50 Տարի Առաջ (25 Նոյեմբեր 1967)
Նշմար Ազատօրէն Լիբանանի Հանրապետութեան ներկայ նախագահը, անդրադառնալով այս երկրի բարոյական կարգ մը սրբազան սկզբունքներուն, իր մէկ խօսքին մէջ կը շեշտէր. «Մեր ժողովուրդը կ՛արտայայտուի ազատօրէն եւ բնաւ պէտք չունի բռնութեան դիմելու` իր գաղափարները արտայայտելու համար»: Ազատութեան արժէքը ըմբռնելու եւ անոր յարգանք ընծայելու իր տրամադրութեամբ, այս պզտիկ երկիրը կրնայ մեծագոյն օրինակներէն մէկը համարուիլ: Գեղեցիկ երկիր է Լիբանանը, աշխարհի գեղեցկագոյն մասերէն մէկը` իր լեռներով, ծովով, դաշտերով, լեռնային, ծովային, դաշտային շռայլ արտայայտութիւններով: Ի՞նչ պիտի արժէին սակայն ատոնք, եթէ երբեք չունենար ամէնէն թանկագինը` ազատութիւնը, որ իբրեւ պսակ` կայ բոլոր իրերուն վրայ, իբրեւ լոյս` կը տարածուի ամէնուրեք եւ կենսագործող շունչի մը պէս կը շրջի բոլոր անկիւններուն:...
Կարդալ ԱւելինDetails



