Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զատկուան Անսովոր Սովորութիւններ

March 26, 2016
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Սովորութիւն է Զատիկին հաւկիթներ ներկել, հաւկթախաղ ընել, տուրմէ նապաստակներ ուտել… Սակայն գիտէի՞ր, թէ գոյութիւն ունին նաեւ կարգ մը «անսովոր» սովորութիւններ:

1. Հաւկիթի մրցում նախագահին հետ

zadig-01_32616

«Իսթըր էկ ռոլ» մրցումը ամերիկեան աւանդութիւններէն մէկն է: Անիկա տեղի կ՛ունենայ Միացեալ Նահանգներու Սպիտակ տան պարտէզին մէջ, նախագահին ներկայութեամբ: Խաղին օրէնքը շատ պարզ է. դգալ մը գործածելով` խաշուած հաւկիթ մը քշել, որքան կարելի է հեռու եւ ամէնէն արագը: Այս հաւաքին կը մասնակցին աւելի քան 30 հազար անձեր:

2. Ջուր թափել… աղջիկներու վրայ

zadig-02_32616

Հունգարիոյ մէջ, իրենց աւանդական հագուստները հագած, երիտասարդները աղջիկներու վրայ դոյլերով ջուր կը թափեն: Այս աւանդութիւնը մնացած է նախաքրիստոնէական շրջաններէն (որ տեղի ունեցած է աւելի քան 1800 տարիներ առաջ):

3. Իկուանի միս ուտել

zadig-03_32616

Աւագ ուրբաթ օրը կաթողիկէները պէտք չէ կարմիր միս ուտեն: Հետեւաբար Նիքարակուայի մէջ ժողովուրդը գտած է ուրիշ լուծում մը` իկուանի միս: Այս ձեւով Զատկուան գլխաւոր ճաշերէն մէկը դարձած է «իկուանի փինոլը»: Ան բաղկացած է խորոված եւ խաշուած եգիպտացորենէ (փինոլ), բանջարեղէններէ, անասունին միսէն եւ անոր հաւկիթներէն, եւ այս բոլորը կը հրամցուին հոթ-տոկի հացի հետ:

4. Պարտէզը զարդարել

zadig-04_32616

Գերմանիոյ մէջ հաւկիթները ծառերուն վրայ «կը բուսնին»: Գերմանացիները իրենց պարտէզին ծառերը կը զարդարեն հարիւրաւոր հաւկիթներով: «Օսթըրքէօրը» ուրիշ գերմանական սովորութիւն մըն է: Ուրախութեան այս մեծ կրակը գերմանացիները կը վառեն Աւագ շաբաթ օրը, մթնշաղէն ետք:

5. Զատկուան գլխարկը

zadig-05_32616

Սկզբունքով այս «Իսթըր պոնէն» (Զատկուան գլխարկ) կը գործածուէր վայելուչ կերպով եկեղեցի երթալու համար: Անիկա շքեղ է եւ զարդարուած` թռչուններով կամ գարնանային մանրամասնութիւններով: Այժմ «Իսթըր պոնէ փարէյտը» մեծ եւ ուրախ հաւաքի մը առիթը դարձած է Նիւ Եորքի մէջ: Մասնակցող կիներուն նպատակն է` ամէնէն երեւակայական եւ գունաւոր գլխարկը ունենալ:

6. Կորսուելու վտանգի ենթարկուած անասուն մը փրկել

zadig-06_32616

Զատիկին յաճախ նապաստակ մըն է, որ հաւկիթները կը բերէ: Սակայն այդպէս չէ Աւստրալիոյ մէջ, ուր այս անասունները մեծ թշնամի կը նկատուին, որովհետեւ անոնք արագօրէն կը բազմապատկուին, մինչ պիլպին իր մեծ ականջներով եւ սուր քիթով կորսուելու վտանգին ենթարկուած է: Հետեւաբար աւստրալիական սովորութիւնը որդեգրած է այս անասունը: Աւստրալիոյ մէջ անիկա դարձած է Զատկուան խորհրդանիշը:

7. «Սմիկուս Տինկուս»

zadig-07_32616

Լեհաստանի մէջ «սմիկուս տինկուս» սովորութիւնը յառաջացած է հեթանոսական տօնակատարութենէ մը: Գարնան երիտասարդ տղաքը ամուսնանալու տարիք ունեցող աղջիկներուն վրայ կը սրսկէին ջուր, որ մաքրութեան եւ բերրիութեան խորհրդանիշն էր: Այժմ այս աւանդութիւնը տեղի կ՛ունենայ Զատկուան երկուշաբթի: Ամբողջ օրուան ընթացքին մարդիկ իրարու վրայ դոյլերով ջուր կը թափեն:

8. «Հալոուին» եւ Զատիկ միասին

zadig-08_32616

Շուէտի մէջ Աւագ հինգշաբթի օրը մանուկները կը հագուին երկար փէշեր եւ գլուխներուն վրայ թաշկինակներ կը դնեն` իբրեւ վհուկ ծպտուելով: Ձեռքերնին աւել մը բռնած, անոնք տունէ տուն կը պտտին պոնպոններ պահանջելով: Ապա Զատկուան կիրակին շուէտացիները հրախաղեր կը կազմակերպեն եւ շատ աղմուկ կը հանեն Զատկուան չար վհուկները փախցնելու համար:

9. «Հաւկթախաղ»

Պուլկարիոյ մէջ, Զատկուան արարողութենէն ետք, մարդիկ սովորութիւն ունին եկեղեցիին պատին վրայ եւ նոյնիսկ իրենց ընտանիքի անդամներուն վրայ հաւկիթներ նետելու: Եւ եթէ հաւկիթը չկոտրուի, ասիկա ապագայ բախտի եւ երջանկութեան նշան է:

10. Զատկուան աղաւնին

Colomba-Pasquale_32616

Վերջապէս, Իտալիոյ մէջ Զատկուան սեղանին վրայ, Զատկուան զարդարանքներուն, ճաշին եւ հաւկիթներուն կողքին, ներկայ է նաեւ քոլոմպան` աղաւնիի ձեւով Զատկուան կարկանդակը:

 

Ձեռային Աշխատանք .

Զատիկ

Վստահաբար դուն արդէն ներկած ես Զատկուան հաւկիթները, իսկ տունը զարդարած ես պզտիկ ճուտիկներով եւ նապաստակներով: Եւ հիմա, եթէ ազատ ժամանակ ունիս, կրնաս այս պզտիկ հաւկիթներով պսակը շինել, զայն կախել մուտքի դրան վրայ` ուրախութեամբ ընդունելու կիրակի օրուան ձեր հիւրերը եւ, իբրեւ յիշատակ, անոնց նուիրել այս պզտիկ սիւսեթ-նապաստակները:

Ա) Մուտքի դրան վրայ

Այս ձեռայինին համար պէտք ունիս խաւաքարտէ պնակի, պարզ խաւաքարտի, մելան ներկերու, գարնանային կամ Զատկուան վերաբերեալ գոյներով եւ զարդարանքներով թուղթերու, խէժի, մկրատի եւ ժապաւէնի:

tserayin-1_32616

1.  Խաւաքարտէ պնակին ներսի բաժինը կտրէ եւ պահէ միայն դուրսի օղակաձեւ բաժինը:

2. Եթէ տարբեր զարդարանքներով թուղթեր ունիս, անոնց ետեւի բաժինին վրայ գծէ հաւկիթները եւ զանոնք կտրէ: Այլապէս, կրնաս հաւկիթները գծել եւ կտրել խաւաքարտի կտորի մը վրայ, եւ ապա զանոնք գոյնզգոյն ներկել եւ զարդարել: Հաւկիթները գծելու համար կրնաս գործածել ընդհանրապէս քուքիներու համար գործածուող կաղապար մը, կամ խաւաքարտին վրայ գծել եւ կտրել կաղապար մը:

tserayin-2_32616

3. Հաւկիթները փակցուր խաւաքարտէ օղակին վրայ:

tserayin-3_32616

4. Ժապաւէնի կտոր մը փակցուր պսակին ետեւը եւ պսակը կախէ մուտքի դրան վրայ:

Բ) Ուտուելիք նապաստակներ

tserayin-4_32616Այս փոքրիկ նուէրներուն համար պէտք ունիս կլորակ սիւսեթներու, հաստ ճերմակ խաւաքարտ կամ ձեռայինի յատուկ սպունգէ ֆոամ, ծխամորճ մաքրելու յատուկ երկաթէ ճերմակ երիզներ, մելանով ներկեր (վարդագոյն, սրճագոյն կամ սեւ), խէժ, մկրատ:

1. Ճերմակ ֆոամին կամ խաւաքարտին վրայ գծէ եւ կտրէ նապաստակին կլոր գլուխը եւ սրտի ձեւով ոտքերը:

2. Վարդագոյն ներկով գծէ նապաստակին քիթը, իսկ սրճագոյն կամ սեւ մատիտով գծէ աչքերը եւ պեխերը:

3. Սիւսեթը փակցուր սրտի ձեւով ոտքերուն վրայ, իսկ կլոր գլուխը` անոր ցպիկին վրայ:

4. Վերջապէս, ծխամորճ մաքրելիք ժապաւէնները ծալէ անոնց ականջներու հաւկթաձեւ ձեւ մը տալու համար: Զանոնք փակցուր նապաստակին գլխուն ետեւը:

 

 Ինչո՞ւ Աքլորը Ամէն Առտու Կը Կանչէ

Որովհետեւ արեւը անոր կ՛արթնցնէ, եւ անոր առաջին գործը կ՛ըլլայ ամբողջ շրջանին յիշեցնել, թէ ինքն է պետը: Տեղեկութիւնը յստակ է իր մրցակիցներուն համար. աքլորին կը պատկանի ամբողջ այդ շրջանը, ուր կը լսուի իր կանչը:

Կը պատահի նաեւ, որ ան օրուան ընթացքին երգէ, սակայն այդ պարագային անոր կանչը ուղղուած է իր հաւերուն: Ան անոնց կը յիշեցնէ, թէ իրենց պաշտպանն է:

 

 Ինչո՞ւ Անապատներուն Մէջ Չ՛անձրեւեր

Անձրեւի ամպերը յաճախ կը կազմուին ովկիանոսներուն վրայ: Մինչ անապատները յաճախ կը տարածուին ծովերէն հեռու վայրերու մէջ: Եւ երբեմն զանոնք շրջապատող լեռները կը կեցնեն ովկիանոսներէն եկած ամպերը: Արդիւնք` անապատներուն մէջ գրեթէ չ՛անձրեւեր:

 

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել վարի անկիւնի փազըլի կտորին հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել վարի անկիւնի փազըլի կտորին հասցնող ճամբան:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել գեղեցիկ ծաղիկի փունջէն խուսափած տասը որդերը:
Կրնա՞ս գտնել գեղեցիկ ծաղիկի փունջէն խուսափած տասը որդերը:
Քանի՞ նապաստակ կը հանէ այս կախարդը իր գլխարկին մէջէն:
Քանի՞ նապաստակ կը հանէ այս կախարդը իր գլխարկին մէջէն:
Նախորդը

50 Տարի Առաջ (26 Մարտ 1966)

Յաջորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրկին Սեղանի Վրայ Է… Արցախի Հիմնահարցը

RelatedPosts

Հետախուզենք Քիրիպաս Արշիպեղագոսը
Մանկապատանեկան

Հետախուզենք Քիրիպաս Արշիպեղագոսը

January 17, 2026
Սպասելով Ս. Ծնունդը…
Մանկապատանեկան

Սպասելով Ս. Ծնունդը…

January 3, 2026
Նուէրներու Ցանկդ Պատրա՞ստ Է
Մանկապատանեկան

Նուէրներու Ցանկդ Պատրա՞ստ Է

December 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.