Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (20 Դեկտեմբեր 1967)

December 20, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Արհեստական Կեանք» Ստեղծուեցաւ Ամերիկացի Գիտնականներու Կողմէ

«Կեանքի Գաղտնիքը Գտնուեցաւ», Կը Յայտարարէ Նախագահ Ճոնսըն
Հայ Գիտնական Մը` Տոքթ. Միհրան Կիւլեան Մասնակից Է Մեծ Գիւտին

Փալօ Ալթոյէն, Քալիֆորնիա, կը հաղորդեն, որ Սթանֆորտ համալսարանի եւ Քալիֆորնիոյ Ինսթիթութ ավ Թեքնալըճիի անդամ գիտնականներ յաջողած են արհեստականօրէն ստեղծել ՏՆԱ կոչուող քիմիական նիւթ մը, որ հիմնական տարրն է` մարդկային բնական ժառանգականութեան, եւ կը նկատուի «կեանքի պարզ կամ սկզբնական ձեւը»:

Այս վայրըսը (Ծ. Խ.- հայերէն ընդհանրապէս որակուած է ժահր) կ՛ազդէ այնպէս, ինչպէս բնականը, որ գոյութիւն ունի կեանքի մէջ, ու կը նկատուի այն սահմանը, որ կեանքը կը բաժնէ կենսազուրկ նիւթէն:

Քիմիական ՏՆԱ տարրը, որ թթու մըն է, կը բովանդակէ բոլոր վայրըսները ընդհանրապէս, եւ` բոլոր մարդկային բջիջները:

Այնպէս որ, գիտնականներ մեծ յոյս կը յայտնեն, թէ անոր միջոցով կարելի պիտի ըլլայ ոչ միայն մեծ յառաջդիմութիւն արձանագրել կենսաբանութեան մէջ, այլեւ նոր ուղիներ պիտի բացուին պայքարելու համար խլիրդի դէմ, եւ այն հիւանդութեանց դէմ, որ ժառանգական թերութեանց հետեւանք են:

Այս նոր տարրին գլխաւոր յատկութիւնը այն է, որ մտնելով մարմնին մէջ` նոր ուժ մը կը հանդիսանայ, եւ բազմանալով` կը չէզոքացնէ վնասակար կամ ախտաւոր ժահրերը:

Նախագահ Ճոնսըն մասնաւոր յայտարարութեամբ մը ողջունած է այս «ահազդու գիւտը, որ կը նշանակէ», թէ մարդը լուծած է կեանքի գաղտնիքը»:

Այս դարաշրջան բացող գիւտին գլխաւոր հեղինակներն են` վերոյիշեալ համալսարաններէն` Նոպելի մրցանակակիր տոքթ. Արթըր Քորնպըրկ, տոքթ. Ռապըրթ Լ. Սինշայմըր եւ տոքթ. Միհրան Կիւլեան, որ այժմ Շիքակոյի համալսարանին մէջ կը պաշտօնավարէ: Տոքթ. Քորընպըրկ ղեկավարած է աշխատանքները:

Ամերիկայի առողջապահական պետական հաստատութիւնը քաջալերած է եւ նիւթապէս օժանդակած` այդ աշխատանքներուն, ինչպէս յայտարարեց այդ ճիւղին վարիչը` տոքթ. Ճոնսըն:

 

Մեր Մշակոյթը

Մեր պատմութեան ամենատխուր եւ մռայլ օրերուն հայոց մշուշապատ երկնակամարին վրայ բացուեցաւ ծիրանի գօտի մը եւ քառագագաթ Արագածի վերեւը կախուեցաւ շողշողուն եւ լուսարձակ կանթեղ մը:

Հայ ժողովուրդի մշակոյթն էր, որ ծնունդ առնելով մեր հինաւուրց մեհեաններէն, տասնհինգ դար առաջ, շնորհիւ Տարօնի գիւղացի Մեսրոպ Մաշտոցի հանճարին, հայկական տարազ զգեցաւ:

Իրերայաջորդ դարերու ընթացքին հայոց պատմութիւնը շատ մը վերիվայրումներ կրեց, եւ հայ ժողովուրդը տեսաւ փառքի ու արհաւիրքի օրեր, ապրեցաւ անկումի ու վերելքի պահեր, խորասուզուեցաւ մթութեան մէջ ու յուսահատ տագնապի մատնուեցաւ, բայց եւ այնպէս պահպանեց իր մշակոյթը, իր ստեղծագործ ուժը:

Գիրերու գիւտէն ետք հայ ժողովուրդը կորսնցուց իր քաղաքական անկախութիւնը, սակայն ան կերտեց իր հոգեկան միջնաբերդը` անառիկ ու անմատչելի թշնամիներուն համար: Իր մշակոյթը դարձաւ փրկութեան փարոս, հաւատքի աղբիւր եւ ազգային գոյութեան հիմնաքար:

Եւ հայը ստեղծագործեց անդադար եւ յարատեւօրէն: Օտար գիտնականններն ու պատմաբանները, երբ կ՛ուսումնասիրեն մեր անցեալը, զարմանքով կը դիտեն, թէ հայը ինչպէս ստեղծագործած է կեանքի ամէնէն դաժան պայմաններուն տակ, երբ կը հեծէր վայրագ բռնակալներու ճիրաններուն մէջ, երբ իր հայրենիքը ենթարկուած էր աւերի ու ողողուած` արիւնով:

Հայ ժողովուրդի գոյութեան եւ յարատեւումին գաղտնիքը իր ստեղծագործ ոգիին մէջ է թաքնուած: Երբ յափշտակած են իր հայրենիքը, հայը ստեղծած է իր ներքին, հոգեկան հայրենիքը` յանձին իր լեզուի ու մշակոյթի: Թշնամին իրմէ խլած է նիւթական ամէն հարստութիւն, բայց անկարող գտնուած է տիրանալու հայու ոգեկան գանձերուն եւ պարտութեան մատնուած է:

Մշակոյթէ զուրկ կարգ մը ցեղեր ու ժողովուրդներ, որոնք հուրի եւ սուրի մատնած են Հայաստան աշխարհը, այսօր անհետացած են պատմութեան հորիզոնէն: Իսկ հայը կայ ու կը մնայ, որովհետեւ ծաղկեալ մշակոյթ ունի, որովհետեւ կրցած է պահպանել իր ազգային դիմագիծը: Հայը յաճախ տուած է իր կեանքը, բայց երբեք չէ հրաժարած իր ոգեկան արժէքներէն:

Իսկ երբ հայը կեանքի խաղաղ շրջան ապրած է, ան երեւան բերած է իր ստեղծագործական ողջ կարողութիւնները` մշակութային մարզին մէջ հրաշքներ գործելով: Եւ նոյնիսկ` հակառակ տիրող աննպաստ պայմաններուն:

Աշխարհակալ, հսկայածաւալ ու զօրաւոր Թուրքիան հինգ դարերու ընթացքին ի վիճակի չեղաւ ստեղծագործել այն մշակոյթը, ինչ որ հայ ժողովուրդը յաջողեցաւ վերջին հինգ տասնամեակներու ժամանակամիջոցին: Այն ալ` ապրիլեան ահաւոր Եղեռնէն ետքը… Ըլլայ հայրենիքէն ներս, թէ սփիւռքի մէջ: Եւ մենք հպարտ ենք մեր մշակոյթով:

Թուական քանակով եւ քաղաքական կշիռով փոքր ժողովուրդ մըն ենք ներկայիս, սակայն մեծ ենք մեր հին ու նոր մշակոյթով, մեր աշխարհահռչակ գիտնականներով ու գրագէտներով, մեր ոգեկան ստեղծագործ թռիչքներով: Նոյնիսկ այն հայերը, որոնք իրենց տաղանդով ու գրիչով օտար մշակոյթին կը ծառայեն (օրինակի  համար` Սարոյեան մը), իրենց համբաւը կը պարտին իրենց հայ ժողովուրդէն ժառանգած ստեղծագործ ուժին, իրենց հայկական արիւնին:

Եւ ներկայիս, երբ հայ մշակոյթը իր ծաղկումի եւ ուռճացման շրջանը կ՛ապրի, մենք պէտք է, աւելի քան երբեք, կառչած մնանք անոր եւ զայն կրենք մեր հոգիներուն մէջ, որովհետեւ այսօր, երբ հայ ժողովուրդը քաղաքական դէպքերու բերումով եւ անկախ իր կամքէն ցրուած է սփիւռքի մէջ, կոտորակուած հայութիւնը զիրար կապող եւ մօտեցնող գլխաւոր ազդակը մշակոյթն է:

Եթէ մենք մտահոգուած ենք մեր նոր սերունդի ապագայով եւ մեր բոլոր ճիգերը կեդրոնացուցած ենք հայապահպանման նուիրական գործին շուրջ, առաւել եւս պիտի գուրգուրանք մեր մշակոյթին վրայ, պահպանենք անոր ազգային ոգին ու դիմագիծը եւ զայն սիրցնենք երիտասարդութեան:

Որպէսզի ան ինքզինքը հպարտ զգայ իր հայկական ծագումով:

Վ. ԳԷՈՐԳԵԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Պատմական. Քաթալոնիոյ Անկախութեան Հանրաքուէի Լոյսին Տակ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.