Ցուրտ Շրջաններու Բնակիչները
Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Պաղ շրջաններու մէջ ապրող ժողովուրդները բաշխուած են ընդարձակ տարածութիւններու վրայ: Անոնք բոլորը նոյն ծագումը չունին, բոլորը նոյն լեզուն չեն խօսիր, նոյն ձեւով չեն ապրիր, սակայն անոնք երբեմն ունին նոյնանման սովորութիւններ: Ծանօթանանք քանի մը ժողովուրդներու: Ինուիթները Ո՞վ Են Անոնք Ժամանակին անոնց կը կոչէին «էսքիմօ», սակայն ինուիթները չեն սիրեր այս բառը, որ իրենց լեզուին մաս չի կազմեր: Անոնք...



















