Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ցուրտ Շրջաններու Բնակիչները (Բ. Մաս)

Փետրուար 6, 2016
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Եաքութները

yakout_020616

Եաքութները, որոնք կը կոչուին նաեւ սաքհա, ձիեր, կովեր, եղջերուներ բուծանողներ են, որոնք կ՛ապրին Սաքհայի (կամ Եաքութի) մէջ, Ռուսիոյ ինքնավար հանրապետութիւններէն մէկը: Ցուրտ շրջաններու միւս բոլոր ժողովուրդներուն նման, անոնք շատ կապուած են իրենց սովորութիւններուն եւ իրենց մշակոյթին, իրենց լեզուին:

Նենեթցները

nenetse-1_020616nenetse-2_020616Ցուրտ շրջաններու ժողովուրդներէն նենեթցները ամէնէն շատ պահած են իրենց կեանքի աւանդական կենսակերպը: Անոնք կ՛ապրին Ռուսիոյ հիւսիսը, թունտրային մէջ, եւ անոնք միակն են, որոնք տակաւին թափառաշրջիկ մնացած են: Անոնք իրենց բանակավայրը կը տեղափոխեն մօտաւորապէս ամէն հինգ օր: Ամէն անգամ անոնք կը քակեն իրենց վրանները` չումաները, որոնց մէջ անոնք կ՛ապրին եւ զանոնք կը փոխադրեն եղջերուներով քաշուող սահնակներով: Անոնք կրնան տարեկան մինչեւ հազար քիլոմեթր կտրել` գտնելու համար իրենց եղջերուներուն յատուկ ուտելիքի տեսակը: Իւրաքանչիւր նենեթց ընտանիք ունի եղջերու մը, եւ իրաւունք չունի զայն սպաննելու. եղջերուն նոյնիսկ կրնայ մտնել ընտանիքին չումային մէջ: Նենեթցները երբեմն կ՛երթան ծախելու իրենց որսացած ձուկերը շուկաներուն մէջ, եւ հոն անոնք կը գնեն թէյ եւ իրենց առօրեային համար պէտք եղած առարկաներ: Կարգ մը նենեթց փոքրիկներ քաղաքներուն մէջ դպրոց կ՛երթան եւ իրենց ծնողները կը տեսնեն միայն դպրոցական արձակուրդներուն:

Չուքչիները

tchouktche-1_020616tchouktche-2_020616Չուքչիներն ալ կ՛ապրին Սիպերիոյ հիւսիսը, Ռուսիոյ մէջ: Անոնք փոկեր եւ կէտեր կ՛որսան, եւ եղջերուներ կը պահեն: Անոնք իրենց սովորութիւնները կորսնցուցած են 20-րդ դարուն, երբ նստակեաց դարձած են եւ իրենց զաւակները ստիպուած եղած են ռուսերէն սորվիլ դպրոցը: Այժմ անոնց լեզուն գրեթէ չի խօսուիր: Սակայն անոնք կ՛ուզեն վերագտնել իրենց սովորութիւնները, եւ կարգ մը չուքչիներ կը լքեն իրենց տուները` դարձեալ իրենց պապերուն նման թափառաշրջիկ դառնալու համար եւ ապրելու իրենց ժողովուրդին աւանդական վրաններուն` եարանկաներուն մէջ:

 

Անհաւատալի Բայց Իրաւ

–  Հին ատեն ակռայի դեղերը կը ծախուէին անօթներու մէջ:

–  Մեղրահաւը մէկ վայրկեանին մէջ իր թեւերը կը շարժէ 80 անգամ:

–  Անջրպետ ղրկուած առաջին արբանեակը` Սփութնիք 1, ծովու գնդակի մը չափը ունէր:

–  Կին մը, 16.093 քմ կտրած է Ասիոյ եւ Աւստրալիոյ միջեւ, երեք տարիէն:

–  Հոլանտական ընկերութիւն մը, մտադրած է շինել ձիւնի փաթիլի ձեւ ունեցող եւ ջուրին վրայ ծփացող պանդոկ մը:

–  Գիտնականները կը մտածեն, թէ լուսինի կեդրոնը կրնայ սպունգի պէս ըլլալ:

–  Ըստ կատարուած ուսումնասիրութեան մը, դասական երաժշտութիւն մտիկ ընելը կ՛օգնէ շուներուն հանգստանալու համար:

–  Ամէն տարի աւելի քան երեք միլիառ անձեր օդանաւով կը ճամբորդեն աշխարհին շուրջ:

–  Սպանացի գիտնական մը հնարած է պաղպաղակ մը, որ իր գոյնը կը փոխէ երբ մէկը լզէ զայն:

 

Կապիկի Տարին

gabig_020616

Միլիոնաւոր չինացիներու Նոր տարուան տօնակատարութիւնները սկսան 7 փետրուարին: Այս տարի, անոնք կը տօնեն կապիկի տարին:

Այո՛, չինացիներուն օրացոյցը տարբեր է մեր օրացոյցէն: Անոնք լուսինին կը հետեւին իրենց Նոր տարուան առաջին օրը նշելու համար: Այս թուականը կը փոխուի ամէն տարի, սակայն միշտ 21 յունուարէն 20 փետրուարի միջեւ կ՛ըլլայ:

Այս առիթով, չինացիները մէկ շաբաթ արձակուրդ կ՛ունենան եւ կ՛երթան իրենց ընտանիքներուն այցելելու: Ասիկա տարուան ընթացքին աշխարհի ամէնէն մեծ տեղափոխումն է: Այս տօնին առիթով մարդիկ իրարու դրամ կը նուիրեն կարմիր պահարաններու մէջ, կարմիր կը հագնին բախտաւոր ըլլալու համար եւ պայթուցիկներ կը պայթեցնեն գէշ ոգիները հեռացնելու համար:

 

Բարի Եկաք Նոր Մոլորակ

molorag_020616

Աստղագիտութիւն ուսանող 25 տարեկան Մարիցա Սօթօ կրնայ հպարտ ըլլալ, ան գտած է Լուսնթաքէն երեք անգամ աւելի մեծ մոլորակ մը:

Ներկայիս մոլորակը տակաւին յատուկ անուն մը չունի. ան կը նշուի պարզապէս ՀՏ11014 գ անունով: Սակայն դժբախտաբար Մարիցա պիտի չկարենայ այցելել իր այս մոլորակը, որովհետեւ անիկա զետեղուած է երկրագունդէն 293 լոյսի-տարիներ հեռու:

 

Հետաքրքրական

hedakrkragan_020616

Ամէն տարի, մօտաւորապէս 57 միլիոն ֆութպոլի գնդակներ կը շինուին աշխարհին շուրջ:

 

Էըճինի Շոգեկառքը

chokegark_020616

Միացեալ Նահանգներու Թեքսաս նահանգին շրջաններէն մէկուն մէջ կ՛ապրի Էըճին Պոսթիք: Այս 80 տարեկան պապուկը իր ամբողջ կեանքին ընթացքին աշխատած է շոգեկառքի ընկերութեան մէջ: Իսկ երբ ան հանգստեան կոչուած է, ան շինած է իր անձնական շոգեկառքը… շուներու համար:

Իր ձեռքերով շինած այս շոգեկառքին մէջ Էըճին կրնայ հանդարտօրէն պտտցնել այն ութը շուները, զորս ինք որդեգրած է: Իրենց թուագրուած վակոններուն մէջ շատ հանգիստ նստած, դունչերնին օդին տուած, շունիկները մեծ հաճոյքով կը պտտին իրենց տիրոջ հետ:

 

Շիշին Մէջի Նամակը

namag_020616

Հիւսիսային ծովու ափերու կատարած պտոյտի մը ընթացքին գերմանացի զոյգ մը գտած է շիշ մը, որուն մէջ դրուած էր նամակ մը… գրուած 109 տարիներ առաջ:

Այս շիշը, ուրիշ շիշերու հետ, ծով նետուած էր 1019-ին` Ծովային կենսաբանական անգլիական ընկերութեան կողմէ: Նամակին մէջ գրուած էր, թէ այն անձը, որ կը գտնէ այդ շիշը, հաճի զայն վերադարձնել ընկերութեան, եւ ան պիտի ստանայ, իբրեւ վարձատրութիւն, 1 շիլինկ, այսինքն մօտաւորապէս 7 ամերիկեան սենթ:

 

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել, թէ որ շունիկը կրցած է ոսկորը բռնել:
Կրնա՞ս գտնել, թէ որ շունիկը կրցած է ոսկորը բռնել:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Երկու կէտ պարունակող բաժինները ներկէ` յայտնաբերելու համար պահուած պատկերը:
Երկու կէտ պարունակող բաժինները ներկէ` յայտնաբերելու համար պահուած պատկերը:
Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող շունիկները:
Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող շունիկները:

 

 

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (6 Փետրուար 1966)

Յաջորդը

ՌԱԿ Հայ Իրաւանց Խորհուրդ. «Ցեղասպանութիւն. 100-Ամեակ»

RelatedPosts

Ի՞նչ Են Շաքարին Ազդեցութիւնները Մեր Մարմնին Վրայ
Մանկապատանեկան

Ի՞նչ Են Շաքարին Ազդեցութիւնները Մեր Մարմնին Վրայ

Յուլիս 12, 2025
Ամառ Է.  Տաքէն Պաշտպանուինք
Մանկապատանեկան

Ամառ Է. Տաքէն Պաշտպանուինք

Յուլիս 5, 2025
Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ
Մանկապատանեկան

Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ

Յունիս 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?