Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մօտ Օրէն` Գի՞ւղ Մը Լուսինին Վրայ…

Ապրիլ 9, 2016
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

loussin-1_40916

Ո՛չ, ասիկա գիտաերեւակայական պատմութեան մը նիւթը չէ, այլ ապագայ ծրագիր մը` Եւրոպական անջրպետային կեդրոնի տնօրէնին, որ կը մտածէ Միջազգային անջրպետային կայանին յաջորդ հանգրուանին մասին:

Միայն 12 անձեր` ամերիկացի աստղանաւորդներ քալած են լուսնի վրայ 1969-1972 թուականներուն միջեւ: Այդ ժամանակին այս իրականացումներուն գլխաւոր նպատակը գիտական արկածախնդրութենէ մը աւելի` ցուցադրելն էր Միացեալ Նահանգներու արհեստագիտութեան հզօրութիւնը:

44 տարիներէ ի վեր մեր բնական արբանեակը մէկ կողմ լքուած է` ի նպաստ ամերիկեան անջրպետանաւերուն, եւրոպական «Արեան» հրթիռներուն եւ դէպի Հրատ մոլորակին ուղղուած ծրագիրներուն: Սակայն վերջերս չիները «Յասմկաքարէ նապաստակ» անունով անջրպետամեքենայ մը ղրկած են լուսին` հետախուզելու համար անոր երկրաբանական պատմութիւնը, մինչ ռուսերը կը պատրաստուին աստղանաւորդներ լուսին ղրկել 2030-ական թուականներուն:

loussin-2_40916

Եւրոպական անջրպետային կեդրոնի տնօրէն Եան Ուորնըր ունի աւելի մեծ ծրագիրներ: Ան յաճախ կը խօսի լուսինի վրայ գիւղի մը մասին, որ կրնայ շինուիլ մօտաւորապէս 2025 թուականին: Այդ նոյն ժամանակաշրջանին գիտնականները պիտի սկսին մտածել միջազգային անջրպետային կայանին ապագային մասին, որովհետեւ անիկա մօտաւորապէս 30 տարեկան պիտի ըլլայ: Այս միջազգային կայանին մասնակից երկիրները, սկսելով Միացեալ Նահանգներէն, որ կը վճարէ անոր ծախսերուն երեք քառորդը, համաձայն են հոգալու անոր ծախսերուն մինչեւ 2024 թուականը: Սակայն այդ թուականէն ետք արդեօք պէ՞տք է շինել նոր անջրպետային կայան մը, թէ՞ օգտագործել մեր բնական արբանեակին առաւելութիւնը:

* * *

loussin-3_40916

Ինչպէս չիներուն վերջին քայլը կը փաստէ, լուսինը տակաւին չէ բացայայտած իր բոլոր գաղտնիքները ոչ միայն իր պատմութեան, այլ նաեւ երկրագունդին… եւ անջրպետին ծագումին մասին: Լուսինին պահուած երեսը երկրագունդի ալիքներէն պահպանուած է. հետեւաբար ամէնէն յարմար վայրն է հաստատելու ռատիօ-աստղադիտակ մը, որ պիտի կարենայ ուսումնասիրել հեռաւոր աստղահոյլեր,  հաւանաբար նաեւ` հաւանական արտերկրային նշաններ…

Ասոր կողքին, լուսինը ամէնէն յարմար վայրն է պատրաստուելու համար յաջորդ հանգրուանին` Հրատ մոլորակ: Այս ձեւով խմբակներ կրնան հոն մնալ բազմաթիւ ամիսներ, մեկուսացումի 6-8 ամսուան փորձառութիւն մը, որ կը համապատասխանէ դէպի Հրատ ճամբորդութեան մը տեւողութեան: Հոն մարդ արարածը կրնայ նաեւ սորվիլ ինքնավար ըլլալ եւ ապրիլ շնորհիւ տեղական աղբիւրներու, ինչպէս` լուսինին վրայ գոյութիւն ունեցող հանքային նիւթերուն եւ ջրածինի կամ հելիումի նման կազերուն:

* * *

Լուսինին վրայ պիտի չբանին որմնադիրներ, որոնք քարեր պիտի շարեն պատեր շինելու համար… Լուսինի վրայի գիւղը ամբողջովին պիտի իրականացուի 3D-ի տպագրութեամբ պատրաստուած կտորներով: Եւրոպական անջրպետային կեդրոնը կը ծրագրէ նաեւ հաստատել երկնակամար մը, որ յառաջատուական ձեւով պիտի ծածկուի լուսնի աւազէ խաւերով, արեւուն ուժանիւթին շնորհիւ բանող հսկայական 3D-ի տպագրիչ մարդամեքենաներու միջոցով: Այս ձեւով գիտնականները պէտք պիտի չունենան երկրագունդէն փոխադրել տարբեր շինանիւթեր: Արդեօ՞ք ասիկա անկարելի է: Չինաստանի մէջ, արդէն այս ձեւով շինուած են տուներ:

 

Գիտէի՞ր, Թէ

Աշխարհի ամէնէն արագ երկոտանի անասունը:

… Ջայլամն է: Ան ոչ միայն թռչնազգիներուն պատկանող ամէնէն մեծ անասունն է իր մօտաւորապէս 150 քիլօ ծանրութեամբ, այլ` վազքի մէջ ամէնէն արագ երկոտանի անասունը: Ան կրնայ ժամական 70 քմ արագութեամբ վազել` շնորհիւ իր մկանոտ ոտքերուն:

Ամէն տարի աշխարհի ամէնէն շատ այցելուած վայրը:

kvefr1367s

… Փարիզի Նոթրը Տամ տաճարն է: Այս տաճարը, որուն կառուցումը ամբողջացած է 1345 թուականին, ամէն տարի կ՛ընդունի 12 միլիոն այցելու: Երկրորդ կարգին կու գայ Չինաստանի Մեծ պատը` իր 9 միլիոն զբօսաշրջիկներով: Ապա իրարու կը յաջորդեն` Իտալիոյ Քոլիզէն, Միացեալ Նահանգներու Լինքոն Մեմորիալը, Ֆրանսայի Էյֆել աշտարակը, եւ Աւստրալիոյ մէջ Սիտնէի օփերան, Միացեալ Նահանգներու Ազատութեան արձանը:

Մեր արեգակնային դրութեան ո՞ր մոլորակին վրայ կ՛անցընենք ամէնէն երկար օրը:

Արուսեակին վրայ: Մէկ օրը կը համապատասխանէ մոլորակ մը ինքնիր վրայ լման շրջան մը ընելու ժամանակին, երկրագունդին վրայ այս երեւոյթը կը տեւէ 24 ժամ. սակայն բոլոր մոլորակները նոյն արագութեամբ չեն դառնար: Օրինակի համար, Երեւակ մոլորակը շատ արագ է. հոն օրը կը տեւէ միայն 10 ժամ, մինչ Արուսեակ մոլորակին վրայ, որ շատ աւելի դանդաղ կը դառնայ, օրը կը տեւէ 5832 ժամ, որ կը համապատասխանէ երկրագունդի 243 օրերու:

Ո՞ր երկրին կը պատկանի ամէնէն մեծ թիւով տարբեր դրացիներ ունեցող երկրին մրցանիշը:

Ռուսիոյ: Իր 17 միլիոն քառակուսի քիլոմեթրերով, 11 տարբեր ժամանակացոյցերով, Ռուսիան աշխարհի ամէնէն ընդարձակ երկիրն է: Ան նաեւ ամէնէն մեծ թիւով դրացիներ ունեցող երկիրն է: Անոնց թիւը կը հասնի 13-ի` Ուքրանիա, Լեհաստան, Նորվեկիա, Մոնկոլիա, Լիթուանիա, Լիթվիա, Հիւսիսային Քորէա, Ղազախստան, Վրաստան, Ֆինլանտա, Էսթոնիա, Պիելոռուսիա, Ազրպէյճան:

kideyir-2_40916

Աշխարհի ամէնէն երկար փողոցը` Թորոնթոյի մէջ, Քանատա:

Իր 1896 քիլոմեթրերով, «Եոնկ սթրիթ» աշխարհի ամէնէն երկար փողոցն է: Անիկա շինուած է 1783 թուականին: Ան Թորոնթօ քաղաքը երկուքի կը բաժնէ եւ իրարու կը միացնէ Օնթարիօ եւ Սիմքօ լիճերը, Փարիզը Հռոմէն բաժնող շատ աւելի երկար հեռաւորութեան մը վրայ:

 

Բարձերու Կռիւի
Միջազգային Օր

parts_40916

Անհաւատալի, բայց իրա՛ւ… 2009 թուականէն ի վեր կը կազմակերպուի բարձերու կռիւի միջազգային օրը: Այս ձեւով, ամէն ապրիլ ամսու առաջին շաբաթ օրը հարիւր հազարաւոր մարդիկ աշխարհի շուրջ աւելի քան 100 քաղաքներու մէջ կ՛իջնեն փողոց` մասնակցելու համար բարձերու կռիւի ախոյեանութեան: Անշուշտ այս «ախոյեանութեան» առաջին նպատակը հաճելի ժամանակ անցընելն է, սակայն ան նաեւ առիթն է մրցանիշներ արձանագրելու, ինչպէս` ամէնէն մեծ թիւով մասնակիցներու մրցանիշը. այս տիտղոսը այժմ կը պատկանի Միացեալ Նահանգներու հարաւը գտնուող Պրուքինկզ քաղաքին, ուր 2015 թուականի բարձերու կռիւի միջազգային օրուան մասնակցած են 4200 անձեր:

 

Աշխարհի Ամէնէն
Հին Դպրոցը

tbrots_40916

Աշխարհի ամէնէն հին դպրոցը, որուն դռները տակաւին բաց են, կը գտնուի Չինաստանի մէջ: Անիկա հիմնուած է Ք. Ա. 143-141 թուականներուն:

Ըստ պատմաբաններուն, հանրային այս առաջին դպրոցը հիմնուած է Ուէն Ուէնկի կողմէ, Հան կայսրութեան օրերուն, Ք.Ա. 143-141 թուականներուն: Դպրոցը իր դռները բացաւ Չինաստանի Չենկտու քաղաքին մէջ «Չենկտու Շիշի» անուան տակ, որ կը նշանակէ` քարէ տուն:

Հրդեհ մը քանդած է դպրոցը, որ վերաշինուած է Ք.Ե. 194 թուականին, Մինկ կայսրութեան օրերուն: Ան դարձեալ կործանուած է քանի մը տարիներ ետք` վերջապէս վերաբացուելու համար 1661 թուականին, չինական կառավարութեան կողմէ:

* * *

1900-ական թուականներուն անոր անունը բազմաթիւ անգամներ փոխուեցաւ` մինչեւ իր սկզբնական անուան վերադառնալը 1940 թուականին: 1952 թուականին, Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան նոր կառավարութեան մը կազմութեան ան դարձեալ կը փոխէ իր անունը:

Ապա մշակութային յեղափոխութեան ընթացքին երրորդ անգամ ըլլալով դպրոցը կը քանդուի: Անիկա կը վերաշինուի եւ դարձեալ իր դռները կը բանայ իր իսկական անուան տակ, 1983 թուականին:

 

Աշխարհի Ամէնէն
Մեծ Մարգրիտը

markrid_40916

Ալլայի մարգրիտը կամ Լաօ Ցըլի մարգրիտը գտնուած է 1934-ին Փալաուանի մէջ Ֆիլիփինեան կղզիներու հարաւ-արեւմուտքը կղզի մը:

Անսովոր ձեւ ունեցող այս մարգրիտը ունի 24 սմ երկայնք, 12,7 սմ լայնք եւ 6,35 քիլօ ծանրութիւն: 2006  թուականին, ըստ մասնագէտներուն, անոր արժէքը կը հասնէր 60 միլիոն տոլարի:

 

Կայծակը Հինգ Անգամ Աւելի
Տաք Է, Քան` Արեւուն Մակերեսը

gaydzag_40916

Կայծակին տաքութիւնը կրնայ հասնիլ մինչեւ 30 հազար աստիճանի, մինչ արեւուն մակերեսին վրայ ջերմաստիճանը մօտաւորապէս 5700 աստիճան է: Ասիկա կը նշանակէ, որ կայծակը հինգ անգամ աւելի տաք է, քան` արեւուն մակերեսը: Սակայն ասիկա չի նշանակեր, թէ կայծակը արեւէն աւելի տաք է, այլ միայն անոր մակերեսէն, որ արեւուն ամէնէն նուազ տաք բաժինն է: Սակայն երբ մենք մտնենք արեւուն խորերը, հոն ջերմաստիճանը կը հասնի 15 միլիոն աստիճանի կորիզային ձուլումներու իբրեւ հետեւանք:

 

 Ժամանց

 

Կրնա՞ս գտնել թիթեռնիկին հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել թիթեռնիկին հասցնող ճամբան:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել նոյնանման վեց զոյգ տուփիկները:
Կրնա՞ս գտնել նոյնանման վեց զոյգ տուփիկները:
Կրնա՞ս գտնել պարող կերպարին համապատասխանող շուքը:
Կրնա՞ս գտնել պարող կերպարին համապատասխանող շուքը:
Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի Սկաուտները Այցելած Են Վիրաւոր Զինուորներուն

RelatedPosts

Ի՞նչ Է Ալկորիթմը
Մանկապատանեկան

Ի՞նչ Է Ալկորիթմը

Մայիս 10, 2025
Եութուպը (YouTube) 20 Տարեկան Է
Մանկապատանեկան

Եութուպը (YouTube) 20 Տարեկան Է

Մայիս 3, 2025
Ձեռային Աշխատանք.  Զատկուան Պատրաստութիւններ
Մանկապատանեկան

Ձեռային Աշխատանք. Զատկուան Պատրաստութիւններ

Ապրիլ 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?