Նշմար
«Բագին»-ի Զրոյցները
Այսօր կը սկսին, աւելի շուտ` կը վերսկսին «Բագին»-ի զրոյցները, որոնք այս քաղաքի մշակութային շարժման մաս կը կազմեն արդէն, եւ անոնց սպասողներուն թիւը քիչ չէ:
Գաղութահայ գրողներուն նոր թափ մը տալու եւ ընդունակ ուժերը համադրելու հեռանկարով մը հիմնադրուեցաւ «Բագին», ու երիտասարդութեան հետ զրոյցի նստելու գաղափարը հիմնադիրներուն մայր մտահոգութիւններէն մէկը կազմեց առաջին օրէն:
Վեց տարի կ՛ընէ ահաւասիկ, որ զոյգ այդ առաջադրութիւնները հետեւողականօրէն յառաջ կը տարուին` նշանակելի նպաստ մը ընծայելով մեր մշակոյթին: Վեց տարի` ու սփիւռքի պարբերական մամուլին ու գրականութեան մէջ մեծածաւալ վեց հատոր «Բագին»: Հաւաքածոներու կողքին, նուազ շօշափելի չեղաւ նաեւ հաւաքոյթներու արդիւնքը, զրոյցը, որ խանդավառ մասնակիցներ ունեցաւ ամէն տարի եւ դէպի գրականութիւն ճամբայ բացաւ երիտասարդութեան:
Սահմանափակ չեղան այդ զրոյցներուն նիւթերը, չմատուցուեցան նաեւ ակադեմական չորութեամբ: Ընտրութիւնները կատարուեցան միշտ ժամանակի լոյսին տակ: Ազգային ու միջազգային գոյն ունեցող գրական հրատապ հարցեր դրուեցան սեղանի վրայ, երբեմն ծանօթ դէմքի մը մէկ գործը քննութեան ենթարկուեցաւ, եւ երբեմն բոլորովին անծանօթ տղոց փորձերը նիւթ դարձան զրոյցի: Զուարթ, կամ, ինչո՞ւ չէ, ձգտուած մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցան քննարկումները, բախումնե՛րը, եւ այս «աններդաշնակութիւնը» յաճախ մեծ ուրախութեամբ դիմաւորուեցաւ կազմակերպիչներուն կողմէ:
Աշխարհի այս մասին մէջ ամէ՛ն մարդ գիտէ, որ գրականութիւնը թուաբանութիւն չէ, եւ իմացական ու հոգեկան հարցերը պլանաւորման ենթակայ չեն, իմացական հարցերը չեն ենթարկուիր ոեւէ մէկուն բացարձակ իմաստութեան եւ ոչ ալ միւսին մոգական գաւազանին: Ամէն ոք զգալու եւ ըմբռնելու ուրոյն կերպ մը ունի եւ ինքզինք յարգելու, այսինքն իր խօսքին մէջ համոզում մը դնելու նախապայմանէն ետք, ազատ է իր մտածումը արտայայտելու, եւ իր մտածումը յարգելի եղաւ միշտ:
Այս լայնամտութեան շնորհիւ, զրոյցի վազող երիտասարդներուն ու գրասէրներուն համար «Բագին»-ի սրահը սեփական տունի մը վերածուեցաւ եւ տասնհինգ օրը անգամ մը անոնք ժամադրուեցան այնպէս, ինչպէս ամսագիրը ամիսը անգամ մը ու ժամացոյցի կանոնաւորութեամբ կը ժամադրուի իր հազարաւոր ընթերցողներուն հետ, ի սփիւռս աշխարհի:
«Բագին» երազ մը կապած է երիտասարդութեան եւ կասկած չկայ, որ անոր շուրջ բոլորուած երիտասարդները իրենց հաւատքով, կորովով ու երկունքով պիտի կենսագործեն այդ երազը եւ օր մը երախտապարտ պիտի ձգեն հայ գրականութիւնը:
«Բագին»-ի զրոյցները կը վերսկսին այսօր: Ողջո՛յն այս սկիզբին եւ ողջո՛յն` գրականութիւնը կիրքի, հեւքի ու գործի վերածող խանդավառ տղոց:
XX
Յոգնեցուցիչ Բարքեր…
1954-էն ասդին, ամբողջ տասներեք տարի, Հայաստանի ժողովուրդը գրեթէ ամէն օր լսեց Եղիշէ Չարենցի անունը, բան մը կարդաց անոր մասին` յուշ մը, ուսումնասիրութիւն մը, անոր ի նուէր գրուած սրտաբուխ քերթուած մը: Հին, նոր բոլոր գրողները, հին, հնագոյն բոլոր բարեկամները բան մը գտան ու ըսին, բանաստեղծին կապուած դէպք մը յիշեցին ու պատմեցին:
Այս երկարամեայ ու ամէնօրեա՛յ արտայայտութիւններուն տեղեակ մարդերը կը կարծէին, որ ըսելիք ու պատմելիք բան չէ մնացած, երբ այս տարի պաշտօնապէս որոշուեցաւ տօնել բանաստեղծին ծննդեան 70-ամեակը:
Այս որոշման ի լուր` Հայաստանի մտաւորականութիւնն ու բանաստեղծին բարեկամները, ոչինչ ըսած ու լսած մարդոց ագահութեամբ, վերստին սկսան Չարենցի անունով, վաստակով, յուշերով ու հմայքով ողողել հայրենիքի թերթերը:
Բանաստեղծի մը հանդէպ դրսեւորուած այս միահամուռ ու յորդ յարգանքը ժողովուրդի մը արժանիքներուն վրայ գումարուելիք պզտիկ վարկ մը չէ: Երեւոյթը աւելի տպաւորիչ պիտի ըլլար անշուշտ, եթէ երբեք կողմնակալ դատումներու ճնշումը քիչ ըլլար եւ արդար ըլլալու նախանձախնդրութիւնը` շատ:
Մեծութեան մը յարգանք ընծայելու բոլոր պատճառները կարելի չէ թուել հոս, բայց մեծոգիներուն թիւը բազմացնելու միտքը զանցառելի տեղ մը չի գրաւեր նման ծիսակատարութիւններու մէջ, եւ փոքրոգութիւնները սանձելու երազ մը ներելի է կապել անոնց, ինչ որ, դժբախտաբար, շատ զգալի չեղաւ Չարենցին առիթով:
Բանաստեղծին առաջին սէրերէն մէկը` Կարինէ Քոթանճեան պատմած է իր յուշերը, բայց Չարենցին նուիրուած առաջին դասախօսութեան վերաբերող բաժնին սա հատուածը մեծոգիներուն թիւը աւելցնող հատուած մը չէ օրինակ.
«Չգիտեմ, կենդանի՞ է գրողը, թէ մեռած,- աւելացրեց զեկուցողը,- բայց նրա երկերից ելնելով` կարելի է ասել, որ բանաստեղծը պէտք է, որ բոլորած լինի 40 տարին»:
«Զեկուցո՜ղը»: Պատմութեան անծանօթ չէ ընթերցողը: Ակնարկը կը վերաբերի Ն. Աղբալեանին: Անուանի քննադատը անորոշ զեկուցողի մը վերածելու այս դիտումին եւ անոր քովն ի վեր ցուցադրուած յոգնեցուցիչ բարքերուն համար, ի հարկէ, առանձին մեղադրանք մը կարելի չէ ընել յուշագրողին: Կարինէ Քոթանճեան ո՛չ գրող եւ ո՛չ ալ հանրային կարկառուն դէմք: Մեր վրդովումը Աղբալեանին հանդէպ ցոյց տրուած ընդհանուր կեցուածքէն կը բխի: Ի վերջոյ, բանաստեղծի մը մեծութիւնը առաջին անգամ կռահող ու հռչակող մարդը նուա՞զ կշիռ ունի արդեօք, քան` վրացիի մը կամ թաթարի մը յաւուր պատշաճի մէկ տուրքը, որ մեր հայրենիքի մարդերը դեռ կը շարունակեն անտեսել առաջինը եւ կը հրճուին միւսներուն «կարծիքներով»:
Յիսուն տարի առաջ Չարենցը գնահատած եւ քսան տարի առաջ մեռած մարդու մը հանդէպ երկարաձգուող այս քինախնդրութիւնը յոբելենական պերճութեան ուղիղ չի համեմատիր: Յոբելեանները փոքրոգութիւններ յիշեցնելու փաստերէն զերծ պէտք է մնան եւ վերաբերումի արդար մթնոլորտի մը մէջ աճեցնեն մեծոգիներուն թիւը…
XX