկորները, Ճեմարանն ու հայ երեխաները, տեսնել անցեալն ու ապագան` այնքան մօտիկ իրարու, իսկապէս երջանկութիւն է ինծի համար: Յուզիչ տպաւորութիւն ըրաւ նաեւ Այնճարը, հին Մուսա Տաղի ուսուցիչներու երեխաները դարձեր են նոր ուսուցիչներ: Ամբողջ ժողովուրդ մը ձեռք-ձեռքի տուած` կը պահեն մշակոյթը: Հայ ժողովուրդի երկու յատկութիւնները` յարատեւութիւնն ու տոկունութիւնը, դարերով պաշտպաներ ու աշխարհին տուեր են ամէնէն մեծ մշակոյթներէն մէկը: Եթէ Նարեկացին եւ ուրիշներ գոյութիւն չունենային, աշխարհին կը պակսէր մեծ հարստութիւն մը: Բայց բաւական չէ, որ հայ ժողովուրդը իմանայ, պէտք է օտարն ալ ճանչնայ զայն: Երիտասարդական կազմակերպութիւնները պէտք է ծանօթացնեն մեր մշակոյթը օտարին: Հայ մշակոյթը պէտք է մնայ, մեծնայ ու տարածուի»:

Ռուբէն Մելիք ցաւ յայտնեց, որ իր դասախօսութիւնը պիտի ընէ ֆրանսերէնով, որովհետեւ իրեն համար աւելի դիւրին է արտայայտուիլ այդ լեզուով, եւ շարունակեց. «Ասիկա իսկական խոստովանանք մըն է ինծի համար, հանրութեան առջեւ: Իմ կարծիքով, գրողը փոխանակ հեռանալու ընկերային կեանքէն` պէտք է ըլլայ միջոց մը մարդկութեան զգացումները արտայայտող, պէտք է անհատները իրարու միացնող կապ մը դառնայ:

Իբրեւ մարդ` ունիմ հոգի մը, իսկ կեանքն ու դէպքերը ձեւակերպած են մտքերս: Այժմ այս միջավայրին մէջ երջանիկ եւ պատուըւած կը զգամ ինքզինքս: Պէտք չկայ 20-րդ դարուն սպասելու մահուան` վաւերական գրող դառնալու համար: Բանաստեղծը իր ժամանակի մարդկութեան զգացումները արտայայտող մըն է, քարոզիչ մըն է, ունի կոչում մը, զոր պէտք է գլուխ հանէ. իսկ փոխարէնը` կ՛ուզէ մեր բարեկամութիւնը եւ բարեացակամ վերաբերմունքը:

Մարդ անհատը կը կազմաւորուի մանկութեան ու պատանեկութեան շրջանին, այդ շրջանին պատահած դէպքերը, ուրախութիւնները, դժբախտութիւնները, սէրերը իրենց խոր դրոշմը կը դնեն կազմուող անհատականութեան վրայ:

Մանկութիւնս եղած է երջանիկ, պատանեկութիւնս` տառապալից, նոյն ուժգնութեամբ ազդած են վրաս հայկական ու ֆրանսական մշակոյթները: Երգեր ու հեքիաթներ երկու լեզուներով ալ փոխանցած են բառերու ու կշռոյթի կախարդանքը: Մէկ կողմէ Sur le Pont d՛Avignon, միւս կողմէ` Ծիծեռնակ, «Երկու փոքրիկ նապաստակ»: Առաջին օրօրները, որոնք կու գային դարերու տառապանքին ընդմէջէն: Կարելի չէ ըսել, թէ ե՞րբ կը սկսի անսահմանելի «հայկական պահը» իմ մէջ, Հայաստանը մանկութեանս խորքը կազմող պաստառն է, որուն վրայ պիտի գային աւելնալու նոր զգայնութիւններ:

Դպրոցի ճամբուն վրայ արդէն զուգահեռ կը սկսին քալել Քլովիսն ու Հայկը, յետոյ «Լա Ֆոնթենի առակներ»-ն ու «Ես իմ անուշ Հայաստան»-ին: Արդէն այդ օրերուն կը սկսիմ սիրել բանաստեղծութիւնը: Նախնական ու միջնակարգ դպրոցին մէջ գոց կը սորվիմ հազարաւոր տողեր, արտասանութեան եւ առոգանութեան պահեր, լռութեան մէջ կը հետեւիմ ոտանաւորի երաժշտութեան ու կշռոյթին: Ամէն նոր բանաստեղծութիւն նոր ապրումներ կ՛արթնցնէ մէջս:

Պատանեկութիւնս վերադարձ մըն է հայկականին, կը լսեմ Հայկական հարցի մասին, կը դիտեմ որբերու եւ այրիներու լուսանկարները, կը տեսնեմ Արարատն ու Արաքսը, Հայկը կը դառնայ հերոս: Հայկական եկեղեցին կը գրաւէ զիս, շատ բան կը պարտիմ մեր եկեղեցիին:

Սակայն շուտով դուրս կու գամ հայկական սահմաններէն, համաշխարհային հարցերը կը սկսին յուզել զիս: Կը զգամ, որ պէտք է գրեմ նաեւ այն երկրին համար, ուր ծնած ու մեծցած եմ: Հոս ալ արեւելեան ազդեցութիւնը կը տանիմ հետս:

Հայկական ողբերգութիւնը, ըլլայ հեքիաթ թէ պատմութիւն, դէպքերը խորապէս ըմբռնելու կարողութիւնը տուաւ ինծի: Մարդասպանութիւնը դարձաւ ինծի համար ամէնէն վայրագ ու դատապարտելի արարքը: Եւ այժմով որ ալ ըլլայ զոհը, սեւամորթ թէ սպիտակամորթ, նոյնքան կը յուզեն զիս անոր տառապանքն ու չարչարանքը:

1939-1945 Համաշխարհային Բ. պատերազմի ընթացքին արիւնի գետի պէս հոսեցաւ, եւ այդ օրերու տեսարանները անջնջելի կերպով դրոշմուեցան մտքիս, ու հոգիիս մէջ: Հոս արդէն կը սկսին «ֆրանսական պահերս»: Կ՛ուզէի գրել անկեղծօրէն, կ՛ուզէի խորհրդածել եւ արուեստին ընդմէջէն պարպել այն, ինչ որ կար հոգիիս մէջ` կուտակուած մանկութեանս ու պատանեկութեանս օրերէն:

Այս բոլորին վրայ, այն մղձաւանջը, որ յաճախ կ՛երեւայ բանաստեղծութեանս մէջ, կու գայ մեր դարէն, հիւլէական դարէն: Առաջին հիւլէական ռումբը փոխեց աշխարհի հոգեբանութիւնը, ազդեց գրողի ոճին ու լեզուին վրայ: Լեզուն սկսաւ կորսնցնել իր կենսունակութիւնը: Իմ կարծիքով, իւրաքանչիւր բանաստեղծի պարտականութիւնն է մեր դարու նիւթապաշտ հոգեբանութեան հակադրել բանաստեղծութեան վեհութիւնը: Բանաստեղծը մնալով իր կոչումին հաւատարիմ պէտք է ձգտի գեղեցիկին: Գիտութեան յաղթանակով մարդկութիւնը սկսած է քանդել երգը, պէտք չէ թոյլ տալ, որ այդպիսի վայրագութիւն գործադրուի:

Այս գիշեր կը տեսնեմ, որ բանաստեղծութեանս մէջ տիրապետողը տխուր նոթերն են: Թէեւ ճակատագիրը մեր ճակտին գրած է, որ կեանքը միշտ կանաչ չըլլայ, սակայն ես լաւատես եմ եւ կը տեսնեմ հայկական լոյսը»:

Ռ. Մելիք դասախօսութեան ընթացքին յաճախ ընդհատեց խօսքը ու ապրումով կարդաց իր բանաստեղծութիւններէն, որոնք տեսքով ու գոյնով ֆրանսական են, սակայն բոյրով` հայկական: Եւ ֆրանսագիր բանաստեղծը հայերով լեցուն այս սրահին մէջ կարծէք շատ աւելի խոր կերպով զգաց իր բանաստեղծութիւններէն հոսող հայկականութիւնը:

Ա. Գ.

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Մայրս Տիեզերք

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?