Մանկապատանեկան

Գիտական.  Ինչո՞ւ Երկինքը Կապոյտ Է

Գիտական. Ինչո՞ւ Երկինքը Կապոյտ Է

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Երկինքին գոյնը արդիւնքն է բնական եւ մարդկային երեւոյթներու: Երկինքին գոյնը կը ծնի անջրպետին մէջ արեւուն արձակած լոյսէն: Այս ճերմակ լոյսը կազմուած է ծիածանին բոլոր գոյներէն: Լոյսը կ՛ընթանայ տարբեր երկարութիւններ ունեցող ալիքներու ձեւին տակ: Իւրաքանչիւր գոյն ունի իր ալիքին յատուկ երկարութիւնը: Այս ալիքները կը յառաջանան ուղիղ գիծով, մինչեւ որ անոնք հանդիպին արգելքի մը: Երբ անոնք երկրագունդին կը...

Ինչո՞ւ Պէտք Է Խնդանք

Ինչո՞ւ Պէտք Է Խնդանք

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Մարդ արարածը միակ կենդանի էակն է, որ կը խնդայ: Ան յաճախ կը ժպտի, մինչ մանուկները օրուան ընթացքին հարիւրաւոր պատճառներ կը գտնեն խնդալու: Ասիկա բնական է: Խնդալը լաւ է մարդուն թէ՛ բարոյականին, թէ՛ ալ մարմնին: Խնդալը կ՛աշխատցնէ մեր փորի մկանները: Երբ մենք զօրաւոր կը խնդանք, կը զգանք մեր փորի մկանները, որոնք կը կծկուին, եւ նման երկար խնդուք...

Ծաղիկէ Գորգ Մը Պելճիքայի Մէջ

Ծաղիկէ Գորգ Մը Պելճիքայի Մէջ

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Ամէն երկու տարին անգամ մը, շաբաթավերջի մը ընթացքին ծաղիկներով պատրաստուած իսկական գլուխ-գործոց մը կը զարդարէ Պելճիքայի Պրիւքսէլ մայրաքաղաքին հրապարակը: Այս իրադարձութիւնը միշտ տեղի կ՛ունենայ Վերափոխման շաբաթավերջին: Հետեւաբար, եթէ այս տարի բան մը չէք ծրագրած 12-15 օգոստոսի շաբաթավերջին համար, կրնաք ուղղուիլ... դէպի Պելճիքա: Պրիսքսէլի հրապարակի ծաղիկներու գորգը իր ներկայ ձեւին տակ պաշտօնապէս տեղի ունեցած է 1971 թուականին:...

Երջանկութեան Երկիրն Է…

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Ըստ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան կողմէ ներկայացուած շատ լուրջ ուսումնասիրութեան մը` «Ուըրլտ հափինես ռիփորթ»-ի, աշխարհի ամէնէն երջանիկ երկիրը կը գտնուի Եւրոպայի մէջ, եւ հոն օդը շատ տաք չ՛ըներ: Կրնա՞ք կռահել, որ երկիրն է ան: Երբ մենք կը մտածենք «երջանկութեան երկրին» մասին, ընդհանրապէս կ՛երեւակայենք ճերմակ աւազով ծովափներ, արմաւենիներ եւ փիրուզագոյն ծով մը: Սակայն ասիկա ճիշդ չէ, ըստ աշխարհի...

Որո՞ւ Կը Պատկանի Հիւսիսային Բեւեռը

Որո՞ւ Կը Պատկանի Հիւսիսային Բեւեռը

Պատրաստեց՝  ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ 4 օգոստոս 2015-ին Ռուսիա պաշտօնապէս պահանջ մը ներկայացուցած է Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան` Արքթիքի շրջանէն 1,2 միլիոն քառ. քիլոմեթր կցելու իր հողերուն: Այս ձեւով անոր սահմանները պիտի հասնին մինչեւ հիւսիսային բեւեռ: Բազմաթիւ երկիրներ կ՛ուզեն ձեռք դնել այս հողերուն վրայ... Հիւսիսային բեւեռի մէջ միայն սառոյց չկայ... Արքթիքի ջուրերուն խորերը պահուած են շատ մեծ հարստութիւններ: 2,84 միլիոն քառ. քիլոմեթր...

Մեր Մարմնին Հզօր Կարողութիւնները

Մեր Մարմնին Հզօր Կարողութիւնները

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Մեր ծնած վայրկեանէն իսկ մենք կը սորվինք գործածել մեր այս հզօր մեքենան, մեր մարմինը: Քալել, լողալ, խօսիլ, մտածել, քնանալ... Ասոնք բացառիկ կարողութիւններ են, որոնք կարելի կը դառնան շնորհիւ մեր սրտին եւ ուղեղին նման գործարաններուն: Սիրտը` Գործարաններու Թագաւորը Սիրտը մկան մըն է: Ան է, որ ամէնէն շատը կ՛աշխատի: Գիշեր-ցերեկ կը բանի արիւնը մարմնին մէջ դարձնելու համար: Երբ...

180 Հազար Տարիներ Առաջ Արդէն Նէանտերթալի Մարդը  Հետախուզած Է Երկրին Խորերը…

180 Հազար Տարիներ Առաջ Արդէն Նէանտերթալի Մարդը Հետախուզած Է Երկրին Խորերը…

  Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Ֆրանսայի հարաւ-արեւմուտքը գտնուող Պրունիքելի քարայրին մէջ կատարուած  ուսումնասիրութիւն մը կը փաստէ, թէ 180 հազար տարի առաջ արդէն մարդ արարածը հետախուզած էր ստորերկրեայ քարայրները: Ասիկա տարբեր լոյսի մը տակ կը դնէ Նէանտերթալի մարդը, այս «նախնական» մարդը, որ այդքան ալ հեռու չէ իր հոմօ- սափիէն զարմիկէն: Նախապատմական գծագրութիւններով ծածկուած Շովէի (Ֆրանսա) քարայրը մեզի ծանօթ ամէնէն հին ստորերկրեայ...

Լուսնթագի Գաղտնիքները

Լուսնթագի Գաղտնիքները

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ   Այսօր մենք պիտի ուղղուինք դէպի Լուսնթագ մոլորակը: Հռոմէացիներուն համար Լուսնթագը աստուածներու թագաւորն էր: Մեզի համար անիկա գաղտնիքներով շրջապատուած մոլորակ մըն է: Անձնաթուղթ - Զայն կ՛անուանեն` Հսկան: Անիկա մեր արեգակնային դրութեան ամէնէն մեծ եւ ամէնէն ծանր մոլորակն է: Անոր մօտ մեր երկրագունդը մրջիւնի մը նման փոքրիկ կ՛երեւի: - Ան շատ լուսաւոր է: Մենք կրնանք դիւրութեամբ հեռադիտակով...

Փիղերուն Գաղտնի Կարողութիւնը

Փիղերուն Գաղտնի Կարողութիւնը

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Պատուհանը բաց, աչքերդ դէպի երկինք ուղղէ եւ ամպերը ուսումնասիրէ: Դուն որքան կեդրոնանաս, ականջ դնես, պիտի չլսես տեղափոխուելու ընթացքին անոնց յառաջացուցած ձայնը: Սակայն փիղերը ունին այս արտակարգ կարողութիւնը: Ամպերուն Մէջ Ձայնե՞ր Իրականութեան մէջ շատ ճիշդ չէ խօսիլ «ձայնի» մասին ամպերուն շարժումին պարագային: Այս «ձայները» շատ ցած եւ թաւ թրթռացումներ են (ինֆրասաունտ, ենթաձայն), որոնք մարդկային ականջը չի կրնար...

Կեանքը` Բարձունքներուն Վրայ. Լեռներու Ժողովուրդները

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Մենք գիտենք, թէ լեռնային շրջաններուն մէջ կեանքը դիւրին չէ` թէ՛ բնութեան, թէ՛ ալ մարդոց համար: Ծանօթանանք կարգ մը ցեղախումբերու, որոնք ստիպուած եղած են յարմարելու բարձունքներուն վրայ կեանքի դժուար պայմաններուն: Անտեան լեռնաշղթային վրայ քեչուաս հնդիկները   Քեչուասները Հարաւային Ամերիկայի հնդիկներէն են. անոնց թիւը կը հասնի տասը միլիոնի: Անոնք կ՛ապրին Անտեան լեռնաշղթայի բոլոր երկիրներուն մէջ եւ կը խօսին քեչուաս...

Աշխարհի Ամէնէն Սուղ Ժամացոյցները

Աշխարհի Ամէնէն Սուղ Ժամացոյցները

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Շքեղ ժամագործութեան աշխարհը մեզ միշտ ապշեցուցած է ո՛չ միայն իր արհեստագիտական նուաճումներով, այլ նաեւ` իր գիներով: Իսկ գիտէի՞ք, թէ պատմութեան ամէնէն սուղ երեք ժամացոյցները կիներու ժամացոյցներ են: Մարդիկ հարիւր հազար, նոյնիսկ միլիոն տոլարներ կը վճարեն այդ «պարզ» ժամացոյցներէն մէկուն համար: Ահա՛ պատմութեան ամէնէն սուղ երեք ժամացոյցները: 1.- Կրաֆֆ տայմոնտզի «հալիւսինէյշընը» «Հալիւսինէյշըն» անուանուած այս ժամացոյցը ժողովուրդին ներկայացուած...

Մօտ Օրէն` Գի՞ւղ Մը Լուսինին Վրայ…

Մօտ Օրէն` Գի՞ւղ Մը Լուսինին Վրայ…

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Ո՛չ, ասիկա գիտաերեւակայական պատմութեան մը նիւթը չէ, այլ ապագայ ծրագիր մը` Եւրոպական անջրպետային կեդրոնի տնօրէնին, որ կը մտածէ Միջազգային անջրպետային կայանին յաջորդ հանգրուանին մասին: Միայն 12 անձեր` ամերիկացի աստղանաւորդներ քալած են լուսնի վրայ 1969-1972 թուականներուն միջեւ: Այդ ժամանակին այս իրականացումներուն գլխաւոր նպատակը գիտական արկածախնդրութենէ մը աւելի` ցուցադրելն էր Միացեալ Նահանգներու արհեստագիտութեան հզօրութիւնը: 44 տարիներէ ի վեր...

«Թայթանիք»-ին Երկրորդ Ճամորդութիւնը

«Թայթանիք»-ին Երկրորդ Ճամորդութիւնը

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Աւստրալիացի միլիառատէր մը կ՛ուզէ շինել տալ «Թայթանիք» նաւէն նոր օրինակ մը: Այս նոր «Թայթանիք»-ին առաջին ճամբորդութիւնը կը նախատեսուի 2018 թուականին: Պիտի ուզէի՞ր մաս կազմել այս արկածախնդրութեան: 15 ապրիլ 1912-ին աշխարհի ամէնէն հռչակաւոր նաւը` «Թայթանիք»-ը ընկղմեցաւ Ատլանտեան ովկիանոսին մէջ, սառցալերան մը զարնուելէ ետք: Այն նաւը, որ սկզբունքով անկարելի էր, որ ընկղմէր, այլեւս իր օրերը կ՛անցընէ ովկիանոսին խորերը:...

Զատկուան Անսովոր Սովորութիւններ

Զատկուան Անսովոր Սովորութիւններ

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Սովորութիւն է Զատիկին հաւկիթներ ներկել, հաւկթախաղ ընել, տուրմէ նապաստակներ ուտել... Սակայն գիտէի՞ր, թէ գոյութիւն ունին նաեւ կարգ մը «անսովոր» սովորութիւններ: 1. Հաւկիթի մրցում նախագահին հետ «Իսթըր էկ ռոլ» մրցումը ամերիկեան աւանդութիւններէն մէկն է: Անիկա տեղի կ՛ունենայ Միացեալ Նահանգներու Սպիտակ տան պարտէզին մէջ, նախագահին ներկայութեամբ: Խաղին օրէնքը շատ պարզ է. դգալ մը գործածելով` խաշուած հաւկիթ մը քշել,...

«Մանուկներուն Ձայնը»

«Մանուկներուն Ձայնը»

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Տելհիի մէջ, Հնդկաստան, փողոցը լքուած մանուկները իրենց անձնական թերթը կը պատրաստեն եւ զայն կը բաժնեն աւելի քան տասը տարիներէ ի վեր: Հնդկաստանի մէջ միլիոնաւոր մանուկներ կ՛ապրին փողոցը կամ շատ աղքատիկ արուարձաններու մէջ: Հնդիկ պզտիկներուն առնուազն 30 առ հարիւրը աղքատ կը նկատուի: 2003 թուականին փողոցը լքուած շուրջ քսան պատանիներ կ՛որոշեն իրենց ձայնը լսելի դարձնել եւ խօսիլ իրենց...

Թռչուններու Գաղթը

Թռչուններու Գաղթը

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Ամէն տարի մենք երկնքին մէջ կը տեսնենք միլիոնաւոր թռչուններ, որոնք կը բռնեն գաղթի ճամբան: Հետեւինք այս մեծ արկածախնդիրներու հետքերուն: Թռչուններու գաղթ: Դուն վստահաբար լսած ես այս երեւոյթին մասին, սակայն ճիշդ ի՞նչ կը նշանակէ գաղթել: Պարզապէս` տեղէ տեղ տեղափոխուիլ: Եւ մենք գիտենք, թէ թռչունները որքան կը շարժին: Գիտէի՞ք, որ երկու թռչունի վրայ մէկ թռչուն գաղթող թռչուն է:...

Բժիշկ Մը Եթովպիոյ Մէջ

Բժիշկ Մը Եթովպիոյ Մէջ

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Սիմիենի լեռնային գիւղի մը մէջ ծնած Ժեթու կը բժշկէ ամէն ինչէ հեռու գտնուող այդ շրջաններու բնակիչները: Ժեթու մեծցած է Եթովպիոյ հիւսիսը, Քէյիթ գիւղին մէջ, մեծ քաղաքներէն, ճամբաներէն եւ հիւանդանոցներէն հեռու: Բժիշկ մը տեսնելու համար պէտք է քալել երեք օր, մինչեւ` Տեպարքի փոքրիկ քաղաքը, ուր գոյութիւն ունի դարմանատուն մը: Հետեւաբար փոքրիկ Ժեթու կը սկսի երազել հիւանդապահ դառնալու...

Վերամշակուած Առարկաներով Նուագախումբը

Վերամշակուած Առարկաներով Նուագախումբը

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Քաութերա Փարակուէյի Ասոնսիոն մայրաքաղաքի աղքատ թաղամասերէն մէկն է: Հոն քսանհինգ հազար բնակիչներ կ՛ապրին Փարակուէյի մայրաքաղաքին ամէնէն մեծ աղբանոցներէն մէկուն մօտ: Բնակիչները իրենց ապրուստը կը շահին աղբերը քրքրելով եւ ծախելով վերամշակուելիք մնացորդները: Անոնց զաւակներուն ապագան շատ փայլուն չ՛երեւիր: Այս միջավայրին մէջ է, որ կ՛աշխատի Ֆաւիօ Չաւեզ` այդ աղքատ աշխատաւորներուն` կանչերոսներուն հետ: Չաւեզ կենսոլորտի մասնագէտ ճարտարագէտ է, սակայն...

Արդեօ՞ք Գտնուած Է Մեր Արեգակնային Դրութեան 9-րդ Մոլորակը

Արդեօ՞ք Գտնուած Է Մեր Արեգակնային Դրութեան 9-րդ Մոլորակը

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Ի՞նչ գիտենք այս հաւանական 9-րդ մոլորակին մասին: Անիկա երկրագունդէն տասը անգամ աւելի ծանր է, եւ` արեւէն 20 անգամ հեռու, քան` Պոսիտոն մոլորակը: Անիկա «գտնուած է» երկու ամերիկացի աստղագէտներու կողմէ, երկար եւ մանրակրկիտ հաշիւներէ ետք: Հիմա կը մնայ զայն տեսնելը` վերջնականապէս փաստելու համար, թէ անիկա գոյութիւն ունի... Չորեքշաբթի, 20 յունուար 2016-ին, կարեւոր լուր մը ցնցեց աստղագիտութեան աշխարհը:...

Ցուրտ Շրջաններու Բնակիչները (Բ. Մաս)

Ցուրտ Շրջաններու Բնակիչները (Բ. Մաս)

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Եաքութները Եաքութները, որոնք կը կոչուին նաեւ սաքհա, ձիեր, կովեր, եղջերուներ բուծանողներ են, որոնք կ՛ապրին Սաքհայի (կամ Եաքութի) մէջ, Ռուսիոյ ինքնավար հանրապետութիւններէն մէկը: Ցուրտ շրջաններու միւս բոլոր ժողովուրդներուն նման, անոնք շատ կապուած են իրենց սովորութիւններուն եւ իրենց մշակոյթին, իրենց լեզուին: Նենեթցները Ցուրտ շրջաններու ժողովուրդներէն նենեթցները ամէնէն շատ պահած են իրենց կեանքի աւանդական կենսակերպը: Անոնք կ՛ապրին Ռուսիոյ հիւսիսը,...

Page 21 of 24 1 20 21 22 24

Արխիւներ