Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Ֆրանսայի հարաւ-արեւմուտքը գտնուող Պրունիքելի քարայրին մէջ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը կը փաստէ, թէ 180 հազար տարի առաջ արդէն մարդ արարածը հետախուզած էր ստորերկրեայ քարայրները: Ասիկա տարբեր լոյսի մը տակ կը դնէ Նէանտերթալի մարդը, այս «նախնական» մարդը, որ այդքան ալ հեռու չէ իր հոմօ- սափիէն զարմիկէն:
Նախապատմական գծագրութիւններով ծածկուած Շովէի (Ֆրանսա) քարայրը մեզի ծանօթ ամէնէն հին ստորերկրեայ քարայրներն է, ուր կարելի է գտնել մարդուն հետքը:
36 հազար տարիներ առաջ կատարուած պատերուն վրայի այս գծագրութիւնները փաստն են մեր հեռաւոր նախահօր` հոմօ-սափիէնի մեծ տաղանդին: Անոնք ապրած են բարձրագոյն Փալէոլիթիքի շրջանին, այսինքն` 45-10 հազար տարիներ առաջ:
Սակայն այս նախապատմական շրջանը շատ նոր կը թուի, երբ մենք զայն կը բաղդատենք վերջերս գտնուած Պրունիքելի քարայրին: Քարայրի մուտքէն 336 մեթր խոր գտնուած են 176,500 տարուան քարայրին սուր քարերով շինուած կառոյց մը: Ասիկա կը փաստէ, որ Շովէի քարայրի արուեստագէտներէն 140 հազար տարիներ առաջ մարդ արարածներ արդէն կը շրջէին ստորերկրեայ վայրերուն մէջ եւ անոր մէջ փոփոխութիւններ կը մտցնէին մեզի անծանօթ պատճառներով` մշակութային, կրօնական… Ասոր կողքին պէտք է նշել նաեւ, որ արդի մարդը` հոմօ-սափիէնը Եւրոպա ժամանած է 40 հազար տարիներ առաջ: Հետեւաբար, ան Պրունիքելի քարայրին «կահաւորումը» կատարած չէ… այլ` անոր զարմիկը, Հոմօ-Նէանտերթալիսը` Նէանտերթալի մարդը:
Շինարար Եւ Հետախոյզ
«Նախնական» Մարդ Մը
Նէանտերթալի մարդը երկար ատեն «նախնական» համարուած է բաղդատմամբ մեր տեսակին` հոմօ-սափիէնին, որովհետեւ ան անհետացած է 28 հազար տարիներ առաջ, մինչ մենք տակաւին հոս ենք: Սակայն քանի մը տասնամեակէ ի վեր անոր նկատմամբ մեր տեսակէտը սկսած է փոխուիլ: Գիտութիւնը կամաց-կամաց նոր տեղեկութիւններ կը հայթայթէ մեզի անոր մասին: Մենք արդէն գիտէինք, թէ ան իր մեռեալները կը թաղէր եւ կրնար քարայրներու պատերուն վրայ փորագրել: Այսուհետեւ Պրունիքելի մէջ գտնուած կառոյցներուն շնորհիւ ան կ՛արժանանայ «մարդկութեան առաջին շինարար» տիտղոսին:
Քարայրին մէջ գտնուած կառոյցը կազմուած է քարայրին մէջը գտնուող եւ գետնէն բարձրացող սուր ժայռերէ: Անոնցմէ կոտրտուած 400 կտորներ զետեղուած են յատուկ ձեւով մը:
Անոնց բոլորին երկայնքը միւսին կը հասնի 112 մեթրի, իսկ ծանրութիւնը` մօտաւորապէս 2,2 թոնի: Այս քարերը շարուած են քով քովի եւ վրայ վրայի դրուած` քանի մը շարքերով: 1995 թուականին, քարայրը գտնուելէն հինգ տարի ետք, խումբ մը գիտնականներ կրցած են որոշել հոն գտնուած այրած ոսկորի կտորի մը տարիքը քարպոն 14-ի միջոցով. «Առնուազն 47600 տարիներ»: Այս թեքնիքը կարելիութիւնը չէր տար աւելի հին առարկաներու տարիքը որոշել:
2013 թուականին է, որ գիտնականներու ուրիշ խումբ մը կրցած է ուրիշ թեքնիք մը գործածելով ճշդել կառոյցին քարերուն ճիշդ տարիքը: Ասոր կողքին, այս ուսումնասիրութեան շնորհիւ, կարելի եղած է կազմել քարայրին մէջ գտնուած կրակի հետքերու քարտէս մը. անոնք լուսաւորումի կէտեր եղած են: Այս եղելութիւնը կը փաստէ, որ Նէանտերթալի մարդիկը կրակը կը գործածէին հետախուզելու համար ստորերկրեայ աշխարհը հոմօ-սափիէններէն շատ առաջ:
Դժբախտաբար ներկայիս մենք ոչ մէկ ձեւ ունինք բացատրելու համար, որ ինչի կը ծառայէին Պրունիքէլի մէջ գտնուած այս իւրայատուկ կառոյցները. պաշտամունքի վա՞յր, ջուրի պահեստի յատուկ շրջա՞ն… Միակ հաստատումը, որ կրնանք ընել, այն է, թէ մեր տեսակին չպատկանող մարդ արարածներ զանոնք կազմած են կրակի լոյսին տակ, հեռաւոր անցեալին: Բոլոր այս տեղեկութիւնները կ՛ապացուցեն ընկերային կազմակերպուածութեան բարձր աստիճան մը, որ մենք չէինք սպասեր Նէանտերթալի մարդէն, ոչ ալ` այդքան հեռու անցեալին…
Հնդկաստանի Ամէնէն
Մաքուր Գիւղը
Մաուլինոնկ գիւղին մէջ կ՛ապրի 500 մարդ: 2003 թուականէն առաջ ոչ մէկ ճամբայ գոյութիւն ունէր հասնելու համար Հնդկաստանի հիւսիս- արեւելքի լեռնային շրջանին մէջ գտնուող այս հանդարտ գիւղը:
Մաուլինոնկ ոչ միայն հանդարտ վայր մըն է, այլ նաեւ` մաքուր, շատ մաքուր: Հոն կերպընկալը արգիլուած է:
«Մենք ամէն օր կը մաքրենք, որովհետեւ մեր մեծ հայրերը մեզի սորվեցուցած են ինչպէս մաքրել գիւղը եւ անոր շրջակայքը, որովհետեւ ասիկա մեր առողջութեան համար լաւ է», կը բացատրէ գիւղէն պարմանուհի մը:
«Ամէն անգամ, որ մենք աղբեր կը գտնենք, զանոնք կը նետենք աղբամանին մէջ, եւ դպրոցը, երեք տարեկանէն արդէն, մեզի կը սորվեցնեն գիւղը մաքուր պահել», կ՛աւելցնէ ան:
Իրենց այս գանձը պահպանելու համար Մաուլինոնկի բնակիչները նոյնիսկ պահանջած են, որ նուազ զբօսաշրջիկներ գան իրենց այցելելու:
Կարճ Լուրեր`
Աշխարհէն
– Նիւ Եորքի թաղամասերէն` Հարլեմի բնակիչներէն մէկը` Ամանտա Կրին կարճ ծանուցում մը դրաւ թերթին մէջ: Ան կը փնտռէր մէկը, որ կրնար պտտցնել իր ընտանի անասունը: Այս պզտիկ գործը ստանձնողը պիտի վարձատրուի ժամական 10 տոլարով, եւ ան շատ շարժուն մէկը պէտք չէ ըլլայ, որովհետեւ այս ընտանի անասունը Հենրին է` 16 տարեկան կրիայ մը:
– Նոր Զելանտայի մէջ «Տոմինօ՛զ» ճաշարանները պիտի փորձեն նոր միջոց մը` փիցցաները ճաշարանին 20 քմ մօտ բնակող իր յաճախորդներուն ուղարկելու համար: 4 անիւներով օժտուած եւ նուազ քան մէկ մեթր բարձրութիւն ունեցող մարդամեքենայ մը:
– Մինչ Մեքսիքոյի մէջ մեքսիքացի ճարտարապետներ կը ծրագրեն շինել լերան կառչած, օդին մէջ, գետնէն 246 մեթր բարձրութեան վրայ ճաշարան մը: Ճարտարապետները կը հաստատեն, որ անիկա ամբողջովին ապահով կառոյց մը պիտի ըլլայ:
– Աւստրիացի հինգ հանդիսատեսներ 92 ժամ անցուցած են պատկերասփիւռին առջեւ եւ կոտրած են աշխարհի մրցանիշը: Անոնք իրաւունք ունէին միայն 5 վայրկեան դադարի` ամէն ժամը անգամ մը: Ըստ անոնց, այս փորձառութիւնը վերջաւորութեան այլեւս «շատ դժուար էր»:
– Ուկանտայի մէջ, Ափրիկէ, օրական 6-8 ժամ արեւ կայ: Հետեւաբար «Քիրա մոթորզ քորփորէյշըն» հաստատութիւնը որոշած է օգտագործել այս ուժանիւթը` աշխատցնելու համար դպրոցական հանրակառքերը: Արեւին ուժը գործածող այս ելեկտրական դպրոցական հանրակառքը կրնայ փոխադրել 35 անձեր մինչեւ 80 քմ հեռաւորութեան վրայ: Ապա ան պէտք ունի միայն 80 վայրկեանի իր բարդերը ամբողջովին լիցքաւորելու համար: Անիկա կրնայ 12 քմ աւելի կտրել` շնորհիւ իր տանիքին հաստատուած արեւուն ուժը օգտագործող տախտակներուն:
– Պրազիլի մէջ, թենիսի մրցաշարքի մը ընթացքին, գնդակները հաւաքողները փոխարինուած են 4 շուներով: Այս նախաձեռնութեան նպատակն էր քաջալերել որդեգրումը լքուած շուներուն: Անասունները իրենց վզին շուրջ ունէին նարնջագոյն վզկապներ եւ ոտքերնուն` պահպանող երիզներ: Կազմ եւ պատրաստ այս մարզիկ անասունները կրցած են քիչ թէ շատ իրենց պաշտօնը կատարել… Վազել եւ գնդակները հաւաքելը դիւրին էր: Սակայն ետքը զայն վերադարձնելը` երբեմն խրթին:
– Դարձեալ Պրազիլի մէջ այս ամառ տեղի պիտի ունենան Ռիօ Տը Ժաներոյի Ողիմպիական խաղերը, 5-21 օգոստոսին: Այս խաղերուն մասնակցելու համար պիտի կազմուի իրենց երկրէն փախած գաղթականներու յատուկ խումբ մը: Մինչեւ հիմա բարձր մակարդակի 43 մարզիկներ միացած են խումբին, որ պիտի մասնակցի խաղերուն` Ողիմպիական դրօշակին տակ:
Ժամանց



